ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ
Երկուշաբթի, 13 օգոստոս 2018-ին, Թունուզի մէջ Կիներու ազգային օրուան առիթով, Թունուզի նախագահ Պեժի Քայիտ Սիպսի յայտարարեց, որ պիտի ապահովէ նիւթական ժառանգութեան հաւասար բաժանում`երկու սեռերուն միջեւ, նշելով միաժամանակ, որ իբրեւ նախագահի` իր պարտականութիւնն է միացնել բոլոր թունուզցիները եւ ոչ թէ բաժնելզանոնք:
Երկու սեռերուն միջեւ դրամական ժառանգութեան հաւասար բաժանումը կը նկատուի մեղք` ըստ կրօնամէտ շրջանակներուն, որոնք այս քայլը կը դիտեն իբրեւ հակադրութիւն իսլամական շերիաթին: Նախագահը իր կարգին շեշտը դրաւ Թունուզի քաղաքացիական ուղղութեան եւ նկարագիրին վրայ:
Օգոստոս 2017-ին Թունուզի նախագահ Սիպսին կազմեց «Անհատական ազատութիւններու եւ հաւասարութեան յանձնախումբ»-ը: Յանձնախումբը իր կարգին պատրաստեց 300 էջնոց տեղեկագիր մը, ուր նախագահին առաջարկուեցաւ դիմել բարեկարգումներու` յանուն կիներու իրաւունքներու եւ քաղաքացիական ազատութիւններու յառաջընթացին:
«Անհատական ազատութիւններու եւ հաւասարութեան յանձնախումբ»-ը նիւթական ժառանգութեան հաւասար բաժանումէն զատ` նաեւ առաջարկեց այլ բարեկարգումներ, որոնցմէ գլխաւորներն են, օրինակ` հաւատադրժողութեան (թաքֆիր) ջնջում, խղճի ազատութեան ապահովում, այլոց նկատմամբ կրօնական անհանդուրժողականութեան, խտրականութեան կամ բռնութեան քրէականացում, սեռային հաւասարութիւն եւ հաւասար հարկային համակարգ` առանց կրօնի կամ սեռի խտրութեան:
Իբրեւ արձագանգ նախագահի որոշումին` երկու սեռերուն միջեւ նիւթական ժառանգութեան հաւասար բաժանումին եւ «Անհատական ազատութիւններու եւ հաւասարութեան յանձնախումբ»-ի առաջադրած բարեկարգումներուն, հազարաւոր ցուցարարներ փողոց իջան իրենց զօրակցութիւնը յայտնելու: Ցուցարարները իրենց կարգին բարձրացուցին նշանաբաններ, որոնք շեշտը կը դնէին Թունուզի քաղաքացիական նկարագիրին վրայ, ինչպէս` «Չկայ հանրապետութիւն` առանց ազատութեան» եւ «Ոչ մէկ ֆաթուա եւ ոչ մէկ հանրաքուէ` կիներու իրաւունքներուն շուրջ»:
Կ՛արժէ յիշեցնել նաեւ, որ Թունուզ սկսաւ դիմել ընկերային բարեկարգումներու` Հապիպ Պուրկիպայի նախագահութեան օրերէն սկսեալ: Պուրկիպան արգիլեց բազմակնութիւնը, օրինականացուց վիժումը, հաստատութենականացուց ամուսնութիւնն ու ամուսնալուծումը պետականօրէն (իսլամական կանոններէն դուրս): Այսպիսով, Թունուզը դարձաւ լայնախոհութեան, կիներու իրաւունքներու պաշպանութեան եւ լայնամտութեան յառաջատարը արաբական աշխարհին մէջ:
Քայլ պահելու համար դարու ոգիին հետ, այլեւս ժամանակը եկած է Միջին Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի պետութիւններուն` դիմելու ընկերային բարեկարգումներու` բարելաւելու համար լուսանցքայնացուած խմբաւորումներու իրաւունքները, ինչպէս` կիներու, կրօնական-դաւանական եւ ազգային փոքրամասնութիւններու իրաւունքները, վերջ դնելով ցեղապաշտական, կրօնական անհանդուրժողականութեան եւ հայրիշխանական օրէնքներուն: