Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբի տարեկան համերգը պիտի կայանայ այսօր` երկուշաբթի, 3 յուլիս 2017-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, Պուրճ Համուտ:
«Գուսան» երգչախումբը հայ երգի այն միակ պահապանն է, որ ստեղծուած է Ցեղասպանութենէն առաջ` 1910-ին, Կոստանդնուպոլսոյ մէջ, Կոմիտաս վարդապետին կողմէ: Կոմիտաս վարդապետ նման խումբի ստեղծման նախաձեռնած էր ներկայացնելու համար դասական ոճի` հայրենասիրական եւ հայ հոգեւոր երգեր: Երգչախումբը կը հաշուէր 200 անդամ: 1934-ին, Բարսեղ Կանաչեանի ջանքերով, «Գուսան» երգչախումբը կը վերապրի ու կը սկսի գործել մինչեւ Կանաչեանի մահը: 1990-ականներուն, երգչախումբը կը մտնէ Համազգայինի խնամքին ներքեւ: Կանաչեանէն ետք խմբավարի պաշտօն ստանձնած է դոկտոր Է. Էլմաճեանը, որ անդամ եղած է երգչախումբին:
1990-ականներէն սկսեալ «Գուսան» երգչախումբի իրերայաջորդ խմբավարներ եղած են` Գէորգ Գանտահարեանը, Յարութիւն Թոփիկեանը, Երուանդ Երկանեանը, եւ աւելի ուշ խումբը ղեկավարած է Պարգեւ Թասլաքեանը, իսկ այժմ` Գրիգոր Ալոզեանը: Ներկայիս խումբը ունի շուրջ 45 անդամ: «Գուսան»- ի հարուստ երգացանկը կ՛ընդգրկէ հայ անուանի երաժիշտներու` Կոմիտասի, Եկմալեանի, Կարա Մուրզայի, Կանաչեանի, Ազնաւուրեանի, Մազմանեանի, Ջուխաճեանի, Բեգոյեանի, Աւետեանի հայ հոգեւոր երաժշտութեան եւ երգչախմբային գործերէն:
Խմբավար Գրիգոր Ալոզեան ծնած է Պէյրութ` Լիբանան: Մասնագիտացած է տարրալուծարանագիտութեան` առողջապահական մարզին մէջ, Հայկազեանի, ապա Ամերիկեան համալսարանին մէջ: Զուգահեռ ան հետեւած է երաժշտական մասնագիտութեան Լիբանանի պետական երաժշտանոցին մէջ: Խմբավարական յատուկ դասընթացքներու հետեւած է` ուսուցիչներ ունենալով խմբավարներ Յարութիւն Թոփիկեանն ու Յարութ Ֆազլեանը: Մեծ փորձառութիւն ձեռք ձգած է երգչախմբային արուեստին մէջ` ղեկավարելով գաղութիս զանազան երգչախումբերը: Կը դասաւանդէ հայ երգի ու երաժշտութեան պատմութիւն կաթողիկոսարանի հայերէնագիտութեան դպրոցին մէջ:
«Գուսան» ելոյթին առիթով «Ազդակ» հետեւեալ զրոյցը ունեցաւ Գրիգոր Ալոզեանին հետ:
«ԱԶԴԱԿ».- Սփիւռքի ներկայ պայմաններուն մէջ ինչպէ՞ս կը սահմանէք «երգչախումբ» հասկացողութիւնը եւ ընդհանրապէս հայ մշակոյթի պահպանման առաքելութեան մէջ, ամփոփ ձեւով, ի՞նչ ձեւով կը ներկայացնէք Համազգային մշակութային միութեան գլխաւորած դերն ու գործունէութիւնը:
ԳՐԻԳՈՐ ԱԼՈԶԵԱՆ. – Սփիւռքեան պայմաններու մէջ սփիւռքի հայապահպանման կարեւոր մէկ կռուանը նաեւ մշակութային թեւն է: Մշակութային աշխատանքը առաքելութիւն մըն է, զոր ընդհանրապէս մեր սփիւռքեան պայմաններուն մէջ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ ստանձնած է Համազգային մշակութային միութիւնը: Լիբանանի Համազգայինը իր գործունէութեան մէջ տարբեր-տարբեր գեղարուեստական խումբեր ունի` պարախումբ, նուագախումբ, երաժշտանոց, թատրոն, նկարչական բաժին: Եւ այս բոլոր օղակները ամբողջացնողներէն է երգչախմբային արուեստը` այս պարագային կարելի է յիշել Համազգայինի հովանաւորութեամբ գործող տարբեր երգչախումբեր, որոնց կարգին երէցներու երգչախումբը, որ «Գուսան»-ն է, կայ աւելի երիտասարդ-պատանիներու երգչախումբը` «Այգ»-ը եւ պատանի- մանուկներու երգչախումբը` «Կարկաչ»-ը: Սփիւռքեան պայմաններուն մէջ երգչախմբային արուեստի պահպանման առաքելութեան մէջ կայ կարեւոր ազդակ մը, զոր մենք յաճախ կը մոռնանք: Մենք ընդհանրապէս կը խօսինք երգչախումբերու կատարողական արուեստին եւ մակարդակին մասին, սակայն չենք խօսիր իբրեւ «անսամպլ», իբրեւ խումբ հասկացողութեան մասին: Խումբ հասկացողութիւնը անհրաժեշտ է յատկապէս սփիւռքեան մեր պայմաններուն մէջ: «Գուսան»-ի պարագային, երբ տարբեր տարիքի անհատներ` երգողներ քով-քովի կու գան, կը կազմեն խումբ, կը ծանօթանան իրարու եւ միասնաբար մէկ յարկի տակ կը վայելեն հայ երգն ու երաժշտութիւնը, երգչախումբը կը դառնայ ո՛չ միայն կատարողական արուեստ փոխանցող միաւոր, այլ նաեւ հայապահպանման, հայ մշակոյթի պահպանման կռուան մը: Գեղարուեստականէն անկախ, մեր երգչախումբին մէջ կայ նաեւ հաւաքական աշխատանք` խմբավար եւ անհատներ միասնաբար կը պատրաստեն զանազան առիթներու իրենց կատարողական բաժինը, նաեւ տարեշրջանի աւարտին գլխաւոր համերգի պատրաստութիւն կը կատարեն: Սփիւռքի մէջ ա՛յս է երգչախումբի դրուածքը:
«Ա.».- «Գուսան» երգչախումբին աշխատանքային գաղտնիքը ի՞նչ է` նկատի ունենալով, որ շաբաթը միայն մէկ օր փորձ տեղի կ՛ունենայ եւ միայն մէկ ժամ տեւողութեամբ: Ի՞նչ են այն տարբեր ազդակները, որոնք կը նպաստեն, որ «Գուսան»-ը իր փորձերը շարունակաբար կատարէ` անդամներու բացակայութիւնը հասցնելով նուազագոյնի:
Գ. Ա.- Յաջողութեան գաղտնիքներէն մէկը այն է, որ ես եղած եմ երգչախումբի անդամ, տարիներով երգած եմ երգչախումբէն եւ գիտեմ երգողներու հոգեբանութիւնը: Ես նաեւ սփիւռքի արդիւնք եմ: Սփիւռքի պայմանները լաւ կը հասկնամ: Ես նաեւ համազգայնական եմ, ուրեմն Համազգայինի պայմանները լաւ կը հասկնամ: Ինչպէս նաեւ, տարիներով աշխատած եմ երիտասարդներու հետ, տարբեր միջավայրերու մէջ: Այդ մէկը ինծի սորվեցուցած է, թէ ինչպէ՛ս կարելի է երիտասարդութիւնը շուրջդ համախմբել: Առաջնորդը պէտք է ունենայ երիտասարդութիւնը իր շուրջ համախմբելու այդ ունակութիւնը: Այս է արդէն յաջողութեան գրաւականը: Հետեւաբար, խմբավարը պէտք է կարենայ երգչախումբին շուրջ համախմբել երիտասարդութիւնը: Երկրորդը` զանոնք աշխատանքի մղելու ձեւն է: Գաղտնիքներէն մէկն է նաեւ երգչախումբի անդամներուն սիրցնել այդ աշխատանքը, որպէսզի անոնք փորձի ներկայ ըլլան եւ վայելեն այդ պահը, նոյն ատեն սորվին երգչախումբի մէջ երգել, տիրապետեն երգելու արուեստին` լսելով տարբեր ձայներ, եւ իբրեւ խումբ ներդաշնակօրէն ներկայացնեն արուեստի գործ մը: Անհատը պէտք է երգչախումբին մէջ հանգիստ զգայ, սորվի երգչախումբի մէջ երգելու արուեստը, ծանօթանայ նոր անդամներու կամ հանդիպի բարեկամներու, եւ միեւնոյն ատեն գոհունակ զգայ իր կատարածէն, որովհետեւ բերաւ իր բաժինը այդ աշխատանքին: Համազգայինը իր կարողութեան սահմաններուն մէջ կը ստեղծէ այս պայմանը, որ երգչախումբեր եւ տարբեր խումբեր իրենց լաւագոյնը տան եւ տարուան աւարտին ներկայացնեն իրենց ծրագիրները` ելոյթներով կամ համերգներով:
«Ա.».- Քանի՞ տարիէ կը խմբավարէք «Գուսան»-ը: Այլ երգչախումբեր խմբավարա՞ծ էք:
Գ. Ա.- Այս տարի «Գուսան»-ի խմբավարման չորրորդ տարիս պիտի ամբողջանայ: Նախապէս այլ երգչախումբեր խմբավարած եմ: Երկար տարիներ եղած եմ դպրապետ: Ունեցած եմ զուտ արական երգչախումբ, զոր նաեւ չորս տարի խմբավարած եմ, տուած ենք տարբեր համերգներ եւ կատարած ձայնագրութիւններ: Ինծի համար պատիւ է, որ Համազգայինի ընտանիքին մէջ եմ, ինծի համար հարազատ ընտանիք է անիկա: Նաեւ պատիւ է նախապէս ըլլալ «Գուսան» երգչախումբի անդամ, իսկ հիմա` խմբավար: Ինչպէս նշեցիք «Գուսան»-ի պատմականին մէջ անուանի խմբավարներուն անունները, իսկ այժմ ես իմ լաւագոյնս պիտի կատարեմ խումբի առաջնորդութեան մէջ, որպէսզի խումբը շարունակէ կատարել իր առաքելութիւնը սփիւռքի եւ յատկապէս Լիբանանի մէջ` իր ներկայութեամբ եւ համերգներով:
«Ա».- 3 յուլիսի համերգին իւրայատկութիւնը ի՞նչ է:
Գ. Ա.- «Գուսան» երգչախումբը այս տարի յատուկ առիթներով երգեց: Բ. Կանաչեանին նուիրուած երեկոյին երգեցինք Կանաչեանի ստեղծագործութիւններէն, իսկ Կոմիտաս վարդապետին համերգին` Կոմիտասի ստեղծագործութիւններէն: Սակայն մեր գլխաւոր համերգները ընդհանրապէս փունջ մը կ՛ըլլան տարբեր-տարբեր խմբերգներու: Այսպէս կ՛ըլլայ, քանի որ տարեշրջանի աւարտն է եւ մեր գլխաւոր համերգն է, եւ իմ փափաքս է, որ բոլոր ներկաներուն ճաշակը գոհացնող ըլլայ, իւրաքանչիւրը ունենայ իր սիրած բաժինը, զոր կարենայ իրեն հետ տանիլ համերգէն ետք: Ամէն տարի երգացանկին մէջ կ՛ունենանք նաեւ քանի մը երգեր, որոնք յատուկ «Գուսան»-ի համար բազմաձայնուած են Հայաստանի մէջ, կամ ուղղակի հեղինակած են, որպէսզի «Գուսան»-ը կատարէ: Այս տարի ալ մենք ունինք երկու երգեր` դաշնաւորուած յատուկ «Գուսան»-ին համար: Անհրաժեշտ է անշուշտ զանազան երգերու գոյներու համադրումը ունենայ իր ներդաշնակութիւնը: Երգացանկին մէջ ունինք հայրենասիրական երգեր, մեր հոգեւոր գանձերէն շարականներ, Կոմիտաս վարդապետի ստեղծագործութիւններէն: Այս տարի բացառաբար մեր երգացանկին մէջ ունինք նաեւ ոչ հայերէն երգ, որ «Պիթըլզ»-ի մէկ բազմաձայնուած երգն է` «Լեթ իթ պի»-ն: Կանաչեանի գործերէն անպայման կայ ցանկին մէջ: Կոմիտաս եւ Կանաչեան անպայման կը ներառենք մեր երգացանկին մէջ, քանի որ Կոմիտաս վարդապետ եղած է «Գուսան»-ի հիմնադիրը, իսկ Բարսեղ Կանաչեան, մեր սփիւռքի պայմաններուն, յատկապէս Լիբանանի մէջ, յատուկ հովանաւորած եւ ղեկավարած է երգչախումբը, կարեւոր ներդրում ունեցած է իբրեւ խմբավար, իբրեւ երաժիշտ, եւ այդ օրերուն «Գուսան» երգչախումբը կատարած է ուղղակի Կանաչեանի խմբերգները եւ մեներգները:
«Ա.». – Սփիւռքի մէջ երգչախմբային արուեստի ստեղծման, պահպանման եւ գոյատեւման գլխաւոր պայմանը ի՞նչ է, ըստ ձեզի:
Գ. Ա.- Մենք յաճախ կ՛անդրադառնանք, որ հայ երգն ու երաժշտութիւնը մեր առօրեային մաս կը կազմեն, սակայն անոր պատրաստութեան համար աշխատանք չենք տանիր: Հայ երգը փոխանցելու, սիրցնելու եւ տարածելու հիմնական դերը պէտք է կատարէ հայ դպրոցը: Հայ դպրոցը պէտք է պատրաստէ ապագայի այն երաժշտասէրը կամ երգողը, որ պիտի երգէ երգչախումբերէ: Հետեւաբար հայ դպրոցին մէջ պէտք է տրուին հայ երգի ու երաժշտութեան դասապահեր, որպէսզի հայ երեխան, պատանին ծանօթանան մեր մշակոյթի պատմութեան, յատկապէս երգի գանձերուն: Հետեւաբար, եթէ մենք երգչախմբային սերունդ պիտի պատրաստենք, զայն պիտի պատրաստենք դպրոցներուն մէջ:
«Ա.». – Իսկ Լիբանանի մէջ հայկական երգչախումբերու ներկայ վիճակը ինչպէ՞ս կը գնահատէք:
Գ. Ա.- Լիբանանի մէջ, «Գուսան»-էն զատ կը գործէ միայն երկու թէ երեք երգչախումբ, ինչ որ ուրախալի երեւոյթ չէ: Մաղթանքս է, որ մեր գաղութին մէջ երգչախումբերու թիւը բազմանայ, քանի որ նաեւ երգչախումբերը կ՛աճին զիրար ունկնդրելով: Մաղթանքս է, որ մեր գաղութը հարստանայ իր երգչախումբերով, ինչպէս նաեւ դադրած երգչախումբեր վերսկսին իրենց գործունէութեան: Ինչպէս ըսինք նախապէս, որակեալ երգչախումբ ունենալու համար պէտք է պատրաստենք երգչախմբային սերունդ, մեր դպրոցներուն մէջ, դպրոցի ծրագիրին մէջ անպայման ներառենք երգը, երգչախմբային արուեստը:
«Ա.».- Խօսքի աւարտին, ի՞նչ խօսք ունիք ըսելիք:
Գ. Ա.- Կը հրաւիրենք մեր երաժշտասէր գաղութը ներկայ գտնուելու «Գուսան»-ի համերգին եւ ըմբոշխնելու հայ երգի գանձերէն փունջ մը: Շնորհակալական խօսքս կ՛ուղղեմ վարչական յանձնախումբերու եւ անհատներու, որոնք օգտակար դարձան վերջին մէկ տարին եւ ընդհանրապէս «Գուսան» երգչախումբի աշխատանքներուն ծրագրման եւ յաջողութեան, եւ իրենց կարեւոր ներդրումը ունեցան, որ երգչախումբը այս տարի եւս պատրաստուի եւ տարբեր-տարբեր առիթներու իր մասնակցութիւնը բերէ եւ ունենայ իր տարեկան համերգը:
Կարծիքներ` «Գուսան» երգչախումբի
վարչութեան եւ անդամներուն կողմէ
«Այս տարի Համազգայինի Շրջանային վարչութիւնը ուզեց, որ «Գուսան» երգչախումբը իր վարչութիւնը ունենայ: Բոլոր անդամներով լիուլի կ՛աշխատէինք: Բոլոր դժուարութիւնները շրջանցեցինք, ըլլայ նիւթական, ըլլայ կազմակերպչական: Երգչախումբին համար պատրաստեցինք նոր տարազներ, որոնց ծախսերը հոգաց «Կոմիտաս» մասնաճիւղը, որուն շնորհակալութիւն կը յայտնենք: Շնորհակալութիւն կը յայտնենք նաեւ բոլոր այն անհատներուն, որոնք նիւթապէս, բարոյապէս կամ կազմակերպչական իմաստով օգտակար եղան մեր երգչախումբին: Յատուկ շնորհակալութիւն Համազգայինի Շրջանային վարչութեան եւ Կեդրոնական վարչութեան, ինչպէս նաեւ «Վահէ Սէթեան» տպարանին, «Վանայ ձայն»-ին, «Ազդակ»-ին, «Օ. Թի. Վի.»-ին, ինչպէս նաեւ մեր հայկական այլ կառոյցներուն»:
Կարէն Եոսուլքանեան
(«Գուսան» երգչախումբի անդամ
եւ վարչութեան ատենապետ)
«Գուսան երգչախումբը 107 տարիէ կը գոյատեւէ եւ անցած է շատ մը փուլերէ: Շատ ուրախ եմ եւ հպարտ, որ անդամ եմ «Գուսան» երգչախումբին: Իբրեւ մասնագէտ կրնամ ըսել, որ «Գուսան» երգչախումբը կ՛ապրի իր լաւագոյն ժամանակաշրջաններէն մէկը: Մենք ունինք բաւական նոր անդամներ, լաւ տարրեր, որոնց կրնանք վստահիլ: Մենք ունինք շատ լաւ խմբավար մը, որ գիշեր-ցերեկ կ՛աշխատի խումբի գոյատեւման եւ լաւ արդիւնքի ձեռքբերման համար:
Շողիկ Թորոսեան
(«Գուսան» երգչախումբի անդամ-մեներգող
եւ վարչութեան անդամ)
«Իմ գլխաւոր նախասիրութիւնս երգն ու երաժշտութիւնն է: Երբ ամբողջ օրուան աշխատանքէն ետք յոգնած կու գամ «Գուսան»-ի փորձերուն, կը զգամ, որ հոգիս կը հրճուի եւ գոհունակ կը վերադառնամ տուն եւ օրս կը փակեմ լաւ եւ հանգիստ տրամադրութեամբ»:
Ռոզին Գապատաեան
(«Գուսան» երգչախումբի եւ վարչութեան անդամ)
«Երգն ու երաժշտութիւնը, մանաւանդ մեր ազգային եւ ժողովրդական երգերը մարդու հոգիէն բխած երգեր են, որոնք կ՛երգենք սրտի մօտիկ եւ հարազատ: «Գուսան» երգչախումբը այն վայրն է, ուր մենք կը զգանք հոգեկան գոհունակութիւն եւ սրտի մեծ հրճուանք: Մեծ ուրախութիւն է ինծի համար «Գուսան» երգչախումբին մասնակից դառնալը: Մաղթանքս է, որ մեր հայ երիտասարդները յաճախ լսեն եւ երգեն ժողովրդական երգերը, որպէսզի անոնք սերունդէ-սերունդ փոխանցուին եւ չմոռցուին մեր պապերուն հոգեպարար երգերը»:
Փաթիլ Արապաթլեան
(«Գուսան» երգչախումբի անդամ)