Նոր ուսումնական տարին Պոլսոյ հայկական դպրոցներուն նոր անակնկալներու փոխարէն նոր տհաճութիւններ կը խոստանայ: Տեղւոյն հայկական վարժարաններէն շատեր ուսումնական տարին պիտի սկսին առանց առաջին դասարանի աշակերտներու: Կարգ մը դպրոցներ ալ չեն կրցած հոգալ իրենց ֆինանսական խնդիրները:
Ըստ «Սփութնիք»-ի, Պոլսոյ հայկական «Ակօս» պարբերականի հայկական բաժինի խմբագիր Բագրատ Էսդուգեան ըսած է, որ խնդիրը ոչ թէ երեխաներու թիւի նուազումն է, այլ զանոնք թրքական դպրոց ուղարկելը: Այս սպառնալիքը առկայ է եւ կը սկսի մանկապարտէզներէն: «Եթէ առաջ ծնողները կը նախընտրէին երեխան նախ հայկական վարժարան տանիլ, յետոյ միայն` օտար, որպէսզի հայերէնի հիմքերը ամուր ըլլային, հիմա մօտեցումը փոխուած է: Ինչ որ, ի հարկէ, մերժելի եւ պախարակելի է»:
Օտար վարժարաններ ընտրելու պատճառը, Էսդուգեանի համոզումով, քաղքենիութիւնն է ու միայն քաղքենիութիւնը: Միւս բոլոր թուարկուող պատճառաբանութիւնները` առնչուած կրթութեան որակի կամ դասագիրքերու չգոյութեան, ուղղակի այդ քաղքենիութեան եւ օտարամոլութեան արդարացումներ են: Վերջին տարիներուն սփիւռքի նոր սերունդին մէջ հայկական ամէն ինչէն հեռանալու, օտարանալու մոլուցք կայ, կը նկատէ հայկական պարբերականին խմբագիրը: Անոր համաձայն, ամբողջ աշխարհի մէջ երիտասարդ սերունդը կ՛օտարանայ հայկականէն, հայոց լեզուէն: «Անոնց հիմնական մասը արդէն հայախօս չէ: Իսկ մայրենին կը սկսի ոչ թէ մանկապարտէզէն կամ դպրոցէն, այլ տունէն` մօրմէն, հօրմէն ու ընտանիքէն: Բայց մեր ընտանիքներուն մէջ, ցաւօք, սկսած է իշխող լեզուն թրքերէնը ըլլալ, անգլերէնը կամ, ըսենք, ռուսերէնն ու ֆրանսերէնը», կ՛ըսէ ան եւ կ՛աւելցնէ, որ կ՛ըլլան նաեւ դէպքեր, երբ խառն ամուսնութիւններու պատճառով ծնած երեխան կը սկսի խօսիլ հայերէն` ունենալով օտար ազգի մայրիկ: Աւելի՛ն` հայերէն կը խօսին նաեւ այլազգի մայրիկները:
Նշենք, որ Պոլսոյ մէջ կը գործէ 16 հայկական վարժարան, որոնցմէ 13-ը սեփական են, 3-ն ալ կը նկատուին համայնքին ընդհանուր սեփականութիւնը: Այս դպրոցներուն մէջ կրնան սորվիլ միայն հայ քրիստոնեայ ընտանիքի զաւակները` ներկայացնելով նախ մկրտութեան թուղթ: