Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Լուրեր

Օգոստոս 29, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ԿԱԼԻ ԱՒԱԳԵԱՆ

 Լիբանանէն Հայաստան Գացած Հաշմանդամ Զբօսաշրջիկներու Խումբը Տպաւորուած` Հայկական Հիւրասիրութեամբ

Լիբանանէն Հայաստան գացած հաշմանդամ  զբօսաշրջիկներու խումբը տպաւորուած է հայկական հիւրասիրութեամբ եւ ընդունելութեամբ:

7-օրեայ ճանապարհորդութեան ընթացքին անոնք այցելեցին Գառնի, Գեղարդ, Էջմիածին ու Խոր Վիրապ եւ բացայայտեցին Հայաստանը իր ամբողջ ներկապնակով:

Հայաստանի Հանրապետութեան զբօսաշրջութեան պետական կոմիտէն ամիսներ առաջ ստացած էր նամակ մը, որուն մէջ լիբանանեան ընկերութիւն մը կը ծրագրէր հաշմանդամ զբօսաշրջիկներու խումբ մը բերել Հայաստան, որպէսզի վերջիններս սեփական փորձով տեսնեն Հայաստանը, եւ բացայայտեն անոր մասին ու կոմիտէէն խնդրեն աջակցութիւն:

Ըստ «Արմէնփրես»-ի, կոմիտէն առանձնայատուկ շնորհակալութիւն յայտնած է Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանին եւ Երեւանի քաղաքապետարանին` հիւրերուն յարմարաւէտ փոխադրամիջոցներ տրամադրելու համար:

38 հոգիէ բաղկացած հաշմանդամ զբօսաշրջիկներու խումբը հիացած է հայկական ընդունելութեամբ: Կոմիտէն որոշեց անձամբ հանդիպիլ եւ կապ հաստատել հիւրերուն հետ:

Հիւրերը շատ տպաւորուած էին տեղւոյն հայերու իրենց նկատմամբ տարած ուշադրութեան եւ հոգատարութեան: Զբօսաշրջիկներէն ոմանք հետաքրքրուած են հայկական քոնեաքով եւ գինիով: Անհամբերութեամբ կը սպասէին Արարատ քոնեաքի գործարան այցելութեան: Հիւրերը ընդգծած են նաեւ Հայաստանի մէջ անվտանգութեան հարցը` ըսելով, որ իրենք զիրենք շատ ապահով կը զգան:

Վերսկսած Շինարարութիւն` Քսանամեայ Դադարէ Ետք. Պաղտասարեաններու Ընտանիքը Շուտով Կ՛ունենայ Իր Սեփական Տունը

Երկու ամիս առաջ, ուսումնասիրութիւններու նպատակով կազմակերպուած հերթական շրջապտոյտի ընթացքին, «Ֆուլեր տնաշինական կեդրոն»-ի խումբը Արագածոտնի մարզի Կաթնաղբիւր գիւղին մէջ բնակող Պաղտասարեաններուն հաճելի անակնկալ մատուցեց. ընտանիքը տեղեկացաւ, որ ընդգրկուած է բնակարանաշինութեան ծրագիրին մէջ: Տարիներ շարունակ, Հայկարամ Պաղտասարեանը` ընտանիքին հայրը, կնոջ եւ երեք որդիներուն հետ, ստիպուած եղած է ապրիլ նախ հօրենական տան մէջ, ապա` վարձքով, համագիւղացիի կիսաւեր բնակարանին մէջ: Կիսակառոյցին մէջ շինարարութիւնը, ընկերային պայմաններու պատճառով, քսան տարի շարունակ երազանքէն այն կողմ չէր անցած:

Անաւարտ շինութիւնը շուտով լիարժէք տուն պիտի դառնայ. շինարարական աշխատանքները մեծ եռանդով վերսկսած են: Անոնց մասնակցած են նաեւ կամաւորութիւնը արժեհամակարգ դարձուցած գործընկեր կառոյցներու ներկայացուցիչները` «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.» ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեան եւ «Ֆուլեր տնաշինական կեդրոն»-ի խումբը: Նմանօրինակ աջակցութիւն ոչ միայն ֆիզիքական, այլ նաեւ նախ եւ առաջ հոգեւոր խթան է` երկար տարիներ սեփական օճախի ջերմութենէն զրկուած ընտանիքներու համար:

«Չեմ կրնար հաւատալ, որ այս ամէնը երազ չէ: Տունը արդէն տան նման է. դուռ, պատուհան եւ տանիք ունի: Այսօրուան ձեր օգնութիւնն ալ այնքան անսպասելի ու տեղին է, այնքան կարեւոր ու անգնահատելի… Շատ շնորհակալ եմ, որ դժուար պահուն օգնութեան ձեռք կը մեկնէք ընտանիքիս», ըսած է Հայկարամ Պաղտասարեան:

Որեւէ ներդրումի կարեւորագոյն արդիւնքը ծանր պայմաններու մէջ ապրող ընտանիքները յուսահատութենէն դուրս հանելն է: Իր ձգած ազդեցութեամբ` բնակարաշինութեան ծրագիրը այդ առաքելութեան իրականացնողը դարձած է: Համագործակցութեան վեց տարուան ընթացքին, գործընկեր կազմակերպութիւնները 149 ընտանիքի համար կարեւոր` բնակարանի խնդիրը լուծելով` նպաստած են նաեւ ընտանիքներու ապագայ բարեկեցութեան ու հիմքեր ստեղծած` առողջ միջավայրի մէջ երեխաներ մեծցնելու համար:

«Եթէ կ՛ուզենք զարգացած գիւղեր ունենալ, ապա պատրաստ պիտի ըլլանք օգնելու մեր հայրենակիցներուն` շտկելու իրենց մէջքը: Կոտրած սրտով, առանց վաղուան հեռանկարի եւ յուսահատած մարդը անկախ իր տարիքէն` անօգնական է: Այս ծրագիրի կարեւոր առանձնայատկութիւններէն մէկը այն է, որ անիկա մարզերուն մէջ ապրողներուն թոյլ կու տայ արժանապատուօրէն լուծելու տարիներու անլուծելի թուացող խնդիրը: Ուրախ եմ տեսնելու, թէ ինչպէ՛ս  հերթական ընտանիքը, նոր լիցքեր ստացած է եւ կը կառուցէ իր երազած տունը: Մենք եւս սիրով միացած ենք շինարարական աշխատանքներուն: Նաեւ այսպէս կը զօրացնենք լուսաւոր ապագայի  նկատմամբ հաւատքը», ըսած է «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս»-ի տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեան:

«Այս ծրագիրի իւրայատկութիւններէն մէկն ալ այն է, որ ընտանիքը ինք կը կատարէ շինարարական աշխատանքները: Ատիկա ո՛չ միայն զգալիօրէն կը կրճատէ շինարարական աշխատանքներու ծախսը, այլեւ կ’օգնէ երբեք չլքել սեփական ձեռքերով կառուցուած տունը: Այս մասին կը վկայէ տարիներու մեր փորձառութիւնը», ըսած է «Ֆուլեր տնաշինական կեդրոն»-ի նախագահ Աշոտ Եղիազարեան:

2017-ին «Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.» ընկերութիւնը  բնակարանաշինութեան ծրագիրի իրականացման համար 25 միլիոն դրամի ներդրում կատարած է:

Կառավարութիւնը «Շիրակացիի Ճեմարան»-Ին Արտօնութիւն Պիտի Տայ «Միջազգային Պաքալորէայի Վկայական» Ծրագիրը Կատարել Անգլերէնով

Հայաստանի կառավարութիւնը «Շիրակացիի ճեմարան» միջազգային գիտակրթական համալիրին արտօնութիւն պիտի տայ 2017-2018 ուսումնական տարեշրջանէն միջնակարգ կրթութեան երրորդ աստիճանի 11-րդ եւ 12-րդ դասարաններուն մէջ իրականացնելու «Միջազգային պաքալորէայի վկայական» ծրագիրը անգլերէնով` 3 տարուան ժամկէտով:

Ըստ «Արմէնփրես»-ի, այս մասին որոշումի նախագիծը ընդգրկուած է կառավարութեան 20 յուլիսի նիստի օրակարգին վրայ: Կառավարութեան կողմէ որոշման նախագիծի ընդունումը պայմանաւորուած է կրթական հաստատութեան տրուած օտար լեզուով (անգլերէն) կրթութիւն կազմակերպելու արտօնութեան եռամեայ ժամկէտը նոր ուսումնական տարուան սկիզբը աւարտելու հետ կապուած զանիկա եւս երեք տարի երկարաձգելու հարցը օրէնսդրութեան համապատասխան կարգաւորելու, ինչպէս նաեւ ընկերութեան փոխուած անունին համապատասխան դարձնելու անհրաժեշտութեամբ:

2016-2017 ուսումնական տարեշրջանին «Միջազգային պաքալորէա» ծրագիրը կ՛աւարտեն 6 սաներ, որոնք արդէն իսկ յանձնած են աւարտական քննութիւնները: Նշուած երկու տարիներուն այս ծրագիրին հետեւած բոլոր 18 շրջանաւարտներն ալ ընդունուած են արտերկրի բարձր վարկանիշ ունեցող բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններ, որոնցմէ 5-ին տրամադրուած է 100 տոկոս, իսկ 2-ին` 50 տոկոս կրթաթոշակ:

2016-2017 ուսումնական տարուան աւարտին ճեմարանը ունի «Միջազգային պաքալորէա» ծրագիրի 12-րդ դասարան փոխադրուած 14 սան:

Նկատի առնելով արձանագրուած վերոնշեալ արդիւնքները` կ՛ակնկալուի, որ ճեմարանը շարունակաբար իրականացնելով այս ծրագիրը, ապահովէ միջազգային բարձրագոյն չափանիշներուն համապատասխանող կրթութիւն:

Ծաղկաձորը Պիտի Ունենայ Շարժապատկերի Սրահ, Սահադաշտ Ու Զբօսաշրջիկներուն Պիտի Ներկայանայ Նոր Ծրագիրներով

Զբօսաշրջիկները նոր հետաքրքրութիւն կրնան գտնել Հայաստանի զբօսաշրջային ամէնէն գեղեցիկ եւ գողտրիկ քաղաքներէն մէկուն` Ծաղկաձորի մէջ: Յառաջիկայ քանի մը տարուան ընթացքին քաղաքին մէջ պիտի կառուցուի ժամանցի մեծ կեդրոն, որ պիտի ունենայ շարժապատկերի սրահ, սահադաշտ եւ հաճելի հանգիստի համար անհրաժեշտ այլ ենթակառոյցներ: Այս եւ այլ հարցերու շուրջ «Արմէնփրես»-ի թղթակիցը զրուցեց Ծաղկաձորի քաղաքապետ Արթուր Յարութիւնեանի հետ:

«2012-ին ընտրուած եմ Ծաղկաձորի քաղաքապետ, սակայն տեղւոյն բնակիչ եմ ու աչքովս կը տեսնեմ, թէ ինչպէ՛ս օրըստօրէ մարդոց հետաքրքրութիւնը կ՛աւելնայ մեր քաղաքին նկատմամբ: Անոր մէջ մեծ դիրակատարութիւն ունի նաեւ պետութիւնը, որ տարբեր ծրագիրներ կ՛իրականացնէ Ծաղկաձորի մէջ զբօսաշրջութիւնը զարգացնելու համար», նշեց Արթուր Յարութիւնեան:

Ըստ անոր, վերջին տարիներուն Ծաղկաձորի մէջ միայն նոյեմբերին եւ դեկտեմբերին մարդիկ կրնան շինարարական աշխատանքներ կատարել, քանի որ միւս ամիսներուն քաղաքը աշխուժ կեանքով կ’ապրի:

Ըստ քաղաքապետին, 2011, 2012 եւ 2013 թուականներուն Ծաղկաձոր այցելած են 80-100 հազար զբօսաշրջիկներ, իսկ այսօր անոնց թիւը կը հասնի 800 հազարի` ներառեալ Հայաստանի Հանրապետութեան տարբեր շրջաններէն Ծաղկաձոր եկած զբօսաշրջիկները: Անոնց մէջ շատ են իրանցիները, որոնց ուշադրութիւնը կը գրաւեն հայկական եկեղեցիները:

«Կարեւոր կը նկատեմ նաեւ տարբեր միջոցառումներու եւ զանազան փառատօներու դերը Ծաղկաձորի ճանաչելիութեան եւ զարգացման գործին մէջ: Անոնց շնորհիւ շատերը գոնէ մէկ անգամ կու գան մեր մօտ ու լաւ ժամանակ կ՛անցընեն, ինչ որ նոյնպէս գովելի է: Յատկապէս հետաքրքրական է Լէոնիտ Ենգիբարեանի անուան մնջախաղի միջազգային փառատօնը, որուն շնորհիւ միայն քանի մը օրուան ընթացքին քաղաք կու գայ 5000 եւ աւելի մարդ: Հաճելի է ներկայացումներ դիտել Ծաղկունեաց հրապարակին վրայ, ուր տեղադրուած է մնջախաղի մեծ վարպետ Լէոնիտ Ենգիբարեանի արձանը: Այդ մթնոլորտը աւելի երանգաւոր կը դարձնէ», շեշտեց Յարութիւնեան:

Ան ընդգծեց, որ իրենք նկատի կ’առնեն զբօսաշրջիկներու դրական եւ բացասական կարծիքները քաղաքին մասին ու կը փորձեն լրացնել բոլոր բացերը:

«Կ՛ուզենք լուծել ե՛ւ տեղւոյն բնակիչներուն ե՛ւ զբօսաշրջիկներու զբաղուածութեան խնդիրը: Կը նախատեսենք այստեղ բանալ ժամանցային կեդրոն, որ պիտի ներառէ շարժապատկերի սրահ, սահադաշտ եւ ժամանցի այլ վայրեր: Ճամբաներու կուպրապատման հարցերը կը լուծենք ու կը կարծեմ, որ երեք տարի ետք մենք աւելի հետաքրքրական Ծաղկաձոր պիտի ունենանք», նշեց ան:

Անդրադառնալով Ծաղկաձորի բնակիչներու կեցութեան խնդիրներուն` քաղաքապետը ըսաւ, որ անոնց մեծ մասը եղանակային առեւտուրով կը զբաղի, եւ բնակիչներու հոսքը արտերկիր շատ չէ:

Խաղողի Արտադրութեան Ծաւալները Կը Համապատասխանեն Մթերման Ծաւալներուն

Գիւղատնտեսութեան նախարարութիւնը այժմու դրութեամբ խաղողի արտադրութեան մարզին մէջ խնդիրներ չի տեսներ: Ըստ «Արմէնփրես»-ի, 26 յուլիսին լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին այս մասին ըսաւ Հայաստանի Հանրապետութեան գիւղատնտեսութեան նախարարի տեղակալ Ռոպերթ Մակարեան:

«Ներկայիս տեղի կ՛ունենայ բերքի ծաւալներու հսկողութիւն, ինչպէս նաեւ կ՛ուսումնասիրուի, թէ ինչ ծաւալով վերամշակող ընկերութիւնները պատրաստ են խաղողը վերամշակել: Այսօրուան դրութեամբ խաղողի արտադրութեան ծաւալները կը համապատասխանեն մթերման ծաւալներուն եւ մինչեւ սեպտեմբեր գործարաններուն հետ անընդհատ ճշգրտումներ պիտի կատարուին», ըսաւ Մակարեան:

Ըստ անոր, օգոստոսին Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութեան կողմէ պիտի ընդունուի վերամշակումի մարզին մէջ մատչելի տոկոսային դրութեամբ վարկերու տրամադրութեան ծրագիրը, որ կարելիութիւն պիտի տայ վերամշակող ընկերութիւններուն նախապէս կնքուած համաձայնագիրով գիւղատնտեսին գումարը վճարել:

«Վարկերը վերամշակող ընկերութիւններուն պիտի տրամադրուին տարեկան 3 առ հարիւր  տոկոսային դրութեամբ: Այս պարագային պիտի լուծուի գիւղացիներու եւ վերամշակող ընկերութիւններու միջեւ խնդիրը` ուշացումներ եւ պարտքի կուտակումներ պիտի չըլլան: Այս մեքանիզմով ֆինանսական կառոյցը ուղղակի գիւղատնտեսին բերքի գումարը պիտի վճարէ: Ծրագիրը կը նախատեսուի իրականացնել 18 միլիառ դրամի սահմաններուն մէջ, որուն գխաւոր բաժինը` 2,4 միլիառ դրամի շրջագիծին մէջ, պիտի իրականացուի այս տարի` պտուղ-բանջարեղէնի եւ խաղողի մարզերուն մէջ: Գլխաւոր ծրագիրի յաջողութեան պարագային այլ մարզերը նոյնպէս պիտի ընդգրկուին», ըսաւ Մակարեան:

Մակարեան նշեց, որ գիւղատնտեսութեան համախառն ներքին արդիւնքի յունուար-յունիս ամիսներու 1,4 տոկոս չնչին անկումը պայմանաւորուած էր երկու պատճառներով:

«2017-ին գիւղատնտեսական տարին 10-15 օր ուշացումով սկսաւ: Բացի ատկէ, բերքի կարկտահարման դէպքերը նոյնպէս խնդիրներ յառաջացուցին», եզրափակեց Մակարեան:

Դանիական Ամսագիրը Հայերու Մայրական Գծով Ժառանգութեան Շարունակութիւնը Ապացուցող Յօդուած Հրապարակած Է

Դանիական ամէնէն հեղինակաւոր ամսագիրներէն մէկը` «Եուրեքալերթ.օրկ» հայերու մայրական գծով ժառանգականութեան շարունակութիւնը ապացուցող յօդուած հրապարակած է: «Արմէնփրես»-ի մամուլի սրահին մէջ լրագրողներու հետ հանդիպումին Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկի տնօրէն Պաւել Աւետիսեանը ըսաւ, որ ուսումնասիրութեան համար օգտագործուած է ժամանակակից Հայաստանի եւ Արցախի տարածքի յուշարձաններէն յայտնաբերուած մարդաբանական նիւթը: «Անիկա ցոյց տուած է, որ ՔԱ 7-րդ հազարամեակի վերջերէն առ այսօր այստեղ ապրող մարդիկ ժառանգական շարունակութեան մէջ են: Ասոնք հայոց պատմութեան, ծագումնաբանութեան խնդիրներու լուսաբանութեան համար արժէքաւոր տուեալներ են», ըսաւ ան:

Ըստ Պաւել Աւետիսեանի, ասիկա առաջին դէպքն էր, երբ ուսումնասիրութիւնը միտուած եղած է հայաստանեան նիւթը արժեւորելուն: «Մեր երազը եղած է այնքան նիւթ հանել, որ կարենանք հնագիտական յուշարձաններէն հանուած տուեալներէն ծինային նիւթերու հիմք ունենալ», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ շուտով նմանատիպ ուսումնասիրութիւնը պիտի կատարուի նաեւ հայրենական գծով ծինային ժառանգութեան հետ կապուած:

 

Նախորդը

Էսդուգեան. «Պոլսահայ Երեխաները Թրքական Դպրոց Տանիլը Քաղքենիութեան Հետեւանք Է»

Յաջորդը

«Պսակ» Ժողովածուն

RelatedPosts

Հօտին Եւ Կղերին Սէրն Ու Համակրանքը Նուաճած Ս. Իգնատիոս Մալոյեան
Անդրադարձ

Հօտին Եւ Կղերին Սէրն Ու Համակրանքը Նուաճած Ս. Իգնատիոս Մալոյեան

Հոկտեմբեր 17, 2025
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը – Ձեր Աշխարհը. Ի Զուր Կը Հնչեն Ահազանգերը Մեր… (Կրթական Վերամուտ Եւ Թարգմանչաց)

Հոկտեմբեր 17, 2025
Սլաք.  Դատարկ Աթոռներու Առջեւ` Մշակոյթի Ամսուն  Մէջ  Նուիրեալներու Աշխատանքին Լռակեաց Վկան
Անդրադարձ

Սլաք. Դատարկ Աթոռներու Առջեւ` Մշակոյթի Ամսուն Մէջ Նուիրեալներու Աշխատանքին Լռակեաց Վկան

Հոկտեմբեր 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?