Յօդուածներ

Ակնարկ.  Հպարտանքն Ու Ցաւը` Զինուորաքաղաքական  Դիտարկումներու Ընդմէջէն

Ակնարկ. Հպարտանքն Ու Ցաւը` Զինուորաքաղաքական Դիտարկումներու Ընդմէջէն

Ամբողջ Լիբանանն ու լիբանանցի ժողովուրդը կ՛ապրին միաժամանակ հպարտանք եւ ցաւ: Լիբանանեան բանակը փայլուն կատարողականութեամբ, յաջորդական փուլերով կը մաքրազտէ Լիբանան-Սուրիա սահմանագօտին ահաբեկչական տարրերէ: Ռազմաքաղաքական հայեցակէտերէ կան քանի մը կարեւոր դիտարժան երեւոյթ-փաստեր, որոնց վրայ կ՛արժէ լուսարձակներ բանալ: Ժապհաթ Նուսրայի եւ ապա ՏԱՀԵՇ-ի ապահոված հռչակներուն համեմատ գետնի վրայ զինուորական գործողութիւնները կը կատարուին շատ արագ: Այս իրականութիւնը եթէ մէկ կողմէ կը բացատրուի լիբանանեան բանակի,...

Յոյսին Ճախրանքը

Յոյսին Ճախրանքը

ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ Տխրութիւնը ծանրացաւ  ամբողջ Լիբանանի տարածքին, սակայն անիկա աւելի թանձր էր Կեդրոնական Պէյրութի Ռիատ Սոլհ հրապարակին մէջ, ուր երեք տարիէ ի վեր բանակայիններուն ճակատագրակից ընտանիքները կը սպասէին իրենց զաւակներուն, եղբայրներուն, ամուսիններուն եւ հարազատներուն ճակատագիրի բացայայտումին: Ցնցիչ ու պապանձեցուցիչ էր գոյժը, որքան ալ նախատեսելի ըլլայ: Կարծէք ոչ ոք կ’ուզէր հաւատալ այն լուրին, որուն հաւանականութեան մասին խօսուած էր բազմիցս ու զանազան...

Ի՞նչ Պատահեցաւ 1915-ին Անգարայի Մէջ

Ի՞նչ Պատահեցաւ 1915-ին Անգարայի Մէջ

Անգարացի կաթողիկէ հայու մը` Սիմոն Առաքելեանի «Անգարայի դէպքը. աքսորականի յուշերս» գիրքը կը բովանդակէ 1915-ի տարագրութիւնն ու կոտորածները վերապրած հեղինակին 122-օրեայ սարսափելի ուղեւորութեան ժամանակագրութիւնը: Գիրքը, որ առաջին անգամ հայատառ թրքերէնով հրատարակուած է 1921-ին եւ այժմ ընթերցողին կը ներկայանայ լատինատառ, ամբողջ մերկութեամբ ու ճշմարտութեամբ մէջտեղ կը դնէ Ռեժիի մէջ պաշտօնավարող Առաքելեանին ու անոր շրջապատի մարդոց հետ պատահած դէպքերը: Ըստ Առաքելեանի պատումին, 1915-ի...

Էրիք Նազարեանի Համահեղինակած «Երեք Քրիստոսներ» Ժապաւէնի Անդրանիկ Ցուցադրութիւնը` Թորոնթոյի Փառատօնին

Էրիք Նազարեանի Համահեղինակած «Երեք Քրիստոսներ» Ժապաւէնի Անդրանիկ Ցուցադրութիւնը` Թորոնթոյի Փառատօնին

«Երեք քրիստոսներ» ժապաւէնը, որուն բեմադրիչն է Ճան Էվնեթ, իսկ բեմագրութեան համահեղինակներն են ամերիկահայ բեմադրիչ, բեմագիր եւ լուսանկարիչ Էրիք Նազարեանն ու Էվնեթը, առաջին անգամ ըլլալով պիտի ցուցադրուի Թորոնթոյի 42-րդ շարժապատկերի միջազգային փառատօնի ընթացքին: Ժապաւէնը պատմութիւնն է տոքթ. Էլըն Սթոնին, որ կը փորձէ բուժել հոգեկան հարցերէ տառապող երեք հիւանդներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը վստահ է, որ ինք Յիսուս Քրիստոսն է: Ժապաւէնին մէջ դերեր ստանձնած...

Հայ Ընտանիքին Պատկանած Հայելին Յանձնուեց Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարանին

Հայ Ընտանիքին Պատկանած Հայելին Յանձնուեց Հայոց Ցեղասպանութեան Թանգարանին

Երզնկայի հայ ընտանիքին պատկանած հայելին 102 տարի առաջ Թուրքիայում ապրող ալեւիներին ի պահ տրուած հայելին վերադարձաւ Հայաստան: Գերմանիայում բնակուող ալեւի Հասան Դուինը Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին յանձնեց մի հայելի, որը 1915թ. յայտնուել էր նրա պապի մօտ: Ծնունդով պատմական Երզնկայից Հասանը պատմում է, որ փայտէ պատեանով հայելին իր Հասան պապին հայերի նկատմամբ իրականացուող կոտորածների ընթացքում ի պահ են տուել բռնագաղթի ենթարկուած հարեւան...

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Հայը Ինչո՞ւ Կը Շուարի

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Հայը Ինչո՞ւ Կը Շուարի

ՅԱՐՈՒԹ ՃԵՆԱՆԵԱՆ Այս օրերուն քիչ են այն հայերը, որոնք յստակ եւ ուղղակի պատասխան կու տան ձեզի,  երբ  հարցնէք իրենց, թէ հայ ըլլալով` ո՛ր երկրին մէջ կ՛ուզէ ապրիլ. օրինակ` Հայաստա՞ն, թէ՞ արաբական երկիր մը, կամ` կտրել անցնիլ ծովը եւ հասնիլ հեռաւոր ու անծանօթ ափեր, ուր քանի մը սերունդ ետք կրնայ հիւծիլ եւ ձուլուիլ իբրեւ հայ` ի վերջոյ կորսնցնելով իր ինքնութիւնը անճանաչելիօրէն:...

Ո՞վ Է Ուսուցիչը

«Պսակ» Ժողովածուն

Կ. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ Իր «Կեանքի ուղիներով» շարքի երկրորդ հատորին մէջ(1) Սիմոն Վրացեան, այլ բաներու կարգին, կը նկարագրէ «Պսակ» ժողովածուի հրատարակութիւնը: 1910-ի սկիզբները Փեթերսպուրկի դաշնակցական ուսանողութիւնը Եղիշէ Թոփչեանի յիշատակին կը կազմակերպէ գաղտնի սգահանդէս մը` նախագահութեամբ Խաչիկ Կարճիկեանի: Սգահանդէսի աւարտին կը յղացուի գաղափարը` Եղիշէ Թոփչեանի յիշատակին ժողովածու մը հրատարակելու: Կ’ընտրուի խմբագրական մարմին մը, որ կը բաղկանայ հինգ անդամէ` Խաչիկ Կարճիկեան, Համբարձում Տէրտէրեան, Միշա...

Հայրենի Լուրեր

Հայրենի Լուրեր

Պատրաստեց՝ ԿԱԼԻ ԱՒԱԳԵԱՆ  Լիբանանէն Հայաստան Գացած Հաշմանդամ Զբօսաշրջիկներու Խումբը Տպաւորուած` Հայկական Հիւրասիրութեամբ Լիբանանէն Հայաստան գացած հաշմանդամ  զբօսաշրջիկներու խումբը տպաւորուած է հայկական հիւրասիրութեամբ եւ ընդունելութեամբ: 7-օրեայ ճանապարհորդութեան ընթացքին անոնք այցելեցին Գառնի, Գեղարդ, Էջմիածին ու Խոր Վիրապ եւ բացայայտեցին Հայաստանը իր ամբողջ ներկապնակով: Հայաստանի Հանրապետութեան զբօսաշրջութեան պետական կոմիտէն ամիսներ առաջ ստացած էր նամակ մը, որուն մէջ լիբանանեան ընկերութիւն մը կը ծրագրէր հաշմանդամ...

Ուրացող Պետութիւնը

Էսդուգեան. «Պոլսահայ Երեխաները Թրքական Դպրոց Տանիլը Քաղքենիութեան Հետեւանք Է»

Նոր ուսումնական տարին Պոլսոյ հայկական դպրոցներուն նոր անակնկալներու փոխարէն նոր տհաճութիւններ կը խոստանայ: Տեղւոյն հայկական  վարժարաններէն շատեր ուսումնական տարին պիտի սկսին առանց առաջին դասարանի աշակերտներու: Կարգ մը դպրոցներ ալ չեն կրցած հոգալ իրենց ֆինանսական խնդիրները: Ըստ «Սփութնիք»-ի, Պոլսոյ հայկական  «Ակօս» պարբերականի հայկական բաժինի խմբագիր Բագրատ Էսդուգեան ըսած է, որ խնդիրը ոչ թէ երեխաներու թիւի նուազումն է, այլ զանոնք թրքական  դպրոց...

Սահմանադրութիւն, Ժողովրդավարութիւն, Կառավարում

Ինչպէ՞ս Հայրենասիրութիւնը Դնել Հայրենադարձութեան Մայրուղիի Վրայ

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Հայրենասիրութիւնը սիրել է սեփական երկիրը: Ազգայնականութիւնը ատել է ուրիշի երկիրը: ՇԱՐԼ ՏԸ ԿՈԼ Եթէ փորձէինք մտածել իրա՛ւ հայրենասիրութեան մասին, անկեղծութեան եւ ճշմարտութեան պահու մը, մենք մեզի ուղղէինք քանի մը հարցումներ, մենք մեզ հասկնալու համար, մենք` անհատ, պատմական եւ մշակութային ազդակներու գումարով կազմուած ինքնութիւն, որ ներկան է: Մերօրեայ ամբոխավարական ճառին մաս կը կազմէ հզօրութիւնը, որուն համար կ’ըսենք, թէ ան...

Հպանցիկ Մտորումներ Գրականութեան Ու Զահրատի Մասին

Հերոսածին Հայաստան

ՄԱՐԳԱՐ ՇԱՐԱՊԽԱՆԵԱՆ «Ինչ որ կ՛ըսեմ հիմա մէկ սրտով, պիտի ըսուի Վաղը հազարաւոր սրտերու կողմէ»: ԺՊՐԱՆ ԽԱԼԻԼ ԺՊՐԱՆ   «Հայրենասիրութիւն` չի նշանակեր միայն սիրել իր հայրենիքը: Ան անհամեմատ կերպով աւելի շատ բան է...Ան հայրենիքէն անբաժանելիութեան գիտակցութիւնն է եւ անոր երջանիկ եւ դժբախտ օրերուն իրեն հետ անբաժանելի կերպով ապրիլը»: ԱԼԵՔՍԷՅ ԹՈԼՍԹՈՅ Անտարբեր հոգիներու զարթուցիչն է Հայաստանը: Եթէ կ՛ուզես արթուն մնալ ու գերբնական...

Երեւանեան Օրագրութիւն

Երեւանեան Օրագրութիւն

ՍՕՍԻ ՄԻՇՈՅԵԱՆ-ՏԱՊՊԱՂԵԱՆ Երեւանեան ամառը շատ կը սիրեմ, որովհետեւ քաղաքը տեսակ մը համախմբման կեդրոնի կը վերածուի: Պատերազմին ո՞ր ընտանիքը բաժան-բաժան չեղաւ: Ընտանիքներ ամառուան արձակուրդէն օգտուելով` կը փորձեն քով քովի գալ ժամանակաւորապէս: Կը տխրինք ժամանակաւորին դիմաց: Մնայունին պիտի ուզէինք ձգտիլ: Գիտնալով հանդերձ, որ ոչինչ կայ մնայուն, չենք ընդունիր պատահածը, ներքուստ կ՛ընդվզինք ու այդ մեր անկարողութեան դիմաց ճակատագիրը միայն կ՛անիծենք: Կ՛անիծենք, մանաւանդ երբ...

«Հայե՛ր, Յիշէ՛ք Նուիրական Այս Օրը»  (Խանասոր Է Ամէն Կողմ)

Սփիւռքը Փորձանօթ Չէ Պարոնայք

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ Քանի մը շաբաթէն, Սեպտեմբեր 18ին, Երեւանի մէջ պիտի կայանայ Հայաստան ֊ Սփիւռք 6րդ համագումարը։ Մամուլին մէջ ցարդ երեւցած կիսաներբողական լրատուութենէն կ’իմանանք, թէ կ’ակնկալուի «քանի մը հազար» հոգիի մասնակցութիւնը եւ թէ այս համագումարին պիտի քննուի (այսինքն… պիտի յայտարարուի) «համազգային խորհուրդ»ի մը կազմութիւնը։ Այս յօդուածագիրը կ’ուզէ սկիզբէն իսկ յստակացնել, թէ հայրենիքէն դուրս ապրողներու եւ հայաստանածին ու հայաստանաբնակ հայերու միջեւ կապը,...

Արամ Մանուկեանի Տունը Եւ Հայաստանի Կառավարութեան Սահմանադրական Պարտաւորութիւնը

Սփիւռքը քաղաքական առաքելութիւն է

ՍԵԴՕ ՊՈՅԱՃԵԱՆ ՀՅ Դաշնակցութեան համար սփիւռքի ներկայ վիճակը մեր ներազգային կեանքի կարեւորագոյն օրակարգերէն է: Հետեւաբար Դաշնակցութեան համար սփիւռքի հզօրացումը ռազմավարական հիմնական հարց է: Ինչպէս հաստատած է երկու տարի առաջ կայացած ՀՅԴ 32-րդ Ընդհանուր ժողովը. «Սփիւռքի ամրապնդումն ու հզօրացումը ռազմավարական կարեւոր խնդիր է ՀՅ  Դաշնակցութեան համար եւ հայրենիքի անվտանգութեան ու առաջընթացի կարեւոր երաշխիքներէն մէկն է»: Այս հաստատումը նորութիւն չէ: Տակաւին երբ...

Ակնարկ. Չփոխել Զուգահեռին Ուղղութիւնը

Ակնարկ. Չփոխել Զուգահեռին Ուղղութիւնը

Մինսքի խմբակի արդէն պաշտօնաթող ամերիկացի համանախագահին կարապի երգ-յայտարարութիւնը, այո՛, ըստ էութեան նոր սկզբունքներ կամ առաջադրանքներ չի փոխանցեր: Ոեւէ համանախագահ ծայրայեղօրէն բծախնդրութիւն ցոյց կու տայ իր երկու միւս գործընկերներուն եւ մանաւանդ ԵԱՀԿ-ի համապատասխան կառոյցներուն արցախեան հակամարտութեան վերաբերեալ կատարած յայտարարութիւններուն հիմնականօրէն չհակասելու: Պարզապէս շեշտադրումներու, ըսելաձեւերու փոփոխութիւններ կ՛երեւին անոնցմէ իւրաքանչիւրին կատարած յայտարարութիւններուն մէջ, որոնց վրայ կ՛ազդեն տեղի եւ պահու գործօնները բնականաբար: Հոկլընտի պարագային...

«Հայաստանը Եւ Թուրքիան Անդամակցում Են ԵԽ-ին Եւ ԱՀԿ-ին, Բայց Դա Չի Ապահովել Սահմանի Բացումը»

«Հայաստանը Եւ Թուրքիան Անդամակցում Են ԵԽ-ին Եւ ԱՀԿ-ին, Բայց Դա Չի Ապահովել Սահմանի Բացումը»

«Թերթ»ի Հարցազրոյցը ՀՅԴ Գերագոյն Մարմինի Ներկայացուցիչ, Աժ Դաշնակցութիւն Խմբակցութեան Քարտուղար Աղուան Վարդանեանի Հետ Ազգային ժողովի Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեանը կարծում է, որ Թուրքիայի` ԵԱՏՄ հետ մաքսային համաձայնագիր կնքելու յայտարարութիւնը դեռ ցանկութիւն է, բայց եթէ գործընթաց սկսուի, անհեթեթ է, որ Թուրքիան միանայ համաձայնագրին, երբ ԵԱՏՄ անդամ երկրներից մէկի հետ փակ սահման ունի: Ըստ նրա, եթէ կրկին առաջ գայ...

Թուրք Գործիչը Կը Խոստովանի, Որ Իրենց Համար Ծանր Հարուած Էր Թեքսաս Նահանգի Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումը

«Ամերիքանա» Կ՛ընդունի Ծանուցել Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Վաւերագրական Ժապաւէնը

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Կլենտէյլի «Ամերիքանա» առեւտուրի կեդրոնի ղեկավարները անգամ մը եւս  հակասեցին իրենք զիրենք` յայտարարելով, որ ոչ միայն համաձայն են ծանուցելու Հայոց ցեղասպանութեան մասին «Ժխտման ճարտարապետները» վաւերագրական ժապաւէնը, այլեւ առաջարկեցին զայն գովազդել անվճար... Այս ընթացքին «Ամերիքանա»-ի ղեկավարները իրենք զիրենք անխոհեմ ցոյց տուին, նաեւ` ոչ արհեստավարժ, եւ որքան ալ որ զարմանալի թուի, նաեւ ընդդէմ` իրենց առեւտրական...

Մենք Մեր Խաղաղութիւնն Ենք Կերտում

Ազրպէյճանը Միջազգային Թմրասարդոստայնում Կամ` Ձուկը Գլխից Է Հոտում

ՄԻՔԱՅԷԼ ՀԱՃԵԱՆ Քաղաքական վերլուծաբան Դա իրականում այդպէս է եւ ամենեւին էլ հայկական լրատուամիջոցի ապատեղեկատուութիւն չէ: Այդ մասին քանիցս բարձրաձայնել են ինչպէս միջազգային կառոյցները, նոյնպէս եւ ազրպէյճանական լրատուամիջոցները: Բնականաբար հիմնականում Պաքուի ընդդիմադիր պարբերականները`  ահազանգելով երեւոյթի ահագնութեան մասին, թէ՛ միջազգային եւ թէ՛, մանաւանդ, ներհանրապետական չափումներով: Անգամ Ազրպէյճանի իշխանամէտ լրատուամիջոցները, կամայ թէ ակամայ, ստիպուած են ստեպ-ստեպ անդրադառնալ լայն հանրութեանը մտահոգող այդ խնդրին` յղում...

Մայրենիին Նահատակութիւնը` 100-Ամեակէն Ետք Ալ

Կատակը Մէկդի. Թող Պապանձի՛ն Թրամփի Պաշտօնազրկումը Պահանջողները

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Միացեալ Նահանգներու քաղաքական շրջանակներուն ու մամուլի կարգ մը էջերուն մէջ հետզհետէ աւելի յաճախակիօրէն կ՛արծարծուի նախագահ Տանըլտ Թրամփը պաշտօնազրկելու զրոյցը: Գլխաւորաբար դեմոկրատները, սակայն նաեւ այլ շրջանակներ հազար աղբիւրէ ջուր կը բերեն հիմնաւորելու համար այս պահանջը: Այս ու նմանօրինակ ճիգեր ցոյց կու տան, թէ որքա՛ն նեղմիտ ու անհորիզոն են նման պահանջներ դնողները. անոնք չեն տեսներ, որ եթէ նախագահին պաշտօնազրկումը իրականանայ,...

Ուխտագնացութիւն Դէպի Ազատագրուած Հայկական Ղնեմիէ Գիւղ

Ուխտագնացութիւն Դէպի Ազատագրուած Հայկական Ղնեմիէ Գիւղ

ՏԱԹԵՒ Ա. ՔՀՆՅ. ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ 2017-ի Ս. Յարութեան տօնէն ետք, սուրիական ճգնաժամի իրավիճակը երկունքի ժամեր սկսաւ ապրիլ: Սուրիական բանակի նորանոր նուաճումներն ու յաղթանակի աւետիսները յոյս ներշնչեցին թէ՛ արտաքին եւ թէ՛ ներքին հարթակներու վրայ: Ոգեւորուած այս իրավիճակէն, սուրիացիք ընդհանրապէս եւ սուրիահայեր` մասնաւորապէս, տուն վերադարձի յոյսի նշոյլներ սկսան ապրիլ` նոր եւ պայծառ հորիզոններ բանալով բոլորին դիմաց. սակայն կը մնայ քաջալերական նախաքայլեր եւ նախաձեռնութիւններ...

Page 782 of 1110 1 … 781 782 783 … 1,110

Արխիւներ