Գաղութէ Գաղութ
Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա Գամիշլիի Մէջ Հանդիսաւոր Տօնակատարութեամբ Յիշատակուեցաւ ՀՅԴ 129-Ամեակը Չորեքշաբթի, 25 դեկտեմբերին Գամիշլիի «Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 129-րդ ամեակի տօնակատարութիւնը` հովանաւորութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի Ճեզիրէի Առաջնորդական փոխանորդ Լեւոն աբղյ. Եղիայեանի: Տօնակատարութեան բացումը կատարեց հանդիսավար Յակոբ Պարսումեան` հրաւիրելով ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու մեզմէ առյաւէտ հեռացած դաշնակցականներուն յիշատակը, ի մասնաւորի 2019-ին մահացած Կարպիս Մարգէեանի եւ Տարօն...
















