Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Աքսոր Գասարճեան Վարժարանի 85-ամեակի Հունձքը

Յուլիս 1, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սփիւռքահայ իրականութեան մէջ հայ դպրոցին վերապահուած է կեդրոնական դեր հայեցի կրթութեան, հայապահպանման բնագաւառներուն մէջ: Ջարդէն ճողոպրած մեր պապերուն առաջին գործը եղաւ եկեղեցիներու կողքին դպրոցներ կառուցել` հայ ժողովուրդի գոյատեւման տեսլականը ի մտի ունենալով: Այս առումով հայկական վարժարանները եւ ի մասնաւորի Նոր Սիսի Ազգային Աքսոր Գասարճեան վարժարանը 85 տարիներ շարունակ սերունդներ կոփեց ու դաստիարակեց` հայ ժողովուրդին պարգեւելով արժանընտիր զաւակներ:

Ուրբաթ, 16 յունիս 2017-ի երեկոյեան, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ազգային Աքսոր Գասարճեան վարժարանի ամավերջի հանդէսը եւ վկայականաց բաշխումը:

Հանդէսին թեման Յովհաննէս Թումանեանի «Քաջ Նազարը» պատմութիւնն էր: Բեմին յարդարանքը  իր պարզութեամբ կը ներկայացնէր Թումանեանի ժամանակաշրջանի գեղջուկ կեանքը: Դերակատարները հարազատութեամբ կատարեցին իրենց վստահուած դերերը, իսկ գլխաւոր դերակատարները` Քաջ Նազարը եւ անոր կինը` Ուստիանը մեծ հմտութեամբ ներկայացուցին եւ գնահատուեցան հանդիսատեսներուն կողմէ: Թատերական ներկայացումը մերթ ընդ մերթ ընդմիջուեցաւ մուտքի, թիթեռներու, ձիաւորներու, հայկական եւ ուրախ պարերով, զորս ներկայացուցին վեցերորդ, մանկապարտէզի եւ առաջին դասարաններու աշակերտները: Ապա մանկապարտէզի երգչախումբը մեկնաբանեց «Փոքրերու աշխարհ» եւ «Ա., Բ., Գ.» երգերը: Վեցերորդ դասարանի աշակերտները հանդէս եկան խմբային արտասանութեամբ, որմէ ետք նախակրթարանի երգչախումբը ներկայացուց «Պիտի գնանք վաղ թէ ուշ» եւ «Քիչ ենք բայց հայ ենք» խմբերգները:

Օրուան հուսկ բանքը եւ տնօրէնութեան խօսքը փոխանցեց վարժարանի տնօրէն Արեգնազ Աղասարգիսեան: Ան այս տարեշրջանը որակեց իւրայատուկ, որովհետեւ  աշակերտներն են, որոնք կ’արտասանեն հրաժեշտի խօսքը: 2016 – 2017 տարեշրջանին Ազգային Աքսոր Գասարճեան վարժարանը թեւակոխեց 85-րդ տարեդարձը: 85 տարիներու ընթացքին վարժարանը արժանաւորապէս արդարացուց իր վրայ դրուած յոյսերն ու պարտաւորութիւնները, երկար տարիներու ընթացքին ունեցաւ դժուար ու բարօր օրեր, լուսաւորեց հայ մանուկներու միտքն ու հոգին եւ սորվեցուց մայրենին:

Ան, արժեւորելէ ետք 2016-2017 կրթական տարեշրջանը, նշեց, որ հակառակ աշակերտութեան թիւի անկումին, աշակերտները մասնակցեցան մրցումներու, մշակութային եւ ընկերային ձեռնարկներու, ինչպէս նաեւ Լիբանանի կրթական նախարարութեան կազմակերպած արհեստագիտական մրցումին, ուր աշակերտները յայտնաբերեցին իրենց հմտութիւնները փոքրիկ ճարտարապետները պատրաստութեան մրցումին:

Ա. Աղասարգիսեան նշեց, որ մեր ազգին երազը եղող հաստատութիւնը այսօր իրականութիւն դարձած է: Երազները կ՛իրականանան մեծ ճիգով եւ անսահման զոհաբերութեամբ:

Իր խօսքի աւարտին ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր պատկան մարմիններուն եւ բարերարներուն: Ա. Աղասարգիսեան եզրափակեց` ըսելով, որ Մուրատ Ռաֆայէլեան վարժարանը չկայ, սակայն Մուրատ Ռաֆայէլականները կան: Ազգային Աքսոր Գասարճեան վարժարանը կրնայ չըլլալ, սակայն Աքսոր Գասարճեանականները պիտի շարունակեն ըլլալ սփիւռքի տարածքին:

Շրջանաւարտներու մուտքէն ետք աւարտականներուն անունով ուղերձ կարդաց վեցերորդ դասարանէն Յովիկ Պահարեան: Ան ըսաւ, որ ջերմ զգացումներով կը բաժնուին Ազգային Աքսոր Գասարճեան վարժարանէն, զոր կը նկատէ հոգեմտաւոր սնունդ հայթայթող ընտանիք, ուր ուսուցիչները հարազատ ծնողներու հոգատարութեամբ սիրով պարուրեցին, սորվեցուցին կարգապահ, ներողամիտ եւ համբերատար ըլլալ: Ան երախտագիտութիւն յայտնեց տնօրէնութեան, ուսուցիչներուն եւ ծնողներուն: Իր խօսքի աւարտին ան ըսաւ, որ յառաջիկայ տարի պիտի յաճախեն Ազգային Միացեալ վարժարան, եւ ո՛ւր ալ գտնուին բարձր պիտի պահեն Ազգային Աքսոր Գասարճեան վարժարանի անունը` դառնալով ապագայի հայազգի արժանաւոր զաւակներ:

Ազգային Աքսոր Գասարճեան վարժարանի անունով երախտագիտութեան գիր տրուեցաւ վարժարանի բարերար Աքսոր Գասարճեանի կնոջ Անահիտ Գասարճեանին: Տնօրէնը ծաղկեփունջերով գնահատեց նաեւ այն ուսուցիչները, որոնք յառաջիկայ տարի պիտի չգործեն Ազգային Միացեալ վարժարանին մէջ:

Վկայականներու բաշխումէն ետք օրհնութեան խօսքը արտասանեց Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, որուն համաձայն հայ դպրոցի յաջողութեան գործի մէջ առաւել կամ նուազ չափով մասնակից ենք բոլորս: Անցեալին մեր վարժարանները արդարացուցին իրենց գոյութիւնը եւ այդ վաստակին մէջ անկասկած ծնողք-աշակերտ-ուսուցիչ-կրթական պատասխանատուներ-բարերարներ իրենց շարունակական ներդրումը ունեցան, որովհետեւ հայ վարժարանը կը մարմնացնէ մեր բոլորին հաւատալիքները, ըսաւ ան: Հայ վարժարանը մասնակից է այս բոլոր իղձերուն, զորս ունի իւրաքանչիւր գիտակից հայ:

Սրբազան հայրը յայտնեց, որ Ազգային Աքսոր Գասարճեան վարժարանի մէջ ձեռք բերուած փորձառութիւնը պիտի տեղադրուի նոր եւ աւելի բարօր պայմաններու մէջ: Այնքան ատեն որ կ՛ապրի հայ ժողովուրդը, կ՛ապրի նաեւ հայ վարժարանը: Կ՛ապրի, որ մեր հաւաքականութեան ուժ ներշնչէ եւ մեր երազները սերունդէ-սերունդ ապրի: Ան ըսաւ նաեւ, որ հայ դպրոցի շարունակականութեան եւ նորոգութեան համար նոր տուն կառուցեցինք: Այս տունը բոլորիս է, հաստատեց առաջնորդ հայրը:

Շահէ եպս. Փանոսեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք հայ դպրոցներու երթին մէջ իրենց կարեւոր ներդրումը ունեցան անցեալին` շեշտելով, որ հայ դպրոցը մեր հաւաքականութեան ամրութիւնն է: «Մեր գաղութին այսօր կը նային աշխարհի ամէն անկիւններէն սպասելով մեր դպրոցներէն մարդուժ հանենք բոլոր գաղութներուն, որոնք մեր օրինակով եւ ներշնչումով կը փորձեն օտար պայմաններու մէջ պահել մեր ժողովուրդին ինքնութիւնը հարազատօրէն ու անաղարտ կերպով»: Իր խօսքի աւարտին սրբազան հայրը կոչ ուղղեց ծնողներուն` իրենց զաւակները ազգային վարժարաններուն յանձնելու, որպէսզի մեր ազգային վարժարաններուն տուած արդիւնքով դալար մնայ մեր ազգային ածուն:

Մանկապարտէզի 2016 -2017 տարեշրջանի հունձքը.
Քրիսթէլ Իքճեան, Ալեքսանտր Զէյթունեան, Վալանթին Գույումճեան, Հրակ Պահարեան, Էլենա Խաժի, Պետրոս Չաքըլեան:

Նախակրթարանի 2016 -2017 տարեշրջանի հունձքը.
Յովհաննէս Քեհէեան, Վրէժ Ժամլեան, Ժան Օգճաօղլի, Էտուարտ Ղազարեան, Յովիկ Պահարեան, Էմմանուէլ Ճտըրեան, Ճէսիքա Զէյթունեան, Տալիտա Էյմէշ, Սելին Հաննէեան:

Նախորդը

Հայ Աւետարանական Քոլեճի Մանկապարտէզի Հանդէս

Յաջորդը

Ուխտավայրը

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?