Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փաշինեան Կը Միանայ Էրտողանին` Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Ընդդիմանալու Մէջ

September 9, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Վերջին շաբաթուան ընթացքին բուռն քննարկում ծաւալեցաւ Իսրայէլի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման բացակայութեան վերաբերեալ, երբ հայկական-ասորական ծագում ունեցող պլոկըր Փաթրիք Պեթ Տաւիտ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուին հարցուց, թէ Իսրայէլ ինչո՞ւ չէ ճանչցած հայերու, ասորիներու եւ յոյներու ցեղասպանութիւնները: Նեթանիահուն սխալ արձագանգեց. «Իրականութեան մէջ, կը կարծեմ, փաստացի ճանչցած ենք: Քնեսեթը նման բանաձեւ որդեգրած է»: Նեթանիահուն բոլորէն աւելի լաւ գիտէ, որ ատիկա ճիշդ չէ, քանի որ ինք` իբրեւ վարչապետ, արգելափակած է Քնեսեթի քանի մը նման բանաձեւեր:

Երբ Պեթ Տաւիտ ճնշում բանեցուց, որ Նեթանիահուն իբրեւ վարչապետ ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը, ան  պատասխանեց. «Ճիշդ հիմա ճանչցայ: Ահա, խնդրեմ»: Ասիկա թեթեւամիտ անդրադարձ էր նման լուրջ հարցի մը:

Նեթանիահուի նուազագոյն յայտարարութիւնը որոշ մարդոց կողմէ մեկնաբանուեցաւ իբրեւ Իսրայէլի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման առաջին դէպք: Իրականութեան մէջ Նեթանիահուն Հայոց ցեղասպանութեան անդրադարձած էր 2024-ի մարտին, երբ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան զայն բաղդատեց «Հիթլերի, Ստալինի եւ Մուսոլինիի» հետ: Նեթանիահուն պատասխանեց, որ Էրտողան «կը հերքէ Հայոց ողջակիզումը»:  Յունուար 2024-ին Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Իսրայէլ Քաց ուղղակիօրէն մեղադրեց Թուրքիան` Հայոց ցեղասպանութեան պատասխանատու ըլլալուն մէջ. «Անցեալին մէջ Հայոց ցեղասպանութիւն ունեցող Թուրքիոյ նախագահ @RTERdogan-ը, այժմ կը պարծենայ` անհիմն պնդումներով թիրախաւորելով Իսրայէլը: Մենք կը յիշենք հայերն ու քիւրտերը: Ձեր պատմութիւնը ինքնին խօսուն է…»:

Նաեւ ճիշդ չէ, որ Ցեղասպանութեան վերաբերեալ Նեթանիահուի մեկնաբանութիւնը պայմանաւորուած էր Իսրայէլի եւ Թուրքիոյ միջեւ վատ յարաբերութիւններով: Անոնք նախապէս ալ բազմիցս բախում ունեցան, ապա հաշտուեցան:

Այս հարցին նախապատմութիւնը աւելի լաւ հասկնալու համար, եկէք, անդրադառնանք վերջին հինգ տասնամեակներուն արձանագրուած որոշ զարգացումներուն:

1982-ին Իսրայէլի Ողջակիզումի յուշահամալիրը հովանաւորեց Թել Աւիւի մէջ առաջին անգամն ըլլալով տեղի ունեցող   «Ողջակիզումին եւ ցեղասպանութեան նուիրուած միջազգային համաժողովը»: Մասնակցելու հրաւիրուած 100 մտաւորականներուն մէջ կային վեց հայեր: Թուրքիոյ կառավարութիւնը անմիջապէս սպառնաց Իսրայէլին` տարբեր հակահրէական գործողութիւններով: Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարութիւնը բաւարարեց Թուրքիոյ պահանջը եւ ճնշում բանեցուց կազմակերպիչներուն վրայ` համաժողովը չեղարկելու համար: Ասոր իբրեւ արդիւնք` հովանաւորները հրաժարեցան, իսկ քանի մը ականաւոր հրեայ մտաւորականներ մերժեցին մասնակցիլ, սակայն համաժողովը տեղի ունեցաւ, թէեւ` սահմանափակ ձեւաչափով:

2001 եւ 2002 թուականներուն Իսրայէլի օրուան արտաքին գործոց նախարար Շիմոն Փերես կտրականապէս հերքեց Հայոց ցեղասպանութիւնը` նշելով, որ Իսրայէլ կը մերժէ` «Ողջակիզումի եւ հայկական մեղադրանքներուն միջեւ նմանութիւն ստեղծելու փորձերը»: Երուսաղէմի մէջ գտնուող Ողջակիզումի եւ ցեղասպանութեան հիմնարկի գործադիր տնօրէն Իսրայէլ Չառնին պատասխանեց Փերեսին ուղղուած կոշտ նամակով. «Դուք հատած էք բարոյական այն սահմանը, զոր ոչ մէկ հրեայ ինքնիրեն պէտք է արտօնէ հատել… Ես` իբրեւ հրեայ եւ իսրայէլցի, կ՛ամչնամ, որ այդքան հեռու գացած էք ներկայիս` մտնելով Հայոց ցեղասպանութեան իրական ժխտման տիրոյթ` բաղդատելի Ողջակիզումի ժխտման հետ»:

2015 թուականին, երբ զիս հրաւիրեցին ելոյթ ունենալու Թել Աւիւի համալսարանին մէջ կայացած Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած համաժողովին, ես կարելիութիւն ունեցայ հանդիպելու Իսրայէլի այն ժամանակուան նախագահ Ռէուվեն  Ռիվլինի հետ: Ես անոր բողոքեցի Իսրայէլի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան անընդունելի ժխտման մասին, եւ ան բացատրեց, որ ինք կասկած չունի Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ, քանի որ մեծցած է Երուսաղէմի մէջ` Ցեղասպանութենէն վերապրածներու հետ: Երբ Ռիվլին  Քնեսեթի նախագահն էր, ան անյաջող փորձեր կատարեց Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ բանաձեւ ընդունիլ տալու: Նկատի ունենալով վարչապետ Նեթանիահուի բացասական դիրքորոշումը այս հարցով` ան ըսաւ, որ իբրեւ նախագահ` իր ձեռքերը կապուած էին: Այսպիսով, ան հաստատեց, որ Նեթանիահուն երկար տարիներ շարունակ դէմ եղած է Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման:

Թել Աւիւի մէջ իմ դասախօսութեանս ընթացքին ես տարբերութիւն դրի Իսրայէլի կառավարութեան ժխտողական դիրքորոշումին եւ շարք մը կարեւոր հրեայ անհատներու կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան նկատմամբ ցուցաբերուած ուժեղ աջակցութեան միջեւ, ինչպիսիք են` Օսմանեան կայսրութեան մէջ (1913-16) Միացեալ Նահանգներու դեսպան Հենրի Մորկընթաուը, «Ցեղասպանութիւն» եզրոյթի հեղինակ Ռաֆայէլ Լեմքինը, վիպասան Ֆրանց Վերֆելը, արտաքին գործոց փոխնախարար, իսկ աւելի ուշ` արդարադատութեան նախարար Եոսի Պէյլինը, կրթութեան նախարար Եոսի Սարիտը,  ներգաղթեալներու համարկման նախարար Եայիր Ցափանը, Խաղաղութեան Նոպելեան մրցանակակիր Էլի Վիզելը եւ նախագահ Ռէուվեն Ռիվլինը: Ես զանոնք կոչեցի` «Արդարամիտ հրեաներ»:

Միւս կողմէ, մինչ աշխարհասփիւռ հայերը տասնամեակներ շարունակ պայքարած են Հայոց ցեղասպանութեան հանրայնացման համար, վարչապետ Փաշինեան մանկամիտ հարցումներ կ՛ուղղէ անոր ճանաչման վերաբերեալ` անտեսելով տարուած արժէքաւոր ջանքերը:

Նախորդ շաբաթ Փաշինեան հայ լրագրողներուն ըսաւ, որ Նեթանիահուի յայտարարութիւնը որեւէ կապ չունի Հայաստանի կամ հայ ժողովուրդի շահերուն հետ: Ան նաեւ կասկածի տակ դրաւ այն, թէ արդեօք հայերը որեւէ բան շահա՞ծ են քանի մը տասնեակ երկիրներու կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչումէն: Ան նոյնիսկ բացայայտեց, որ ինք օտար ղեկավարներուն հարցուցած է, թէ ինչո՞ւ անոնք ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը: Այսպիսով, Փաշինեան մեծապէս կը վտանգէ Հայ դատի արդարութեան հասնելու ձգտումը: Ահա թէ ի՛նչ կ՛ըլլայ, երբ քաղաքականապէս անփորձ եւ ոչ հայրենասէր մարդ մը Հայաստանի մէջ կը բարձրանայ իշխանութեան գլուխ:

Փաշինեան չի հասկնար, որ եթէ հայերը տասնամեակներ շարունակ չպայքարէին Հայոց ցեղասպանութեան հրապարակման համար, այսօր ոչ ոք զայն կը յիշէր` արտօնելով, որ Թուրքիա խուսափէր զանգուածային սպանդին համար պատիժէն: Հայ ժողովուրդը պէտք է Թուրքիան պատասխանատուութեան ենթարկէ անոր ոճիրներուն համար:

Փաշինեան Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղութեամբ տարուող ջանքերը քննադատելու փոխարէն` պէտք է յստակ քայլերու ձեռնարկէր արդարութիւն պահանջելով, ներառեալ` փոխհատուցում եւ Արեւմտեան Հայաստանի գրաւուած տարածքներու վերադարձ: Ասիկա բան մըն է, զոր սփիւռքը չի կրնար ընել, որովհետեւ միայն պետութիւնները կրնան դատ բանալ Արդարադատութեան միջազգային դատարանին մէջ (Համաշխարհային դատարան): Փաշինեան երբեք նման քայլի չի ձեռնարկեր, քանի որ ան զբաղած է թրքական եւ ազրպէյճանական պահանջներուն հանդէպ զիջողական քաղաքականութիւն վարելով:

Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ Նեթանիահուի յայտարարութեան իբրեւ արդիւնք`

1.- Հայոց ցեղասպանութիւնը լայնօրէն լուսաբանուեցաւ միջազգային լրատուամիջոցներուն կողմէ` ամբողջ աշխարհին մէջ միլիոնաւոր մարդիկ տեղեակ պահելով թրքական յանցագործութեան մասին, զոր Թուրքիան ի զուր կը փորձէ ծածուկ պահել:

2.- Հայ եւ թուրք պաշտօնեաները` արձագանգելով Նեթանիահուի` Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող մեկնաբանութիւններուն, զանոնք աւելի հրապարակային դարձուցին, անկախ անկէ` անոնք այդ մեկնաբանութիւնները կ՛ընդունի՞ն, թէ՞ կը քննադատեն:

3.- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտեց Իսրայէլը` հայերուն, ասորիներուն եւ յոյներուն ցեղասպանութիւններուն վերաբերեալ Նեթանիահուի մեկնաբանութենէն ետք: Թուրքիան նաեւ յայտարարեց, որ կը դադրեցնէ Իսրայէլի հետ բոլոր առեւտրային յարաբերութիւնները եւ կը փակէ իր օդային տարածքը իսրայէլեան օդանաւերուն առջեւ` Կազայի հակամարտութեան պատճառով:

www.TheCaliforniaCourier.com

Նախորդը

«1489» Ժապաւէնը. Թիւերէն Անդին` Մարդկային Պատմութիւն Մը

Յաջորդը

Մեծ Վայելչութեան Արժանանալու Գաղտնիքը

RelatedPosts

ՄԱԿ-ի Ժընեւի Կեդրոնին Մէջ Հայ Օգնութեան Միութեան Նախաձեռնութիւնը`. «Գաղթականական Արդարութիւն Արցախահայ Կիներու Եւ Մանուկներու  Համար» Թեմայով
Անդրադարձ

ՄԱԿ-ի Ժընեւի Կեդրոնին Մէջ Հայ Օգնութեան Միութեան Նախաձեռնութիւնը`. «Գաղթականական Արդարութիւն Արցախահայ Կիներու Եւ Մանուկներու Համար» Թեմայով

September 29, 2026
Դաշնակցութիւնը Կա՛յ Ու Կը Մնա՛յ
Անդրադարձ

Դաշնակցութիւնը Կա՛յ Ու Կը Մնա՛յ

September 29, 2026
26 ԼԵՄ-ականներ Տուին  Դաշնակցականի Իրենց Երդումը
Անդրադարձ

ՀՅԴ ԼԵՄ. Մեր Խօսքը

September 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.