Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պատանեկան Ճամբարներ Արցախի Մէջ

Օգոստոս 6, 2018
| Հարցազրոյց
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԱԹԵՒԻԿ ԱՂԱՋԱՆԵԱՆ

Արդէն 8 տարի է Արցախի պատանիներուն զգալի մասին համար ամառային հանգիստի անբաժան մաս կը կազմեն տարբեր երկիրներու ՀՅԴ երիտասարդական միութիւններու կողմէ Արցախի մէջ կազմակերպուող պատանեկան ճամբարները, որոնք կը տեւեն երկու շաբաթ եւ նախատեսուած են 10-16 տարեկան պատանիներու համար:

Բացառութիւն չէր նաեւ այս տարին: 2018-ին Արցախի մէջ կազմակերպուող ՀՅԴ պատանեկան ճամբարներու ընթացքին եւ արդիւնքներուն մասին է «Ապառաժ»-ի հարցազրոյցը ՀՅԴ Արցախի ԿԿ անդամ, ճամբարներու գծով պատասխանատու Վահագն Դադայեանին հետ:

«ԱՊԱՌԱԺ».- ՀՅԴ երիտասարդական կառոյցներու կազմակերպմամբ Ստեփանակերտի մէջ միաժամանակ երկու ճամբարներ սկսած են: Հնարաւո՞ր չէր արդեօք անոնցմէ մէկը այլ վայրի մէջ կազմակերպել:

ՎԱՀԱԳՆ ԴԱԴԱՅԵԱՆ.- Ստեփանակերտի Աշոտ Ղուլեանի անուան թիւ 2 եւ Հայկ Բալասանեանի անուան թիւ 5 դպրոցներուն մէջ կայացած ճամբարներուն մասնակցած է շուրջ 350 պատանի: Նախատեսուած է ճամբարներէն մէկը իրականացնել Շուշի քաղաքին մէջ, բայց չէ յաջողած, քանի որ տեղի վարչական ղեկավարութիւնը չէ տրամադրած մեր առաջարկած դպրոցի շէնքը` պատճառաբանելով, որ այդ շէնքը արտադպրոցական որևէ ձեռնարկի համար  չ՛օգտագործուիր: Առաջարկած են մէկ այլ դպրոց, որ ընդհանրապէս պիտանի չէր ճամբարի իրականացման համար: Ատոր համար ստիպուած էինք Աւստրալիոյ երիտասարդական միութեան նախաձեռնած ճամբարը տեղափոխել Ստեփանակերտի թիւ 5 դպրոց: Եւ այսպէս, երկու ճամբարներն ալ Ստեփանակերտի մէջ ընթացան:

Ստեփանակերտի թիւ 2 դպրոցին մէջ նոյն ժամանակաշրջանին կազմակերպուած ճամբարը նախաձեռնած  էր ՀՅԴ ԱՄՆ Արեւմտեան ափի երիտասարդական միութիւնը, աշխատանքներուն օժանդակած է Արցախի երիտասարդական միութիւնը:

Բացի վերոնշեալէն` Ասկերանի մէջ շուրջ 150 պատանի մասնակցած են ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան կազմակերպած ճամբարին: ՀՅԴ ԶՈՄ-ի օրակարգը կը տարբերի մնացած ճամբարներու օրակարգէն. երկրորդ շաբթուան ծրագիրին կրնան մասնակցիլ միայն ՀՅԴ պատանեկան միութեան անդամները: ՀՅԴ Արցախի պատանեկան միութեան վարիչները աշխատանք կը տանին, կ՛օժանդակեն նախապէս ճշդուած ծրագիրին:

Յուլիս 30-էն սկսած է ՀՅԴ Ֆրանսայի երիտասարդական միութեան եւ ՀՅԴ ԱԵՄ-ի կազմակերպած ճամբարը Մարտունի քաղաքին մէջ: Այն եւս տեւելու է երկու շաբաթ, կը մասնակցին 150-էն աւելի պատանիներ:

Առաջին նման ճամբարը կազմակերպուած է 2010-ին` ՀՅԴ ԱՄՆ Արեւմտեան ափի նախաձեռնութեամբ, միաժամանակ երկու քաղաքներու մէջ` Ստեփանակերտի եւ Շուշիի մէջ: Յետոյ աշխարհագրութիւնը ընդլայնուած է` ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութիւն, ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութիւն, ՀՅԴ ԱՄՆ Արեւելեան ափ, ՀՅԴ Ֆրանսայի «Նոր սերունդ», ՀՅԴ Հոլանտայի երիտասարդական միութիւն: Աւստրալիոյ երիտասարդական միութիւնն այս տարի առաջին անգամն  է, որ առանձին ճամբար կը կազմակերպէ:

«Ա.».- Ըստ ձեզի, ինչո՞վ ՀՅԴ պատանեկան ճամբարները կը տարբերին Արցախի մէջ կազմակերպուող ճամբարներէն, եւ արդեօ՞ք ճամբարները կը ծառայեն իրենց նպատակին:

Վ. Դ.-  ՀՅԴ պատանեկան ճամբարներու նպատակներն են` կազմակերպել ամառային ազատ ժամանց, արտադպրոցական կրթական ծրագիրի շուրջ համախմբել երեխաները, անոնց հայեցի և ճիշդ դաստիարակել, նաեւ` լեզուներու, հայ ժողովուրդի եւ Դաշնակցութեան պատմութեան ուսուցում ու մաքրութեան, առաջին բուժօգնութեան, վայրերու մէջ կողմնորոշուելու եւ այլ թեմաներով դասախօսութիւններ: Կարեւոր նպատակներէն է նաեւ սփիւռքեան գաղթօճախներու հայրենակիցներու հետ տեղացի երեխաներու անմիջական շփումը:

ՀՅԴ ճամբարը քիչ մը կը տարբերի այստեղ տեղի ունեցող ճամբարներէն: Սփիւռքահայ վարիչները աւելի շատ շփման մէջ կը մտնեն երեխաներուն հետ, եւ անոնց գործելաոճը կը տարբերի դպրոցի ուսուցիչներու գործելաոճէն: Անոնք պատանիները կը դիտարկեն վարիչի հետ հաւասար հարթութեան վրայ: Ատիկա աշակերտներուն համար նորամուծութիւն է, որուն շնորհիւ առօրեան առաւել գրաւիչ կը դառնայ, երեխաները աւելի ազատ կը հաղորդակցին վարիչներուն հետ: Տարեցտարի կը մեծնայ Արցախի մէջ ճամբարներու թիւը: Խօսքը ոչ միայն Դաշնակցութեան, այլ տարբեր հասարակական իրականացուող կողմէ կազմակերպուող ճամբարներու մասին է, որ ողջունելի է: Առաջին տարիներուն նման ճամբար նորութիւն էր Արցախի համար: Հիմա ե՛ւ մեր աշխարհագրութիւնը ընդլայնած է, ե՛ւ տեղի կառոյցները ձեռնամուխ եղած են ճամբարներու կազմակերպման:

«Ա.».- Իսկ ինչպէ՞ս կը կազմուի ճամբարի ծրագիրը, ի՞նչ նորամուծութիւններ կային այս տարի:

Վ. Դ.-  Ամէն տարի, ՀՅԴ Բիւրոյի երիտասարդական գրասենեակի նախաձեռնութեամբ, պատանեկան կամ երիտասարդական միութիւններու համահայկական խորհրդաժողով կը կայանայ, որուն ընթացքին նաև ճամբարներու ձեռնարկի բովանդակութիւնը կ՛որոշուի: Անիկա իւրաքանչիւր տարի որոշակի փոփոխութեան  կ՛ենթարկուի: Փոփոխութեան կ՛ենթարկուի նաեւ ծրագիրը, կը թարմացուին մարզական եւ ուսուցողական խաղերը:

«Ա.».- Արդեօ՞ք կը ծրագրէք Արցախի կառոյցին կողմէ սփիւռքի որեւէ վայրի մէջ ճամբար կազմակերպել:

Վ. Դ.-  Ընդհանրապէս այդպիսի գաղափար կայ, բայց ֆինանսական միջոցներու, հնարաւորութիւններու խնդիր կայ: Այդպիսի ճամբարը հայրենիք-սփիւռք կապերու ամրապնդման լաւագոյն օղակներէն մէկը կ՛ըլլայ, որուն ընթացքին հայրենիքի մէջ ապրող երիտասարդներն ալ իրենց փորձառութիւնը կրնան փոխանցել սփիւռքի մեր հայրենակիցներուն:

 

 

Նախորդը

Խմբագրական «Գանձասար»-ի- Օգոստոս Ա.- Հաւաքական Պատասխանատուութիւն

Յաջորդը

Ո՞վ Է Դաշնակցականը

RelatedPosts

Համազգայինը Կը Ներկայացնէ «Նեմեսիս» Գեղարուեստական Բեմականացումը` Հայոց Ցեղասպանութեան 110-Ամեակին Նուիրուած
Հարցազրոյց

Համազգայինը Կը Ներկայացնէ «Նեմեսիս» Գեղարուեստական Բեմականացումը` Հայոց Ցեղասպանութեան 110-Ամեակին Նուիրուած

Ապրիլ 18, 2025
Ձմեռ Պապի 15 Տարիների Այցելութիւնները
Հարցազրոյց

Ձմեռ Պապի 15 Տարիների Այցելութիւնները

Մարտ 18, 2025
Պայքարի Միջոցով Միայն Կը Մաքրուի Պարտութեան Խարանը. Արա Պուլուզեան
Հարցազրոյց

Պայքարի Միջոցով Միայն Կը Մաքրուի Պարտութեան Խարանը. Արա Պուլուզեան

Յունուար 14, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?