ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
Եթէ յիշենք, որ այսօր միայն ու միայն հոգեւոր գրականութեան նիւթ դարձած գրաբարը 16 դարեր առաջ հայերէնի առօրեայ լեզուն էր, ապա կրնանք պատկերացնել խօսակցական լեզուին` մինչեւ մեր օրերը ապրած մեծ փոփոխութիւնը:
Գրաբարը զերծ մնաց այդ փոփոխութենէն` շնորհիւ եկեղեցւոյ ապահոված անձեռնմխելիութեան: Իսկ հասարակ ժողովուրդի բերանին մէջ անիկա յարատեւօրէն ապրեցաւ զանազան փոփոխութիւններ` ազդուելով բազմաթիւ գործօններէ: Նախ` իր մէջ ընդունեց բազմաթիւ օտար արմատական բառեր: Քաղաքականութիւնը կարեւոր ազդակ մըն էր օտար, յատկապէս պարսկերէն կամ թրքերէն բառերու ներխուժման համար: Հայ ժողովուրդը ապրեցաւ պետականութենէ զուրկ դարեր: Շատ բնական է, որ այդ դարերուն ընթացքին թղթաբանութեան, դիւանագիտութեան, վարչակարգի, ռազմավարութեան, օրէնսդրութեան վերաբերեալ բազմաթիւ բացատրութիւններ հեշտութեամբ փոխառնուէին հարեւան եւ իշխող մշակոյթներու բառամթերքէն:
Անցեալին մեր լեզուին բազմաթիւ բառեր մատուցող գերպետութիւնները` պարսկական եւ օսմանեան կայսրութիւնները, աւելի նոր ժամանակներու իրենց տեղը զիջեցան արեւմտեան լեզուներու եւ ռուսերէնին: Անշուշտ այստեղ կարեւոր գործօն մըն ալ կը յայտնուի այդ մշակոյթներուն արձանագրած ճարտարագիտական նուաճումներէն: Անցեալի թղթաբանութեան կամ դիւանագիտական բառամթերքին փոխարէն` այս անգամ մեր լեզու թափանցեցին օտար արմատներով գիտական բացատրութիւններ: «Ելեկտրականութիւն» բառին մատնանշած իմաստին փոխարէն` անհամեմատօրէն ընդարձակ բացատրութիւն մը պիտի ըլլար հայերէնի «հոսանք» բառը: Ահա այդ բառը աւելի նեղ իմաստի մէջ օգտագործելու համար ստիպուեցանք դիմել «ելեկտրական հոսանք» բացատրութեան: Կարծես նշանակելի օրինակ մըն է այս նորայայտ հասկացողութիւններու համազօր սեփական բառեր գտնելու դժուարութիւնը բացատրելու համար: Սակայն կ՛արժէ խոստովանիլ, թէ որոշ տրամաբանութենէ ծագած այս տեսակի օտար արմատական բառերուն փոխարէն` մենք կ՛օգտագործենք նաեւ այնպիսի բառեր, որոնց գործածութեան միակ պատճառը ցուցամոլութի՛ւնն է, սնո՛պ ցուցամոլութիւնը: Այսինքն` հաւաքականութեան մէջ ջանալ ապացուցել, որէ կը տիրապետենք այդ տուեալ օտար լեզուին:
Այս բոլորը մեր միտքը կը խուժեն յատկապէս այն օրերուն, երբ մենք մեծ գոհունակութեամբ կը հետեւինք ոչ հայերու հայերէն սորվելու մարմաջին: Անհաւատալիօրէն բարձր է անոնց թիւը եւ զարմանք կը պատճառէ բոլորիս` միշտ յուշելով այն հարցումը, թէ` «ինչի՞ կը ծառայէ հայերէն սորվիլը»:
Նախ պէտք է նշենք, որ այս հարցումը արդէն ինքնին բաւական թշուառութիւն կը պահէ իր մէջ, որովհետեւ շատ յիմար միտք մըն է այն, որ մայրենի լեզուն սորվելու համար սպասել, թէ անիկա պէտք է բանի մը ծառայէ: Լեզուն մեր սեփականութիւնն է եւ արտայայտութի՛ւնը մեր պատկանելութեան: Աւելի բնական ի՞նչ երեւոյթ պիտի ըլլար, եթէ ոչ` հայը խօսէր հայերէն, գերմանացին խօսէր գերմաներէն, կամ թուրքը` թրքերէն: Աշխարհի վրայ արդեօք ուրիշ ո՞ր ժողովուրդներու ծնողներն են, որոնք իրենց զաւակին հետ կը խօսին միա՛յն այն լեզուներով, որոնք «բանի մը պիտի ծառայեն»: Ուրեմն ամբողջովին անիմաստ նախասիրութիւն մըն է հայու մը հայերէնէն խուսափիլը` պատրուակելով, որ հայերէնը բանի մը չի ծառայեր:
Հապա ի՞նչ ըսել դպրոցներու այն վարիչներուն կամ ուսուցիչներուն, որոնք կը ձայնակցին այս աստիճանի տգէտ ծնողներու պահանջին եւ դպրոցի ուսման ծրագիրին մէջ կը նուազեցնեն մայրենի լեզուի գործածութիւնը:
Եթէ այսօր մեր դպրոցներուն մէջ հայերէնի դասաւանդման նահանջ մը կ՛ապրինք, ապա անոր գլխաւոր պատասխանատուն` տգէ՛տ ծնողներու պարտադրածներուն դիմաց թուաբանութեան, գիտութեան, կենսաբանութեան, երկրաչափութեան եւ այլ առարկաներու մէջ հայերէնի գործածութենէն հրաժարի՛լն է:
Հայերէնէ դժգոհող ծնողներուն ցոյց տուէք բազմաթի՛ւ օտար վարժարաններու դուռը եւ մի՛ զոհէք իբրեւ հայ վարժարանի ուսուցիչ, տնօրէն կամ խնամակալ` ձեզի վստահուած գլխաւոր առաքելութիւնը: Ապա թէ ոչ` ձեզի՛ պիտի վիճակուի բազում դարեր յաղթահարելով մեր օրերուն հասնող այս հրաշք լեզուին թաղման ծիսակատարութիւնը: