Քաղաքական Անդրադարձ. Սինճարի Մէջ Եզիտիներու Ցեղասպանութեան Չորրորդ Տարելիցը Եւ Հայաստանը
ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ 3 օգոստոս 2014-ին ՏԱՀԵՇ-ի ահաբեկիչները հիւսիսային Իրաքի մէջ պաշարեցին Սինճար լեռը եւ սպաննեցին, բռնաբարեցին եւ գերի բռնեցին հազարաւոր անմեղ եզիտիներ: Այդ օրը աշխարհի եզիտիներուն կողմէ կը յիշուի իբրեւ իրենց պատմութեան նորագոյն ցեղասպանութիւնը` յուսալով, որ վերջինը կ՛ըլլայ: Եզիտիները սատանայապաշտ չեն, ինչպէս շատերը կը կարծեն, այլ կը հաւատան, որ Աստուած աշխարհը կառավարելու համար լիազօրած է 7 հրեշտակներ, որոնցմէ ամէնէն զօրաւորը...

















