Յօդուածներ

Ուրացող Պետութիւնը

Հայ Դպրոցին Առաքելութիւնը

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ Եթէ յիշենք, որ այսօր միայն ու միայն հոգեւոր գրականութեան նիւթ դարձած գրաբարը 16 դարեր առաջ հայերէնի առօրեայ լեզուն էր, ապա կրնանք պատկերացնել խօսակցական լեզուին` մինչեւ մեր օրերը ապրած մեծ փոփոխութիւնը: Գրաբարը զերծ մնաց այդ փոփոխութենէն` շնորհիւ եկեղեցւոյ ապահոված անձեռնմխելիութեան: Իսկ հասարակ ժողովուրդի բերանին մէջ անիկա յարատեւօրէն ապրեցաւ զանազան փոփոխութիւններ` ազդուելով բազմաթիւ գործօններէ: Նախ` իր մէջ ընդունեց բազմաթիւ օտար...

Մահախօսական.  Մեծ Ընկերներէս` Վարդան Փայասլեանի Յիշատակին

Գրողն Ու Իր Հաւաքը

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ Հազիւ կէսօրէ ետք էր: Նախ ժամացոյցին նայեցաւ եւ ապա, գլուխը աջ ու ձախ շարժելէ ետք, արագ մը պատրաստուեցաւ: Հաւաքեց իրեն հետ տանելիք լոյս ընծայած իր բոլոր հատորները: Ո՞վ էր ինք եւ հիմա ո՞ւր կ՛ուզէր երթալ: Ամէն մարդ լաւատեղեակ էր, որ այս ժամուն Լոս Անճելըսի բոլոր ճամբաները որքա՜ն խճողուած կ՛ըլլային: Բայց այդպէս էր ժամադրութիւնը: Ամիսներ առաջ իրեն բոլորովին անծանօթ...

Հայկական Դիմադրութիւնն Ալ Իր Տեղը Ունի Հայոց Ցեղասպանութեան Տարիներուն

Հայկական Դիմադրութիւնն Ալ Իր Տեղը Ունի Հայոց Ցեղասպանութեան Տարիներուն

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԻՍԿԱՀԱՏԵԱՆ Եթէ երբեք Հայաստանի  բազմաթիւ քաղաքերու եւ գիւղերու մէջ հայը գլուխ ծռեց թուրքին եւ մորթուեցաւ կամ անապատները քշուեցաւ, գտնուեցան քաղաքներ եւ գիւղեր, որոնց քաջարի զաւակները պայքարեցան մինչեւ իրենց վերջին շունչն ու փամփուշտը: Պարզապէս պայմանները եւ ազգային դաստիարակութիւնը կը տարբերէին վայրէ վայր: Յեղափոխութեան առաքեալները ամէն տեղ չէին կրցած հասնիլ: Վանի, Եդեսիոյ, Շապին Գարահիսարի, Հաճընի, Զէյթունի, Չորք Մարզպանի եւ ուրիշ բնակավայրերու...

Խմբագրական.  Հայաստանի Հանրապետութեան  100-ամեակ. Հայեցակարգային Կէտեր. – Բ.- Իրերը Իրենց Անուններով Կոչելու Անհրաժեշտութիւնը

Խմբագրական. Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակ. Հայեցակարգային Կէտեր. – Դ. – Արցախի Անկախութեան 100-ամեակ

  Մեր դրացի ոխերիմ հակառակորդ Ազրպէյճանը եւս կը նախապատրաստուի նշելու իր հիմնադրութեան 100-ամեակը: Ծայրայեղ միամիտ պէտք է ըլլալ չկանխատեսելու համար, որ Պաքուն այս առիթը բաց պիտի թողէ չշահարկելու համար Արցախի հարցը: Ազրպէյճանի անկախութիւնը մայիս 27-ին է. Պաքուի պաշտօնական այն մօտեցումը, որ Ազրպէյճան իր անկախութիւնը կը նշէ մայիս 28-ին, կը մատնէ արդէն որոշակի մարտավարութիւն: Անմիջապէս այստեղ կը մտաբերենք մեր միւս դրացիին`...

Համազգայինի «Գուսան» Երգչախումբի  Խմբավար Գրիգոր Ալոզեանի Հետ

Համազգայինի «Գուսան» Երգչախումբի Խմբավար Գրիգոր Ալոզեանի Հետ

Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբի տարեկան համերգը պիտի կայանայ այսօր` երկուշաբթի, 3 յուլիս 2017-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, Պուրճ Համուտ: «Գուսան» երգչախումբը հայ երգի այն միակ պահապանն է, որ ստեղծուած է Ցեղասպանութենէն առաջ` 1910-ին, Կոստանդնուպոլսոյ մէջ, Կոմիտաս վարդապետին կողմէ: Կոմիտաս վարդապետ նման խումբի ստեղծման նախաձեռնած էր ներկայացնելու համար դասական ոճի` հայրենասիրական եւ հայ հոգեւոր երգեր: Երգչախումբը կը հաշուէր 200...

Արամ Մանուկեանի Տունը Եւ Հայաստանի Կառավարութեան Սահմանադրական Պարտաւորութիւնը

Արամ Մանուկեանը եւ ապազգայնացման մունետիկները

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ Պատմութիւնը կ՚ուսուցանէ եւ ներկան կ՚ապացուցէ, որ կայսերապաշտական ու տիրակալական վարքագծերով առաջնորդուող ուժերը միշտ կ՚ընդդիմանան այլ ժողովուրդներու ազգային արժէքներ յաւերժացնելու, ազգային համոզումներ դրսեւորելու եւ ազգային յիշողութիւն պահպանելու ձգտումներուն։ Այսպէս եղած են հին կայսրութիւնները, այդպէս էր համայնավարական ծաւալապաշտութիւնը, այդպէս էր եւ կը շարունակէ ըլլալ Ամերիկեան դրամատիրական համաշխարհայնացումը։ Մեր ժողովուրդը քաջածանօթ է ապազգայնացման մեթոդաբանութեան։ Մենք տեսած ու ապրած ենք այդ փորձառութիւնը...

Հարցազրոյց «Կիւրճիեֆ» Խումբի Գեղարուեստական Ղեկավար Լեւոն Իսկենեանի Հետ

Հարցազրոյց «Կիւրճիեֆ» Խումբի Գեղարուեստական Ղեկավար Լեւոն Իսկենեանի Հետ

«Իմ Տունը Հայաստանն Է, Որքան Ալ Հեռանամ, Նոյնիսկ Երկար Ժամանակով, Սակայն Կը Վերադառնամ Տուն» Հարցազրոյցը վարեց` ԹԱՄԱՐ ՕՀԱՆԵԱՆ Ստորեւ կը ներկայացնենք «Կիւրճիեֆ» ժողովրդական նուագարաններու համոյթի հիմնադիր ու գեղարուեստական ղեկավար լիբանանահայ երաժիշտ Լեւոն Իսկենեանի հետ կատարուած հարցազրոյց մը: ՀԱՐՑՈՒՄ.- Սկսինք ձեր անձնական տուեալներով: ԼԵՒՈՆ ԻՍԿԵՆԵԱՆ.- Ծնած եմ Լիբանան: 1996-ին տեղափոխուած եմ Հայաստան` երաժշտական ուսումս շարունակելու նպատակով: Հօրս արմատները Այնթապէն են, իսկ...

«Կինը Սիւնն Է Ամէն Ինչի»  «Ազդակ»-ին Ըսաւ Քանդակագործ Մկրտիչ Մազմանեան

«Կինը Սիւնն Է Ամէն Ինչի» «Ազդակ»-ին Ըսաւ Քանդակագործ Մկրտիչ Մազմանեան

Գալարում Ժամանակակից հայ կերպարուեստագէտներէն շատ քիչեր միայն արժանացած են միջազգային հեղինակաւոր մրցանակներու: Այդ շատ քիչերէն մէկը Մկրտիչ Մազմանեանն է: Ծնած է 1944-ին, Գիւմրի: Իբրեւ քանդակագործ` ուսանած եւ կազմաւորուած է Հայաստանի մէջ, ուր շարք մը կարեւոր յուշարձաններ իրագործելէ ետք, 1992-ին Համազգայինի «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի ակադեմիային կողմէ կը հրաւիրուի Պէյրութ ու կը ծաւալէ մանկավարժական եւ ստեղծագործական աշխատանքներ: Ան շնորհիւ իր տաղանդին եւ...

Տան Եւ Հայրենի Տան Արանքում

Տան Եւ Հայրենի Տան Արանքում

ԱՐՄԻՆԷ ՄՈՒՔՈՅԵԱՆ-ԹԱՇՃԵԱՆ Դուռը բացուեց: Ինձ սպասում էին: - Բարեւ,- լսեցի առաջին բառը: - Hi,- լսեցի երկրորդը: Տան տիկինը ժպտալով ինձ ներս հրաւիրեց: Հիւրասենեակը շնչում էր հայերէն, պատերին հայկական եկեղեցիները պատկերող նկարներ էին, խաչ եւ հայկական տառապատկերներով ձեռագործ աշխատանքներ, ինչպէս սփիւռքի ամէն հայի տանը, այստեղ էլ պատին, բոլորին տեսանելի տեղում, կախուած էր Արարատը` իր ողջ վեհութեամբ եւ գեղեցկութեամբ. օճախը հայկական էր:...

Սահմանադրութիւն, Ժողովրդավարութիւն, Կառավարում

Մեծն Սոկրատ Կ՛ըսէր… Հարցումները Աւելի Կարեւոր Են

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Այս առաւօտ համացանցի վրայ տեղադրուած հայկական թերթերը կը կարդայի: Հայերէն տպուած բառն ու խօսքը այլեւս կը պատկանին եթերին: Մեր հետաքրքրութեան չափը կը սահմանէ անոնց կեանքի տեւողութիւնը: Կը սեղմենք ստեղ մը եւ անոնք կ՛անհետանան: Անցեալի ոգեկոչումներ կան, կը տեսնենք լուսանկարներ, որոնք կարծէք տժգոյն ներկային կեանք տալու պաշտօն ունին: Միջազգային քաղաքական ճատրակի աւարտող եւ վերսկսող խաղեր եւ խաղքութիւններ, կ՛իմանանք, կը...

Խմբագրական.  Հայաստանի Հանրապետութեան  100-ամեակ. Հայեցակարգային Կէտեր. – Բ.- Իրերը Իրենց Անուններով Կոչելու Անհրաժեշտութիւնը

Խմբագրական. Հայաստանի Հանրապետութեան 100-Ամեակ. Հայեցակարգային Կէտեր. – Գ. -Պետականակերտ Սերունդի Սփիւռքեան Ժամանակահատուածը

Խորհրդայնացումին իբրեւ հետեւանք, Հայաստանի Հանրապետութեան կերտիչները, գործիչները, պետական դէմքերը հաստատուեցան սփիւռքեան տարբեր գաղթօճախներ: Հանրապետութիւն կերտած գործիչներու սփիւռքահայ կազմակերպ կեանքին մէջ ներկայութիւնը նոր զսպանակում տուաւ մեր կրթական, մշակութային, կուսակցական եւ հասարակական կեանքին: Պատկերացնենք, որ ո՛չ միայն պետական կառոյցներ եւ գերատեսչութիւններ վարած, այլ նաեւ հանրապետութիւն կերտած մարդիկ յայտնուեցան Ցեղասպանութենէն առաջին վերապրող սերունդով  կազմուած համայնքային կեանքին մէջ: Այստեղ պէտք է աւելի խորանալ` նկատելու...

Սողովմէ

Սողովմէ

ՅԱԿՈԲ ԿԻՒԼԼԻՒՃԵԱՆ Բանաստեղծութիւնը կամ ընդհանրապէս գեղարուեստական գրականութիւնը կարելի՞ է Սփիւռքի մէջ: Նախ եւ առաջ վերի հարցադրումին մէջ գործածուած եզրերուն առնչութեամբ հարկ է կատարել կարգ մը լրացումներ: Սփիւռքը չէ գլխագրուած, որովհետեւ հարցումը կ՛ուզէ մտածել ընդհանրապէս սփիւռքներու, եւ ոչ՝ յատուկ անունին մասին այն կարողական երկրին, ուր կ՛ապրինք շատերս: Կ՛ակնարկէ վայրի մը, ուր ծնած ըլլալու է գրողը, եւ որմէ առժամաբար պէտք է զանցառել...

Մենք Մեր Խաղաղութիւնն Ենք Կերտում

«Դանդաղ Գործողութեան Ական» Ազրպէյճանի Նախագահի Առանձնատանը. Որքա՞ն Իրական Է

ՄԻՔԱՅԷԼ ՀԱՋԵԱՆ Քաղաքական վերլուծաբան Պարզւում է, որ իրական է: Եւ կամ մօտ է իրականութեանը: Յամենայն դէպս երեւոյթն այդպէս են ներկայացնում ազրպէյճանական ընդդիմադիր լրատուամիջոցները` մատնանշելով այդ գործողութեան (բնորոշումը թողնում եմ մասնագէտներին) հեղինակին` Ազրպէյճանի այլեւս լուծարուած ազգային անվտանգութեան նախարարութեան վերջին ղեկավարին` զօրավար-գնդապետ Էլտար Մահմուտովին: Նրան, ում այդ բարձր ու պատասխանատու պաշտօնում դեռեւս 2004թ. յուլիսին նշանակել է անձամբ նախագահ Իլհամ Ալիեւը` տեղափոխելով ներքին...

Ո՞վ Է Ուսուցիչը

Սողոմոն Թեհլիրեան (1896-1960)*

ԿԱՐՕ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ Մուտք 1915-ին, Անդրանիկի կամաւորական Ա. գունդի երկրորդ վաշտը, որուն հրամանատարն էր Սեպուհը, իսկ օգնականը` Գր. Ամիրեան, Վասպուրականի ճամբուն վրայ կռիւի կը բռնուի թուրք հրամանատար Խալիլ պէյի զօրքերուն դէմ: Լեռնանցքէ մը բարձրանալու ատեն, կռիւի տաք մէկ վայրկեանին, Ամիրեան կը նկատէ պատանի մը, որ, արհամարհելով թշնամի փամփուշտներուն վզվզոցը, արիւն-քրտինք մտած, կը ջանար վայրկեան առաջ հասնիլ գագաթը եւ դիրք բռնել այնտեղ:...

Երկու Խօսք

Սլաք. Հովանաւորողը

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ Քաղաքական ամէն աքթ ետին հովանաւոր կանգնած կ՛ըլլայ: Հովանաւորողը շատ անգամ չ՛երեւիր, սակայն իր վստահելիներով կը գործէ: Ճգնաժամի պարագային հովանաւորողը ինքզինք կը բացայայտէ: Վտանգը վտանգաւոր չդարձած, հովանաւորողը վստահելիներու նոր զոհեր կը բեմադրէ, եւ խաղը կը շարունակուի: Այսպէս է: Այսպէս եղած է եւ, դժբախտաբար, վարակիչ է ասիկա: Այսօր Սէուտական Արաբիոյ եւ Ծոցի երկիրներուն առած քայլը հովանաւորուած է Միացեալ Նահանգներուն կողմէ:...

Եգիպտոսի Հայ Դատի Յանձնախումբը Կը Շարունակէ Հայանպաստ Գործունէութիւնը. Ժապաւէններ Կը Նկարահանուին Հայաստանի Մասին

Եգիպտոսի Հայ Դատի Յանձնախումբը Կը Շարունակէ Հայանպաստ Գործունէութիւնը. Ժապաւէններ Կը Նկարահանուին Հայաստանի Մասին

Եգիպտոսի Հայ դատի յանձնախումբի անդամ Արմէն Մազլումեանը յոյս ունի, որ Հայոց ցեղասպանութեան հարցին վերաբերող նախագիծը պիտի մտնէ խորհրդարան ու պիտի դրուի քուէարկութեան: Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակէն ի վեր յանձնախումբը աշխուժ աշխատանք տարած է, որպէսզի Եգիպտոսը ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը, սակայն, Մազլումեանի համոզումով, քաղաքական որոշ հանգամանքներու բերումով պահը տակաւին պետական մակարդակով չէ հասունցած, որպէսզի բարձրաձայն յայտարարեն այդ մասին: Եգիպտոսի խորհրդարանի պատգամաւոր Մուսթաֆա Պաքրին...

Արամ Մանուկեանի Տունը Եւ Հայաստանի Կառավարութեան Սահմանադրական Պարտաւորութիւնը

Ուխտավայրը

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ Ժողովուրդները պատմութիւն կը կերտեն միայն այն ատեն, երբ ունին արժանի առաջնորդներ, որոնք պատրաստ են ամէնէն դժնդակ պայմաններու տակ իսկ առաջնորդելու սեփական ժողովուրդը` անսակարկ նուիրումով եւ գիտակցական զոհողութեամբ: Մեր պատմութիւնը վկայ, որ մեր ժողովուրդը ունեցած է այդ առաջնորդները: Նայինք մեր անցեալին, մանաւանդ` մեր յեղափոխական անցեալին, ուր պիտի տեսնենք հպարտօրէն տողանցող շարքը մեր ազգային հերոսներուն եւ առաջնորդներուն: Այդ երկար շարքին...

Ազգային Աքսոր Գասարճեան Վարժարանի 85-ամեակի Հունձքը

Ազգային Աքսոր Գասարճեան Վարժարանի 85-ամեակի Հունձքը

Սփիւռքահայ իրականութեան մէջ հայ դպրոցին վերապահուած է կեդրոնական դեր հայեցի կրթութեան, հայապահպանման բնագաւառներուն մէջ: Ջարդէն ճողոպրած մեր պապերուն առաջին գործը եղաւ եկեղեցիներու կողքին դպրոցներ կառուցել` հայ ժողովուրդի գոյատեւման տեսլականը ի մտի ունենալով: Այս առումով հայկական վարժարանները եւ ի մասնաւորի Նոր Սիսի Ազգային Աքսոր Գասարճեան վարժարանը 85 տարիներ շարունակ սերունդներ կոփեց ու դաստիարակեց` հայ ժողովուրդին պարգեւելով արժանընտիր զաւակներ: Ուրբաթ, 16 յունիս...

Հայ Աւետարանական Քոլեճի Մանկապարտէզի Հանդէս

Հայ Աւետարանական Քոլեճի Մանկապարտէզի Հանդէս

Հայ աւետարանական քոլեճի 2016-2017 տարեշրջանի մանկապարտէզի հանդէսն ու Ծաղիկ դասարանի վկայականաց բաշխումը տեղի ունեցան ուրբաթ, 16 յունիս 2017-ին, Հայ աւետ. Ա. եկեղեցւոյ սրահին մէջ: Հանդէսի բնաբանը` «Մենք մանուկներ ենք աշխարհի», կ՛արտացոլար ընտրուած պարերուն, երգերուն եւ արտասանութիւններուն ընդմէջէն, որոնք ներկայացուեցան Ծիլ, Բողբոջ, Կոկոն եւ Ծաղիկ դասարաններու մանուկներուն կողմէ, մերթ` համարձակ, մերթ` ամօթխած արտայայտութիւններով: Որքա՜ն գեղեցիկ է տեսնել մեր մանուկները, որոնք գունագեղ...

Խմբագրական.  Հայաստանի Հանրապետութեան  100-ամեակ. Հայեցակարգային Կէտեր. – Բ.- Իրերը Իրենց Անուններով Կոչելու Անհրաժեշտութիւնը

Խմբագրական. Հայաստանի Հանրապետութեան 100-ամեակ. Հայեցակարգային Կէտեր. – Բ.- Իրերը Իրենց Անուններով Կոչելու Անհրաժեշտութիւնը

Պատմագիտական ուսումնասիրութիւններու անհրաժեշտութիւնը չի զգացուիր իմանալու համար, որ թէ՛ մայիսեան յաղթանակներուն եւ թէ՛ հանրապետութեան կերտման գլխաւոր ուժը Դաշնակցութիւնն էր: Հրաշքի համազօր երեւոյթներու կերտման գաղտնիքը Դաշնակցութեան նախաձեռնութեամբ բոլորի համախմբման իրողութեան վրայ կը կայանայ ամրօրէն: Եւ ճիշդ այստեղ  կը գտնուի դիւցազնամարտերու, անկախութեան նուաճման, հանրապետութեան կերտման ընկալումի նրբութիւնը: Համախմբուիլը բոլորը կ՛ենթադրէ, եւ հետեւաբար մայիս 28-ով խորհրդանշուող իրադարձութիւնները բոլորին սեփականութիւնն են: Պատմական սխալը ուղղելու...

Page 802 of 1110 1 … 801 802 803 … 1,110

Արխիւներ