ԼԵՒՈՆ ՇԱՌՈՅԵԱՆ
Կրնանք անվարան պնդել, որ բաւական կոկիկ գրադարան մը կարելի է կազմել` քով-քովի բերելով այն բոլոր նիւթերը, որոնք կը խօսին Պէշիկթաշլեանի մասին. գիրքեր, ուսումնասիրութիւններ, ակնարկներ, վկայութիւններ, յուշեր, արժեւորումներ, վիտէօ- ժապաւէններ, պատկերասփիւռային յայտագիրներ եւ այլն, եւ այլն:
Օրինակ, Յակոբ Օշական 100 էջի չափ նուիրած է անոր` իր «Համապատկեր»-ի Բ. հատորին մէջ (Երուսաղէմ, 1953), քիչ մը դժուար ընկալելի ու իրեն յատուկ խրթին վերլուծումներով: Ըստ Օշականի, որ ինչպէս գիտենք, դժուարահաճ գրականագէտ մըն է, Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանի գրականութիւնը թէեւ «վրիպանք»-ներ ունի, սակայն ընդհանուր գիծերու մէջ իր անձը` «ազգային փառք մըն էր»: Պէշիկթաշլեանի գրականութեան մասին Օշական լայն անդրադարձումներ ունի նաեւ իր «Հայ գրականութիւն» դասագրքին մէջ:
Անթիլիասի մէջ հաստատուած «Դանիէլ Վարուժան գրական հիմնադրամ»-ի 17-րդ հրատարակութիւնը եւս (1995) լոյսին կը բերէր Պէշիկթաշլեանի «Երկեր»-ը: 330 էջանի փառաւոր ժողովածու մըն ալ այս էր, որուն յառաջաբանը ստորագրուած էր բանաստեղծ Աբրահամ Ալիքեանի կողմէ:
Պէշիկթաշլեանով հետաքրքրուեցան նաեւ խորհրդահայ մեր գրականագէտները:
Բ. Աշխարհամարտէն անմիջապէս ետք, 1947-ին, Պէշիկթաշլեան ունեցաւ երեւանեան իր առաջին ժողովածուն` ծանօթ բանասէր Արամ Ինճիկեանի (1910-1975) հոգածութեամբ: 1961-ին լոյս ընծայուեցաւ նմանօրինակ երկրորդ ժողովածու մը, բանաստեղծ եւ արձակագիր Ժիրայր Աւետիսեանի (1932-2001) աշխատասիրութեամբ: Իսկ 1987-ին, այս անգամ ալ «Երկերի լիակատար ժողովածու» մը դրուեցաւ խորհրդահայ ընթերցողին սեղանին: Այս վերջինը, 564 էջանի, լոյսին բերուած էր` Հայաստանի Գիտութիւններու ակադեմիայի «Գրականութեան հիմնարկի գիտական խորհրդի որոշմամբ» եւ Ա. Ս. Մանուկեանի աշխատասիրութեամբ: Բայց սոյն գործը, որ քսան հազար օրինակով տպուած էր, ծանրօրէն քննադատուեցաւ «Պատմա-բանասիրական հանդէս»-ի մէկ գրախօսականով: Կ՛ըսուէր, որ հատորը կը վխտար բնագրային, քերականական եւ ուղղագրական մեծաթիւ սխալներով: Կ՛ըսուէր նաեւ, որ հատորին ծանօթագրութիւնները նորութիւններ չէին բերեր. անոնք պարզապէս կրկնութիւններն էին 1904-ին Չօպանեանի կազմած ժողովածուին ծանօթագրութիւններուն…:
Հայրենի գրականագէտ Վաչէ Սաֆարեանի աւելի քան 300 էջանի մենագրութիւնը, սակայն («Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանի կեանքը եւ ստեղծագործութիւնը», 1972, Երեւան), կ՛արժանանար միահամուռ գնահատանքի: Համապարփակ ու թանկարժէք ուսումնասիրութիւն մըն էր ասիկա, որուն խմբագրման մասնակից դարձեր էր նաեւ Պարոյր Սեւակ:
Պէշիկթաշլեանի մասին գրուեցան բազմաթիւ յօդուածներ: Իր ծննդեան կամ մահուան տարեդարձները նշուեցան ատեն-ատեն, գործերը վերատպուեցան քանիցս, իր քերթուածները երգի վերածուեցան, մինչեւ իսկ թարգմանուեցան օտար լեզուներու: Իր մասին գրաւոր կամ բանաւոր ելոյթներով արտայայտուեցան մեր գրական երկնակամարի ամէնէն անուանի դէմքերը, ինչպէս` Դանիէլ Վարուժան (ատենախօսութեամբ մը` Պոլսոյ մէջ, 1913-ին), Զապէլ Եսայեան (դասախօսութեամբ մը` Պաքուի մէջ, 1917-ին), Վահան Թէքէեան (ատենախօսութիւն` Գահիրէի մէջ, 1944-ին), Յ. Ճ. Սիրունի (ուսումնասիրութեամբ մը` Պոսթընի «Հայրենիք» ամսագրին մէջ), Պարոյր Սեւակ (յօդուածով մը` մամուլի մէջ, 1968-ին, մահուան հարիւրամեակին առիթով) եւ այլք:
Այս բոլորը յետմահու յաղթանակ մը չի՞ նկատուիր հէգ բանաստեղծին համար:
Բայց արդէն Պէշիկթաշլեան ամէն տեղ է, ամէն դասագիրքի մէջ: Հ. Սիմոն Երեմեանի «Գրագէտ հայեր»-էն մինչեւ Մինաս Թէօլէօլեանի «Դար մը գրականութիւն»-ը, հ. Մեսրոպ Ճանաշեանի «Ծաղկաքաղ»-էն մինչեւ Մուշեղ Իշխանի «Արդի հայ գրականութիւն» շարքը, ու մինչեւ հին ու նոր հայերէնի դասագիրքերը, Պէշիկթաշլեան մի՛շտ ներկայ է: Ան այսօ՛ր ալ կ՛աւանդուի մեր դպրոցներուն մէջ` հակառակ իր գրաբարախառն լեզուին եւ հակառակ ժամանակի անջրպետին, որ զայն կը բաժնէ մեզմէ: Հայոց լեզուի այսօրուան ուսուցիչները չեն ուզեր շրջանցել 150 տարի առաջ մահացած այս բանաստեղծը եւ, ուստի,անոր քերթուածներէն մէկն ու մէկը անպայման անգիր սորվիլ կը թելադրեն իրենց աշակերտներուն: Ու աշակերտներն ալ, ի պատիւ իրենց, կ՛արտասանեն զանոնք անսայթաք.
«Ո՜հ, ի՜նչ անուշ եւ ինչպէ՜ս զով
Առաւօտուց փչես, հովի՛կ,
Ծաղկանց վրայ գուրգուրալով
Եւ մազերուն կուսին փափկիկ.
Բայց չես հովիկ իմ հայրենեաց,
Գնա՛, անցի՛ր սրտէս ի բաց»
Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան բախտաւո՛ր բանաստեղծ մըն է:
Անոր սեւ-ճերմակ լուսանկարը կը շարունակէ ժպտիլ մեզի մէկուկէս դարու հեռաւորութենէն…
Տոհմիկ Դաստիարակութիւն Եւ Շունչ
Պէշիկթաշլեան ամբողջովին ու կատարելապէս Վենետիկի Մխիթարեաններուն հոգեզաւակն է, անոնց ձեռնասունը, ձեռակերտը:
Մանկութենէն մինչեւ վաղ երիտասարդութիւն ու նոյնիսկ անկէ ետք, իր գրական, կրթական եւ հանրային բովանդակ գործունէութեան ընթացքին ան իր վրայ կրեց բարերար շունչն ու դրոշմը Ս. Ղազարու վանքին եւ անոր մեծանուն երախտաւորներուն: Այս տեսակէտով ալ ան ձեւով մը կը նոյնանայ Դանիէլ Վարուժանի հետ, իբրեւ զտարիւն մխիթարեանական մը` իր հայեցի տոհմիկ դաստիարակութեամբ ու աշխարհայեացքով:
Ինք զաւակն էր հռոմէադաւան կաթողիկէ հայ աղքատ ընտանիքի մը: Ծնաւ Օրթագիւղ, Վոսփորի եւրոպական ափին` այդ թաղամասին անունը հետագային քաղցրօրէն կապելով իր անունին, որովհետեւ առաւելաբար հո՛ն է, որ ծաւալեց իր ուսուցչական ու թատերական գործունէութիւնը: Հոն` Օրթագիւղի մէջ է, որ պիտի ծնէր նաեւ Վահան Թէքէեան, Պէշիկթաշլեանէն ճիշդ 50 տարի ետք, 1878-ին:
Դժբախտ մանկութիւն մը ունեցաւ: Չճանչցաւ իր մայրը, որ շատ կանուխէն մահացած էր` զոհ երթալով հիւծախտի: Յետոյ կանուխ մահացաւ հայրն ալ` երկրորդ ամուսնութիւն մը կնքելէ կարճ ժամանակ ետք: Մկրտիչ մնաց իր մօրուին (խորթ մայր), երէց եղբօր ու քրոջ շուքին տակ: Բայց թոքախտը, որ այս ընտանիքին պատուհասը դարձեր էր, իրերայաջորդ կերպով խլեց նաեւ կեանքը թէ՛ իր եղբօր, թէ՛ ալ քրոջ…
Պէշիկթաշլեան իր նախակրթութիւնը ստացաւ Բերայի (Սագըզաղաճ) Մխիթարեան վարժարանը, որ բացուեր էր 1830-ին: Վարդապետները ուսումնատենչ հոգի մը տեսնելով իր մէջ, զինք ղրկեցին Իտալիա` աւելի հիմնաւոր ու բարձրագոյն կրթութեամբ մը զինելու համար զայն: Հետեւաբար, 1839-1845 Պէշիկթաշլեան ուսանեցաւ Փատովայի Մխիթարեանց Մուրատեան վարժարանին մէջ, հ. Սարգիս Թէոդորեանի տեսչութեան շրջանին: Այստեղ ան մասնաւոր ուշադրութեանը արժանացաւ դպրոցի ուսումնապետ հ. Պետրոս Մինասեանին, որուն նկատմամբ մինչեւ վերջ պահեց խոր յարգանք մը: Խորապէս ուսումնասիրեց մեր լեզուն, հին մատենագրութիւնն ու պատմութիւնը: Թրծուեցաւ մեր ազգային արժէքներով, ու կրնանք ըսել` կոփուեցաւ իբրեւ լիակատար հայ մը: Վարժարանէն ընթացաւարտ ըլլալէ ետք ալ քանի մը ամիս մնաց Վենետիկ, ուր, Ս. Ղազարի մէջ, ճանչցաւ Ալիշանը անձամբ, ծծեց այդ քաղաքին գեղարուեստէն, թատրոնէն, քաղաքակրթական մթնոլորտէն ու դասական ճաշակէն շատ բան:
Երբ Փատովայէն Պոլիս վերադարձաւ. Մ. Պէշիկթաշլեան հազիւ 17 տարեկան էր. բայց ան շուտով ուսուցչագործութեան հրաւիրուեցաւ հայկական դպրոցներու կողմէ, որոնք նոր-նոր սկսեր էին բացուիլ զանազան թաղամասերու մէջ: Պիտի դասաւանդէր հայերէն ու ֆրանսերէն:
Դժուար ասպարէզ մըն էր ուսուցչութիւնը այդ տարիներուն` 1840-50-ականներուն: Ընելիք շատ բան կար: Թրքախօսութիւնը համատարած երեւոյթ էր Պոլսոյ մէջ, շրթներու վրայ հայերէնն ալ շատ աղճատուած էր: Մանաւանդ ազնուական ու հարուստ դասակարգին համար Մեսրոպի բարբառը «տիրացուի լեզու» էր, արհամարհելի բան մը: Այս դասակարգին ընտանեկան յարկերուն տակ, յաճախ, տիրապետող էր ֆրանսերէնը: Ապազգային հոգեբանութիւն մը կը սաւառնէր ամէնուրեք: Իրական իմաստով գրականութիւն կամ մամուլ ալ չկար տակաւին: Ատոնք սաղմնային վիճակի մէջ էին դեռ: Ուստի, հայ ուսուցիչը պէտք էր թիավարէր հոսանքն վեր` բաներ մը փոխելու համար մարդոց յոռի մտայնութեան ու ընդհանուր ճաշակին մէջ:
Բայց ատիկա դիւրի՞ն բան էր:
Զապէլ Եսայեան, պատմելու առթիւ այդ շրջանի խօսակցական հայերէնին վիճակը, կը յիշէ հետեւեալ դէպքը, զոր ինք անձամբ լսած է պառաւ ազգականուհիէ մը.
«Օր մը նաւուն մէջ վէճ կը ծագի հայ եւ թուրք կիներու միջեւ, ինչ որ սովորական բան էր, մանաւանդ` այն ատեն: Թուրք կիները կը հայհոյեն եւ կը նախատեն հայերը. հայ կին մը իր ընկերուհիներուն կը դառնայ եւ կ՛ըսէ զայրալից իբր թէ թրքուհիներէն անհասկնալի հայերէնով.
– Ասանկներուն հախէն Մոսկովին խըլըճը կու գայ:
Բնականաբար թրքուհիները կը հասկնան եւ վէճը աւելի կը թունաւորուի…»:
Զարթօնքի շրջանը, որ շուտով պիտի գար, ընդոստ պիտի ցնցէր հայերը, մղէր զանոնք հաւաքաբար` թօթափելու ամէն ինչ, որ օտար էր ու վերադառնալու դէպի ազգային ակունքներ:
Մ. Պէշիկթաշլեան, ահաւասիկ ճի՛շդ այս շրջանին, ամէնէն աշխուժ ու նուիրեալ գործիչներէն մին դաձաւ վերածննդեան շարժումին:
Ուսուցչութիւնը հոյակապ միջոց մըն էր իրեն` շփման մէջ մտնելու բազմատասնեակ պատանիներու հետ ու խմորելու անոնց միտքն ու հոգին: Օրթագիւղի Թարգմանչաց, Հռիփսիմեանց եւ կաթողիկէ հայոց Լուսաւորչեան վարժարանները հանդիսացան կրթական իր յենակէտերը:
Բայց միայն այսքան չէ: Պէշիկթաշլեան իր ժամանակին կարեւոր մէկ մասն ալ սկսաւ յատկացնել տուներէ ներս մասնայատուկ դասաւանդութիւններու: Պոլսահայ երեւելի բազմաթիւ ազնուապետական ընտանիքներ, մանաւանդ` Օրթագիւղ կամ Բերա բնակողներ (Հիւրմիւզեան, Փորթուգալեան, Վահանեան, Նորատունկեան, ԵուսուՖեան եւ այլք), զինք կարգեցին իրենց զաւակներուն իբրեւ անձնական դասատու եւ դաստիարակ: Այսպիսի պարտականութիւն մը, բնականաբար, ընկերային ու մտաւորական բարձր դասուն հետ ամէնօրեայ շփման կարելիութիւններ ստեղծեց իրեն համար: Բոլորին կողմէ ան շրջապատուեցաւ ակնածանքով ու հիացումով: Ներկայ սկսաւ գտնուիլ նոյնիսկ անոնց բարեկամական հաւաքներուն կամ կոչունքներուն ալ` առինքնելով բոլորը իր հրապուրիչ խօսակցութեամբ եւ հանրօգուտ ծրագիրներու թելադրութեամբ:
Բացառիկ կարողութիւններով օժտուած դաստիարակ մըն էր Պէշիկթաշլեան, հեղինակաւոր եւ ազդեցիկ: Ինք արդէն ի ծնէ փափուկ զգայնութեան եւ նուրբ խառնուածքի տէր անձ մըն էր: Ան իր սաները կը տոգորէր գեղեցիկի, բարիի եւ իտէալականի պաշտամունքով: Կ՛աճեցնէր անոնց մէջ գեղարուեստի ու գրականութեան սէրը: Չօպանեան կը գրէ. «Ամէն ծնող գիտէր, որ Պէշիկթաշլեանի դասերուն հետեւելէ ետք իր զաւակը անոր հոգիէն ու մտքէն ցոլք մը ընդունած պիտի ըլլար, բարոյապէս գեղեցկացած, մտաւորապէս բարձրացած պիտի ըլլար: Պէշիկթաշլեանը մտերմապէս ճանչցած անձ մը ինծի կը հաւաստէր, որ անոր աշակերտած ըլլալը մեծ ընտանիքի աղջկան մը համար գրեթէ տեսակ մը բարոյական դրամօժիտ կը կազմէր»:
Իր կենսագիրներուն վկայութեամբ, այն տունը, ուր կը մտնէր Պէշիկթաշլեան, հայախօսութիւնը ծիլ կ՛արձակէր, կ՛ընդհանրանար կամայ-ակամայ: Այս երեւոյթը ակնբախ էր մանաւանդ Օրթագիւղի մէջ, ուր շատ մեծ էր Պէշիկթաշլեանի հմայքն ու բարոյական ազդեցութիւնը հայ ընտանիքներուն վրայ: Եւ այդ հմայքը կը թուի, թէ շարունակուած է նոյնիսկ բանաստեղծին մահէն ետք, տասնամեակներ շարունակ, որովհետեւ գրականագէտ Մինաս Թէօլէօլեանն է, որ կը վկայէ.
– Տակաւին մեր մանկութեան օրերուն, 1920-1927, Օրթագիւղի մէջ նուիրականութիւններ էին Պէշիկթաշլեանի տունը, քերթուած-երգերը, անունն ու գործն ալ («Դար մը գրականութիւն», Ա. հատոր, 1977):
Պէշիկթաշլեանի տո՜ւնը: Համեստ բնակարան մըն էր ատիկա, ուր, իր աշխատասենեակի պատերէն, կախուեր էին լուսանկարները եւրոպացի նշանաւոր գրողներու` Շաթոպրիանի, Լամընէի, Միւսէի, երգահաններ Ռոսինիի ու Մոցարդի…:
(Շար. 3)