Հայ աւետարանական քոլեճի 2016-2017 տարեշրջանի մանկապարտէզի հանդէսն ու Ծաղիկ դասարանի վկայականաց բաշխումը տեղի ունեցան ուրբաթ, 16 յունիս 2017-ին, Հայ աւետ. Ա. եկեղեցւոյ սրահին մէջ:
Հանդէսի բնաբանը` «Մենք մանուկներ ենք աշխարհի», կ՛արտացոլար ընտրուած պարերուն, երգերուն եւ արտասանութիւններուն ընդմէջէն, որոնք ներկայացուեցան Ծիլ, Բողբոջ, Կոկոն եւ Ծաղիկ դասարաններու մանուկներուն կողմէ, մերթ` համարձակ, մերթ` ամօթխած արտայայտութիւններով: Որքա՜ն գեղեցիկ է տեսնել մեր մանուկները, որոնք գունագեղ տարազներով կը ներկայացնեն աշխարհի պարերն ու երգերը` խաղաղութեան ու բարեկամութեան կոչեր, վասն ապահով ու երջանիկ մանկութեան մը, որքա՜ն հոգեպարար է, երբ անոնց բերնէն կը լսենք սաղմոսերգուին փառաբանանքն ու աղօթքը առ Աստուած, որքա՜ն յուզիչ է, երբ մանուկ շուրթերէ կը հնչէ Ֆէյրուզի «Խտնի ա՛լա պլէտի»-ն` լիբանանեան հայրենիքի հաւատարմութեան ուխտը, եւ որքա՜ն հպարտացնող, երբ անոնց հոգիներէն երդումի պէս կ՛արձագանգէ «Հայաստան աշխարհ, դու մեր կարօտն ես…»-ը:
Հանդէսի աւարտին տնօրէն դոկտ. Զաւէն Մսըրլեանի եւ մանկապարտիզպան Յասմիկ Թորոսեանի ձեռամբ վկայական ստացան Աւեսեան Վահանը, Գոճայեան Տարօնը, Կարապետեան Հրակը, Ղազարեան Ելենան, Ճոզիկեան Մարիան, Նոհրա Կապրիէլլան, Շերպեթճեան Սէրլին, Շեքերճեան Գայեանէն, Քէշիշեան Կասիան եւ Ֆերմանեան Ալիքը:
Հանդիսութիւնը աւարտեցաւ տնօրէնին փակման եւ շնորհաւորական խօսքով ու վեր. Հրայր Չոլագեանի օրհնութեան աղօթքով: