Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Շատեր վկայած են, որ Հայաստանը հրաշալի երկիր է: Այս օրերուն կը պատահին դէպքեր, որոնք շեշտը կը դնեն բառին առաջին արմատին վրայ, կը փաստեն, որ մեր հայրենիքը ՀՐԱՇՔի՛ երկիր է:
Նորագոյն հրաշքը պատահեցաւ երկու օրուան մէջ. ՀԱՔ-ի մէկ անդամը` Զոյա Թադեւոսեան, նախ ամենայն ինքնավստահութեամբ խօսեցաւ Ազրպէյճանէն հայերուս «գրաւած հողերը» վերադարձնելու հրամայականին մասին, քննադատողներէն հակառակին փաստը պահանջեց, երկու օր ետք, ո՜վ հրաշք, խոստովանեցաւ, որ սխալեր է եւ ժողովուրդէն ներողութիւն խնդրեց կոպիտ սխալին համար, թէեւ անգամ մը եւս ինքնարդարացումի փորձ կատարեց` հաւաստելով, որ ինք միայն համանախագահներուն դիրքորոշումը կ՛արտայայտէր, սակայն չարամիտ սեղանակիցներն ու լրագրողները զինք անընդհատ խանգարած են: Տակաւին, ան ինքնարդարացումի այլ փորձեր ալ ըրաւ` ըսելով, որ ինք ձեւով մը ձայնակցած էր պետական նախկին առաջատար մարդոց նոյնիմաստ տեսակէտներուն ու միջազգային բանակցութեանց սեղաններուն դրուած բանաձեւերուն:
Մեղաւո՞ր ենք, եթէ կասկածինք եւ ըսենք, որ մեղայականը ստորագրողը մամլոյ ասուլիսին ժապաւէնը անգամ մը եւս չէ դիտած զղջումնագիրէն առաջ:
(Ի դէպ, սխալած ըլլալու մասին խոստովանանքը սկսած է նորաձեւութեան վերածուիլ հայրենի քաղաքական բեմին վրայ. կը յիշէք, չէ՞, Սերժ Սարգսեանն ալ, Նիկոլ Փաշինեանին հետ իր պատկերասփռուած կարճատեւ տեսակցութենէն 24 ժամ ետք խոստովանեցաւ, որ ինք սխալեր էր: Երանի թէ այս մշակոյթը տարածուի քիչ մը ամէն տեղ…):
Եթէ սխալը խոստովանիլը առաջին հրաշքն էր, ակնդիր եղանք նաեւ երկրորդ ու շատ աւելի մեծ հրաշքի մը: Զոյա Թադեւոսեանը յայտնեց, որ այս օրերուն աւելի խորութեամբ ծանօթացեր է պատմական փաստերուն, իմացեր է, որ խնդրոյ առարկայ հողերը պատմականօրէն հայկական են, անոնց ազատագրման համար ահագին արիւն թափեր ենք, եւ յանկարծ անցաւ… յարձակողականի եւ վճռեց. արիւնով ազատագրեալ հողերը բանակցութեան սեղանին դնողները պէտք է ծանրագոյն պատիժին ենթարկուին:
Լա՞լ, թէ՞ խնդալ: Զոյա խանումը երեք օր առաջ չէ՞ր գիտեր, թէ ինչի՞ մասին կը խօսէին ինք ու սեղանակիցները: Յետոյ, ինչպէ՞ս պատահեր է, որ մինչեւ հիմա չգիտցածը երկու օրուան մէջ ա՛յդքան խորաթափանց կերպով ուսումնասիրեր է ու ահա կը միանայ արդարութիւն հետապնդողներու բանակին:
Եթէ հաւատանք արագ հոգեփոխութեան ու քանի մը օրուան մէջ իմաստնանալու այս կնոջ հաւաստիքներուն, մեր միտքին մէջ նախ կը ծագի հետեւեալ հարցումը. ՀԱՔ-ի այս անդամը (շա՜տ ու շա՛տ ուրիշներու պէս) մինչեւ երէկ լուսնի վրա՞յ կը գտնուէր, թէ՞ զինք պէտք է կոչենք «Փոքրիկ իշխանուհի»` հետեւողութեամբ աշխարհահռչակ մանկագիր Անթուան Տը Սենթ Էկզուփերիի «Փոքրիկ իշխան»-ին, որ այլ մոլորակներ շրջապտոյտի ելած էր, եւ ահա յանկարծ, առանց անկարգելի կ՛իջնէ Երեւանի քաղաքական բեմ: Ծիծաղելի երեսն ալ հոն է, որ չքմեղանքը կը յիշեցնէ այն անեկդոտը, ուր թագաւորը իր ծաղրածուէն կը պահանջէ գործել շատ մեծ յանցանք մը, յետոյ տայ չքմեղանքի այնպիսի բացատրութիւն մը, որ աւելի մեծ յանցանք ըլլայ (ընթերցողս հաւանաբար լաւ ծանօթ է անեկդոտին եւ գիտէ, թէ ինչո՛ւ կարելի չէ մանրամասնութիւնները հոս պատմել):
***
Մեր նպատակը Զոյա Թադեւոսեանը ծիծաղի ու քաշքշուքի առարկայ դարձնել չէ, մանաւանդ որ մասամբ քաւեց իր յանցանքը, քաջութիւնը ունեցաւ սխալած ըլլալը խոստովանելու:
Եթէ լրջանանք, կ՛անդրադառնանք, որ հարցը շա՛տ աւելի խորունկ է եւ անցեալին ալ յաճախ քննարկուած է, նման արտայայտութիւն ունեցողներ ենթակայ դարձած են արդար քննադատութիւններու, բանաւոր ռմբակոծումներու: Եւ սակայն, մեր հայրենիքին մէջ, նաեւ` քիչ մըն ալ դուրսերը, տակաւին կան մտածողներ, որ Թուրքիոյ ու Ազրպէյճանին զիջումներ ընելով` Հայաստան, Արցախ եւ ընդհանրապէս հայերս կրնանք խաղաղ ապրելու երաշխիքներ ձեռք բերել: Մէկ խօսքով, չեն գիտեր անողոք պատմութիւնը կամ կը փորձեն ուրիշ կողմ նայիլ…
Հազարերո՛րդ անգամ ըլլալով կրկնենք, որ մենք Թուրքիայէն ու Ազրպէյճանէն ԱՌՆԵԼԻՔ ՀՈ՛Ղ եւ հազար ու մէկ իրաւո՛ւնք ունինք, հարիւրամեայ պարտամուրհակնե՛ր ունինք մեր ձեռքին, տալիք բան չունի՛նք: Եթէ այս ճշմարտութիւնը` պատմութենէն եկող եւ արիւնով արձանագրուած ճշմարտութիւնը տակաւին տեղ չէ գտած մեր վերնախաւի կարգ մը իմաստակներուն ուղեղին ու քաղաքական մտածողութեան մէջ, պէտք է լրջօրէն մտահոգուինք եւ արտաքին ճակատին վրայ մեր Դատն ու իրաւունքները հետապնդելու չափ` նմաններուն քարոզենք այս իրականութիւնը, յիշեցնենք, որ երթան, լաւ ուսումնասիրեն մեր գոնէ վերջին 100 տարիներու պատմութիւնը, Արցախի ազատամարտն ու ցարդ շարունակուող պաշտպանական ճակատումները, աչքերը բանան, տեսնեն եւ խոստովանին, որ պատմութիւնը «կեղծ քաթակորիա» չէ: Զոյաներուն նման մեր պատմութեան ու աշխարհագրութեան ծանօթ չեղողները կը կանգնին անխուսափելի հրամայականի առջեւ: Իսկ պատմական ճշմարտութեանց իրազեկ դարձողն ու համոզուողը նաեւ պէտք է անդրադառնայ, որ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ բանակցելու հայութեան նորովի պատրաստակամութիւնն ալ նորութիւն չէ, անիկա անցեալին յաճախ փորձուած է, մինչեւ իսկ «փրոթոգոլներու քաղաքականութիւն» մը ճամբայ ելած է մօտաւորապէս տասը տարի առաջ, այդ ընթացքին սնանկութեան փաստ ալ մեր գրպանին մէջ ունինք արդէն, հիմա դարձեալ մեր աչքերը բացած ենք, պէտք է նաեւ ուղեղնե՛րը բանանք, որ Անգարայի ու Պաքուի երէկի ու այսօրուան վարիչները բոլորովին տարբեր տրամաբանութիւն ունին, անոնց միտքէն չէ ելած ուժի գործածութիւնը, վկայ` Արցախի ու Հայաստանի սահմաններուն վրայ ամէնօրեայ ոտնձգութիւնները, անվերջ սպառնալիքները, որոնք միայն լրատուական պատուհաններուն չեն պատկանիր, ամէն ճիգ կ՛ընեն մոռացութեան մատնելու եւ քողարկելու իրենց ոճրային ու անիրաւ վարմունքը. անոնց բանաւոր արտայայտութիւններն ալ, սպառազինումներու զուգահեռ, կը մատնեն այն դիտաւորութիւնը, որ Հայաստանն ու հայութիւնը իրենց դրացնութենէն դուրս նետելու եւ մեր ԲՈԼՈՐ ՀՈՂԵՐՈՒՆ տիրանալու քաղաքականութիւնը մշտարթուն է:
Եթէ բանակցութեան սեղան նստող մեր պաշտօնական ներկայացուցիչները անկեղծօրէն ըսեն մեր ժողովուրդին, որ մեզմէ վեր ուժեր ամէն ձեւով մեզի կ՛ուզեն պարտադրել, որ Հայաստանը, Արցախն ու հայութիւնը Թուրքիայէն ու Ազրպէյճանէն առնելիք չունին, մեր ժողովուրդն ալ կը հասկնայ, որ աւելի՛ ուժեղ կերպով պէտք է կանգնի անոնց կողքին` յայտարարելու, որ մեր իրաւունքներէն զիջելու տրամադիր չենք, չի մատնուիր զիջողական-անզիջողի երկընտրանքին դիմաց կանգնելու վիճակին: Այդպէս չեն ըներ ու պատճառ կ՛ըլլան անիմաստ երկփեղկումներու, անտեղի ու վնասակար տարակարծութիւններու: Մինչդեռ մեր ազգային եւ հողային իրաւունքներուն, անվճար մնացած պարտամուրհակներուն նկատմամբ հայութիւնը չի կրնար երկու տեսակէտ ունենալ: Մեր պահանջատիրութեան մէջ միաձայն են հայութեան բոլոր հատուածները` Հայաստանը, Արցախն ու սփիւռքը: Ցեղասպանութենէն ետք, Սարդարապատի մէջ թէ Արցախի, այս պահանջատիրութիւնը ամրագրած ենք արիւնով ու թանկագին զոհերով:
Ուրեմն, պէտք է վերջ դնենք մենք մեզի հետ «տուն-տուն խաղալու» մանկամիտ մօտեցումին եւ մեր դիւանագիտութիւնն ու քաղաքական կապերը վարենք այնպիսի հասունութեամբ ու տարածքով, որ ո՛չ միայն կարողանանք հակակշռել Պաքու-Անգարա դաւադիր սադրանքները, այլեւ անոնց ու համախոհներուն երեսին զարնենք ճշմարտութիւնը, զանոնք կանգնեցնենք արդարութեան պատին դիմաց, ապա յառաջ շարժինք մեր հողային եւ ազգային, պատմական իրաւունքներուն տիրացման ճամբուն վրայ:
Պարզ բառերով` մեր այս տողերուն նպատակը իշուն փալանը ծեծել չէ, այլ էշն ալ ծեծելէ ետք, մեր իրաւունքներուն կառքը յառաջ մղելն է: Չմոռնանք նաեւ արաբական այն առածը, որ կ՛ըսէ` «Կրկնելով` էշն ալ կը սորվի…»:
4 օգոստոս 2018