Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Մանուկեանը եւ ապազգայնացման մունետիկները

Յուլիս 3, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ

Պատմութիւնը կ՚ուսուցանէ եւ ներկան կ՚ապացուցէ, որ կայսերապաշտական ու տիրակալական վարքագծերով առաջնորդուող ուժերը միշտ կ՚ընդդիմանան այլ ժողովուրդներու ազգային արժէքներ յաւերժացնելու, ազգային համոզումներ դրսեւորելու եւ ազգային յիշողութիւն պահպանելու ձգտումներուն։ Այսպէս եղած են հին կայսրութիւնները, այդպէս էր համայնավարական ծաւալապաշտութիւնը, այդպէս էր եւ կը շարունակէ ըլլալ Ամերիկեան դրամատիրական համաշխարհայնացումը։

Մեր ժողովուրդը քաջածանօթ է ապազգայնացման մեթոդաբանութեան։ Մենք տեսած ու ապրած ենք այդ փորձառութիւնը իր Օսմանական եւ Լենինեան գունաւորումներով։ Մենք նաեւ վկայած ենք մեր ազգային ծոցին մէջ իսկ սնանող ապազգայնացման մունետիկները։ Ցաւալին այն է, որ մեր ազգային կեանքէն ներս տակաւին կը սնանին ու կը գործեն նման վնասակար տարրեր՝ գիտակցաբար թէ անգիտակցաբար։

Այս իմաստով, մեր հայրենիքի մէջ եօթանասուն տարիներու վրայ կուտակուած ազգային արժէքներ խորտակելու ախտը տակաւին կը շարունակէ իր գլուխը ցցել։ Այս անգամ ո՛չ թէ յանուն համայնավարութեան, այլ՝ յանուն ազատականութեան, որ չափանիշի վերածուած է վերանկախացած հայրենիքի քաղաքական աւագանիի բազմաթիւ ներկայացուցիչներուն համար։

Ուստի, պատահականութեան կամ մտաւորական կարծիքի ազատ արտայայտման պէտք չէ վերագրել «Առաւօտ»ի խմբագիր Արամ Աբրահամեանի «Խորհրդանիշ դնելու ժամանակը չէ» վերտառութեամբ առաջնորդող գրութիւնը։ Աբրահամեան կ’ընդդիմանայ Երեւանի կեդրոնին Արամ Մանուկեանի արձանը տեղադրելու քաղաքապետութեան որոշումին։ Ան իր ընդդիմութիւնը կը պաշտպանէ հակասական ու մանուածապատ հիմնաւորումներով, որոնք ընտրովի ի մի հաւաքուած են պարզապէս նսեմացնելու համար մեր ազգային արժէքները։

Աբրահամեանի յօդուածին եւ առարկութիւններուն քննարկումը կատարելու կարիքը չկայ հոս։ Այդ ուղղութեամբ գաղափարական ընկերներս Կարօ Արմենեան եւ Վաչէ Բրուտեան առանձնաբար եւ ամբողջականօրէն կատարած են իրենց յօդուածներով, որոնք լոյս տեսան դաշնակցական մամուլի մէջ։

Սակայն, պէտք է անդրադառնալ եւ քննել Աբրահամեանի յօդուածի ճամբով փոխանցուող աւելի խորքային տեսակէտը, որ կը փորձէ նսեմացնել մեր ազգային արժէքներու իմաստն ու էութիւնը։ Ճիշդ հո՛ս է որ դարձեալ իր գլուխը կը ցցէ մեր արժէքներու ապազգայնացման ախտը։ Աբրահամեան կրնայ յարգելի խմբագիր ըլլալ, սակայն կարելի չէ լուռ անցնիլ այն ախտին վրայէն, որ իր գրիչով կը փորձէ սփռել։

Ապազգայնացման փորձի հետքերը ծածկելու համար, Աբրահամեան Արամի արձանը կը վերածէ պատմական դէմքի մը մէկ սոսկ անձնականացուած քարէ խորհրդանիշին։ Իր տրամաբանութեամբ, Արամի արձանին տեղադրումը անհատի մը պաշտամունքի դրսեւորումն է, իր իսկ բառերով «մահկանացուի» մը արձանն է։ Դիտաւորեալ է այս մօտեցումը, որպէսզի արձանը նկատուի անձի մը քարէ խորհրդանիշը՝ առանց այն ազգային արժէքներուն, որոնք բուն իսկ իմաստն են անոր կառուցման։

Արամը մեր ազգային եւ պետական արժէքները մարմնաւորող գերագոյն խորհրդանիշն է։ Արամի անձին պաշտամունքը չէ որ կը կատարուի։ Ծրագրուած կոթողը սոսկ քարէ արձան մը չէ։ Անոր նիւթական բաղադրութենէն անդին, յուշարձանը յուշարարը եւ թելադրիչն է Արամի մարմնաւորած երկաթեայ կամքին եւ ազգային պատգամին։ Արամին մարմնաւորած ազգային պատգամն ու առաքելութիւնն է որ կը փոխանցուի, պէ՛տք է փոխանցուի մեր ժողովուրդին եւ գալիք սերունդներուն։

Ծպտեալ ապազգայնացման իր փորձին յաւելեալ հովահարման համար, Աբրահամեան անյարմար կը նկատէ նոյնիսկ իր պատկերացուցած «մահկանացուի» մը արձանին տեղադրումը, որովհետեւ այդ մէկը կատարելու գծով «խօսքը կայացած պետութիւնների մասին է, որտեղ հասարակական մակարդակով ձեւակերպուած է ազգային շահը:»

Ապազգայնացման բարդոյթներ սրսկող միտքեր են ասոնք։ Անոնք ձեռնտու կրնան ըլլալ կայսերապաշտ (իմա՛ Ամերիկա) կամ ծաւալապաշտ (իմա՛ Ռուսաստան) ուժերուն, բայց ոչ մեր հայրենիքին ու ժողովուրդին։

Հայաստանի պետութիւնը, իր բոլոր սահմանափակումներով եւ մարտահրաւէրներով, կայացման ընթացքի մէջ է։ Մեր հայրենիքն ու ժողովուրդը, ի հեճուկս բոլոր խոչընդոտներու, ունին ազգային շահի գիտակցութիւնը եւ այդ շահը ձեւակերպելու ընթացքի մէջ են։

Ապազգայնացումով չէ որ մենք պիտի ամրօրէն կայացնենք մեր պետութիւնը։ Նման բարդոյթներու տարածումով չէ որ մենք պիտի կարենանք ձեւակերպել մեր ազգային շահը։

Պետութիւնը կը կայանայ ազգային արժէքներու եւ սկզբունքներու վրայ, ոչ թէ ապազգային մտայնութեանց վրայ։ Ազգային շահը կը ձեւակերպուի մեր պատմութեան գիտակցութեամբ եւ ազգային առաքելութեան հաւատքով, ուր ապազգային բարդոյթները պարզապէս կը ծառայեն ջլատելու մեր հաւաքական շահն ու կամքը։

Եթէ պիտի ունենանք, եւ պի՛տի ունենանք, կայացած պետութիւն, ան պիտի կերտուի Արամ Մանուկեաններու կեանքի օրինակով եւ ջամբած ազգային արժէքներով։

Եթէ պիտի ձեւակերպենք, եւ պի՛տի ձեւակերպենք, մեր ազգային շահը, այդ մէկը պիտի իրագործենք Արամներէն մեզի փոխանցուող ազգային պատգամով եւ առաքելութեամբ։

Արամի արձանը պիտի ըլլալ յուշարարը եւ արթուն պահակը մեր ազգային շահերուն եւ մեր պետութեան կայացման, ինչու չէ նաեւ մեր հայրենիքի ամբողջացման։

Մեր հայրենիքն ու ժողովուրդը պիտի շարունակեն մեր ազգային երթը Արամներու ճամբով։ Եւ մեր ապազգայնացման մունետիկները քաջ գիտեն այս ճշմարտութիւնը։

Լոս Անճելըս
Յունիս 30, 2017

Նախորդը

Հարցազրոյց «Կիւրճիեֆ» Խումբի Գեղարուեստական Ղեկավար Լեւոն Իսկենեանի Հետ

Յաջորդը

Համազգայինի «Գուսան» Երգչախումբի Խմբավար Գրիգոր Ալոզեանի Հետ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Նոր Լիբանանի Մը Սպասումով

Յունուար 30, 2023
Ազրպէյճանցիները Կը Կրակեն Իրենց Ոտքին` Շրջափակելով Լաչինի Միջանցքը
Անդրադարձ

Ազրպէյճանցիները Կը Կրակեն Իրենց Ոտքին` Շրջափակելով Լաչինի Միջանցքը

Յունուար 30, 2023
Անդրադարձ.  Սփիւռքահայ Կեանքեր` Ինչպէս Որ Տեսայ  (Տոքթ. Հրայր Ճէպէճեանին Նոր Գիրքը)
Անդրադարձ

Եռամիասնութի՜ւն…

Յունուար 30, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In