Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արասէն Նոր Գիրք. Արա Կիւլերի Լուսանկարներն Ու Պատմուածքները` Միատեղուած

Օգոստոս 25, 2018
| Գրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Արաս» հրատարակչատունէն լոյս տեսած է Արա Կիւլերի «Բաբելոնէն վերջ պիտի ապրինք» գիրքը (144 էջ), որ ի մի կը բերէ ստեղծագործ լուսանկարչութեան ոլորտին մէջ Թուրքիոյ միջազգային գետնի վրայ հռչակուած յառաջատար արուեստագէտներէն մէկուն` Արա Կիւլերի վաղ շրջանին գրառած պատմուածքներն ու հետագայի լուսանկարները, բովանդակալից կերպով կը բացայայտէ անոր նուազ ծանօթ` գրողի ու պատմուածագիրի ինքնութիւնը: Թրքերէն, հայերէն եւ անգլերէն համաժամանակեայ, եռահատոր այս նոր հրատարակութիւնը կը վերածուի «լուսա-պատմուածքի պատկերագիրք»-ի մը` հետապնդելով հաւանական զուգորդումները ընդմէջ Արա Կիւլերի գրութիւններուն ու երեւակայական աշխարհին: Կիւլերի կարծիքով, իր պատմուածքները կարեւոր դեր ունեցած են լուսանկարներուն մէջ իմաստալից պահը որսալու ու անոնցմով համադրութիւն մը կարենալ ստեղծելու ուղղութեամբ: Արուեստագէտը իր այս տասներեք պատմուածքը կը բնութագրէ որպէս լուսանկար: «Բաբելոնէն վերջ պիտի ապրինք»-ը կ՛ապացուցէ, որ Արա Կիւլեր ո՛չ միայն իր լուսանկարներով, այլ նաեւ պատմուածքներով ալ կը պատկանի «պատկերաւոր աշխարհին»:

Գիրքէն`

Շարժանկարին մէջ քովս աղջիկ մը նստաւ: Կին մը կամ աղջիկ մը: Չեմ ճանչնար, պէտք չունիմ երբեք ճանչնալու: Ան ալ զիս չի ճանչնար, պէտք ալ չունի ճանչնալու: Մութ էր: Ճերմակ պաստառին վրայի սեւ գլխարկով մարդը չորս ձեռք կրակեց դեղին կնոջ, ու կինը գետին ինկաւ: Աղջկան մարմինը բաւական տաք ու հրապուրիչ է եղեր: Եթէ լոյսերը վառին, ըստ մեր երկրին սովորութեան, խայտառակ պիտի ըլլանք: Ընկեր մը ունէի ինծի այսպիսի պատահար մը պատմած էր: THE END: Աղջիկը տգեղ է եղեր:

Վստահ եղէք` ո՛չ մէկուն մտքին մէջ գէշութիւն կայ այս դարուս: Օրինակի համար, ես` բարձրահասակ նաւաստին, մինչեւ հիմա ըրածներէս ո՛չ մէկուն համար կը զղջամ: Մինչեւ այսօր փափաքածներս ըրի, ասկէ վերջ դարձեալ պիտի ընեմ: Եթէ ուզեն, երկրին վրայ ապրող բոլոր մարդիկը ինծի հետ գժտին, ես դարձեալ անոնց ցաւերուն հետ ցաւ պիտի զգամ: Ամէն անհատ փափաքածին պէս թող ապրի: Ասոր մէջ ի՞նչ վնաս կայ: Աշխարհը նոյն թուականին է, որ պիտի կործանի: Ես օրէնքներու հնազանդեր եմ կամ ոչ, դուն մահապարտի ճերմակ զգեստով կախաղանի եռոտանիներուն մէջտեղ երեք ժամ անշարժ մնացեր ես, ի՞նչ կայ որ, ըլլալիքը միշտ նոյնն է: Արդեօք կարեւորը երկու բեւեռներու համաձայնութի՞ւնն է: Ըսենք, որ համաձայնեցան, ինծի ի՞նչ: Ըսենք, որ չհամաձայնեցան, դարձեալ ինծի ի՞նչ: Ես նաւաստի մըն եմ: Այսօր այս նաւով, վաղը միւս նաւով, ա՛լ աւելի ուրիշ օր մըն ալ ուրիշ նաւով մը ծով պիտի բացուիմ: Իմ աշխարհս անհուններն է: Եթէ փոթորիկը զօրաւոր ըլլայ ու ընկղմինք, ձուկերը խնճոյք պիտի սարքեն: Իսկ եթէ պատերազմի ընթացքին բլուրի մը ստորոտը անյագ բնութեան նորածին լոյսին ներքեւ կարծր ու տաք փամփուշտով մը անդիի աշխարհ ճամբորդեմ, այն ատեն ալ որդերը խնճոյքի պիտի տիրանան: Արդիւնքը նոյնը ըլլալէ վերջ ես` բարձրահասակ նաւաստին, օրս օր ընել կ՛աշխատիմ:

Այս գիշեր ուշադրութիւն ըրէք, ձեր դրան առջեւէն անպայման մէկը սուլելով պիտի անցնի: Այդ մարդը ե՛ս պիտի ըլլամ:

———————————-

Արա Կիւլեր

1928-ին ծնած է Պոլիս: Յայտնի է որպէս Թուրքիոյ մէջ ստեղծագործ լուսանկարչութեան համաշխարհային ասպարէզին վրայ հռչակուած կարեւորագոյն ներկայացուցիչը: Լիսէի ուսման տարիներուն աշխատած է շարժանկարի սթիւտիոներուն ու շարժարուեստի բոլոր ճիւղերուն վրայ: 1951-ին աւարտած է Կեդրոնական վարժարանը: Թատրոնի ու դերասանութեան դասընթացքներու հետեւած է Մուհսին Էրթուղրուլի մօտ: Այդ տարիներուն է, որ գրական հանդէսներու եւ հայալեզու թերթերուն մէջ հրատարակուեցան իր պատմուածքներն ու հարցազրոյցները: Բարձրագոյն կրթութիւնը կը ստանար Պոլսոյ համալսարանի տնտեսագիտութեան բաժնէն, զոր կիսաւարտ թողեց` որոշելով դառնալ ֆոթօ-լրագրող: Լրագրական ասպարէզ մուտք գործեց 1950-ին, «Ենի Ստամպուլ» թերթով: Ստանձնեց «Թայմ լայֆ», «Փարիզ Մաչ» եւ «Սթերն» հանդէսներու Մերձաւոր Արեւելքի ֆոթօզ-թղթակիցի պաշտօնը: Մաս կազմեց «Մեկնըմ Ֆոթօզ»-ի: Նոյեան տապանին վերաբերեալ իր թղթակցութիւնն ու լուսանկարները «Մեկնըմ Ֆոթօզ»-ի կողմէ տարածուեցան աւելի քան հարիւր հրատարակութիւններու մէջ: Նոյնպէս այդ տարիներուն կատարեց Նեմրութ լերան մասին իր թղթակցութիւնը: Մէկ այլ յայտնի թղթակցութիւնը կը վերաբերէր Ափրոտիսիասին, որուն շնորհիւ մոռացութեան մատնուած այդ բնակավայրը վերստին յայտնաբերուեցաւ, եւ աշխարհ զայն ճանչցաւ Կիւլերի լուսանկարներով:

Մինչեւ 1961-ը որպէս լուսանկարի բաժնի վարիչ` աշխատեցաւ «Հայաթ» հանդէսին մէջ: 1961-ին Անգլիա հրատարակուող «Պրիթըշ ժուռնըլ օֆ ֆոթոկրաֆի եիըր պուք» զինք հռչակեց աշխարհի լաւագոյն եօթը լուսանկարիչներէն մէկը: Նոյն տարին, որպէս անդամ, ընդունուեցաւ Հանդէսի լուսանկարիչներու ամերիկեան միութեան (ASMP): 1962-ին Գերմանիոյ մէջ նուաճեց «Մասթըր օֆ Լէյսա» տիտղոսը: Նոյն տարուան ընթացքին ժամանակաշրջանի կարեւորագոյն հրատարակութիւններէն «Քամերա»  հանդէսը բացառիկ թիւ մը հրատարակեց Կիւլերի մասին: Լորտ Քինրոսի 1971-ին հրատարակուած Այա Սոֆիայի գիրքին լուսանկարները իր հեղինակութիւններն են: 1974-ին հրաւիրուեցաւ Միացեալ Նահանգներ, ուր բազմաթիւ յայտնի ամերիկացիներ լուսանկարելէ ետք աշխարհի բազմաթիւ քաղաքներուն մէջ սարքեց «Ստեղծագործ ամերիկացիներ» ցուցահանդէսը: Երկար տարիներու աշխատանքէ մը ետք Միմար Սինանի ստեղծագործութեանց լուսանկարները հրատարակեց 1992-ին: Հարիւրաւոր ցուցահանդէսներ սարքած է աշխարհի չորս ծագերուն: Իրմէ հրատարակուած են տասնեակ հատորներ: Հարցազրոյցներ կատարած ու լուսանկարած է աշխարհահռչակ բազմաթիւ անուններ` Պերթրանտ Ռասըլէն մինչեւ Ուինսթըն Չըրչիլ, Առնոլթ Տոնպիէն Փիքասօ, Ուիլիըմ Սարոյեանէն Սալվատոր Տալի, ինչպէս նաեւ` Թուրքիոյ յառաջատար արուեստագէտները:

———————————-

Նախորդը

«Փրկիչը…»

Յաջորդը

Թունուզը` Իբրեւ Միջին Արեւելքի Եւ Հիւսիսային Ափրիկէի Մէջ Լայնամտութեան Օրինակ

RelatedPosts

Մայրենի Լեզու – Վերասահմանումի Անհրաժեշտութիւն Եւ Դպրոց*
Գրական

Մայրենի Լեզու – Վերասահմանումի Անհրաժեշտութիւն Եւ Դպրոց*

Նոյեմբեր 4, 2023
Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Բժիշկ Վահրամ Թորգոմեան
Գրական

Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Բժիշկ Վահրամ Թորգոմեան

Մարտ 3, 2023
Եագուպիէ. Ապրուած Օրերու Յուշեր – Սուրբ Աննա
Գրական

Սփիւռքի Մրցունակ Գիտական Կեդրոնները` Այլընտրանքային Անհրաժեշտ Թթուածին

Հոկտեմբեր 13, 2022
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?