Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եգիպտոսի Հայ Դատի Յանձնախումբը Կը Շարունակէ Հայանպաստ Գործունէութիւնը. Ժապաւէններ Կը Նկարահանուին Հայաստանի Մասին

Յուլիս 1, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եգիպտոսի Հայ դատի յանձնախումբի անդամ Արմէն Մազլումեանը յոյս ունի, որ Հայոց ցեղասպանութեան հարցին վերաբերող նախագիծը պիտի մտնէ խորհրդարան ու պիտի դրուի քուէարկութեան: Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակէն ի վեր յանձնախումբը աշխուժ աշխատանք տարած է, որպէսզի Եգիպտոսը ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը, սակայն, Մազլումեանի համոզումով, քաղաքական որոշ հանգամանքներու բերումով պահը տակաւին պետական մակարդակով չէ հասունցած, որպէսզի բարձրաձայն յայտարարեն այդ մասին:

Եգիպտոսի խորհրդարանի պատգամաւոր Մուսթաֆա Պաքրին հանդէս եկած է օրէնսդրական նախաձեռնութեամբ, որով երկրի խորհրդարանին ու կառավարութեան կոչ ուղղած է` ճանչնալու Հայոց ցեղասպանութիւնը: Մուսթաֆա Պաքրի յայտարարած է, որ պատմական փաստաթուղթերը կը վկայեն, որ 1915-1922 թուականներուն օսմանցի թուրքերը 1,5 միլիոն հայ ոչնչացուցած են: Այդ փաստերը քննարկելու համար ան կոչ ուղղած է խորհրդարանին` յատուկ նիստի հրաւիրելու: Պաքրիի ներկայացուցած նախագիծին տակ ստորագրած է 337 պատգամաւոր:

«Իսկ հայ ժողովուրդի համար կարեւոր միւս հարցի` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին առնչութեամբ Եգիպտոսը ընդհանրապէս չէզոք դիրք որդեգրած է: Ազրպէյճանի հետ այդ երկրի յարաբերութիւնները նոյնպէս լաւ մակարդակի վրայ են, այդ պատճառով հաւասարակշռուած քաղաքականութիւն կը վարէ», «Արմենփրես»-ի հետ զրոյցի ընթացքին նկատել տուած է Ա. Մազլումեան` աւելցնելով, որ իրենց հիմնական աշխատանքը լրատուութեան եւ մտաւորականութեան աշխարհի ներկայացուցիչներու հետ համագործակցիլն ու Հայաստանը ծանօթացնելն է: Հայ դատի յանձնախումբի ջանքերով տարին երկու անգամ կը փորձեն տեղական լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներու եւ մտաւորականներու այցելութիւններ կազմակերպել դէպի Հայաստան: «Օրինակ` Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին քաղաքական, մտաւորական, լրատուական եւ արուեստի մարզերէ 55 ներկայացուցիչներ եկած էին Հայաստան», նշած է ան:

Արմէն Մազլումեանի համաձայն, այժմ արաբերէն լեզուով երկու ժապաւէն կը պատրաստեն Հայաստանի մասին: Ժապաւէնները պիտի պատմեն Հայաստանի, հայ ազգի եւ մեր երկրի զբօսաշրջութեան մասին: Անիկա պիտի ըլլայ արաբական աշխարհին համար, սակայն պիտի ներկայացուի նաեւ Հայաստանի մէջ:

«Այժմ կ՛ընթանան պատրաստութեան աշխատանքները, շուտով պիտի աւարտին եւ վերջնական տեսքի բերուին: Ժապաւէնները աշխարհին կը ներկայացնեն Հայաստանը, հայ ժողովուրդը եւ երկրի զբօսաշրջային կարելիութիւնները: Ժապաւէններէն մէկուն պատրաստողը երեք անգամ այցելած է Հայաստան, ան եգիպտացի է ու գրած է գիրք, որ այժմ ժապաւէնի պիտի վերածուի: Գրողին անունը Մոհամետ Մանտուր է», աւելցուցած է ան:

Մազլումեան նաեւ յիշեցուցած է, որ նախորդ տարի արաբերէնով նկարահանած էին «Ո՞վ սպաննեց հայերը» վաւերագրական ժապաւէնը, որուն հեղինակներ Մոհամետ Հանաֆի Նասրն ու Մարիամ Զաքին Հայոց ցեղասպանութեան մասին արաբական աշխարհը իրազեկելու իմաստով ունեցած աւանդին համար Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան հրամանագիրով արժանացած են 2015-ի պետական մրցանակի:

 

Նախորդը

Ուխտավայրը

Յաջորդը

Սլաք. Հովանաւորողը

RelatedPosts

Բժիշկներու Միջազգային Օրուան Առիթով.   Վէրքեր Ու Ներաշխարհ Բուժող Բժիշկը
Անդրադարձ

Բժիշկներու Միջազգային Օրուան Առիթով. Վէրքեր Ու Ներաշխարհ Բուժող Բժիշկը

Մարտ 30, 2023
Վկայութիւններ` Համազգայինի 95-Ամեակին Առիթով
Անդրադարձ

Համազգայինի 95-Ամեակ. «Չըսեմ Ըսի, Ամա Չպիտի Ըլլայ»

Մարտ 30, 2023
Արցախը Համայն Հայութեան Կեանքի Ճանապարհն Է
Անդրադարձ

Արցախը Համայն Հայութեան Կեանքի Ճանապարհն Է

Մարտ 30, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In