ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր
Կլենտէյլի «Ամերիքանա» առեւտուրի կեդրոնի ղեկավարները անգամ մը եւս հակասեցին իրենք զիրենք` յայտարարելով, որ ոչ միայն համաձայն են ծանուցելու Հայոց ցեղասպանութեան մասին «Ժխտման ճարտարապետները» վաւերագրական ժապաւէնը, այլեւ առաջարկեցին զայն գովազդել անվճար…
Այս ընթացքին «Ամերիքանա»-ի ղեկավարները իրենք զիրենք անխոհեմ ցոյց տուին, նաեւ` ոչ արհեստավարժ, եւ որքան ալ որ զարմանալի թուի, նաեւ ընդդէմ` իրենց առեւտրական շահերուն, երբ անզգայ վերաբերում դրսեւորեցին իրենց հիմնական գնորդներուն` տեղւոյն մեծաթիւ հայ բնակչութեան նկատմամբ:
Ամէն բան սկսաւ երկու շաբաթ առաջ, երբ «Ամերիքանա»-ի գլխաւոր տնօրէն Ճուլի Ճորըքի մերժեց տարածք տրամադրել ծանուցումի պաստառին համար` Հայոց ցեղասպանութեան մասին վաւերագրական ժապաւէնը անուանելով «խիստ քաղաքականացուած»: Երբ պատշաճ բացատրութիւն ստանալու համար դիմեցի «Ամերիքանա»-ին, առեւտուրի կեդրոնի հասարակութեան հետ կապերու եւ հաղորդակցութեան բաժինի պատասխանատու Էմըլի Տէյվիս ըսաւ. «Մենք խիստ չափանիշներ ունինք մեր ծանուցումներուն համար եւ ուշադիր կը հետեւինք անոնց բովանդակութեան: Այս ծանուցումը չի համապատասխաներ գովազդային ուղեցոյցներու մեր չափանիշներուն` Հարաւային Քալիֆորնիոյ ամբողջ տարածքին»: Իմ այն հարցումիս, թէ ինչո՞ւ վաւերագրական ժապաւէնը չի համապատասխաներ «Ամերիքանա»-ի գովազդային չափանիշներուն, երեք օր անց Էմիլի Տէյվիս պատասխանեց, որ «Ամերիքանա»-ն աւելցնելիք չունի…
Տեղւոյն հայ համայնքի եւ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի Կլենտէյլի մասնաճիւղի ճնշման տակ «Ամերիքանա»-ի գործադիր փոխնախագահ Ճեքի Լեւի փոխեց գործին ընթացքը եւ հաշտեցման նամակ յղեց Հայ դատի յանձնախումբին` յոյսեր տալով, որ խնդիրը լուծում կը ստանայ Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի եւ վաւերագրական ժապաւէնի արտադրիչներուն հետ հանդիպում ունենալէ ետք, սակայն ան հրաժարեցաւ տեսակցիլ Հայ դատի յանձնախումբին հետ:
Քանի մը օր անց Ճեքի Լեւի աւելի կոշտ նամակ մը յղեց վաւերագրական ժապաւէնի արտադրիչներուն` անգամ մը եւս յայտարարելով, որ «Ամերիքանա»-ն կը մերժէ գովազդը, քանի որ առեւտուրի կեդրոնը այն մարդոց համար է, «որոնք կրնան հաւաքուիլ եւ վայելել միասին… այդ պատճառով ալ մենք քաղաքական հարցերու վերաբերեալ ծանուցումները արգիլող քաղաքականութիւն հաստատած ենք…»: Այնուհետեւ ան առաջարկեց տեսակցութիւն ունենալ Հայ դատի յանձնախումբին հետ եւ փափաք յայտնեց` «վերահաստատել մեր վաղեմի աջակցութիւնը հայ համայնքին…», ինչ որ բացարձակ սուտ է: «Ամերիքանա»-ն բազմաթիւ անգամ հակահայ դիրքորոշում դրսեւորած է, յատկապէս` Հայոց ցեղասպանութեան հարցով, երբ երեք տարի առաջ արգիլեց Ցեղասպանութեան նիւթով շապիկներու վաճառքը:
Այնուհետեւ, Ճեքի Լեւի կատարեց աւելի վիրաւորական արտայայտութիւն մը` յայտնելով. «Մենք դիտողութիւններ ստացած ենք հայ համայնքէն եւ Թուրքիոյ հիւպատոսութենէն»: Պէտք է հարցնել Լեւիի, թէ սովորաբար քանի՞ թուրք յաճախորդ կ՛այցելէ «Ամերիքանա»` Կլենտէյլի 100 հազար հայերուն դիմաց: Աւելի՛ն. ան ինչո՞ւ թոյլ կու տայ, որ օտարերկրեայ բռնապետական վարչակարգի հիւպատոսութիւնը միջամտէ «Ամերիքանա»-ի եւ տեղւոյն համայնքի որոշումներուն: Այդպիսով անիկա Ցեղասպանութեան զոհերը` հայերը, կը հաւասարեցնէ անոնց, որոնց նախնիները իրականացուցած են նման նողկալի, զանգուածային յանցանքներ…
«Ամերիքանա»-ի վրայ նոյն ժամանակ ճնշում գործադրեցին ամերիկեան պատկերասփիւռի կայանները, որոնք ուղղակիօրէն կը սփռէին հայերու բողոքի ցոյցերը` առեւտուրի կեդրոնին դէմ:
Աւելի քան 20 ելոյթ ունեցողներ եղան, հայ եւ օտար, ներառեալ` տողերուս հեղինակը, որոնք բոլորը օգոստոս 15-ին դիմեցին Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդին` իրենց վրդովումը արտայայտելով Ճեքի Լեւիի անզգայ նամակին առիթով: Վերջաւորութեան քաղաքապետական խորհուրդի բոլոր հինգ անդամներն ալ իրենց դժգոհութիւնը յայտնեցին «Ամերիքանա»-ի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան յայտարարութեան մերժման առիթով եւ յանձն առին տեսակցիլ առեւտուրի կեդրոնի ղեկավարութեան հետ` վերջինիս դիրքորոշումը կարենալ փոխելու համար անհրաժեշտ ճնշումը գործադրելու նպատակով:
Վերջապէս, օգոստոս 17-ին, «Ամերիքանա»-ի ղեկավարները անգամ մը եւս փոխեցին իրենց դիրքորոշումը` այդ մասին յայտարարելով Հայ դատի յանձնախումբի մամլոյ ասուլիսէն քիչ առաջ, երբ կը նախատեսուէր պոյքոթ յայտարարել «Ամերիքանա»-ի դէմ` տեղւոյն հայ համայնքին անունով: Ճեքի Լեւի յայտարարեց, որ «Ամերիքանա»-ն «հիմա համաձայն է ցուցադրելու գովազդը` «արտադրիչներուն համար անվճար»:
«Ամերիքանա»-ի` աւելի կանուխ դրսեւորած բացասական որոշումը Լեւի արդարացուց` իբրեւ մարդու իրաւունքներու վերաբերեալ իրենց դիրքորոշման մէջ ի յայտ եկած «թիւրիմացութիւն», աւելցնելով. «… Որուն համար ներողութիւն կը խնդրենք: Մենք միշտ դատապարտած ենք բռնութեան եւ վայրագութիւններու բոլոր դրսեւորումները ամբողջ աշխարհի մէջ, այդ շարքին նաեւ` Հայոց ցեղասպանութիւնը, որ իր ազդեցութիւնը ձգած է մեր համայնքի հայ բնակչութեան կեանքին վրայ»:
Ի պատասխան` Հայ դատի յանձնախումբը յայտարարեց, որ ինք «Ամերիքանա»-ի դիրքորոշման փոփոխութիւնը կը համարէ «նախնական դրական քայլ»: Հայ դատի յանձնախումբը նաեւ յայտարարեց, որ առեւտուրի կեդրոնը «պէտք է ցոյց տայ իր գործակցական քաղաքացիութիւնը»:
«Պէտք է հետամուտ ըլլայ համայնքին հետ յարաբերութիւններու հաստատման, ինչ որ յստակօրէն ցոյց կու տայ անոր հասկացողութիւնն ու հոգատարութիւնը` համայնքին եւ մեր քաղաքին նկատմամբ: Յառաջիկայ շաբաթներուն մենք հանդիպում կ՛ակնկալենք Ռիք Քարուսոյի («Ամերիքանա»-ի սեփականատէրը) եւ անոր կառավարման խումբին հետ` յստակ կերպով քննարկելու համար, թէ ինչպէ՛ս կրնանք աւելի լաւ յարաբերութիւններ եւ կապեր հաստատել համայնքի, «Ամերիքանա»-ի եւ Քարուսոյի միջեւ, ինչ որ պիտի յանգեցնէ իրական, կառուցողական եւ լուրջ ու երկարաժամկէտ յարաբերութիւններու ստեղծման», յայտարարեց Հայ դատի յանձնախումբը:
Հաշուի առնելով «Ամերիքանա»-ի ղեկավարներուն հակասական յայտարարութիւնները վերջին քանի մը շաբաթներուն ընթացքին` հայ համայնքը ի սպառ կորսնցուցած է հաւատքը անոնց խոստումներուն նկատմամբ: Քարուսոն` «Ամերիքանա»-ի սեփականատէրը, ոչ միայն պէտք է վերատեսութեան ենթարկէ առեւտուրի կեդրոնին յարաբերութիւնները տեղական հայ համայնքին հետ, այլ որոշէ, թէ արդեօք անոր ղեկավարներէն քանի մը հատը տակաւին պէ՞տք է շարունակեն աշխատիլ իրեն համար` հաշուի առնելով անոնց ոչ արհեստավարժ վարքագիծը:
Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