ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԻՍԿԱՀԱՏԵԱՆ
Եթէ երբեք Հայաստանի բազմաթիւ քաղաքերու եւ գիւղերու մէջ հայը գլուխ ծռեց թուրքին եւ մորթուեցաւ կամ անապատները քշուեցաւ, գտնուեցան քաղաքներ եւ գիւղեր, որոնց քաջարի զաւակները պայքարեցան մինչեւ իրենց վերջին շունչն ու փամփուշտը: Պարզապէս պայմանները եւ ազգային դաստիարակութիւնը կը տարբերէին վայրէ վայր: Յեղափոխութեան առաքեալները ամէն տեղ չէին կրցած հասնիլ: Վանի, Եդեսիոյ, Շապին Գարահիսարի, Հաճընի, Զէյթունի, Չորք Մարզպանի եւ ուրիշ բնակավայրերու հերոսամարտերն ինքնապաշտպանութեան պայքարները վկաներ են այս երեւոյթին: Կան նաեւ փոքր ինքնապաշտպանութեան պարագաներ, որոնք նոյնպէս հերոսամարտեր են իրենց որակով:
Ստորեւ կը ներկայացնեմ Մելիք Ազիզեանի «Հերոսական Շատախի Արմշատ Գիւղը» յուշագրութիւնը եւ ականատեսի վկայութիւնը.
Մելիք Ազիզեան, «Հերոսական Շատախի Արմշատ գիւղը», հրատարակութիւն «Յեղափոխական ալպոմ»-ի խմբագրութեան, Պէյրութ, 1974, փոքր չափի 47 էջ:
Մելիք Ազիզեան այս յուշագիրքի 1-14-րդ էջերուն մէջ պատմական եւ աշխարհագրական տեղեկութիւններ կու տայ Վանի նահանգի Շատախ գաւառակի Արմշատ գիւղին մասին: Զուտ հայաբնակ Արմշատը կը գտնուի Շատախի գաւառակին հարաւ-արեւմտեան կողմը, Տիգրիսէն երեք քիլոմեթր հեռու: Հեղինակը կ’ըսէ. «Գիւղին 13 տուներու[ն] թիւը մեր օրերուն բարձրացած էր 140-ի, իսկ բնակչութիւնը` մօտ 1200 անձի» (էջ 14) (Թադէոս Խ. Յակոբեանի, Ստեփան Տ. Մելիք-Բախշեանի եւ Յովհաննէս Խ. Բարսեղեանի կազմած «Հայաստանի եւ յարակից շրջանների տեղանունների բառարան»-ին մէջ [էջ 504/4814, Երեւանի համալսարանի հրատարակչութիւն, Երեւան, 1991] գրուած է. «Արմշատ … 1909-ին ունէր 40 տ[ուն]` 270 հայ բնակիչներով»): Ժողովուրդը ընդհանրապէս կը զբաղէր հողագործութեամբ, խաշնարածութեամբ եւ շալագործութեամբ (էջ 7):
Մինչեւ սահմանադրութեան վերահռչակումը (1908) Արմշատը կը կառավարէին Պետիրխանները (գիրքին մէջ բերուած է Բէտէրեան ձեւով. Պետիրխանները Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքէն` Ճեզիրէէն եկած ցեղախումբի մը մեծաւորերն էին): Շրջանի քիւրտերը աչք ունէին Արմշատի վրայ: Այս մասին Ազիզեան կը գրէ. «Սահմանադրութիւն` իր ժողովրդավար կարգերով ո՜ւր, յետամնաց այդ ցեղերու հոգեբանութիւնը ո՜ւր, որոնց ժառանգութիւնն է կողոպուտ եւ աւերածութիւն, մանաւանդ կառավարութիւնը աչք կապուկի դերի մէջ էր: Շատախի գիրաւցի քիւրտ ցեղախումբէն Շաքիր եւ Միր Մհէ աղաներու աւազակախումբերը սկսան գործել» (էջ 14-15): Ասոնք Շատախի գաւառակի հայկական գիւղերը իրենց սարսափին տակ կ’առնեն: Արմշատի դրացի քրտական Ճալկանց գիւղէն Ռաշիտ աղա եւ անոր եղբօրորդիները` Շաքիր եւ Թէլօ Արմշատի հայոց գլխուն փորձանք կը դառնան օսմանեան կառավարութեան հաշտ աչքերուն առջեւ: Հայ յեղափոխական Դաշնակցութեան ճիգերով եւ կառավարութեան միջամտութեամբ, հայերն ու թուրքերը միացեալ ոյժերով կը զգետնեն Միր Մհէ աղան: Արմշատցիները ապա Ռաշիտ աղային, Շաքիր եւ Թէլոյին հաշիւը կը մաքրեն (մանրամասնութիւնները տե՛ս էջ 15):
Սահմանադրութեան վերահռչակման ժամանակ Արմշատի գիւղապետն էր Մելիք Աբրոյեանը` Պետիրխաններու հովանաւորութեան տակ: Անոր մասին Ազիզեան կ’ըսէ. «Մելիք Աբրոյեանի կարգախօսն էր ժողովուրդին դաշտային խաղաղ աշխատանքի կողքին ունենալ դրացիները գերազանցող որակաւոր զէնք եւ անոր գործածութիւնը գիտնալ: Ժողովուրդը իւրացուց կարգախօսը: Շուտով զարթօնքի առաքեալներուն բարոյական օժանդակութեամբ ի ձեռին ունեցան կարեւոր թիւով արդիական զէնքեր եւ մարզուած երիտասարդութիւն»:
Վերը յիշուած սպանութիւններուն պատճառով Ճալկանց գիւղի քիւրտերուն եւ Արմշատի հայոց միջեւ լարուածութիւն կը ստեղծուի: Հայերը արթուն կը հսկեն Արմշատի սահմանները:
1915-ի սկիզբը Շատախի երեւելիներէն Պետրոս Տէր Օհանեանը կը ձերբակալուի եւ Խումար կոչուած գիւղի ոստիկանատան մէջ կը սպաննուի Օսման անունով չաւուշի մը կողմէ: Թուրքերը Շատախի Թաղ գիւղին մէջ եօթը հայ կը ձերբակալեն: Անոնց մէջ էր մտաւորական Յովսէփ Չոլոյեանը, զոր թուրքերը կը չարչարեն, կ’անդամահատեն եւ Տիգրիսի ջուրերուն կը յանձնեն: Նոյն օրերուն Վանի կառավարիչ Ճեւտեթ փաշայի հրահանգով եւ կարգադրութեամբ Իշխանն ու Միհրան Օհանեանը ուրիշ շատախթաղեցի հայու մը հետ խումբ մը ոստիկաններով Շատախի Թաղ գիւղը կը ղրկուին այնտեղի վէճերը լուծելու համար: Անոնք կը գիշերեն Հիրճ գիւղը, ուր ոստիկանները Իշխանն ու երկու ընկերները կը մորթեն: Բացի ասկէ, թրքական ոստիկանութիւնը, առանց պատճառի, կը սպաննէ հերոս երիտասարդ Գիւլամիրը Սաք (պէտք է ըլլայ Սագ, ըստ վերը յիշուած տեղանուններու բառարանին – Յ. Ի.) գիւղին մէջ: Թուրքերը ընտրանի դէմքերը կը քաղէին մէջտեղէն: Ընտրանիներ, որոնք լծուած էին երկրի շինարարութեան, ժողովուրդի բարգաւաճման եւ կառավարութեան մեքենայի ուժեղացման հրատապ գործերուն»: Հայ մեծերը գլխատելու ծրագիր կար: Այդ պայմաններուն տակ հայերը կը ստիպուին Վանէն մինչեւ Շատախ եւ Արմշատ ինքնապաշտպանութեան դիմել. «Մտածեցին` եթէ մահ է, գոնէ պատուով մեռնիլ», կ’ըսէ Ազիզեան:
Շատախի Թաղ գիւղին մէջ կը կազմուի հայկական զինուորական մարմին մը, որ իր ենթակայութեան տակ կ’առնէ ու կը կազմակերպէ շրջանին հայկական բոլոր զինուորական ուժերը: Արմշատ իր ուժերը կը կազմակերպէ այս ծիրին մէջ: Արմշատի զինուորական պատասխանատուներն էին` Մանուկ Յովսէփեանը, Մուրատ Սահակեանը, Մանուկ Թէլոյեանը, Յարութիւն Մովսէսեանն ու Թառօ Մուրատեանը: Ընդհանուր հրամանատարն էր Մելիք Աբրոյեանը:
Կռիւները կը սկսին մէկ կողմէ հայոց եւ միւս կողմէ` թուրքերու ու քիւրտերու միջեւ. Արմշատի եւ Թաղի միջեւ կապերը կը կտրուին: Քանի մը օր առաջ, երբ արմշատցի վեց հայեր կը ճամբորդէին, քիւրտերը զանոնք կ’առեւանգեն ու կը սպաննեն, նաեւ չորս հայ հովիւներ կը խողխողեն: Խուժանը Արմշատէն 3 քմ. հեռու գտնուող Սըրկէթ գիւղին վրայ կը յարձակի եւ քսան հայ կը սպաննէ: Այս յարձակումին մասին Մելիք Ազիզեան կը գրէ. «Սըրկէթցին եւ արմշատցին իրենց նախնիներուն օրերէն մինչ այդ օրը իրենց դրացիներէն չէին վիրաւորուած, ու դէպք մը չէր պատահած, որ իրենց միջեւ թշնամութեան գոյն ստանար` դրացիութիւնը խանգարելու աստիճան: Սակայն այժմ տարբեր էր. դրացին անողոքաբար կը հարուածէր` առանց վաղը նկատի առնելու»: Սըրկէթի վրայ յարձակումներուն կը մասնակցէին Ջըլկանց, Ուսուիկ եւ Յարէ գիւղերուն քիւրտերը: Այս ապօրինութիւններէն սաստիկ բարկացած` Մելիք իր տղոց կը հրամայէ վերոյիշեալ քրտական երեք գիւղերը կործանել: Տղաքը բուռն յարձակում կը գործեն եւ առաջին իսկ գրոհին 20-25 քիւրտ կը սպաննեն. մնացեալը փախուստի կը դիմէ ու Տիգրիսի միւս ափը կ’անցնի: Այսպիսով արմշատցի հայը վրէժ կը լուծէ նենգ թուրքէն եւ քիւրտէն:
Խաժամուժը Արմշատի մօտ, Տիգրիսի միւս ափին գտնուող ասորական չորս գիւղերու վրայ կը յարձակի: Ասորիները Արմշատէն օգնութիւն կը խնդրեն: Արմշատի քաջարի երիտասարդները այս չորս գիւղերու ասորի բնակիչները, 140 հոգի, գերաններու օժանդակութեամբ գետէն կ’անցընեն ու Արմշատ բերելով` հայոց տուներուն մէջ կը պատսպարեն:
Ուրիշ գիւղերէ հայեր ալ փախչելով` Արմշատ կու գան: Թրքական եւ քրտական վտանգը կը սաստկանայ: Շատախի գաւառակի զինուորական մարմինը բոլոր գիւղերու հայութեան կը հրահանգէ հաւաքուիլ որոշուած վայրերու մէջ: Արմշատ, Հինենց, Ճնուկ եւ Ծիծանց Վանք գիւղերու հայերը Կաղպի հայկական գիւղը կը մէկտեղուին:
Կաղպիի բոլոր հայերը իրենց տուներուն մէջ սրտբացօրէն կ’ընդունին ասորիները: Այդ օրերուն Թաղը իր ճգնաժամը կ’ապրէր: Կռիւները կը սաստկանան: Լեւոն Շաղոյեան, Ազատ Սիմոնեան, Բըզիկ, Մուրատ Յակոբեան եւ Յովսէփ Գարունեան զանազան գիւղերու եւ վայրերու մէջ խիզախ գործողութիւններ կը կատարեն:
Հայոց առաջնորդները` Հինեցի Աղօ, Վանքեցի Յարօ, Արմշատցի Մելիք եւ Ոզմեցի Աւօ ժողով մը կը գումարեն Կաղպիի մէջ եւ հետեւեալ որոշումները կու տան.
Ա. Կարեւոր ուժ մը ղրկել Շատախի Թաղ:
Բ. Արմշատցին պէտք է Արմշատ վերադառնայ եւ արեւմտեան ճակատը պաշտպանէ:
Գ. Մնացեալ ուժերը Խոլքտան կամուրջն ու Կաղպիի հիւսիսային սահմանները պէտք է պաշտպանեն:
Նախքան արմշատցիները դէպի իրենց գիւղը ճամբայ հանելը, տասներկու հայ զինուորներ, Մելիքի գլխաւորութեամբ, հետախուզութեան կ’ելլեն: Անոնք երբ Սըրկէթ գիւղին մօտերէն կ’անցնին, կը նշմարեն, որ քիւրտերը շարժման մէջ են: Զինուորները երկու-երկու դիրք կը բռնեն ու քիւրտերը կը պաշարեն: Կրակոցը կը սկսի: Հայերը կը ջանան բոլորը ոչնչացնել: Քիւրտերը սարսափահար փախուստ կու տան եւ գոմի մը մէջ կ’ապաստանին: Մելիք կը հրահանգէ գոմը կրակի տալ: Կրակը հազիւ կը սկսի ծայր առնել, քիւրտերուն մեծաւորը` Հասան աղան, ձեռքին սպիտակ լաթ բռնած դուրս կու գայ եւ իրենց հպատակութիւնը կը յայտնէ: Մելիք քիւրտերը գերի կը վերցնէ: Բացի կիներէն` քիւրտ աւազակները 36 հոգի էին: Կը պարզուի, որ կռիւներու ատեն քիւրտերէն եօթը այր եւ երկու կին սպաննուած էին: Մելիք Հասան աղային կը պարտադրէ պաշտպանել Կոռիճ եւ Արճկանց ասորական գիւղերուն բնակիչները եւ զանոնք ապահով Արմշատ բերել: Հասան աղա իր խոստումը կը յարգէ եւ երկու գիւղերուն ասորիները անվնաս կը տեղափոխէ Արմշատ, ուր եօթը հայ ծեր մնացած էր: Մելիք Աբրոյեան 1915-ի Մայիսին լուր կը ղրկէ Կաղպի, որպէսզի արմշատցիք իրենց գիւղը վերադառնան` զինուած երիտասարդներու առաջնորդութեամբ: Ան յարմար կը տեսնէ գիւղացիները Ս. Սարգիսի բերդին մէջ տեղաւորել ապահովութեան համար: Նոյն ժամանակ հայ զինուորները Արմշատի արեւմտեան ճակատը կը պաշտպանեն: Ժողովուրդը կը վերսկսի իր դաշտային գործերուն:
Ռաշանի շրջանի հայ պահակները Արմշատի զինուորական մարմինին կ’իմացնեն, որ Տիգրիսի եզերքը Խումար գիւղէն մինչեւ Էզդինան գիւղին կողմերը թանձր մուխով պատուած է: Երբ մարդ կը ղրկեն Կաղպի` իմանալու համար եղելութիւնը, կը պարզուի, որ Շատախի Թաղ գիւղը ոչ միայն փրկուած էր թրքական եւ քրտական յարձակումէ, այլեւ հայ զինուորները կարողացած էին թշնամի ուժերը ետ շպրտել ու անոնց գիւղերը կրակի տալ: Ս. Սարգիսի բերդէն հայ զինուորները հեռադիտակով յստակօրէն կը տեսնէին անօրէն քիւրտերուն փախուստը:
Անդրանիկ Բաշգալէի կողմերէն վտարած էր թուրքերը եւ Խալիլ փաշայի զինուորները` ցիր ու ցան ըրած: Դրոն եւ Գարեգինը Շատախի Թաղ գիւղը եկած էին: Արմշատի հայերը խնճոյք կը սարքեն ի լուր այս յաղթանակներուն:
Մելիք իրեն հետ առնելով խումբ մը զինուորներ` կ’երթայ դէպի Թաղ: Չորս օրէն կը վերադառնան` իրենց հետ բերելով Ոզմեցի Եղիազարը, որ արմշատցիները կը շնորհաւորէ իրենց «ինքնապաշտպանութեան անպարտելի ոգի»-ին համար: Երբ կը կարծուէր, թէ Խալիլ փաշայի տարտղնուած զօրքերը մինչեւ Տիգրանակերտ հասած են պատսպարուելիք տեղ մը գտնելու յոյսով, երեւան կու գայ, որ անոնք Շատախի շուրջ գտնուող լեռներուն վրայ եւ ձորերուն մէջ դիրքեր բռնած են ու յարմար առիթի կը սպասեն: Հեղինակը` Մելիք Ազիզեան այս փաստը կը մեկնաբանէ իբրեւ «դամոկլեան սուր» արմշատցիներու գլխուն վերեւ: Քսան օր, գիշեր ու ցերեկ, Արմշատի գետեզերեայ շրջանը հրացանաձգութեան եւ բախումներու թատերավայր կը դառնայ: Թուրք զինուորները աւելի արդիականացած զէնքեր կը գործածէին:
Ռուսական բանակին յառաջխաղացքը կանգ կ’առնէ: Թուրքերը «պատառ մը հացի գինով իրենց զէնքերը յանձնած էին քիւրտերուն»: Մտահոգիչ լուրեր կը տարածուին: Մելիք Ազիզեան այս փուլին համար կը գրէ. «1915 յուլիս 7-ի առաւօտեան արեւածագին, նամակ մը Թաղէն` Կաղպի գիւղին վրայով դէպի Արմշատ գիւղ` կը գուժէր «ձգել ամէն ինչ վայրկեան առաջ եւ նահանջել դէպի Շատախի Թաղ, Վան»», ու կ’աւելցնէ. «Մեծ էր խնդիրը ու ծանր»:
Մելիք Աբրոյեան հրահանգ կու տայ ժողովուրդին` նահանջել դէպի Թաղ: Փոքր մաս մը կ’ուզէր մնալ եւ դիմադրել, սակայն ատիկա այլեւս անկարելի էր: Արմշատի ժողովուրդը ճամբայ կ’ելլէ: Լեռնային վայրի մը մէջ քիւրտ խուժանը կը յարձակի հայոց վրայ, որոնք պատշաճօրէն կը պատասխանեն կրակին: Քիւրտերը փախուստի կը դիմեն` իրենց ետին հինգ սպանեալ ձգելով: Կարճ ժամանակ մը արմշատցիները Կաղպի կը մնան: Ժողովուրդը կրկին ճամբայ կ’ելլէ դէպի Վան: Այդ օրը իրիկուն գաղթականները կանգ կ’առնեն Յաղկան գիւղի աղբիւրին մօտ եւ մինչեւ յաջորդ առաւօտ կը հանգստանան: Երբ կրկին ճամբայ կ’ելլեն, պահ մը կը կարծուի, թէ առջեւէն թշնամին է, որ կը յառաջանայ իրենց ճամբան կտրելու: Սակայն կը պարզուի, որ եկողները հայեր էին: Ժողովուրդը կը հանգստանայ: Անցնելով Սեւտկին գիւղէն` երեկոյեան կը հասնին Հայոց Ձորի Հիրճ գիւղը: Յաջորդ օրը կարաւանը Վանի մօտակայ Ծվստան գիւղէն անցնելով` կը մտնէ Վան, որ արդէն ամայացած էր: Կարաւանը ճամբան կը շարունակէ դէպի Բերկրի` անցելով Թիմարի եւ Գէօլի գիւղերէն: Լուր կ’առնեն, որ Բերկրիի կիրճը փակուած է եւ ջարդեր տեղի կ’ունենան. Վանէն ելած հայոց առաջին կարաւանը Բերկրիի կիրճին մէջ ծանր կորուստներ տուած էր: Շատ քիչեր կարողացած էին անցնիլ կիրճը ու հասնիլ Երեւան: Ետեւ մնացած կարաւանը աշնան վերջը կը յաջողի անցնիլ Պարսկաստանի Սալմաստ գաւառը: Գաղթական հայերը Սալմաստի Ղալասար, Փայաջուկ, Մահլամ եւ Հավթուան հայկական գիւղերը կը հաստատուին:
1917-ի ապրիլին, երբ տեղի կ’ունենայ Ալեքսանտր Քերենսքիի ուժերուն մակընթացութիւնը դէպի Հայաստանի արեւմտեան հատուածը, արմշատցիները կ’անցնին Վան, այնուհետեւ կը վերադառնան ծննդավայր, ուր կրկին կը լծուին դաշտային աշխատանքներու: Ափսո՜ս սակայն. այս հանգիստն ալ երկար չի տեւեր: Նոյն տարուան Հոկտեմբերեան յեղափոխութեան պատճառով, վասպուրականցիները կրկին կը նահանջեն: Կը լքուի նաեւ Կարինը: Այդուհանդերձ, Վանի մէջ որոշ թիւով հայութիւն կը մնայ եւ առժամեայ կառավարութիւն մը կը կազմուի Կոստի Համբարձումեանի նախագահութեամբ: Զինուորական ուժը կը յանձնուի Պուլկարացի Գրիգորին: Հրամանատար կը նշանակուին` Ա. գունդին համար` Լեւոն Շաղոյեան, Բ. գունդին համար` Տիգրան Պաղտասարեան:
Արմշատցիները երկու ամիս յարատեւ կռուելէ ետք, ռազմաթերքի եւ սնունդի պակասին պատճառով կը նահանջեն ու կը հասնին Սալմաստ, ուր եւս իրենց գործօն մասնակցութիւնը կը բերեն ինքնապաշտպանութեան: Անգլիական հովանաւորութեան տակ անոնք կ’անցնին Պաաքուպա (Իրաք):
Գիրքի մնացեալ մասին մէջ հեղինակը կ’անդրադառնայ Մելիք Աբրոյեանի ազգային գործունէութեան եւ Պաաքուպայի ու Նահր էլ-Օմարի գաղթակայաններուն մէջ հայոց կեանքի ծանր պայմաններուն:
1947-ին բազմաթիւ հայ ընտանիքներ Նահր էլ-Օմարի գաղթակայանէն Խորհրդային Հայաստան կը հայրենադարձուին: