Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրամփ Մրցանակի… Մրցակիցնե՞ր Ունի

Սեպտեմբեր 8, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Նոպելեան մրցանակի դատակազմի քուլիսներուն մէջ շշուկներ շրջան կ՛ընեն (եղեր), թէ Նիկոլ Փաշինեանը նկատի պիտի առնուի իբրեւ խաղաղութեան մրցանակի թեկնածու (թէեւ այս արարածը գիտնական է, տնտեսագէտ, պաշտպանութեան մասնագէտ ու մինչեւ իսկ` աստուածաբան, սակայն նախընտրեր են զինք առնել խաղաղութեան մրցանակի թեկնածուներու ցանկին):

Սիրելի՛ ընթերցող, հիմա հարց պիտի տաս, թէ այդ ո՞ր բարիքին համար հաշուի առած են անմօրուս դարձած Փաշինեանը: Քաջածանօթները կ՛ըսեն, որ հաստափոր հատորներ ներկայացուած են դատակազմին` Փաշինեանի խաղաղարարութեան մասին, այնքան մը, որ ան սկսեր է յոխորտալ, որ ինք Տանըլտ Թրամփէն աւելի՛ խաղաղասէր է, իր խաղաղասիրութիւնը «աննախադէպ է»:

Կարելի չէ եղած բոլոր հատորներուն ամբողջ բովանդակութիւնը «սպրդեցնել», սակայն մասնակի ցանկ մը կը բովանդակէ հետեւեալները.

Սկսելու համար` Արցախն ու Հայաստանը առաջնորդել Ազրպէյճանի հետ պատերազմի, որպէսզի հիմա ուաշինկթընեան բանակցութիւններուն ճամբով «խաղաղութիւն կը բերեմ» յայտարարէ (չեն մոռցած «խաղաղութեան խաչմերուկ»-ի ցնորամտութիւնը): Յետոյ` այսօր ըսածը վաղը դրժելն ու ճիշդ հակառակը ըսել-ընելը. օրինակ` Արցախը Հայաստան է, արցախցիներուն իրաւունքները պիտի ապահովեմ, իսկ յետոյ` Արցախը ի սկզբանէ Ազրպէյճանի պատկանած է, թող արցախցիները Ազրպէյճանի հետ դասաւորեն իրենց հարցերը: Խաղաղասիրութեան մէկ այլ հատորը կազմուած է Ազրպէյճանի հանդէպ բարի տրամադրութիւններով, որոնք գործնական արտայայտութիւն գտան Տաւուշէն մինչեւ Սիւնիքի հարաւային ծայրը որոշ հողամասերէ ներս ազերիական բանակներ «հիւրընկալելով», կարգ մը գիւղերու իրողական հայաթափումով (ցանկը կրնայ երկարիլ), «Թրամփի ուղի»-ի ծրագիրով (ժողովուրդը բարի նպատակով խաբելու եւ համաթուրանական ծրագիրին իր ձեռքով իրագործումը` նմանապէս բարի նպատակով` ուրիշ անունով ներկայացնելը): Արցախի վերաբերող հատորին մէջ երկար գլուխ մը տրամադրուած է Պաքուի մէջ շինծու դատավարութեան ենթարկուողները իրողապէս մոռնալու կեցուածքին: Վերջին 5-6 տարիներու յիշեալ ու բազմահատոր այլ խաղաղասիրութիւններուն զուգահեռ, նկատի առնուած են (եղեր) յաջորդ քայլերը` իբրեւ խաղաղասիրութեան ու բարի կամքի արտայայտութիւն. օրինակ` Ազրպէյճանին յանձնել սահմանամերձ «կղզեակները», որոնք նոր հարուածներ պիտի տան Հայաստանի պաշտպանական «ռեւանշիստական» կարողութիւններուն, սահմանադրութեան փոփոխութիւնը (մի՜ հաւատաք, որ անիկա ազերիական պահանջով է), որպէսզի պաշտօնականանայ Հայաստանի ամբողջական թեւաբեկումը, բազմահարիւր-հազարաւոր ազերիներու Հայաստան բնակեցումը, տնտեսական տարբեր ոլորտներու մէջ օտարներու, ներառեալ Թուրքիոյ ու Ազրպէյճանի միջամտութեանց առջեւ ճամբաներու բացումը, դարաւոր կոթողներու փոշիացումը խաղաղասէրի աչքով դիտելը, երկրի տնտեսութեան զոհաբերումը` խաղաղութեան անունով, Մինսքի խմբակին լուծարման խնդրագիրէն ետք, միջազգային արդարադատ ատեաններու ներկայացուած` Հայաստանի ու Արցախի անվիճելի պահանջներուն մասին պահանջագիրներու յետս կոչումը` «աչք ընելով» Թուրքիոյ, որ պատմական Հայաստանի մասին իրաւատէր չենք,  զուգահեռաբար` դիւանագիտական համակարգին աւելի՛ եւս քայքայումը (ինչպէս կ՛ընէ բանակին): Առանձին հատորներ կը կազմեն (եղեր) իր հասկցած ձեւով ժողովրդավարութեան կիրարկումը, այսինքն` ընդդիմադիրներու դէմ անիմաստ հալածանքները, Եկեղեցւոյ դէմ «պատերազմը» (հոս ալ ազերիական դրդում մի՛ տեսնէք), բռնագաղթուած ու հողազրկուած արցախցիներու իրաւունքներուն ոտնակոխումը (քաղաքական եւ ընկերային-մարդկային երեսներով), քաղաքացիներու կեանքը մերթ ընդ մերթ անտանելի դարձնող քայլերը (ցանկը շա՜տ երկար է եւ բաւական ծանօթ): Վերջապէս, ստուար հատոր մը գոյացած է անոր (ու կամակատարներուն) սուտերու անհատնում դրուագներով, որոնց մէջ ակներեւ են իր բերած բոլոր պատուհասները` իբրեւ բարիք, յաղթանակ եւ խաղաղութեան ճամբու բացում ներկայացնելը:

***

Նոյն քուլիսներէն այլ «փախուստներ» ալ եղեր են. կ՛ըսուի, թէ Հայտար Ալիեւի որդին ալ` Իլհամը, նմանապէս կը գտնուի ցանկին վրայ (խօսք չկայ, թէ երկու ախոյեաններուն կիներն ալ բաժին պիտի ունենա՞ն…): Իլհամի հատորները նո՛յնքան, քիչ մըն ալ աւելի՛ ստուար են Փաշինեանի «վաստակ»-ը վաւերագրողներէն: Քանի որ ան հօրմէն ժառանգ ստացած է իշխանութիւնը, եւ հայրը հիմա մահացած է եւ չի կրնար թեկնածու ներկայանալ, անոր «վաստակ»-ն ալ մտած է Իլհամի հատորներուն մէջ: Հոն կան` Պաքուի եւ Սումկայիթի սպանդները, Արցախի դէմ բազմահանգրուան յարձակումները, քանդումներն ու ջարդերը, հասնելու համար Արցախի փուլային խլման ու հայաթափման (հապա՜, տեսէք, թէ խաղաղութեան «փուլային տարբերակ»-ը ինչպիսի՛ արտայայտութիւն կը գտնէ Պաքուի դիտանկիւնէն): Այս կէտին մէջ Ալիեւ ու Փաշինեան դիտարկուեր են կատարեալ լծակից-գործակիցներ, ձեռք-ձեռքի տուած` խաղաղութեան ճամբան բացողներ: Կարեւոր իրագործում սեպուեր է թուրանական քարտէսին ամբողջականացման ի խնդիր անոր քայլերը, որոնք, ինչպէս Փաշինեանի պարագային` ժողովուրդին (եւ աշխարհին) կը ծախուին իբրեւ խաղաղութեան ու բարգաւաճման միջոց: Ալիեւի խաղաղասիրութեան ցանկին վրայ կան խաղաղասիրութեան բազում այլ ձեռքբերումներ, մէկ կողմէ ռուսական (արգիլեալ) վառելանիւթը սառնարան մտած եւրոպացիներուն հասցնելը, միւս կողմէ` Ուքրանիոյ մէջ հակառուսական քայլերը, իսկ երրորդ կողմէ մըն ալ` դրամի ախորժակով տարուած եւրոպացիներ ու ամերիկացիներ կաշառելու «բարեսրտութիւնը»:

Սիրելի՛ ընթերցող, վստահ եմ` յիշեալ սեղմ տեղեկութիւնները աչքի առջեւ ունենալով, կրնանք հետեւցնել, թէ Ալիեւ «վաստակը» մէկտեղող հատորին մէջ դեռ ինչե՜ր կան: Չմոռնանք, որ Նոպելեանի դատական կազմը մինչեւ մրցանակաբաշխումի օրը խիստ գաղտնի կը պահէ իր ընելիքը: Հետեւաբար կարելի չէ եղած «կորզել», թէ Ալիեւի թեկնածութեան կողքին, արդեօք Էրտողանն ու կինն ալ բաժին ունի՞ն: Չէ՞ որ անոնք ալ խաղաղասէր են. 44-օրեայ պատերազմին թուրքերը զէնք ու ահաբեկիչներ հասցուցին ազերիներու բանակին, որպէսզի պատերազմը արագ աւարտի (հապա՞, 5 հազարի տեղ` կրնայինք ամբողջ բնակչութիւնը զոհ տալ. սա բարեսիրութիւն չէ՞: Եւ տեսէ՜ք, թէ ի՛նչ կը ստացուի. Ցեղասպանութիւն գործած Թուրքիան հիմա կը դիտուի իբրեւ խաղաղասէր…): Եթէ Էրտողանի հատորներն ալ հաշուի առնուին, կ՛ըսեն լուրերը «փախցնողները», հոն յատուկ տեղ ունին ներքին ընդդիմադիրներուն, Սուրիոյ, քիւրտերուն եւ այլ դրացիներու նկատմամբ բարի գործերը: Ինչպէ՞ս կարելի է մոռնալ պաղեստինցիները ջարդող Նեթանիահուին ու գործակիցներուն ուղղուած կրկնակի մեղադրանքները, միաժամանակ, եւ նո՛յն խաղաղասիրական նպատակներով` նոյն Իսրայէլին հետ առեւտրական եւ այլ գործակցութեանց զարգացումը… Ինչպէ՞ս անտեսել Լիբանանի ու Իրաքի հանդէպ «հոգածութիւնը» եւ «խաղաղասիրական միջամտութիւնները»:

***

Այս չփաստուած տեղեկութիւնները աչքի առջեւ ունեցող մեկնաբաններ ունին շատ զգուշաւոր մօտեցում եւ կը կասկածին, որ Փաշինեան ու Ալիեւ արձանագրուին թեկնածուներու ցանկին:

Պատճառները բազմաթիւ են: Նախ` կայ Թրամփի եսասիրութիւնը եւ անձնակեդրոնութիւնը: Ան պիտի չուզէ, կ՛ըսեն, մրցանակին բաժնեկիցներ տեսնել, այլ կ՛ուզէ գրաւել բոլոր լուսարձակները (եւ պարգեւի գումարը). անոր խաղաղասիրութեան մասին հատորներն ալ բաւական ստուար են, կը տարածուին ներքին կեանքին ու համաշխարհային բեմերուն վրայ եւ իբրեւ գլխաւոր խորագիր` ունին… ստախօսութիւնները, անիմաստ յոխորտանքները եւ հազար ու մէկ խաղքութիւնները, օրէնք ու սահմանադրութիւն ոտնահարող արարքները` բազում փաստուած գայթակղութիւններուն կողքին: (Մի՜ զարմանաք,  նոր աշխարհին մէջ դաժան իրականութիւնները շրջուած ձեւով ներկայացնող օրուէլեան տեսութիւններն իսկ մանկապարտէզի դասագիրք են հիմա):

Նոյն դիտողները կ՛ըսեն, որ խափանող աւելի ուժեղ գործօն մը կայ քիչ մը անդին, կը կոչուի… Նեթանիահու: Անոր խաղաղասիրական գործերն ու ծրագիրները (Կազայի վերջնական քանդում, Արեւմտեան ափի պատառ-պատառ գրաւում, ոճիրները դատապարտողներու անտեսում եւ այլն) այլապէս կազմած են բազմահատորեակ մը: Աւելի՛ն. ան կը վայելէ… Թրամփի ամբողջական զօրակցութիւնը եւ «խաղաղասիրական» վարմունքին մէջ արդէն իսկ բաժնեկից է Սպիտակ տան վարիչին(*): Այս գետնի վրայ պէտք չէ փնտռել ռուսերուն, չիներուն, քորէացիներուն, եւրոպացիներուն եւ այլ ցամաքամասներու ժողովուրդներուն արգելակող մատները:

Յ. Գ. Մեծ հարց է (եղեր), թէ Փաշինեանի, Ալիեւի կամ Նեթանիահուի տրուելիք մետալները ինչէ՞ շինուած պիտի ըլլան: Ընթերցողը իրաւունք ունի նախասիրութիւններ ունենալու…

21 օգոստոս 2025

(*)Աստուածաշունչ քարոզող Թրամփը Նեթանիահուի մասին կ՛ըսէ եղեր. «Այս է իմ սիրելի որդին, որ հաւնած եմ…», ու գնահատելով անոր խաղաղասիրութիւնը` կ՛աւելցնէ եղեր. «Դուն, որ քիչ բաներու մէջ հաւատարիմ եղար», քեզի… շատ զէնք պիտի տամ. թող Զելենսքին ճաթի՛ նախանձէն:

Նախորդը

Կոմիտասի Վերջին Գիշերը

Յաջորդը

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի Այս Տարուան 8-րդ Թիւը

RelatedPosts

Դպրեվանեան Ոգին.  Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ
Անդրադարձ

Դպրեվանեան Ոգին. Գիրքի Հանդէպ Սէրը Դպրեվանքին Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2025
Փաշինեանը Փոխելու Շարժումը Չի Մարիր,  Այլ Նոր Թափ Կը Ստանայ
Անդրադարձ

Արդեօք Հայաստանի Ժողովուրդը Վերջապէս Պիտի Արթննա՞յ, Երբ Փաշինեանը Հրամայէ Ձերբակալել Կաթողիկոսը

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Մամուլը Ե՞րբ Իր Կոչումը Կը Վսեմացնէ Եւ Ե՞րբ Զայն Կը Նսեմացնէ (Հայ Մշակոյթի Ամսուան Առթիւ)

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?