ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ
Այսօր, 21-րդ դարու ընթացքին, երբ բազմաթիւ զարգացած պետութիւններ ունին աշխարհիկ սահմանադրութիւններ, որոնք անջատած են պետական համակարգը կրօնէն, իսկ որոշ պետութիւններ ալ գիտակցելով, որ կրօնի մխրճումը քաղաքական կեանքին մէջ պիտի ստեղծէ բաժանում հասարակութեան մէջ, արգիլած են կրօնական հաստատութիւններու միջամտութիւնը քաղաքական կեանքին մէջ եւ` հակառակը (քաղաքական գործիչներու ելոյթները` կրօնական հաստատութիւններուն մէջ):
Հայաստանը, որ այսօր կը թեւակոխէ զարգացման ուղին եւ կը նշէ պետականութեան վերականգնման 100-ամեակը, պէտք է նաեւ ժառանգէ Ա. Հանրապետութիւնը յատկանշած աշխարհիկ դիմագիծը:
Հայաստանը, իբրեւ անկախ հանրապետութիւն մը, որուն անկախութեան վերականգնումէն անցած է 27 տարի, կարիք ունի ուսումնասիրելու աշխարհիկութեան յաջող փորձերը եւ, ըստ կարելւոյն, հայկականացնէ զանոնք: Աշխարհիկութեան ամէնէն յաջող փորձերէն կրնանք նկատել Ֆրանսայի փորձը, մանաւանդ որ անիկա դարձաւ նաեւ աշխարհիկութեան հայրենիքը:
Բայց` ինչո՞ւ Ֆրանսան:
Ֆրանսան, որ ներկայիս ծանօթ է իր լայնամտութեամբ, ազատամտութեամբ ու քաղաքացիական լայն ազատութիւններով, ծաւալուն հակամարտութիւն ունեցած է պատմութեան ընթացքին: Հակամարտութիւն մը, որ կ՛ընդգրկէր` ձախը ընդդէմ աջին, յեղափոխականը ընդդէմ յետադիմականին եւ յառաջդիմականը ընդդէմ պահպանողականին:
Յիշեալ հակամարտութեանց մեկնակէտի թուականը հանդիսացաւ 1789-ը, երբ պայթեցաւ Ֆրանսական Մեծ յեղափոխութիւնը` զինուելով Ժան-Ժաք Ռուսոյի, Շարլ Լուի Մոնթեսքիոյի,Վոլթերի եւ Տենի Տիտրոյի գաղափարներով:
Ֆրանսական յեղափոխութիւնը վերջ դրաւ առանձնաշնորհեալութեան (ներառեալ` կղերականութեան առանձնաշնորհումներուն: Կղերականները այն ժամանակ մաս կը կազմէին համակարգին, քանի որ հողերուն 6 առ հարիւրը եկեղեցւոյ սեփականատիրութիւն էր, եւ վերջինս այդ հողերէն կը ստանար մուտք, իսկ պետութեան տնտեսութիւնը այն ժամանակ կը գտնուէր ընկրկումի մէջ), եւ յեղափոխական մարմինները յաջողեցան որդեգրել այնպիսի որոշումներ, որոնք ֆրանսական համակարգը աշխարհիկի վերածեցին, ինչ որ կը գոյատեւէ մինչեւ օրս: Այդ ժամանակ որդեգրուած հիմնական սկզբունքներն էին` խղճի ազատութիւն, եկեղեցական տուրքի ջնջում եւ պետականացում բոլոր այն գոյքերուն, որոնցմէ եկեղեցին եկամուտ կը ստանար: Հետագային աշխարհիկութիւնը զարգացաւ 1882-ին Ժիւլ Ֆերիի վարչապետութեան ընթացքին, երբ ան կրթութիւնը դարձուց ձրի եւ աշխարհիկ, աւելի՛ն, ան ստեղծեց աշխարհիկ ուսուցչական եւ կրթական մարմիններ` այսպիսով հիմքը դնելով ներկայ Ֆրանսական կրթական համակարգին:
Կ՛արժէ աւելի կեդրոնանալ 1905-ին (յեղափոխութեան ժամանակ աշխարհիկ էր Ֆրանսան, սակայն 1801-ին Նափոլէոնը վերահաստատեց Կաթողիկէ եկեղեցւոյ կարգավիճակը` իբրեւ պետական կրօն) Ֆրանսական խորհրդարանին որդեգրած «Եկեղեցւոյ եւ պետութեան բաժանման» օրինագիծին վրայ: Մանաւանդ` այն կէտերը, որոնք կ՛արգիլեն կրօնի միջամտութիւնը քաղաքականութեան մէջ եւ` հակառակը: Օրինագիծին 26-րդ յօդուածը կը նշէ. «Արգիլուած են քաղաքական հաւաքները այն հաստատութիւններուն մէջ, ուր կը կատարուին աղօթքներ»: Այսպիսով, եկեղեցիներուն եւ վանքերուն մէջ ոեւէ մէկը, ըլլայ քաղաքական գործիչ թէ կղերական, իրաւունք չունէր միջամտելու քաղաքական հարցերու, եւ ասիկա հաստատուած է ըստ սահմանադրութեան: Օրինագիծին 29-րդ եւ 35-րդ յօդուածները կղերականութիւնը ուղղակիօրէն պատասխանատու կը նկատեն այս գծով սահմանադրութեան որեւէ կէտի խախտման: Սահմանադրութեան առաջին յօդուածը կը նշէր, որ` «քահանաները պատասխանատուութեան առջեւ կը գտնուին հնազանդելու այս հսկողութիւններուն», իսկ երկրորդը կը հաստատէր «քրէական պատիժներ կղերականներուն` հրահրիչ յայտարարութիւններու համար»: Այսպիսով, պետութիւնը (սահմանադրութեամբ) նաեւ կը ստանձնէր դիտորդի դեր` հսկելու համար կղերականներուն եւ կրօնական հաստատութիւններուն հեռու մնալը քաղաքական կեանքէն, իսկ միւս կողմէ ալ քաղաքական գործիչներուն կ՛արգիլէր օգտագործել կրօնը` իբրեւ քաղաքական գործիք եւ կը քրէականացնէր բոլոր անպատասխանատուութիւնները:
Անշուշտ պիտի գտնուին անհատներ, որոնք սահմանադրական այս կանոնները պիտի նկատեն «բռնատիրական», «կրօնական ազատութիւններ խանգարող» եւ այլն: Նոյն այդ անհատները կ՛անտեսեն սահմանադրութեան մէջ գտնուող կրօնական ազատութեան իրաւունքը, որուն ընդմէջէն իւրաքանչիւր անհատի իրաւունք կը տրուի ազատօրէն մասնակցելու կրօնական արարողութիւններուն եւ ազատօրէն արտայայտելու իր կրօնական համոզումները:
Կրօնական հաստատութիւնները անջատելով պետութենէն` պետութիւնը բոլոր քաղաքացիներուն հաւասարօրէն իրաւունք տուած կ՛ըլլայ կրօնական ազատութեան: Բարեբախտաբար Հայաստանի Հանրապետութիւնը մէկն է այն պետութիւններէն, որոնք իրենց սահմանադրութիւններուն մէջ ունին այն կէտը, որ կը բաժնէ պետական համակարգը կրօնական հաստատութիւններէն:
Ներկայիս, երբ որոշ ուղղուածութիւն կայ օգտագործելու կրօնը քաղաքական շահերու համար, կարիքը կայ, որ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութեան մէջ աւելցուի յօդուած մը, որ կ՛արգիլէ կղերականութեան միջամտել քաղաքականութեան մէջ եւ միւս կողմէ ալ կ՛արգիլէ քաղաքական գործիչներուն` օգտագործել կրօնը: