ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակին Առիթով` Գործունէութիւնը
Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ, 1918-1920 – Ա.
ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
ՀՄԸՄ-ի գործունէութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին 1918-էն նոյեմբեր 1924, հիմնականին մէջ ՀՄԸՄ-ական գործիչներու կողմէ առաւելաբար Հայոց ցեղասպանութենէն փրկուած տասնեակ հազարաւոր որբերէն եւ երիտասարդներէն` կայտառ եւ առողջ, կարգապահ եւ չարքաշ, ինքնավստահ, հայրենասէր ու բարոյական բարձր արժանիքի տէր քաղաքացիներ պատրաստել եղած է` մարմնակրթանքի եւ սկաուտութեան միջոցով, կրթութեան նախարարութեան հովանաւորութեամբ:

Հազիւ երկու տարուան այս գործունէութիւնը, պաշտօնապէս մի՛այն երկու եւ կէս ամիս` 15 օգոստոսէն 5 նոյեմբեր 1920, աւարտին հասաւ Հայաստանի խորհրդայնացումին պատճառով (2 դեկտեմբեր 1920), կարելիութիւն չընձեռեց միութենական, հաստատութենական, կառուցային աշխատանք տանիլ, հիմնելու համար ՀՄԸՄ-ի մասնաճիւղեր, վարչութիւններ, ակումբներ եւ այլն:
Պէտք է նշել, որ այդ ժամանակաշրջանին վերաբերող միութեան յատուկ արխիւ, ժողովական ատենագրութիւններ, տեղեկագիրներ մեր տրամադրութեան տակ չեն գտնուիր (հաւանական է, որ անոնք կը գտնուին Պոլսոյ պատրիարքութեան արխիւներուն մէջ): Նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան արխիւէն եւ ժամանակաշրջանի հայաստանեան մամուլէն կարելի չեղաւ օգտուիլ: Կցկտուր այս տեղեկութիւններուն կարեւոր բաժինը ՀՄԸՄ-ի «Հայ Սկաուտ» պաշտօնաթերթէն եւ առաքելութեան անդամներուն նամակներէն ու յուշագրութիւններէն քաղուած է, որ ժամանակագրական կարգով կը ներկայացուի:
ՀՄԸՄ-ի գործունէութիւնը կարելի է բաժնել երեք ժամանակաշրջանի:
Ա. Շրջան` 1914-1919

ՀՄԸՄ-ի եւ անոր բաղադրիչ` նախորդող պոլսահայ ակումբներու անդամներ` մարզիկ, մարզիչ եւ սկաուտ` Վահան Չերազ, Եզնիկ Քաջունի եւ եղբայրը` Եղիշէ (որ զօրավար Անդրանիկի քարտուղարը եղած է (10)), Գրիգոր Մերճանոֆ, Ճորճ Մարտիկեան, Բենիամին Սապունճեան եւ ուրիշներ, իբրեւ կամաւոր գունդերու մարտիկներ, կամ` գաղթականներու խնամատարներ, 1914-էն սկսեալ տարբեր ժամանակներու արդէն ծառայած են Հայաստանի մէջ, որ կարելի է նկատել ՀՄԸՄ-ի ոչ պաշտօնական գործունէութեան սկիզբը Հայաստանի մէջ:
Վազգէն Անդրէասեան կը գրէ. «Եզնիկ Քաջունին երկու տարի առաջ (1918-ին) արդէն Հայաստան մեկնած էր սկաուտական խումբեր կազմելու համար» (1): Բախտիկեան կը գրէ. «Սկիւտարի առաջին սկաուտներէն Ճորճ Մարտիկեան պատանի տարիքին, իբրեւ կամաւոր մարտիկ կ՛ուղղուի Կարս, ուր կը կազմակերպէ սկաուտական խումբեր` մինչեւ Կարսի անկումը», (4) սակայն Տիգրան Խոյեան եւ Վահան Չերազ բնաւ չեն նշեր զայն եւ փոխարէնը` կը նշեն Կարսի մէջ Աղասի անունով Պոլիսէն եկած սկաուտի մը մասին, որ ինքնագլուխ սկաուտական խումբեր կազմակերպած եւ նոյնիսկ «Հայ Արի» անունով թերթիկ հրատարակած է (17): Խոյեան մտադիր էր Կարս երթալ եւ կարգաւորել այս գործունէութիւնը, սակայն առիթը չ՛ունենար, քանի որ թրքական-քեմալական եւ ռուս-պոլշեւիկ դաւադիր համաձայնութեամբ, թրքական բանակը կրկին կը գրաւէ Կարսը 30 հոկտեմբեր 1920-ին:

1919-1920 դպրոցական տարեշրջանին արդէն Հայաստանի Հանրապետութեան լուսաւորութեան (կրթութեան) նախարարութիւնը ուսումնական ծրագրին մէջ կարեւոր բաժին յատկացուցած էր մարմնակրթութեան եւ կարիքը ունէր մասնագէտներու:
«Երբ Նիկոլ Աղբալեան կը ստանձնէ կրթութեան նախարարութիւնը, Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ կար միա՛յն 133 (տարրական) դպրոց, 383 ուսուցիչ եւ 11 հազար 133 աշակերտ: Աղբալեանի օրօք, առանց հաշուելու Զանգեզուրի եւ Լոռիի շրջանները, տարրական դպրոցներուն թիւը հասաւ 456-ի, ուսուցիչներուն, 1047-ի եւ աշակերտներունը` 41 հազար 188-ի: 1918-1919-ին կային` 6 միջնակարգ դպրոց, 177 ուսուցիչ, 3 հազար 137 աշակերտ: 1919-1920-ին` 20 միջնակարգ, 305 ուսուցիչ, 5 հազար 102 աշակերտ, մէկ համալսարան, 8 դասախօս եւ 200 ուսանող: 272 տոկոս աշակերտներու թիւի աճ, 244 տոկոս` դպրոցներու եւ 190 տոկոս` ուսուցիչներու: Իսկ սկաուտները հովանաւորւում եւ մեծ ծաւալ են ստանում», կը գրէ Ռուբէն Տէր Մինասեան (18):
Հայաստանի մէջ մարզական կեանքը սկսած էր 1919-ին` նախաձեռնութեամբ ամերիկեան որբանոցի մը տնօրէն Նշան Յովհաննէսեանին: Այս շարժումը կը տարածուի 15 որբանոցներու մէջ, եւ ընդհանուր տեսուչ կը նշանակուի մանկավարժ-հոգեբան Տիգրան Մարգարեանը, իսկ մարմնամարզի ընդհանուր դաստիարակ` մարզիչ Սարգիս Սամուէլեանը (1):

ՀՄԸՄ-ի անդամ Եզնիկ Քաջունին` որբանոցներու մէջ մարզանքի ուսուցիչ, նաեւ Երեւանի մէջ Արեւմտահայ առաջին համագումարին պատգամաւոր էր` 2-11 մայիս 1917, որ պիտի զբաղէր հայ գաղթականներու հարցերով, կ՛ընտրուի վերստուգիչ յանձնախումբի անդամ (2): Զօրավար Անդրանիկ այս համագումարին հանդիսաւոր բացումը կը կատարէ, իսկ Արամ Մանուկեան` բացման խօսքը, որ խորունկ ազդեցութիւն կ՛ունենայ բոլորին վրայ:
Բ. Շրջան` 1919-1920
Ահա Եզնիկ Քաջունիի Երեւանէն առաջին նամակ-կապը` ՀՄԸՄ-ի հետ (յապաւուած).
«Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան Կեդրոնական վարչութեան -Կոստանդնուպոլիս
Բոլորովին անակնկալ մը, Պոլիսէն, ընկերներէն մէկը, իմ հասցէիս ղրկած էր «Հայ Սկաուտ»-ի առաջին թիւը:
… Երեւանի մէջ, ինչպէս նաեւ` Հայաստանի միւս բոլոր կեդրոնները, պիտի աշխատինք տարածելու այդ (սկաուտական) նոր գաղափարը գործով, եւ վստահ ենք` իրապէս պիտի ունենայ մեր հոգիներուն վրայ մոգական գաւազանի ազդեցութիւնը:
Կրթութեան նախարարութիւնը անսահման խոստումներ ունի, եւ կարելի է ըսել, որ արդէն գործի սկսած ենք:
Անպայման կը թղթակցիմ ձեր թերթին` ջանալով ձեզի հաղորդել, օրը օրին, ամէն մանրամասնութիւն եւ նոյնիսկ լուսանկարներ:
Սիրով`
Եզնիկ Քաջունի, Երեւան, 15 նոյեմբեր 1919» (4), (7):

ՀՄԸՄ-ի պաշտօնաթերթ «Հայ Սկաուտ» իր 1 դեկտեմբեր 1919-ի թիւով կը գրէ.
«Անկեղծ հրճուանքով կը տեղեկանանք, որ Երեւանի մէջ արդէն կազմուեր է հայ արիներու (սկաուտ) առաջին խումբը, եւ վարչապետ (Ալեքսանտր) Խատիսեանին առաջարկուած է գլուխը կանգնիլ անոր: Նոյնպէս սկաուտապետ Հ. Նազարեան կոչ կ՛ուղղէ ամբողջ Հայաստանի պատանեկութեան` գալու հաւաքուիլ դրօշին տակ, կազմելու սկաուտական խումբերը: Այս առթիւ փափաք կը յայտնուի ՀՄԸՄ-ի հետ յարաբերութեան մէջ մտնել» (6):
Քաջունիի նամակէն ետք Երեւանէն Կոստանդնուպոլիս կը վերադառնայ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ, Գրիգոր Մերճանոֆի (հայկական «Նեմեսիս»-ի` Շահան Նաթալիի գործակիցներէն), որ Հայաստանի մէջ սկաուտական ու մարզական կեանքին վերաբերեալ, նաեւ Թիֆլիսի մէջ լուսաւորութեան նախարար (10 օգոստոս 1919-էն 5 մայիս 1920) Նիկոլ Աղբալեանին (1873-1947) հետ տեսակցելէ ետք, անոր պահանջներուն շուրջ, կը զեկուցէ հետեւեալը. (կը ներկայացնեմ, լեզուական սրբագրութիւնով եւ կարգ մը մանրամասնութիւններ կրճատելով):
«Հայաստանի լուսաւորութեան նախարարութիւնը ուշադրութեան առարկայ դարձուցած է նաեւ մարմնակրթական եւ սկաուտական շարժումը: Ներկայիս Հայաստանի մէջ կան 20 հազար (այլ աղբիւրներ աւելի ստոյգ` 40 հազար) երկսեռ որբեր, որոնց 6 հազարը` 4 հազար աղջիկ, 2 հազար մանչ Երեւանի մէջ են: Անոնք մարզանքի կը հետեւին` ուսուցիչ ունենալով ՀՄԸՄ-ական, Գում-Գաբուի «Տորք» ակումբէն Եզնիկ Քաջունին եւ չեխ (ըստ Սիմոն Վրացեանի եւ Եզնիկ Քաջունիի` հունգարացի) մը, որուն այս նպատակով հրաւիրած է կառավարութիւնը… Հսկայական աշխատանք կայ, որ պէտք ունի ՄԱՐԴՈՒ եւ` անձնուէր մարդու:
«Սկաուտներ կան, սակայն, մերիններուն նման ամէն դիւրութիւն չունին, բոպիկ ոտքով մարզանք եւ պտոյտներ կ՛ընեն, նոյնիսկ` աղջիկները: Նախարարութիւնը ընդարձակ մարզարաններ յատկացուցած է անոնց: Ամերիկեան որբախնամն ալ իր որբանոցներուն մէջ բաւական ուժ կու տայ մարզանքին:
«Սակայն կառավարութիւնը կ՛ուզէ հաստատուն եւ կանոնաւոր հիմերու վրայ դնել շարժումը, որուն համար մէկ միլիոն ռուբլիի պիւտճէ մը կը պահանջէ խորհրդարանէն եւ յոյս ունի, որ խորհրդարանը պիտի վաւերացնէ այս գումարը: Թիֆլիսի մէջ տեսակցութիւն ունեցայ կրթութեան նախարար պարոն Նիկոլ Աղբալեանին հետ, որ Կոստանդնուպոլսոյ ՀՄԸՄ-ի աջակցութիւնը կ՛ուզէ` Հայաստանի մէջ նաեւ տարածելու մեր նոյն շարժումը: Երեւան վերադարձին նամակով պիտի խնդրէ կեդրոնական վարչութենէն, որ շուէտական մարզանքի մասնագէտ ուսուցիչ մը ղրկենք Հայաստան,` տեղւոյն վրայ գտնուող մի քանի ուսուցիչներուն հետ կազմակերպելու համար այս կենսական գործը:
… «Պէտք է պատրաստ ըլլանք նախարարական կոչին եւ կարելին, նոյնիսկ քիչ մըն ալ անկարելին կատարենք, պէտք եղած մարդուժը պատրաստենք ղրկելու համար հոն, ուր գործ կայ եւ գործիչի կարիք կայ» (4), (8):
Շուտով, 2 Յունուար 1920-ին կը յաջորդէ Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին պաշտօնական այս նամակը ՀՄԸՄ-ի պաշտօնաթերթ «Հայ Սկաուտ»-ին.
