ՍՈՆԱ ԹԻԹԻԶԵԱՆ
Շուտով լոյս կը տեսնէ Քալիֆորնիոյ համալսարանի մշակոյթի պատմութեան մասնագէտ-դասախօս Հեղնար Զէյթլեան-Ուաթընփայի «The missing pages. The modern life of a medieval manuscript from Genocide to justice» («Պակսող էջերը. միջնադարեան ձեռագրի մը արդի կեանքը` Ցեղասպանութենէն մինչեւ արդարութիւն») գիրքը, որ կը վերաբերի Զէյթունի Աւետարանին կորսուած 8 էջերուն:
Զէյթունի Աւետարանը 1256 թուականին ընդօրինակուած է Հռոմկլայի մէջ: Զայն գրած ու նկարազարդած է 13-րդ դարու լուսաւորիչ եւ մանրանկարիչ Թորոս Ռոսլին` կաթողիկոս Կոստանդին Ա. Բարձրբերդցիի պատուէրով: Աւետարանը կը նկատուի հայկական մանրանկարչութեան գլուխ գործոցներէն մէկը: Անիկա նկարազարդուած է խորաններով, աւետարանիչներու պատկերներով, լուսանցազարդերով եւ զարդագիրերով:
Աւետարանը դարեր շարունակ պահուած է Զէյթունի աննշան եկեղեցիներէն մէկուն մէջ` մինչեւ 1915-ի Հայոց ցեղասպանութիւն: Գաղթականներուն հետ երկար ճամբայ կտրած, երկուքի բաժնուած է: Ապա տարիներ ետք մատեանը հասած է Հայաստան եւ տեղ գտած` Երեւանի «Մեսրոպ Մաշտոց» մատենադարանին մէջ: Այս միջոցին, սակայն, անկէ 8 էջեր կորսուած են:
Լոս Անճելըսի Կեթի թանգարանին մէջ յայտնուած են այդ 8 կորսուած էջերը, 1994-ին, երբ թանգարանը գնած է զանոնք Ցեղասպանութենէն վերապրած ամերիկահայ ժառանգորդներէ: Հայ եկեղեցին դատի տուած էր Կեթի թանգարանը` պնդելով, թէ ի՛նքն է օրինական սեփականատէրը այդ էջերուն: Իրաւական երկար պայքարը կ՛աւարտի փոխզիջմամբ, երբ Կեթի թանգարանը կ՛ընդունի հայոց եկեղեցւոյ օրինական սեփականատիրութիւնը, մինչ հայոց եկեղեցին որոշում կը կայացնէ մշակութային այդ հարուստ պատառիկները նուիրել թանգարանին:
Հեղնար Զէյթլեան-Ուաթընփա վերոնշեալ գիրքով ուսումնասիրած է Զէյթունի Աւետարանի ամբողջ ոդիսականը` Զէյթունի եկեղեցիէն մինչեւ Հալէպի գաղթակայանները, Էլիս կղզի, Խորհրդային Հայաստան, ապա` Լոս Անճելըսի դատարանները: Ան կը նշէ, որ մշակոյթի թանկարժէք պատառիկներուն պատմութիւնը կ՛արտացոլացնէ ցեղասպանութիւն ապրած, գոյապայքար մղած ու վերապրած հայ ժողովուրդին պատմութիւնը:
Գիրքին հրապարակումը նախատեսուած է փետրուար 2019-ին: Նշենք, որ Հեղնար Զէյթլեան նաեւ հեղինակն է «The Image of an Ottoman City: Architecture in Aleppo» («Օսմանական քաղաքի մը պատկերը. Հալէպի ճարատարապետութիւնը», 2004) գիրքին: Անոր գրութիւնները յաճախ լոյս կը տեսնեն «Huffington Post»-ի եւ «Los Angeles Times»-ի մէջ: