Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադարձ. Հայաստանի Հանրապետութիւն 100-ամեակ. Հայաստանի Հանրապետութեան Կերտիչ Արամ Մանուկեանի Դերակատարութիւնը` Հիմնուելով Վանի Անկախութեան Փորձին Վրայ

Օգոստոս 27, 2018
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ

Արամ Մանուկեան` Սերգէյ (Սարգիս) Յովհանիսեան, 1879-1919, ՀՅԴ անդամ, ազգային-ազատագրական գործունէութիւնը սկսած է դպրոցական տարիքին (որուն պատճառով վտարուած դպրոցէն, հակառակ անոր որ ուշիմ աշակերտ էր), Շուշիի մէջ, ապա ցարական Ռուսիոյ հայ ժողովուրդին վրայ ճնշումներուն դէմ պայքարով: 1901-1903 գործած է Պաքուի, Գանձակի, Թիֆլիսի, Ալեքսանդրապոլի եւ Կարսի մէջ: «Ռուսերը կը հալածէին հայ լեզուն, հայ դպրոցը եւ ազգային-մշակութային հաստատութիւնները» (1), Հայ եկեղեցւոյ կալուածները գրաւեցին: Աղքատ զինագործի զաւակ` 1903-էն սկսեալ Կարսի մէջ զբաղած է Արեւմտեան Հայաստան զէնք, զինամթերք ու կամաւորական խումբեր փոխադրելով:

1904-1908 գործած է Վանի մէջ, ուր զինք անուանած են Վանի Արամ, եւ Օրտու քաղաքին մէջ զբաղած է ուսուցչութեամբ, ապա 2 տարի ապրած է Ժընեւ: 1910-ին վերադարձած է Վան, եղած է Վասպուրականի հայութեան ամէնէն ճանչցուած եւ սիրուած գործիչը: Վասպուրականի մէջ ան ամէն տեղ էր` դպրոց, մամուլ, ազգային հաստատութիւններ, երիտասարդական շրջանակներ,  յարաբերութիւններ կառավարութեան հետ եւ այլն: Ան միակ անձն էր, որ հեղինակութիւն ունէր բոլորին մօտ` թէ հակառակորդներուն եւ թէ՛ կողմնակիցներուն: «Արմենական (ռամկավար) Համազասպը եւ ընկերները միացան Դաշնակցութեան` միայն մէկ պայման դնելով, որ գէթ երկուքին` Համազասպին (Բղէշցեան) եւ (Ղեւոնդ) Մելոյեանին առնենք Կեդրոնական կոմիտէին մէջ» (1), ինչ որ կատարուեցաւ եւ հիանալի համերաշխութեան մթնոլորտի մէջ բոլոր կուսակցութիւնները միասնաբար լծուեցան ինքնապաշտպանութեան աշխատանքին` տոկալով մինչեւ 5 Մայիս 1915` հայկական կամաւորական գունդերուն (առաջինը` Դաշնակցական Խեչոյի, Աշոտ Մելիք Մուսեանի եւ Դալի Ղազարի հետ, ապա նոյն օրը` Դրոյի) եւ ռուսական բանակին մուտքը Վան:

Ա. (Արշալոյս) Աստուածատրեան կ՛ըսէ. «Արամը արտակարգ վարպետ էր մարդկանց մօտենալու, անոնց հետ լեզու գտնելու եւ գործի մղելու արուեստին մէջ: Կարելի է ըսել, որ այդ ընդունակութիւնը իր ներքին կարողութիւններուն զարդը կը կազմէր, հասարակական կեանքի յաջողութիւններուն գլխաւոր բանալին: Արամի բնաւորութեան այս գիծը, ինչպէս կը տեսնենք իր մէջ, առանց չափազանցութեան փրկարար դեր կատարեց Երեւանի մէջ` Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան նախօրէին»… «Արամը մարդկանց կը ճանչնար ոչ միայն անոնց կատարած գործերով, այլ նաեւ բնազդով, այսինքն` առանց գործնական տուեալներու» (1):

Ձախին` Արամի բնակարանը եւ դրացի կալուածը 25 օգոստոս 2015-ին եւ 30 Յուլիս 2018-ին

Կազմակերպած եւ ղեկավարած է 1915-ի Վանի ինքնապաշտպանութիւնը, որուն յաղթական աւարտէն ետք, 5 մայիսէն 13 յուլիս 1915 ղեկավարած է Վանի նահանգապետութիւնը, որ տեւեց 70 օր միայն` ռուսական զօրքերուն անակնկալ հեռանալու նաեւ հայութիւնը Վանէն տեղահանելու որոշումին պատճառով (Արամ ի զուր փորձեց հեռացող ռուսական բանակէն զինամթերք ապահովել` մնալու եւ պաշտպանելու համար նահանգը):

Ռուսական զօրքերու նահանջին ժամանակ կազմակերպած է Վասպուրականի հայութեան (շուրջ 250 հազար) գաղթը դէպի Արեւելեան Հայաստան: Արամի ճիգերուն արգասիքը եղաւ 1915-ին Վանի հայութեան միասնական` հերոսական ինքնապաշտպանութիւնը, որուն ոգին եւ հուժկու բռունցքն էր Արամ: Իբրեւ այդպիսին` ան նշանակուեցաւ օսմանցիներէն իր անկախութիւնը կերտած Վանի կառավարիչ` ռուս զօրավար Նիկոլայեւի հրամանով եւ Կովկասի փոխարքայ Վորոնցով-Դաշկովի 8 մայիս 1915-ի վաւերացումով, արժանանալով ոչ միայն վանեցիներու, այլեւ Վան մտած ռուսական զօրքերու հրամանատարութեան հիացմունքին ու վստահութեան (2):

Արամ Մանուկեան սեւ գլխարկով կեդրոնը, աջին` զօրավար Նիկոլայեւ

Նոյն օրը Արամ հետեւեալ կոչը կ՛ուղղէ ժողովուրդին (2).

«Հայ ժողովուրդին,
«Քաղաքացինե՛ր,

«Ռուսական յաղթական բանակի առաջխաղացումը նոր դարագլուխ եւ իրաւակարգ կը բանայ մեր քաղաքի եւ գաւառի իրաւազուրկ ժողովուրդին համար: Դարերու ստրկութեան եւ քաղաքական ճնշումներու վախճանն է, որ մենք կ՛ապրինք այս օրերուն. հայ ժողովուրդի շինարար եւ ստեղծագործ ոգիի ծնունդն է, որ մենք այժմ կը տեսնենք:

«Ռուս զօրքերու հրամանատարը` զօրավար  Նիկոլայեւ, գնահատելով Վասպուրականի հայ ժողովուրդի հերոսական ջանքերը` թուրք կառավարութիւնը անզօր դարձնելու իր ազգասպան քաղաքականութեան մէջ եւ հաւանելով հայ ժողովուրդի մշակութային ձգտումները, բարեհաճեցաւ 7 մայիս, թիւ 16 մասնաւոր հրամանագիրով զիս նշանակել քաղաքի եւ շրջանի կառավարիչ եւ կազմակերպել նոր գործը իր բոլոր ճիւղերով:

Վանի Հերոսամարտի կեդրոնական կոմիտէն. ձախէն աջ` Տիգրան, Իշխան, Արամ, Մալխաս, Համազասպ եւ պառկած` Սարգիս Բ.

«Այսօր արդէն կազմակերպուեցան ոստիկանական, դատական, գիւղատնտեսական, քաղաքապետական եւ այլ վարչութիւններ:

«Ասով կը յայտարարեմ ամբողջ ժողովուրդին, որ նոր կառավարութիւնը կազմակերպուած ըլլալով` անհրաժեշտ է բոլոր գործերու համար դիմել նոր կառավարութեան յանձնախումբերուն, քաղաքին եւ շրջակայքին մէջ բնական վիճակ ստեղծելու համար:

«Ներկայ պատմական պատասխանատու օրերուն մէջ հայ ժողովուրդը միայն մէկ նշանաբան պիտի ունենայ` համախմբուիլ ամբողջ եռանդով կառավարութեան շուրջը, վերակազմակերպելու համար կեանքը քաղաքին եւ շրջանին մէջ, արժանի ըլլալու համար քառորդ դարէ աւելի մղուած պայքարին մէջ ինկած հերոսներու յոյսերուն եւ յիշատակին ու միշտ բարձր պահելու համար հայ ազգի մշակոյթի պաշտօնի գիտակցութիւնը Փոքր Ասիոյ այս ծայրագաւառին մէջ:

«Ռուս զօրավարը մեր այս յոյսերու լիակատար գիտակցութեամբ էր, որ հայ ժողովուրդին եւ իմ հանդէպ ցոյց տուաւ այդ մեծ վստահութիւնը:

«Քաղաքացինե՛ր, ձեզի կը մնայ մեր այդ յաւակնութեանց եւ յոյսերուն ընդառաջ գացող յաղթական բանակին եւ զօրավարին վստահութիւնը բացարձակապէս արդարացնել եւ աւելի լաւագոյնին արժանի եւ պատրաստ գտնուիլ:

Վանի շրջանի կառավարիչ
ԱՐԱՄ
8 մայիս 1915, Վան-Այգեստան»

«Եթէ Վանի ինքնապաշտպանութիւնը հայ ժողովուրդի մարտական ընդունակութիւններու անհերքելի ապացոյցը եղաւ, Վանի կառավարութիւնն ալ անոր ստեղծագործական-պետական կեանքի առաջին արժանաւոր վկայականը մնաց: Թէ՛ հերոսամարտի եւ թէ՛ պետական շինարարութեան մէջ վանեցին եկաւ ապացուցելու, որ հայը կատարելապէս արժանի է ազատ ու անկախ կեանքի:

«Ստանձնելով Վանի կառավարիչի պաշտօնը, իր կազմակերպչական հոյակապ տաղանդով, ընդամէնը մէկ քանի օրերու մէջ, Արամ կրցաւ ոչինչէն, քաոսէն ու աւերածութենէն, բառին իրական ու լայն առումով, ժողովրդական-վերաշինական կառավարութիւն մը ստեղծել, ստեղծագործական աշխատանքի լծել վանեցին, գաւառացի թէ կովկասահայ բոլոր կենսունակ ուժերը եւ օրէ օր, ժամէ ժամ ամրապնդել կառավարութեան հիմերը եւ դարձնել զայն ոչ միայն Վանի, այլեւ համայն հայ ժողովուրդի առաջին պետական կեանքի յենակը:

Վան-Այգեստանի համայնապատկերը 1916-ին

«Հակառակ իր կարճատեւ, ընդամէնը 70-օրեայ գոյութեան` Արամի կառավարութիւնը իր ստեղծագործական-կազմակերպչական թափով նոյնպէս աննախընթաց երեւոյթ մըն է մեր պատմութեան մէջ, ինչպէս որ պատմական շքեղ էջ մըն է Վանի հերոսամարտը» (2):

Առաջին իսկ օրերուն կազմուեցան կառավարական հետեւեալ հիմնարկութիւնները` կուսակցականներէ եւ անկուսակցականներէ բաղկացած. կը նշեմ միայն առաջինին անձնակազմի անունները.

  1. Նահանգային վարչութիւն, որ Վասպուրականի գլխաւոր վարչութիւնն էր, հետեւեալ կազմով.

Արամ` նահանգապետ, Սիրական Տիգրանեան` փոխնահանգապետ, Պարոյր Լեւոնեան` նահանգապետի օգնական, Արշակ Դարբինեան (ռամկավար) դիւանապետ, Կարապետ Աճեմեան (ռամկավար), հաշուակալ, Տիգրան Թերլեմէզեան (անկուսակցական), գանձապահ, Յովհաննէս Մխիթարեան` քարտուղար (մնացեալը` ՀՅԴ):

  1. Տնտեսական մարմին, որ Վասպուրականի տնտեսական եւ եկամտային գործերու եւ խնդիրներու վարիչն էր, 7 անդամ:
  2. Քաղաքական վարչութիւն, որ քաղաքային խորհուրդի մը բոլոր իրաւասութիւններն ու պարտականութիւնը ունէր, 10 անդամ:
  3. Կրթական տեսչութիւն, որ կը վարէր նահանգի կրթական գործը, 3 անդամ:
  4. Երկրագործական մարմին, որ պաշտօն ունէր զարգացնելու երկրագործութիւնը, հայթայթելու երկրագործական նորագոյն գործիքներ եւ երկրագործ դասին մէջ փոխառութեան գործը կազմակերպելու, 2 անդամ:
  5. Առողջապահական մարմին, որ պարտականութիւն ունէր հսկելու նահանգի առողջապահական պայմաններուն եւ քաղաքի մաքրութեան վրայ, 3 անդամ:
  6. Առեւտրական մարմին, որ պարտաւոր էր զարկ տալու արդիւնաբերական ձեռնարկութիւններուն, զարգացնելու վաճառականութիւնը եւ լուծելու առեւտրական զանազան խնդիրներ, 5 անդամ:
  7. Ոստիկանական տեսչութիւն, յատկապէս` քաղաքին համար, 3 անդամ: Տեսչութիւնը իր տրամադրութեան տակ ունէր 5 շրջանապետներ` մէկական օգնականներով եւ քարտուղարներով, 60 հետեւակ եւ 12 հեծեալ ոստիկաններով:
  8. Դատական.

ա) Հաշտարար, մէկ անկուսակցական դատաւոր, մէկ քարտուղար եւ մէկ գործավար:
բ) Հարցաքննիչ դատաւոր, մէկ անկուսակցական:
գ) Շրջանային դատարան, մէկ անկուսակցական, մէկ անդամ, մէկ դիւանապետ, մէկ քարտուղար եւ երկու գործավար:
դ) Ընդհանուր դատախազութիւն, մէկ հնչակեան:
ե) Գործադիր, մէկ անկուսակցական:
զ) Ընդհանուր քննիչ, մէկ անկուսակցական եւ քարտուղար մը:

Այս բոլոր հիմնարկութիւններուն նախագահները Արամի գլխաւորութեամբ կը կազմէին «Նահանգային խորհուրդը», որ կը կարգադրէր նահանգի հողային, կրթական, ոստիկանական, սահմաններու ապահովութեան, հարկային եւ այլ խնդիրները: Արագօրէն կը կազմակերպուին նաեւ մերձակայ եւ հեռաւոր 14 գաւառապետութիւնները:

Կառավարութիւնը նաեւ պատրաստեց իր նախահաշիւը, որ 8 ամսուան համար` 1 մայիս 1915-31 դեկտեմբեր 1915, 178 հազար 340 ռուբլի էր:

Շուտով քաղաքը մաքրուեցաւ, պատերազմի հետքերը վերացան, եւ նոր վաճառատուներ, աշխատանոցներ, ճաշարաններ, սրճարաններ եւ պանդոկներ կառուցուեցան Վանի արուարձան հայկական Այգեստանի մէջ: Մշակութային կեանքը աշխուժացաւ` ներկայացումներ, նուագահանդէսներ, եւ մէկէ աւելի թերթեր հրատարակուեցան: Վանի հերոսամարտը եւ անկախութիւնը ոգեւորեց աշխարհասփիւռ հայութիւնը, եւ սրտաբուխ նուիրատուութիւններ ղրկուեցան Կովկասի եւ Ռուսիոյ հայութենէն: Բոլոր կամաւորական գունդերու հրամանատարները այցելեցին Վան-Այգեստան` Արամին. Վարդան, Քեռի, Համազասպ, Սեպուհ, ապա` Անդրանիկ եւ Դիլմանի մէջ թրքական բանակը ջախջախած զօրավար Նազարբէկեանը, որ ուրախ եւ յուզումով Արամին կ՛ըսէ. «Տեսնելով ձեզ, ձեր երկիրը եւ ձեր ժողովուրդը, ես հպարտ եմ որ հայ եմ»: Կ՛այցելեն նաեւ` Ռոստոմը, Համօ Օհանջանեանը, Սիմոն Վրացեանը, Նիկոլ Աղբալեանը, Սարգիս Արարատեանը եւ ուրիշներ, որոնք ապագային անկախ Հայաստանի գործիչներէն եղան:

Ահա այս նոյն Արամն էր, որ դեկտեմբեր 1917-ին գործուղուեցաւ Երեւան` քաոսին մէջ կարգ-կանոն հաստատելու, եւ շնորհիւ Վան-Այգեստանի իր փորձառութեան` կազմակերպեց քաղաքային իշխանութիւն եւ բանակ, որ պարտութեան մատնելով թրքական բանակները` 28 մայիս 1918-ին իրողապէս կերտեց  Հայաստանի Հանրապետութիւնը:

14 օգոստոս 2018

(1)  «Արամը», հրատարակութիւն ՀՅ Դաշնակցութեան, 1969, տպարան Համազգային, Ա. Աստուածատրեանի «Արամը» գլուխ, էջ11-146:
(2)  Նոյնը, Օննիկ Մխիթարեանի «Վանի ինքնապաշտպանութիւնը» գլուխ, էջ 457-478:

 

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (27 Օգոստոս 1968)

Յաջորդը

Շնորհահանդէս Պօղոս Շահմելիքեանի «Յիշատակներ… Անցած Օրեր» Գիրքի Անգլերէն Թարգմանութեան

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ողբերգութի՞ւն, Թէ՞ Կատակերգութիւն. Բեմը Անարգելը Ե՞րբ Աւանդութիւն Դարձաւ
Անդրադարձ

Ողբերգութի՞ւն, Թէ՞ Կատակերգութիւն. Բեմը Անարգելը Ե՞րբ Աւանդութիւն Դարձաւ

Հոկտեմբեր 14, 2025
Ռազմիկ Բաղդասարեանի Ելոյթին Առիթով
Անդրադարձ

Ռազմիկ Բաղդասարեանի Ելոյթին Առիթով

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?