Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախի Մէջ Կազմակերպուած Է Ամէնամեայ Ջահերով Երթ

Ապրիլ 27, 2018
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

23 ապրիլին Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Արցախի երիտասարդական եւ «Արամ Մանուկեան» ուսանողական միութիւններու նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու 103-րդ տարելիցին նուիրուած տարեկան ջահերթ:

«Ապրելու ապրիլ» խորագիրը կրող ջահերթը մեկնարկած է Ստեփանակերտի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ բակէն` դէպի Ստեփանակերտի յուշահամալիր: Նախքան երթը, եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած է Եղեռնի անմեղ զոհերու յիշատակին նուիրուած աղօթք, որուն ընթացքին քարոզած է Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեան:

Ջահերթին մասնակիցները այրած են Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի պետական դրօշները, բարձրացուցած են դատապարտող պաստառներ, վանկարկելով` «Հայ զինուորը կանխեց նոր ցեղասպանութիւնը», «Թուրքիոյ ձեռքերը արիւնոտ են», «Ճանաչում», «Հատուցում», «Հայը պահանջատէր է, թուրքը` ցեղասպան»:

20-րդ դարասկիզբի եղեռնը ամենաթողութեան ու անպատժելիութեան մարմնացում էր ու երբեք զուգադիպութիւն չէ, որ անիկա շարունակուեցաւ, հասաւ մինչեւ Պաքու, Սումկայիթ, Մարաղա: Իսկ 2016-ի ապրիլը եկաւ ապացուցելու, որ ցեղասպանի ձեռագիրը դար իսկ յետոյ չէ փոխուած, եկաւ ապացուցելու, որ յանձնուելու եւ չպայքարելու իրաւունք չունինք, ապացուցելու, որ անկոտրում է ու աննահանջ հայ զինուորին ոգին: Ապրիլը ապրիլ սորվեցուց, ցաւով, բայց եւ յաղթանակով: Յաղթանակեցինք մեր հզօր բանակի, պետականութեան ու միասնութեան շնորհիւ: Թերեւս այդ էր 1915-ի եւ 2016-ի տարբերութիւնը` բանակ, պետականութիւն:

«Ճիշդ 103 տարի առաջ իր նախնեաց հողին վրայ Ցեղասպանութեան ենթարկուեցաւ հինաւուրց ու ստեղծագործ ժողովուրդ մը: Ազրպէյճանցի կոչուող թուրքերը ցեղասպանութիւն կը կատարէին նաեւ Արցախի մէջ, եթէ անոնց չդիմադրէր հայ զինուորը», Ստեփանակերտի յուշահամալիրին մէջ տեղի ունեցած ձեռնարկին ընթացքին ըսած է Արցախի Հանրապետութեան մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան փոխնախարար Գայեանէ Գրիգորեան` կոչ ուղղելով միջազգային կառոյցներուն, հանրութեան իրենց ձայնը բարձրացնելու, որպէսզի ոճրագործները պատասխանատուութեան կանչուին ու պատժուին հայ ժողովուրդին դէմ կատարած յանցագործութիւններու համար:

ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան Վարիչ մարմինի ներկայացուցիչ Մերուժան Սուլէյմանեան յայտնած է, որ պահանջատիրական ջահերթը պիտի շարունակուի այնքան ատեն, որ Թուրքիան չէ պատժուած: «Մենք պարտաւոր ենք յիշել 1915-ի Ցեղասպանութիւնը, 1988-ի Սումկայիթը, 2016-ի Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմը: 2016-ին հայ զինուորը ապացուցեց, որ ԱՊՐԻԼ այսուհետեւ պիտի ըլլայ ապրելու ԱՊՐԻԼ: Մենք պիտի շարունակենք պայքարիլ ո՛չ միայն ճանաչման, հատուցման, այլ նաեւ ամբողջական հայրենիքի վերականգնման համազգային նպատակի համար», ըսած է Մերուժան Սուլէյմանեան:

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան պատգամաւոր, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Լեռնիկ Յովհաննիսեան յայտնած է, որ երթը սուգի երթ չէ, այլ ոգեկոչումի, հատուցման պահանջի. «1960-ական թուականներէն սկսած Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման պայքարը այսօր մտած է նոր փուլ, այսօր մենք պէտք է պայքարինք ցեղասպանութեան քրէականացման, մեր ժողովուրդի բռնագրաւուած ունեցուածքի վերադարձին, հայրենազրկուած հայրենիքի վերադարձի համար եւ ես հաւատացած եմ, որ այսօրուան մեր անկախութեան սերունդը կ՛իրագործէ ատիկա»:

Ձեռնարկին ընթացքին ելոյթ ունեցած է «Մռակած» պետական սենեկային երգչախումբը:

Աւելցնենք, որ նոյն օրը ջահերով պահանջատիրական երթեր կազմակերպուած են նաեւ Մարտունի, Ասկերան, Բերձոր եւ Կովսական քաղաքներուն մէջ:

 

Նախորդը

Ի՛նչը Եւ Որո՛նք Ստիպեցին Հեռանալ

Յաջորդը

Հայաստանի Իրադարձութիւններուն Եւ Ցեղասպանութեան Միջազգային Մամուլի Անդրադարձ

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Հոկտեմբեր 4, 2023
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Սեպտեմբեր 27, 2023
Համազգայինի 95-Ամեակին Նուիրուած Հաւաքական Ցուցահանդէս Երեւանի Մէջ
Հայրենի Կեանք

Համազգայինի 95-Ամեակին Նուիրուած Հաւաքական Ցուցահանդէս Երեւանի Մէջ

Սեպտեմբեր 20, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In