ՄԱՐԳԱՐ ՇԱՐԱՊԽԱՆԵԱՆ
«Ինչ որ կ՛ըսեմ հիմա մէկ սրտով, պիտի ըսուի Վաղը հազարաւոր սրտերու կողմէ»:
ԺՊՐԱՆ ԽԱԼԻԼ ԺՊՐԱՆ
«Հայրենասիրութիւն` չի նշանակեր միայն սիրել իր հայրենիքը: Ան անհամեմատ կերպով
աւելի շատ բան է…Ան հայրենիքէն անբաժանելիութեան գիտակցութիւնն է եւ անոր երջանիկ եւ դժբախտ օրերուն իրեն հետ անբաժանելի կերպով ապրիլը»:
ԱԼԵՔՍԷՅ ԹՈԼՍԹՈՅ
Անտարբեր հոգիներու զարթուցիչն է Հայաստանը:
Եթէ կ՛ուզես արթուն մնալ
ու գերբնական իմաստ տալ կեանքիդ,
Հայաստան եկուր:
Հոս հաստատուէ, հոս աշխատէ,
հոս բազմացուր ընտանիքդ:
Ազգային երջանկութիւնը
ամէնօրեայ զգացում է հոս:
Նիւթական շարժառիթներ չունի ան,
որոնք մակերեսային են ու վաղանցուկ:
Կարեւորը Հայաստանին հանդէպ զգացածդ է
եւ` ցոյց տուած մօտեցումդ,
որ որեւէ երկրի մէջ ապրելու չի նմանիր:
Տարբեր զգացում է այս մէկը:
Հոս, հայրենիքիդ անցեալը, ներկան
ու մանաւանդ ապագան հոգիիդ մէջն են,
մաս կը կազմեն արիւնիդ, կեանքիդ:
Սրբազան գինովութիւն է
հոս զգացածդ, որ բացատրելի չէ:
Աստուածներ կ՛ապրին հոս,
ու երբ հողիդ վրայ կ՛ապրիս,
աստուածներ կը յայտնուին նաեւ մէջդ,
անոնք անվերջ կը պարեն հետդ,
երբ պարելու ելլես դուն:
Եկուր եւ գործակցիր անոնց:
Մոռցուելիք երկիր չէ մեր երկիրը
եւ ոչ ալ` անարգելի:
Զբօսաշրջիկի աչքերով
մի նայիր Հայաստանին,
քուկդ է ան, լաւ իմացիր,
եւ քուկդ ըլլալու զգացումը
տարբեր զգացում է:
Ան ուրիշ երկիրներու մէջ
ապրելու զգացումներուն նման չէ:
Հոս գործ ունիս կատարելիք:
Ապրուստ ունիս հոգալիք:
Ասպարէզ ունիս յաջողցնելիք:
Երդում ունիս իրագործելիք:
Հայրենիք ունիս պաշտպանելիք:
Հոս է կեանքիդ ու ազգիդ ապագան:
Հայաստանը այն երկիրն է,
ուր հերոսներ կը ծնին:
Հոգին, որուն մէջէն Ոգին կը դրսեւորուի
փոխանցիկ է հոս:
Ան կը սաւառնի սերունդէ սերունդ:
Պայքարելու կը մղէ մեզ:
Արմատներուդ վրայ կ՛ապրիս հոս,
որոնք հին դարերու ուժ ունին:
Ազգային տոկուն ներաշխարհ ունենալ
կը պահանջէ հոս ապրիլը:
Ու երա՜զ, երա՜զ, երա՜զ,
հայրենիքիդ, ազգիդ ու գալիքին հանդէպ:
Եթէ այս ներաշխարհը ունիս,
եկուր հայրենիք ու հոս ապրէ:
Ազգերը միայն իրենց հայրենիքներուն մէջ է,
որ կը տոկան յաւիտեան:
Արագածոտնի մարզ, գիւղ Ուշի


