Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուխտագնացութիւն Դէպի Ազատագրուած Հայկական Ղնեմիէ Գիւղ

Օգոստոս 28, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԱԹԵՒ Ա. ՔՀՆՅ. ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ

2017-ի Ս. Յարութեան տօնէն ետք, սուրիական ճգնաժամի իրավիճակը երկունքի ժամեր սկսաւ ապրիլ: Սուրիական բանակի նորանոր նուաճումներն ու յաղթանակի աւետիսները յոյս ներշնչեցին թէ՛ արտաքին եւ թէ՛ ներքին հարթակներու վրայ: Ոգեւորուած այս իրավիճակէն, սուրիացիք ընդհանրապէս եւ սուրիահայեր` մասնաւորապէս, տուն վերադարձի յոյսի նշոյլներ սկսան ապրիլ` նոր եւ պայծառ հորիզոններ բանալով բոլորին դիմաց. սակայն կը մնայ քաջալերական նախաքայլեր եւ նախաձեռնութիւններ սկսիլ` վստահութիւն ներշնչելու եւ գործնական միջոցառումներու դիմելու համար: Այս մտածումները սկսան մարմին ստանալ` շնորհիւ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի: Որպէս արի եւ վեհանձն հովիւ` ան անդուլ կերպով կը շրջի` Սուրիոյ պատերազմին պատճառով տեղափոխուած ընտանիքները քաջալերելով տուն վերադարձի եւ վերականգնումի հրաւէրներ ուղղելով բոլորին:

Սուրիոյ ծովափնեայ շրջանի լեռնային Եագուպիէ, Ղնեմիէ եւ Արամօ հայկական գիւղերը պատմականօրէն 1320-ական թուականներէն կը գոյատեւեն: Օսմանեան կայսրութեան մէջ կատարուած հալածանքի օրերէն, հայեր, փախուստ տալով, ապաստանած են սուրիական օրհնեալ հողին վրայ: Վերոյիշեալ վայրերուն մէջ կառուցած են եկեղեցի, դպրոց եւ տուն: Իսկ Քեսապի պարագան կ՛երկարի աւելի վաղ ժամանակներէ սկսեալ` Մեծն Տիգրանէն:

Հայոց ցեղասպանութենէն հարիւր տարի ետք նոյն թշնամին` Օսմանեան կայսրութեան ժառանգորդ թուրքը, նոյն թափով կը փորձէ տեղահանութեան եւ հայաթափումի ենթարկել վերոյիշեալ շրջանները: «Արաբական գարնան» մէջ ակնյայտ է, եւ մենք, որպէս հայեր, պէտք չէ թերագնահատենք թուրքին աշխուժ մասնակցութիւնը սուրիական պատերազմին ընթացքին: 2016-ի գարնան ուրախութեամբ տեղեկացանք Ղնեմիէի եւ Արամոյի քառամեայ գերութենէն ետք ազատագրումի լուրը: Օրին առաջնորդ սրբազան հօր թելադրութեամբ, Մաշտոց Ա. քհնյ. հօր եւ գիւղի բնակիչներուն ընկերակցութեամբ, այցելեցինք Ղնեմիէ: Յաջորդ աշխատանքային այցը իրականացուցինք եւ փաստացի տուեալներ գտանք` թրքերէնով «Քուրան», «Թանզիմ Քայիտա»-ի հետքեր, թրքերէնով այլ գիրքեր, կողոպտուած տուներ, բայց մանաւանդ` Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ արտաքին քարերն ու զանգակը գողցուած, գմբէթի խաչը անյայտացած, կողքի սրահը եւ երիցատունը քանդուած: Ղնեմիէի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղականութեան եւ շրջանի հայ բնակչութեան բուռն փափաքին ընդառաջելով` Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ սրբազանը տնօրինեց, որ ուրբաթ, 11 օգոստոս 2017-ին օրհնաբեր այցելութիւն մը շնորհուի ազատագրուած հայկական Ղնեմիէ գիւղին:

Առաջնորդ սրբազան հայրը, ընկերակցութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի Կրօնական ժողովի անդամ Խորէն քհնյ. Պերթիզլեանի, հինգշաբթի, 10 օգոստոս 2017-ի կէսօրին ժամանեց Լաթաքիա` Ս. Աստուածածին եկեղեցի: Սրբազան հայրը դիմաւորուեցաւ Արտակ վրդ. Արապեանի, Տաթեւ Ա. քհնյ. Միքայէլեանի, թաղականութեան անդամներու կողմէ, եկեղեցւոյ մէջ կանոնական աղօթքէն ետք: Նախօրօք առնուած ժամադրութեան համաձայն, առաջնորդ սրբազան հայրը այցելեց Լաթաքիոյ նահանգապետ զօր. Իպրահիմ Խըտըր Սալեհին: Առաջնորդ սրբազան հօր շքախումբին մաս կը կազմէին Արտակ վրդ., Տաթեւ Ա. քհնյ., Լաթաքիոյ թաղականութենէն եւ Քեսապի ազգայիններէն ներկայացուցիչներ: Սրբազան հայրը նահանգապետը տեղեակ պահեց, որ Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առթիւ կը գտնուի Լաթաքիա նահանգին մէջ, իսկ յառաջիկայ օրերուն պիտի այցելէ Ղնեմիէ եւ Քեսապ: Ապա սրբազան հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց նահանգապետին եւ պատասխանատուներուն, որոնք ջանք չէին խնայած քաղաքացիներուն ծառայելու: Նահանգապետը իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց սրբազան հօր եւ ըսաւ. «Ես ձեզ կը ճանչնամ Հալէպէն եւ գիտեմ, որ հայ համայնքին եւ սուրիական հայրենիքին կը ծառայէք ամենայն հաւատարմութեամբ եւ գիտակցութեամբ, հետեւաբար մենք կը փափաքինք, որ Սուրիայէն դուրս մեկնող հայեր վերադառնան եւ կառուցեն իրենց տուները եւ գործատեղիները»: Ջերմ մթնոլորտի մէջ վերջ գտաւ այցելութիւնը:

Ուրբաթ, 11 օգոստոս 2017-ի առաւօտուն առաջնորդ սրբազանը իր շքախումբով մեկնեցաւ ազատագրուած հայկական Ղնեմիէ գիւղը: Գիւղի մուտքին սրբազանը նախ դիմաւորուեցաւ շրջանի ապահովութեան նուիրուած հայ եւ արաբ երիտասարդներու կողմէ, որոնք ամբողջ պատերազմի օրերուն հսկեցին գիւղի ապահովութեան, ապա` եկեղեցւոյ մուտքին ուխտաւորաբար Ղնեմիէ ժամանած հարիւրաւոր հաւատացեալներուն, որոնք ծափողջոյններով տօնական մթնոլորտ ստեղծեցին: Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ դպրաց դասի «Հրաշափառ» շարականին երգեցողութեամբ եւ  եկեղեցականներու ընկերակցութեամբ սրբազան հայրը մուտք գործեց Ս. Գէորգ եկեղեցի, կանոնական աղօթքը կատարեց, բարձրացաւ եկեղեցւոյ կողքին գտնուող կիսաքանդ սրահը, ուր շարժական սեղանին վրայ սուրբ եւ անմահ պատարագ մատուցուեցաւ: Օրուան պատարագիչն էր Արտակ վրդ. Արապեանը, իսկ պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ դպրաց դասը: Յընթացս Ս. պատարագին, առաջնորդը յաւուր պատշաճի իր պատգամ-քարոզը տուաւ` բնաբան առնելով Յովհաննէս Աւետարանիչէն. «Ե՛լ, ա՛ռ մահիճդ ու տունդ գնա՛»-ն (Յհ. 5.8):

Ան փոխանցեց Արամ Ա. վեհափառի օրհնութիւնները եւ շարունակելով խօսքը` ըսաւ. «Այս տարի օգոստոս ամիսը իւրայատուկ եղաւ Բերիոյ հայոց թեմին համար: Հալէպի մէջ, կիրակի, 6 օգոստոսին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ խուռներամ հաւատացեալներու ներկայութեամբ խաղողօրհնէք կատարեցինք: Ուրախ ենք, որ այսօ՛ր, եօթը տարիներու ընդհատումէ ետք դարձեալ կը գտնուինք Ղնեմիէ եւ եկած ենք որպէս ուխտաւորներ: Այստեղ կ՛աղօթենք, որ յառաջիկայ տարի նաեւ Արամոն աւելի ապահով վիճակի մէջ ըլլայ, հոն եւս կատարենք մեր ուխտագնացութիւնը: Աւելի՛ն. կը յուսանք, որ մօտ օրէն նաեւ կ՛ազատագրուի Եագուպիէն, հոն եւս կատարենք մեր ուխտագնացութիւնը եւ` Սուրիոյ հայկական բոլոր ուխտավայրերուն մէջ:

Քարոզի աւարտին կատարուեցաւ խաղողօրհնէքի կարգը, իսկ հաւատացեալները խոստովանելէ ետք Ս. Հաղորդութիւն ստացան, որմէ ետք Ղնեմիէի Ազգ. գերեզմանատան մէջ գտնուող ննջեցեալներու հոգիներուն յատուկ հոգեհանգիստ կատարուեցաւ: Աւարտին, առաջնորդը ընդունեց ներկայ հաւատացեալներուն աջահամբոյրը:

Լաթաքիա

 

Նախորդը

Խմբագրական «Գանձասար»-ի – Օգոստոս Դ.- Սփիւռքի Չխամրող Ներկայութիւնը

Յաջորդը

Կատակը Մէկդի. Թող Պապանձի՛ն Թրամփի Պաշտօնազրկումը Պահանջողները

RelatedPosts

Պուրճ Համուտի Եւ Այնճարի Մէջ.  Լիբանանահայութիւնը Զօրակցեցաւ Արցախին Եւ Դատապարտեց Ազրպէյճանի Ցեղային Զտման Քաղաքականութիւնը
Գաղութային

Պուրճ Համուտի Եւ Այնճարի Մէջ. Լիբանանահայութիւնը Զօրակցեցաւ Արցախին Եւ Դատապարտեց Ազրպէյճանի Ցեղային Զտման Քաղաքականութիւնը

Յունուար 26, 2023
Տագնապող Եւ Պայքարող Հայը
Գաղութային

Պետական Պաքալորիայի Լրացուցիչ Քննութիւններու Նախօրեակին Քուէթաբնակ Բարերար Կիրակոս Գույումճեան Յաջողութիւն Կը Մաղթէ 12-րդ Կարգի Հալէպահայ Ուսանողներուն

Յուլիս 25, 2022
Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարանի 100-ամեակին Առիթով.   Երաժշտական Յիշատակելի Եւ Բարձրորակ Ելոյթներ` Վահագն Հայրապետեանի, Հայկ Պետրոսեանի Եւ Անոնց Նուագախումբին Կատարողութեամբ
Գաղութային

Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարանի 100-ամեակին Առիթով. Երաժշտական Յիշատակելի Եւ Բարձրորակ Ելոյթներ` Վահագն Հայրապետեանի, Հայկ Պետրոսեանի Եւ Անոնց Նուագախումբին Կատարողութեամբ

Մարտ 28, 2022

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In