Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բրիտանիոյ Աշխատաւորական Կուսակցութեան Վերականգնումը Կ՛անցնի Ընկերվարութեան Վերանորոգման Ճամբէն

Յունուար 14, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

2015-ին Բրիտանիոյ Աշխատաւորական կուսակցութեան ղեկավարութիւնը ստանձնեց Ճերեմի Քըրպընը` իր արմատական ձախ կեցուածքով:

Ան իր ղեկավարութեան ամբողջ ընթացքին դարձաւ այն հեղինակութիւնը, որ յաջողեցաւ ընկերվարական գաղափարախօսութիւնը վերանորոգել: Վերանորոգել այն իմաստով, որ հրաժարեցաւ Երրորդ ուղիի ուղղութենէն եւ յատկապէս նախորդ տարիներու տնտեսական ազատական քաղաքականութիւններէն: Ան նոր կեանք տուաւ ընկերվարութեան` երկար տարիներու խոր քունէ ետք:

Աշխարհի չորս ծագերուն ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութիւնները, խորհրդարանական ընտրութիւններուն իրենց արձանագրած պարտութիւններէն ետք, սկսան վերլուծել այդ պարտութիւններուն պատճառները եւ հասան այն եզրակացութեան, որ պէտք է ձախդարձ կատարեն կամ աւանդական բարեկեցութեան քաղաքականութիւններուն վերադառնան (ինչ որ կատարեց Քըրպըն): Եւ այդ ուղղութեամբ ու համոզումով, Սպանիոյ, Փորթուգալի, Դանիոյ, Լեհաստանի եւ Ֆինլանտայի ընկերվար-ժողովրդավարական գաղափարախօսութիւն դաւանող կուսակցութիւնները վերադարձան իրենց արմատներուն եւ վերաշահեցան ժողովրդականութիւնը իրենց աւանդական ընտրախաւին` աշխատաւոր դասակարգին մօտ:

Ինչ կը վերաբերի Բրիտանիոյ Աշխատաւորական կուսակցութեան, անիկա ո՛չ միայն վերաշահեցաւ ժողովրդականութիւն, այլ նաեւ յաւելեալ աթոռներ ալ շահեցաւ 2017-ին տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն` ամոքելով նախորդ ընտրութիւններու (2015-ի ընտրութիւններու) վէրքերը:

12 դեկտեմբեր 2019-ին տեղի ունեցած Բրիտանիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններուն Աշխատաւորական կուսակցութեան ձեռք բերած արդիւնքը, երբ ստացաւ քուէներուն միայն 32,1 առ հարիւրը եւ կորսնցուց 60 աթոռ (նախորդ ընտրութիւններուն, որոնք տեղի ունեցած էին 2017-ին, Աշատաւորական կուսակցութիւնը ստացաւ քուէներուն 40 առ հարիւրը), մեծ ցաւ ստեղծեց ամբողջ ընկերվարական ընտանիքին` միջազգայնօրէն:

Խորհրդարանական ընտրութեանց արդիւնքներուն հրապարակումէն անմիջապէս ետք ոմանք (յատկապէս` ազատ շուկայական տնտեսութեան երկրպագուները) այս պարտութեան պատճառը նկատեցին աշխատաւորականներու նախընտրական ծրագիրին ընկերային-տնտեսական խոստումներուն «արմատական» ըլլալը. սակայն, ըստ բրիտանական համաշխարհային համացանցի վրայ գտնուող շուկայական հետազօտական YouGov ընկերութեան, Աշխատաւորական կուսակցութեան ընկերային-տնտեսական խոստումները հանրութեան կողմէ ստացած էին լայն գնահատանք: Օրինակի համար, հարստութեան վրայ հարկումը արժանացած էր հետազօտութեան մասնակիցներուն 53 առ հարիւրի գնահատանքին, երկաթուղիի պետականացումը` 56 առ հարիւրին, ջուրի ընկերութիւններու պետականացումը` 50 առ հարիւրին եւ կազի ու ելեկտրականութեան ընկերութիւններու պետականացումը` 45 առ հարիւրին:

Մնալով ընկերային-տնտեսական բնագաւառին մէջ` աշխատաւորականներու բռնած չէզոք դիրքը Պրեքզիթի շուրջ (Աշխատաւորական կուսակցութիւնը կը փորձէր իր շուրջ համախմբել երկու կողմերէն` եւրոպամէտ եւ պրեքզիթեան կողմնորոշում ունեցող աշխատաւոր դասակարգի համախոհներ), առանց նկատի առնելու կամ յիշելու, որ Պրեքզիթին կողմ քուէարկեց աշխատաւոր դասակարգին 64 առ հարիւրը (ի նպաստ Պրեքզիթին քուէարկող  ընկերային դասակարգերուն մէջ մեծամասնութիւնը կազմեց աշխատաւոր դասակարգը, ըստ գերմանական շուկայական եւ կարծիքի հետազօտական «Սթաթիսթա» ընկերութեան): Քայլ մը, որ, կրնանք ըսել, գլխաւոր պատճառը դարձաւ աշխատաւորականներուն ի նպաստ քուէարկութեան տոկոսի նուազեցման` աշխատաւոր դասակարգի ընտրատարածքներուն մէջ:

Ընկերային-տնտեսական պատճառներէն անդին` կար նաեւ աշխատաւորական կուսակցութեան մէջ հակասեմականութեան հարցը: Կուսակցութեան ղեկավարութիւնը ձախողեցաւ լուծել այս հարցը: Հարց մը, որ մտահոգութիւն պատճառեց բնակչութեան` ծայրայեղութեան, ցեղապաշտութեան եւ  օտարատեացութեան երեւոյթներու տարածման խորապատկերին վրայ:

Ի վերջոյ, կար ինքնին Աշխատաւորական կուսակցութեան ղեկավար Ճերեմի Քըրպընին հետ կապուած ժողովրդականութիւն չունենալու հարց. ըստ YouGov ընկերութեան, 2017 թուականին Աշխատաւորական կուսակցութեան քուէարկելու, իսկ 2019-ին չքուէարկելու գլխաւոր պատճառը Քըրպընի ղեկավարութիւնն էր, մանաւանդ` իր արմատական պատմութեամբ եւ իր ներկայի ընտրական քարոզարշաւի արմատական ոճով:

Տասնամեակ մը եւս (2010-ին խորհրդարանական ընտրութեանց ընթացքին պարտուելէ ետք) Բրիտանիոյ Աշխատաւորական կուսակցութիւնը դուրս մնաց կառավարութենէն: 21-րդ դարու 3-րդ տասնամեակը առիթ մըն է Աշխատաւորական կուսակցութեան, որպէսզի վերանորոգէ ինքզինք` հեռու մնալով արմատական հռետորաբանութենէն,սակայն նոյն ատեն ալ` վառ պահելով վերեւ յիշուած իր արմատական ընկերային-տնտեսական պահանջները (երկաթուղիի, ջուրի, կազի ու ելեկտրականութեան ընկերութիւններու պետականացում եւ հարստութեան վրայ հարկում), բայց` արդիապաշտ ու չափաւորական ղեկավարութեամբ:

 

Նախորդը

Բանաստեղծութեան Մը Պատմութիւնը

Յաջորդը

Դասախօս Եւ Գրող Ազատ Եղիազարեանի Լեզուի Մասին Բանիմաց Հայու Խօսքը

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?