Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մոհամետ Պասել Ահմատ. «Մենք Որպէս Նոր Եւ Պահանջատէր Սերունդ` Պարտք Կը Զգանք Նկարչութեան, Մամուլի, Բանաստեղծութեան, Թատրոնի, Երաժշտութեան, Պարի, Երգի Եւ Այլ Միջոցներով Ողջ Աշխարհին Ներկայացնել Հայոց Ցեղասպանութիւնն Ու Հայ Եւ Սուրիացի Ժողովուրդներուն Կրած Տառապանքը»

Օգոստոս 7, 2018
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հարցազրոյցը վարեց ՄԱՐԷՆ ՊԱՊԵԱՆ

Արուեստը մարդկային ապրումներու հայելին է: Մեր հոգեւոր մշակոյթն ու ճշմարտութեան որոնման իւրայատուկ եղանակը, որ կ’արտացոլացնէ կեանքի ողբերգական կամ հերոսական, վեհ կամ նսեմ եւ յատկապէս գեղեցիկ կողմերը:

Արուեստագէտին նպատակը իր ժողովուրդին, դասակարգին կամ համայն մարդկութեան իղձերու արտաբերումն է: Արուեստագէտը իր գործերով կրնայ նահատակներ ոգեկոչել, արդարութիւնը որոնել կամ նոյնիսկ ժողովուրդ մը յեղափոխութեան մղել:

Հալէպի Արուեստից համալսարանի շրջանաւարտ Մոհամետ Պասել Ահմատ իր աւարտաճառին որպէս նիւթ ընտրած է Հայոց ցեղասպանութիւնը: Ան հայ ժողովուրդին ողբերգութիւնը եւ թրքական բարբարոսութիւնը համալսարանական իր միջավայրին ուշադրութեան արժանացնելով` փորձած է նմանութեան եզրեր գտնել Հայոց ցեղասպանութեան, հայ ժողովուրդին պատմական իր հայրենիքէն բռնի տեղահանման եւ 100 տարի ետք անպատիժ մնացած Թուրքիոյ կողմէ նոյնպիսի բարբարոսութեան ենթարկուած Սուրիոյ ժողովուրդին կրած տառապանքին միջեւ:

Մոհամետ Պասել Ահմատ ծնած է Տէր Զօր, 1996-ին: Երկրորդական ուսումը աւարտելէ ետք հետեւած է Հալէպի պետական համալսարանի գեղարուեստի ճիւղին, որմէ շրջանաւարտ եղած է այս տարի:

Պասել Ահմատ իր աւարտաճառին որպէս նիւթ ընտրած է Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ ներկայացուցած է հայ ժողովուրդին պատմութիւնը արտացոլացնող 15 գեղանկարներ:

Այս առիթով «Գանձասար» հետեւեալ հարցազրոյցը ունեցաւ արուեստագէտ Պասել Ահմատի հետ.

«ԳԱՆՁԱՍԱՐ».- Դուք շրջանաւարտ դարձաք Հալէպի Գեղարուեստի համալսարանէն եւ որպէս աւարտաճառ` ընտրեցիք Հայոց ցեղասպանութեան նիւթը: Ի՞նչն է, որ մղեց ձեզ այս նիւթի ընտրութեան:

ՊԱՍԵԼ ԱՀՄԱՏ.- Մեծ մայրս հայ էր: Անոր ծնողները Ցեղասպանութեան ականատեսը դարձած են: Մանկութենէս ի վեր ան ինծի կը պատմէր Ցեղասպանութեան մասին: Այդ պատմութիւններէն տպաւորուած` Հայոց ցեղասպանութիւնը ընտրեցի որպէս իմ աւարտաճառիս նիւթ եւ լուսարձակի տակ առի Հայոց ցեղասպանութեան եւ Սուրիոյ ութամեայ պատերազմին ընթացքին մարդկային ողբերգութիւնը: Մարդիկ մորթուեցան, միլիոնաւոր զոհեր եւ վիրաւորներ արձանագրուեցան, ոմանք ձերբակալուեցան, առեւանգուեցան եւ բանտարկուեցան: Այս բոլորին կողքին, տեղի ունեցաւ նաեւ մշակոյթի ոչնչացում, պատմական կոթողներու, յուշարձաններու ծրագրուած քանդում:

Հոս կ’ուզեմ անդրադառնալ, որ «Մայրիկ» շարժանկարն ալ մեծ դեր ունէր Հայոց ցեղասպանութիւնը ողջ աշխարհին ներկայացնելու իր բոլոր մանրամասնութիւններով, որմէ ազդուած` կարգ մը պատկերներ օգտագործեցի գեղանկարներուս մէջ:

«Գ.».- Ինչպիսի՞ արձագանգ գտաւ ձեր աւարտաճառը:

Պ. Ա.- Աւարտաճառիս ներկայացումէն առաջ համալսարանի դասախօսներուն եւ, անոնց կողքին, արուեստագէտ Զաւէն Պարտաքճեանին եւ երաժիշտ Յարութ Ալապոզանեանին հետ թեզս քննարկեցինք: Անոնք քաջալերեցին զիս այս աշխատանքի ընթացքին, մանաւանդ որ 2006-էն` Հալէպի Գեղարուեստի համալսարանի հիմնադրութենէն ի վեր, ոչ մէկ ուսանող ընտրած էր Հայոց ցեղասպանութեան նիւթը որպէս աւարտաճառ: Աւարտաճառիս ներկայացումէն մէկ օր առաջ Դիմատետրի էջիս վրայ կարճ ծանուցում մը հրապարակեցի եւ հայ ու արաբ բարեկամներս, համալսարանի դասախօսներս հրաւիրեցի: Ներկայացումին ներկայ եղան նաեւ հայկական միութիւններու, կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ: Հետաքրքրականը այն էր, որ ներկայ բարեկամներէս եւ հարազատներէս ոմանք տեղեակ չէին Հայոց ցեղասպանութեան մանրամասնութիւններուն եւ մեծ հետաքրքրութեամբ դիտեցին գեղանկարներս:

«Գ.».- Խօսինք ձեր ոճին մասին:

Պ. Ա.- Ես միակ ուսանողն էի, որ գեղանկարներուս մէջ օգտագործեցի իրատեսական ոճը, յատկապէս գործածեցի մանիշակագոյն եւ կապոյտ գոյները, որոնք կը խորհրդանշեն տխրութիւնն ու ցուրտը: Կապոյտը ունի նաեւ հոգեւոր նշանակութիւն, ան կը խորհրդանշէ Ս. Աստուածածնայ տարազը:

«Գ.».- Եթէ Թուրքիա օրին իր արդար պատիժը ստանար միջազգային ընտանիքին կողմէ եւ ընդունէր Հայոց ցեղասպանութիւնն ու հատուցում կատարէր հայ ժողովուրդին, արդեօ՞ք պիտի համարձակէր կրկնել Սուրիոյ ժողովուրդին նկատմամբ նոյնպիսի բարբարոսութիւններ:

Պ. Ա.- Հարկաւ ոչ, եթէ 100 տարի առաջ Օսմանեան կայսրութիւնը միջազգային ընտանիքին կողմէ համապատասխան պատիժի արժանանար, այսօր անգամ մը եւս չէր կրնար կրկնել նոյնանման բարբարոսութիւններ Սուրիոյ մէջ ու անոր ժողովուրդին նկատմամբ, բայց մենք որպէս նոր եւ պահանջատէր սերունդ` պարտք կը զգանք նկարչութեան, մամուլի, բանաստեղծութեան, թատրոնի, երաժշտութեան, պարի, երգի եւ այլ միջոցներով ողջ աշխարհին ներկայացնել Հայոց ցեղասպանութիւնն ու հայ եւ սուրիացի ժողովուրդներուն կրած տառապանքը, որպէսզի մարդկային դատեր մոռացութեան չմատնուին, ընդհակառակը, հայ եւ սուրիացի ժողովուրդները իրենց իրաւունքը պաշտպանելու համար նոր հարթակներ ստեղծեն:

«Գ.».- Շնորհակալութի՛ւն, յարգելի՛ պրն. Պասել այս մտերմիկ հարցազրոյցին համար, մաղթենք, որ այս հանդիպումը համագործակցութեան առիթ հանդիսանայ` մարդկութեան ուշադրութեան արժանացնելու հայ եւ սուրիացի ժողովուրդներուն արդար պահանջները:

 

 

 

Նախորդը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Որքա՜ն Կ՛ափսոսանք Եւ Կը Ցաւինք

Յաջորդը

«Ազատութեան» Եւ Գասպարիի Անհաւատալի Արկածները Երեւանում

RelatedPosts

Հոգեկան Սլացք Եւ Աննկարագրելի Ապրում Է Իգնատիոս Արք. Մալոյեանի Սրբադասումը». Մաշտոց Թ. Ծ. Վրդ. Զահթէրեան
Հարցազրոյց

Հոգեկան Սլացք Եւ Աննկարագրելի Ապրում Է Իգնատիոս Արք. Մալոյեանի Սրբադասումը». Մաշտոց Թ. Ծ. Վրդ. Զահթէրեան

Հոկտեմբեր 16, 2025
Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» Թատերախումբ.  «Մարդը Աթլանթիսէն» Թատերախաղին Մասին Հեղինակ Վաչէ Ատրունիի Եւ Բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեանի Հետ Յատուկ Հարցազրոյց
Հարցազրոյց

Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» Թատերախումբ. «Մարդը Աթլանթիսէն» Թատերախաղին Մասին Հեղինակ Վաչէ Ատրունիի Եւ Բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեանի Հետ Յատուկ Հարցազրոյց

Հոկտեմբեր 6, 2025
Զրոյց` Իրաքահայ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Կարապետ Գալուստեանի Հետ
Հարցազրոյց

Զրոյց` Իրաքահայ Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Կարապետ Գալուստեանի Հետ

Սեպտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?