Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

Օգոստոս 8, 2018
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

 «Խրիմեան Հայրիկ» Մենաթատրոնը` Արցախի Բեմին Վրայ

29 յուլիս 2018-ին Արցախի թատերասէրները կարելիութիւն ունեցան դիտելու ամերիկահայ բեմադրիչ, դերասան, թատերագիր, գիտնական, դոկտոր Հրանդ Մարգարեանի «Խրիմեան Հայրիկ» մենաթատրոնը: Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Համազգայինի հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Արցախի գրասենեակի նախաձեռնութեամբ եւ Ստեփանակերտի Վահրամ Փափազեանի անուան պետական տրամաթիքական թատրոնի համագործակցութեամբ: Ներկայացումին ներկայ էին` Արցախի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Վահրամ Բալայեանը, ԱՀ Ազգային ժողովի պատգամաւոր, ՀՅԴ Արցախի կառոյցի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեանը, ԱՀ Ազգային ժողովի պատգամաւոր Ռիթա Մնացականեանը, ԱՀ մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեանը, ԱՀ կրթութեան, գիտութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Նարինէ Աղաբալեանը, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի անդամ Սամուէլ սրկ. Մկրտչեանը, հրաւիրեալներ եւ Արցախի թատերասէր քաղաքացիներ:

Ներկայացման բացման խօսքով հանդէս եկաւ Համազգայինի Արցախի գրասենեակի պատասխանատու Հերմինէ Աւագեանը: Ան իր խօսքին մէջ նշեց, որ այս մենաթատրոնը առաջին անգամն է, որ արցախեան բեմի վրայ կը ներկայացուի եւ նուիրուած է Համազգայինի հայ կրթական եւ մշակութային միութեան 90-ամեակին, ինչպէս նաեւ` Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակին: Ան կարեւոր նկատեց այսպիսի ներկայացումներու ցուցադրութիւնը եւ նշեց, որ այս մենաթատրոնը իւրօրինակ հայրենասիրութեան դաս է իւրաքանչիւրին համար: Ըստ Հ. Աւագեանի,  ներկայացումը խաղցուած է աշխարհի տարբեր քաղաքներու մէջ եւ արժանացած` բուռն արձագանգներու, իսկ ներկայացումներուն ամբողջ հասոյթը տրամադրուած է Արցախի Պաշտպանութեան բանակին: «Հրանդ Մարգարեանի գրական եւ մշակութային վաստակը շատ մեծ է, կենսագրութիւնը` հարուստ, օրինակելի: Քանի մը բառով զայն կը բնորոշէի` հայրենիքի, մշակոյթի, կամ պարզապէս` իր գործին նուիրեալ մարդ», ըսած է Հ. Աւագեանը:

Մօտաւորապէս մէկ ժամ տասը վայրկեան տեւած խաղը սոսկ խաղ չէր, այլ` իրականութիւն, կարծես բեմէն կը խօսէր ուղղակի ինքը` Հայրիկը եւ անոր խօսքն ու պատգամը փոխանցուեցաւ ներկաներուն` անգամ մը եւս հաւաստելով, որ հայութեան  գերագոյն նպատակները ուժով, միասնութեամբ, զէնքով եւ կամքով միայն կրնան կերտուիլ:

Հաղորդենք, որ Արցախի խստապահանջ հանդիսատեսը մեծ հետաքրքրութեամբ  եւ յոյզերով  ընդունեց ներկայացումը, որուն վկան էին երկարատեւ եւ բուռն ծափողջոյններն ու հիացական խօսքերը:

Հիւսիսային Պողոտայի Վրայ Սկսած Է Աւանդական Դարձած «Երեւան Տարազֆեսթ» 4-րդ Փառատօնը

 

Երեւանի քաղաքապետարանի «Երեւանեան ամառ 2018» եռամսեայ ձեռնարկներու ծրագիրով Հիւսիսային պողոտայի վրայ սկսած է «Երեւան ՏԱՐԱԶֆեսթ» 4-րդ փառատօնը: Աւանդութեան համաձայն, առաջին մասը ցուցահանդէս-տօնավաճառն էր:

Փառատօնին բացման ներկայ եղած են` Երեւանի քաղաքապետի օգնական, զբօսաշրջութեան ոլորտը համակարգող Մարիա Բարաղամեանը, քաղաքապետարանի աշխատակազմի մշակոյթի վարչութեան պետ Ռուբէն Յովհաննիսեանը, զբօսաշրջութեան բաժնի պետ Գէորգ Օրբէլեանը, որոնք շրջած են տաղաւարները, ծանօթացած են ներկայացուած հայկական ազգային եւ այլ երկիրներու նմուշներուն:

Մարիա Բարաղամեանը, կարեւոր նկատելով փառատօնին դերը մայրաքաղաքի զբօսաշրջութեան զարգացման գործին մէջ, նշած  է. «Երեւան ՏԱՐԱԶֆեսթ» փառատօնը, զբօսաշրջային բաղադրիչ պարունակող միւս երկու փառատօններու հետ միասին, մեր կողմէ առանձնայատուկ ուշադրութեան տակ են, քանի որ նախորդ տարիներու ընթացքին արդէն հասցուցած են ապացուցել, որ գրաւիչ են աշխարհի տարբեր երկիրներէ Երեւան ժամանած զբօսաշրջիկներու համար: Քանի որ տարին յոբելեանական է մեր մայրաքաղաքի համար, փառատօնին ներառուած են շատ աւելի հետաքրքիր անակնկալներ եւ նորամուծութիւններ»:

Ինչպէս նախորդ տարիներուն, այս անգամ եւս «Երեւան ՏԱՐԱԶֆեսթ» 4-րդ փառատօնը բաղկացած է երկու մասէ. ցուցահանդէս-տօնավաճառէն յետոյ կը ներկայացուին հայ ձեւաւորողներու նոր հաւաքածոները:

Այս տարի փառատօնին մասնակցած է 25 տաղաւար: Իրենց պատրաստած տարազները, զարդանախշերը, գործերն ու այլ նմուշները ներկայացուցած են` «Տէրեան մշակութային կեդրոնը», «Տարազ եւ արթ» ֆոթոլապը, «Ասեղնագործ վարպետներ»-ը, «Տաշիր սթրիթ» առեւտուրի կեդրոնը, «Հայկական ապրանքանիշներ» ընկերութիւնը, «Ֆոթօ աթելիէ Մարաշլեանը», «Անահիտ Սիմոնեան ֆեշըն» նորաձեւութեան տունը, «Տարազ Էյ.Էմ.» ազգային նորաձեւութեան սրահը, «Տարազ» ընկերութիւնը, «Շուշան-Տաթեւ» ձեռագործ զարդերու ընկերութիւնը, «Հենտ մէյտ պայ Արուս» ընկերութիւնը, «Հայրենիքի զարգացման նախաձեռնութիւն» հիմնադրամը, «Հայտիկնիկ» ընկերութիւնը, «Մեգերեան կարպետը», «Շադոյեան ֆեշըն» նորաձեւութեան տունը, ինչպէս նաեւ` Երեւան քաղաքի պատմութեան թանգարանը:

Բարի աւանդոյթ դարձած է նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ հաւատարմագրուած դեսպանութիւններու եւ ազգային փոքրամասնութիւններու մշակութային կեդրոններու մասնակցութիւնը փառատօնին: Իրենց ազգային մշակոյթը տաղաւարներու մէջ ներկայացուցած  են` Հայաստանի մէջ Ղազախստանի, Իսրայէլի, Հնդկաստանի դեսպանութիւնները, Երեւանի մէջ գիտութեան եւ մշակոյթի ռուսական կեդրոնը, «Տեւտոնիա» գերմանացիներու մշակութային հասարակական կազմակերպութիւնը, «Պոլոնիա» Հայաստանի լեհերու միութիւնը, Հայաստանի ուքրանացիներու միութիւնը:

Երեւանի քաղաքապետարանի աշխատակազմի զբօսաշրջութեան բաժնի պետ Գէորգ Օրբէլեանը նշած է. «Մենք կարեւոր կը նկատենք փառատօնին այլ ազգերու մշակոյթի ներկայացումը: Արդէն աւանդութիւն դարձած է, որ ամէն տարի փառատօնին կը մասնակցին այլ ազգերու ներկայացուցիչներ` ներկայացնելով իրենց ազգային, մշակութային առանձնայատկութիւնները: Ինչպէս զբօսաշրջիկներուն  կը հետաքրքրէ մեր ազգային տարազն ու աւանդութիւնները, այդպէս ալ Հայաստանի բնակիչները մեծ սիրով կը մօտենան այլ ազգերու տաղաւարներուն, կը հետաքրքրուին անոնց մշակոյթով: Ասիկա կարելի է համարել մշակութային յարաբերութիւններու ստեղծում հայ եւ այլ ազգերու միջեւ»:

Այս տարի փառատօնին մասնակցելու նպատակով Սպանիայէն Երեւան ժամանած է Վիեննայի քաղաքապետարանի զբօսաշրջութեան բաժնի ղեկավար Մերսետես Մենոր Սեզպետեսը, որ խոստովանած է, որ հիացած է հայկական տարազներու գեղեցկութեամբ: «Շատ ուրախալի է, որ Երեւանի մէջ կարեւոր կը նկատեն ազգայինը, աւանդականը եւ կը համադրեն զայն ժամանակակից ոճերուն հետ: Կարելի է ունենալ շատ գեղեցիկ եւ ինքնատիպ ձեւաւորում: Ինծի եւ հազարաւոր այլ զբօսաշրջիկներու համար ասիկա իսկական տօն է եւ առիթ` ծանօթանալու հայկական բազմադարեայ մշակոյթին», նշած է Մերսետես Մենոր Սեզպետեսը: Յատկանշական է, որ փառատօնի ընթացքին ան ներկայացուցած է նաեւ իր ազգային տարազները, որոնք բերած էր Սպանիայէն:

«Փառատօնին ներկայացանք նոր հաւաքածոյով, որ ամբողջութեամբ հայկական նախշազարդերով է: Մեր նպատակն է հանրութեան լայն շրջանակին ներկայացնել մեր ազգայինը, որուն ձեւագէտները նոր շունչ պիտի հաղորդեն: Մենք այդ առումով այնքան մեծ հարստութեան տէր ենք, որ պարզապէս իրաւունք չունինք այդ նախշազարդերը չտեղափոխել նոր հագուստի վրայ», յայտնեց «Տարազ Էյ.Էմ.» ազգային նորաձեւութեան սրահի հիմնադիր տնօրէն, ձեւագէտ Սվեթլանա Յակոբեանը:

Ձեւագէտ Գէորգ Շատոյեանը նշեց, որ այս տարի կը ներկայացնէ երկու մասէ բաղկացած հաւաքածոյ. «Նախորդ հաւաքածոս նուիրուած էր Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին, երբ հագուստներուս վրայ տեղ գտած էին տարբեր համայնքներու, գաւառներու նախշազարդեր, եւ զայն անուանակոչած էի «Վերածնունդ»: Այս տարուան հաւաքածոս, որ կը կոչուի «Յաղթանակ», նուիրուած է Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան անկախութեան 100-ամեակին: Ես որոշեցի ներկայացնել հագուստներ երկու հաւաքածոներէն` «Վերածնունդ»-էն դէպի «Յաղթանակ»:

Փառատօնի ընթացքին հանդիսատեսին համար ելոյթ ունեցած են «Տարօնցիներ» ազգագրական երգի-պարի համոյթը եւ «Միլեն» պարային համոյթը: Հետաքրքրական ելոյթներով հանդէս եկած են նաեւ ազգային փոքրամասնութիւնները ներկայացնող մասնակիցները:

Հայաստանի Նախագահին Կինը Եւ Իտալիոյ Նախագահին Դուստրը Ծանօթացան Սերգէյ Փարաջանովի Հարուստ Ժառանգութեան

Իտալիոյ նախագահին դուստրը` Լաուրա Մատարելան Հայաստանի նախագահին կնոջ` Նունէ Սարգսեանի ուղեկցութեամբ, յուլիս 31-ին այցելեց մեծանուն բեմադրիչ Սերգէյ Փարաջանովի տուն-թանգարան, ուր կը պահպանուի Փարաջանովի բազմազան գեղարուեստական եւ գրական ժառանգութիւնը:

Տուն-թանգարանի տնօրէն Զաւէն Սարգսեանը հիւրերուն ներկայացուց Սերգէյ Փարաջանովի կեանքին ողբերգական եւ փառահեղ դրուագները` ներկաներուն ծանօթացնելով անոր ստեղծագործութիւններուն` ժապաւէններուն, քոլաժներուն, տիկնիկներուն եւ այլ հետաքրքրական գործերու:

Սարգսեան պատմեց, որ Փարաջանովը սկսած է քոլաժներ ստեղծել` ըսելով, որ Խորհրդային Միութեան մէջ իշխանութիւնները իրեն չէին արտօներ շարժանկարներ նկարահանել. ուստի, ինքը այդ բացը պիտի լրացնէ քոլաժներով. քոլաժը կարճատեւ ժապաւէնն է:

Զաւէն Սարգսեան անդրադարձաւ «Նռան գոյնը» «Սայաթ Նովա» հանրայայտ եւ աղմկայարոյց շարժանկարին` նշելով, որ անիկա չունի դիպաշար: Այդ ժապաւէնով  բեմադրիչը փափաքած է երկրին պատկերը ստեղծել:

Հիւրերը շրջեցան տուն-թանգարանի բոլոր բաժանմունքներով,  լուսանկարուեցան, իսկ շրջայցի աւարտին Զաւէն Սարգսեանը Լաուրա Մատարելային նուիրեց «Նռան գոյնը» շարժանկարին սկաւառակը` շեշտելով, որ անիկա լաւագոյն ժապաւէնն է Հայաստանի մասին, Սերգէյ Փարաջանովի աշխատանքներու փոքր ալպոմը:

Տնօրէնը Իտալիոյ նախագահին դստեր եւ Հայաստանի նախագահին կնոջ նուիրեց  «Մեկուսացում» գիրքը, որուն մէջ զետեղուած են Փարաջանովի կեանքի բանտային տարիներուն վերաբերող նամակներ, նիւթեր եւ նկարներ:

Հանդիպման աւարտին հիւրերը շնորհակալութիւն յայտնեցին Զաւէն Սարգսեանին ջերմ ընդունելութեան համար:

Իրաքի Հայ Համայնքը Կ՛աջակցի Սահմանամերձ Խաչիկ Գիւղին

Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան «Սահմանապահ բնակավայրերու աջակցութիւն» ծրագիրին միջոցով եւ Իրաքի մէջ ապրող հայ համայնքի համագործակցութեան շնորհիւ` 29 յուլիսին Խաչիկ գիւղին մէջ տեղի ունեցաւ ջրազտիչ կայանին եւ խաղահրապարակին բացման հանդիսաւոր արարողութիւնը, որուն ներկայ էին` Իրաքի Ազգային կեդրոնական վարչութեան փոխատենապետ Գէորգ Գաթոյեանը, վարչութեան գանձապահ Վարդան Վարդանեանը, Պաղտատի Հայ երկսեռ երիտասարդաց միութեան ատենապետ Կարապետ Գալուստեանը, Հայ մշակութային միութեան փոխատենապետ Նուշիկ Մելքոնեանը, Սիլվա Մանուկեանը, Շաքէ Գալուստեանը, Խաչիկ բնակավայրի ղեկավար Վարդան Ներսիսեանը, սփիւռքի նախարարութեան Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքի հայ համայնքներու վարչութեան գլխաւոր մասնագէտ Լուսինէ Բասենցեանը եւ գիւղի բնակիչներ:

Յիշեցնենք, որ այս աշխատանքներուն մեկնարկը տրուած էր այս տարուան մարտին:

Այնտեղ իրականացուած է ջրազտիչ աւազանի կառուցում, 500 մեթր խմելու ջուրի խողովակի տեղաւորում, փոքրիկներու համար նախատեսուած ջրաւազանի կառուցում, խաղահրապարակի վերանորոգում, ինչպէս նաեւ 2500 պտղատու ծառերու տնկիներու տրամադրում:

Անդրանիկ Ներկայացում` Հայաստանի Օփերային Թատրոնին Մէջ

Ա. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէի ազգային ակադեմական թատրոնին մէջ օգոստոս ամիսը կը շարունակէ մնալ աշխատանքային, եւ ներկայացուելու է Տիգրան Չուխաճեանի «Կարինէ» օփերեթը: Օփերային թատրոնի Դիմատետրի էջէն տեղեկացանք, որ 2 գործողութեամբ օփերեթի անդրանիկ ներկայացումը պիտի կայանայ օգոստոս 16 եւ 18-ին:

Նախագիծին հեղինակն ու բեմադրիչն է Ժիրայր Փափազեանը, իսկ երգահանը`  Յարութիւն Արզումանեանը:

Յայտնենք, որ երաժիշտ, երգահան, մանկավարժ Տիգրան Չուխաճեանը հայկական օփերային արուեստի հիմնադիրն է: Եւրոպական երաժշտական կրթութիւն ստացած երաժիշտը Իտալիա  գտնուած օրերէն սկսած է աշխատանքները «Կարինէ» կամ «Լեպլեպիճի Հոր-հոր աղա» անմահ օփերեթին վրայ, որ բեմ բարձրացաւ 1875 թուականին:

Օփերեթը թարգմանուած է տարբեր լեզուներով եւ բեմադրուած է շարք մը երկիրներու մէջ` Պուլկարիա, Յունաստան, Գերմանիա, Եգիպտոս եւ այլուր:

Տեղեկացնենք, որ հայերէնով առաջին անգամ օփերեթը բեմադրուած է 1912 թուականին, Մայիլեան թատրոնին մէջ, Մացակ Տէր Առաքելեանի թարգմանութեամբ: Տ. Չուխաճեանի մահէն ետք իրականացած է նաեւ երաժիշտին երազանքը` «Կարինէն» բեմադրուած է նաեւ Փարիզի մէջ:

Հայաստանի Առաջին Պետական Տիկնիկային Թատրոնը Ազդարարեց Թատերաշրջանի Մեկնարկը

Հայաստանի առաջին պետական տիկնիկային թատրոնը օգոստոս 5-ին ազդարարեց թատերաշրջանի մեկնարկը:

Գիւմրիի  Ստեփան  Ալիխանեանի անուան տիկնիկային թատրոնին մէջ «Բարեկենդան»-ով ազդարարուեցաւ  83-րդ թատերաշրջանին մեկնարկը:  Թատրոնի նորանշանակ տնօրէն Արմինէ Մանուկեանը, որ աւելի քան տասը տարի է, որ թատրոնին մէջ կ՛աշխատի իբրեւ բեմադրիչ, փաստեց, որ  երկար ժամանակէ ի վեր տիկնիկայինը  թատերաշրջանի այսպիսի  մեկնարկ չէ ունեցած:

Մայիս 1935-ին  Լենինականի Հայ ֆիլհարմոնիայի դահլիճին մէջ  ազդարարուեցաւ տիկնիկային  թատրոնի գործունէութեան սկիզբը: Բեմադրիչ Յասմիկ Գէօզալեանի ղեկավարութեամբ, տիկնիկայինը իր առաջին թատերաշրջանին բացումը կատարեց միանգամէն երեք` Եէ. Վերեյակայայի «Յեղափոխական Տանեա», Կռիլովի «Կապիկն ու հայելին» եւ «Տիկնիկային պարեր» բեմադրութիւններով: Ցարդ թատերասրահին մէջ պահպանուած է  թատրոնի ամենաառաջին որմազդը:

83 տարի անցած է, եւ փոխուած է շատ մը բան` տարածքը, անուանումը, խաղացանկը, բայց չէ փոխուած տիկնիկային թատրոնին նպատակն ու գերխնդիրը` արժեհամակարգը, դասականը փոքրիկներուն ճանաչելի դարձնելը:

Տիկնիկային թատրոնը կը փորձէ ձեռքը ժամանակի զարկերակին պահելով` սահուն կերպով իրականացնել սերնդափոխութիւն. վաստակաշատ դերասաններու կողքին կ՛աշխատին երիտասարդները, երիտասարդ բեմադրիչներն ալ կարելիութիւն ունին բեմադրելու դասական գործերը` նոր ոգիով, բայց` պահելով հայկական հեքիաթի շունչը:

Խօսելով տիկնիկային թատրոնի հարցերուն մասին տնօրէնը  կարեւոր նկատեց վերանորոգման եւ  ներքին յարդարման հարցը: «Աւելի քան 30 տարի այս կառոյցին մէջ վերանորոգում չէ իրականացուած: Երբ հիմա կը նայիմ, սրտէս արցունք կը կաթի: Իբրեւ մանկական թատրոն` շատ վատ  վիճակի մէջ է: Կը փորձենք գտնել բարերարներ  եւ հովանաւորներ` թատրոնը որոշակի շունչի  բերելու», նշեց երիտասարդ տնօրէն Արմինէ Մանուկեանը:

Նախորդը

Պատմական Մեծ Դէմքեր. Խրիմեան Հայրիկ Եւ Իր Ժամանակները

Յաջորդը

Վերյիշելով Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանն Ու Իր Ժամանակը (Մահուան 150-ամեակին Առիթով)

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Պերճ Աբգարեան Կը Ստանայ Պատուոյ Փրոֆեսէօրի Կոչում
Հայրենի Կեանք

Պերճ Աբգարեան Կը Ստանայ Պատուոյ Փրոֆեսէօրի Կոչում

Հոկտեմբեր 1, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Հոկտեմբեր 1, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?