«ՀՀ Մինիստրութիւն (նախարարութիւն) Հանրային Կրթութեան Եւ Արուեստի
Թիւ 38
2 յունուար 1920
Երեւան
«Հայ Սկաուտ» թերթի պատուարժան խմբագրութեան,
Հանրային կրթութեան եւ արուեստի պ. մինիստրը (նախարար Նիկոլ Աղբալեան), որի սրտին շատ մօտ է մարմնակրթութեան գործը, յանձնարարել է ինձ յայտնել ՀՄԸՄիութեան իր մեծ գոհունակութիւնը Կ. Պոլսոյ մէջ տեղի ունեցող սկաուտական շարժման առիթով: Յաջողութիւն ցանկանալով ձեր ազգօգուտ ձեռնարկութեանը` պ. կրթութեան մինիստրը խնդրում է ձեր պատուական թերթից տաս օրինակ ուղարկել հ. կրթութեան մինիստրութեան անունով, բաժանորդագինը կ՛ուղարկուի:
Իմ կողմից եւս ի բոլոր սրտէ ցանկանում եմ ծաւալումը Ձեր սքանչելի գործին, որը գալու է ամրացնելու մեր մատաղ անկախութիւնը` բարձրացնելով մեր ազգի ֆիզիքական ու բարոյական կորովը:
Երեւանի մատաղահաս սկաուտներն եւս յղում են իրենց եղբայրական սիրոյ ողջոյնը իրենց պոլսեցի եղբայրակիցներին, եւ յոյս են յայտնում, որ մօտ է ապագան, երբ Մայր Միացեալ Հայաստանի գրկում ձեռք կը տան իրենց եղբայրակիցներին:
Եթէ նեղութիւն չէք համարի, խնդրում եմ բարեհաճեցէք ուղարկելու ինձ «Հայ Սկաուտին Օրինագիրը» նաեւ հաղորդեցէք ինձ սկաուտի զգեստի արժէքը:
Հանրային կրթութեան եւ արուեստի մինիստրութեան
բժշկա-առողջապահական բաժնի վարիչ
բժիշկ Վ. Արծրունի» (4), (9):
15 Յուլիս 2018
Պատրաստուած ՀՄԸՄ-ի 100-ամեակի գիտաժողովին
Շար. 1
———————————–
- «Վահան Չերազ եւ իր երգն Հայաստանի», Վազգէն Անդրէասեան, Պէյրութ, 1977, տպարան «Սեւան», էջ:
- «Հայաստանի Հանրապետութիւն», Սիմոն Վրացեան, Բ. տպ. Պէյրութ, 1958, տպարան «Մշակ», «Արեւմտահայոց գործերը» գլուխ, էջ 30:
- Նոյնը «Շինարարական վերելք» գլուխ էջ 367:
- «Յուշամատեան ՀՄԸՄ-ի 1918-1958», Ներսէս աբղ. Բախտիկեան, Պէյրութ, 1958, տպարան կաթողիկոսութեան Հայոց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, էջ 73-85:
- ՀՄԸՄ-ի պաշտօնաթերթ` «Հայ Սկաուտ», թիւ 3, Կոստանդնուպոլիս, 1 Դեկտեմբեր 1919, էջ 33:
- Նոյնը, էջ 41
- Նոյնը, թիւ 5, 1 Յունուար 1920, էջ 72
- Նոյնը, էջ 75:
- Նոյնը, թիւ 9, 1 Մարտ 1920, էջ 137` կողքի էջ:
- Նոյնը, թիւ 6, 16 Յունուար 1920, էջ 85:
- Նոյնը, թիւ 16, 16 Յունիս 1920, էջ 249` կողքի էջ
- Նոյնը, թիւ 19-20, Օգոստոս 1920, էջ 289-290:
- Նոյնը, թիւ 19-20, Օգոստոս 1920, էջ 304-305:
- Նոյնը, թիւ 11, 1 Ապրիլ 1920, էջ 169:
- Նոյնը, թիւ 23-24, Նոյեմբեր-Դեկտեմբեր 1920, էջ 356-357
- «Հայաստանի Հանրապետութեան Ծագումն Ու Զարգացումը» Ալեքսանտր Խատիսեան, Բ. տպ. Պէյրութ, 1968, տպարան Համազգային, էջ 139, 227-228:
- «Նահատակ ցեղի անմահներ», Տիգրան Քահանայ Խոյեան, տպարան «Ալթափրէս», Պէյրութ:
- «Հայ Յեղափոխականի Մը Յիշատակները», Ռուբէն Տէր Մինասեան, 7-րդ հատոր, Բ. Հրատարակութիւն, Համազգայինի Վահէ Սէթեան տպարան, 1979, Պէյրութ, էջ 283-288:
- https://vahanishkhanyan.wordpress.com/2014/06/10/cheraz/
- «Կեանքի Ուղիներով. Դէպքեր, Դէմքեր, Ապրումներ», Սիմոն Վրացեան, Ա. Հատոր, Գ. տպագրութիւն, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարան, Պէյրութ, 2007:
«Հանրապետութեան մէջ կար միա՛յն 133 (տարրական) դպրոց, 383 ուսուցիչ եւ 11 հազար 133 աշակերտ»:Վրիպում, պէտք է ըլլայ 11 հազար 136 աշակերտ: