Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կոմիտաս Եւ Առասպելագրութիւն Բ. Կոմիտասի Ժառանգը

Յունուար 16, 2020
| Արուեստ - Մշակոյթ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ

Երաժշտագիտական ենթահող.- Կոմիտաս երեւոյթը յանկարծ, դատարկութեան մէջ չէ գոյացած: Գէորգ Դերձակեան վարդապետ (այլ` ոչ պատուելի, ինչպէս կը կարդանք բնագրին մէջ), որ աւանի հոգեւոր հովիւն էր, Էջմիածին պիտի մեկնէր եպիսկոպոս ձեռնադրուելու համար (այդ չենք տեսներ ելոյթին մէջ, Դերձակեան կը մնայ պատուելի… Ներողութիւն, կը մնայ վարդապետ): Ելոյթի ընթացքին անանուն կաթողիկոս Ա զարմացաւ, երբ տեսաւ մանուկ Սողոմոնը: Մինչդեռ Գէորգ Դ.  ճեմարանի ուսանողները կը հաւաքէր հայկական բոլոր շրջաններէն: Կաթողիկոսը Դերձակեան վարդապետէն պահանջած էր իրեն հետ բերել արժանաւոր մանուկ մը: Դերձակեան մանուկ Սողոմոնը կ՛ընտրէ աւելի քան քսան անդամանոց դպրաց դասէն: Սողոմոնին պատահաբար փողոցին մէջ չի հանդիպիր` որպէս մուրացիկի: Ի դէպ, ոեւէ խելամիտ պատանի անծանօթի մը տունը առանձին պիտի չերթար «շորպա» ուտելու:

Կովկասի մէջ կենդանի էր «Շրջուն դպրոց» տիտղոսը վաստակած Կարա Մուրզայի աւանդը: Կարա Մուրզա աւելի քան 50 վայրի մէջ տեղական ուժերով բազմաձայն երգչախումբեր կազմած էր: Կոմիտաս 1895-ին Թիֆլիսի մէջ վեց ամիս աշակերտած էր վաստակաշատ երգահան Եկմալեանի, որ նոյնպէս բազմաձայն երգչախումբեր կը վարէր: Եկմալեան իր յօրինած ազգային բնոյթի երգերու կողքին, մշակած էր նաեւ բազմաթիւ ժողովրդական մեղեդիներ: Մեզի ծանօթ է յատկապէս իր պատարագով եւ ռոմանսներով: Երկու վաղամեռիկ երաժիշտները նախատիպեր էին Կոմիտասի համար (1): Ինչպէս նախապէս նշած էի, Գէորգ Դ. կաթողիկոսի հովանաւորութեամբ արդէն իսկ հրատարակուած էին առնուազն երեք հաստափոր ժողովածուներ: Կոմիտասի ծրագիրը որեւէ «հրեշտակային երգեցողութեան» (Անահիտ) ծնունդ չէ: Նման պատկերացումներ կռապաշտութիւն հիմնաւորելու ծառայող առասպելաբանութիւններ են (2): Իսկական շարժիչը կաթողիկոսն էր: Նաեւ կաթողիկոսն էր, որ Կոմիտասը ուղարկեց Թիֆլիս եւ եւրոպական շարք մը ոստաններ:

Եւրոպայի մէջ կը տիրէին ազգային զարթօնքի շարժումները: Կը կազմուէին նոր ազգային պետութիւններ: Լիսթ (հունգար), Շոփեն (լեհ), Վակներ (գերման), Չայքովսքի (ռուս), Ռաւել (ֆրանսացի) եւ բազմաթիւ այլ տաղանդաւոր երաժիշտներ տասնամեակներ առաջ իրենց ազգային ժողովրդական մեղեդիները արդէն իսկ ներառած էին դասական երաժշտութեան մէջ:

Կոմիտաս 3 տարի մնաց Պերլին: Գերման պետութիւնը հիմնուած էր միայն տասնամեակ մը առաջ: Այդտեղ կը տիրէր ազգայնական մթնոլորտ, որ ծնունդ պիտի տար Ա. աշխարհամարտին: Կոմիտաս ուսանեցաւ Ռիչըրտ Շմիթի երաժշտանոցին մէջ: Իր երեք ուսուցիչները կլանուած էին գերման ազգակերտութեան գործընթացով (3):

Հայնրիխ Պելլերման (Heinrich Bellermann, 1832–1903) հին յունական եւ միջնադարեան երաժշտութեան մասնագէտ էր: Իր դրոյթներէն մէկը այն էր, որ հին երաժշտութիւնը երգեցիկ է եւ հիմնուած` քառալարերու վրայ: Ինչպէս տեսանք, Կոմիտաս այդ դրոյթը փորձեց հիմնաւորել նաեւ հայկական երաժշտութեան մէջ: Կոմիտաս սորվեցաւ նաեւ զուգահեռ մեղեդիներ (counterpoint, զուգանուագ) համադրելու օրէնքները: Կոմիտասի ուսուցիչը այս ուղղութեամբ խիստ պահպանողական էր, կը մերժէր նոյնիսկ Պախի (1685-1750) զուգանուագները, 19-րդ դարու երաժշտութիւնը կը համարէր անկումային:

Մաքս Ֆրիտլենտեր (Max Jakob Friedländer,  1867-1958) գերմանական ազգագրական եւ դասական երաժշտութեան մասնագէտ էր (նկատել` ազգագրական-դասական զուգորդութիւնը): Ֆրիտլենտեր խանդավառ էր Վիլհելմ կայսեր (Friedrich Wilhelm, 1859 -1941) մշակութային քաղաքականութեամբ, նուիրեալ անդամ էր այն յանձնախումբին, որ պատրաստեց «Կայսեր երգարանը» (Kaiserliederbücher): Այդ կը պարունակէր խմբերգներ, որոնք ջամբուեցան ռազմաճակատ ուղարկուած «թնդանօթի միսերուն»: Ֆրիտլենտեր Կոմիտասի ներշնչեց երաժշտութեան եւ զտարիւն ազգային մշակոյթ կերտելու գաղափարը, այն, ինչպէ՛ս գերմանացի երաժիշտներ ժողովրդական երգերը ենթարկած էին դասական երաժշտութեան ձեւաչափերուն: Կոմիտաս ջանաց այդ գործադրել:

Օսքար Ֆլայշըր (Oskar Fleischer,1856-1933), որ ազգային ինքնութեան կերտումի տեսաբան էր, յարացոյցը (paradigm) նացի գաղափարաբանութեան: Ֆլայշըր ամբողջ 30 տարի ուսումնասիրած էր եւրոպական խազերը: Բուռն կերպով հակադրուած էր տիրող լատինական ազդեցութեան` գերմանականի վրայ: Կը փորձէր գերմանական մշակոյթը կապել ուղղակի յունականին: Կոմիտաս իր կարգին բուռն կերպով հակադրուեցաւ տիրող արեւելեան մշակոյթին: Կոմիտաս եւս որդեգրեց յունական քառալար ձեւաչափը: Ֆլայշըր երաժշտութիւնը կը փորձէր հիմնել լեզուի եւ աշխարհագրութեան վրայ: Կոմիտաս եւս:

Ֆլայշըրի  գաղափարները, ցաւօք, կրկին ու կրկին կը յայտնուին Կոմիտասի յօդուածներուն, դասախօսութիւններուն եւ նամակներուն մէջ: «Մեծ խանդավառութեամբ ընդգրկեցի Վակների ցեղային հոգեբանութեան համապատասխան դրոշմը,…» կ՛ըսէ, օրինակ, Կոմիտաս (4): Վակներով համակուած էր նաեւ Երրորդ Ռայխը, ի մասնաւորի` Ֆիւրերը: Այս մասին կայ լայն գրականութիւն: Չեմ ուզեր ընդլայնել, որպէսզի զգացումներ չհրահրուին:

Նախաաշխարհամարտ շրջանը կը յատկանշուէր պարզաբանական (reductionist) «համարձակ» տեսութիւններով: Այդ մասամբ քաջալերուած էր գիտութեան արագ եւ  հսկայական քայլերով: Բնագիտական տարազները (formula) առհասարակ պարզ էին, սահմանափակ տառերէ եւ նշաններէ բաղկացած: Ջերմուժականութեան տեսութիւնը (thermodynamics), օրինակ, կը բաղկանայ երեք պարզ օրէնքներէ, որոնք կը բացատրեն ամէն ինչ, որ առնչուած է ջերմութեան հետ եւ` ոչ միայն (5): Բազմաթիւ մարդիկ փորձեցին նոյն «համարձակ» ոգիով մօտենալ այլ մարզերու: Այդ մտայնութիւնը այժմ լքուած է (6):

Կոմիտասի երաժշտաբանութիւնը.- Վերը կրկին անդրադարձած եմ քառալարերու դերին` որպէս «վանկերու» ձեւաչափի: Ջանասէր Կոմիտաս վստահաբար ուսումնասիրած էր Էջմիածնի մէջ կատարուած Ն. Թաշճեանի լայնածաւալ ձայնագրութիւնները եւ որոշ սկզբունքները, թէեւ  այդ մասին ակնարկութեան չեմ հանդիպած:  Կոմիտաս վստահաբար նաեւ վերանայած եւ վերաձեւաւորած էր զանոնք: Քառալարերու միաւորման ձեւաչափերէն մէկը այն է, որ առաջին քառալարի վերջին ձայնը կը դառնայ յաջորդ քառալարի առաջին ձայնը (7):

Կոմիտաս ունի այլ դրոյթներ:

Չշեղելով Ֆլայշըրի սկզբունքէն` Կոմիտաս կը փորձէր գեղջկական երգերու երաժշտական շեշտը առնչել բառերու շեշտադրումին: Կոմիտաս երգերու արձանագրութեան ընթացքին կը գործածէր երկար ու կարճ գծիկներ` ցոյց տալու համար կշռոյթը (8) (նկատել, որ Կոմիտաս չէր գործածեր նոյնիսկ հայկական խազային առոգանութեան համեմատաբար պարզ նշանները): Նման համընկնում ի հարկէ ցանկալի է յատկապէս պարային երգերու մէջ, երբ շեշտուած շարժումը կը համընկնի ե՛ւ երաժշտութեան, ե՛ւ խօսքի շեշտերուն: Այս աւելի արտայայտիչ կրնայ ըլլալ արեւելահայերէնի մէջ. իսկ արեւմտահայերէնի շեշտը կ՛իյնայ բառի վերջին վանկին վրայ: Երկար եւ կարճ վանկերու համադրումը առկայ է հին յունական, Եւրոպայի միջնադարեան եւ հաւանաբար բազմաթիւ այլ մշակոյթներու երաժշտութեան մէջ: Արաբերէն հին ոտանաւորները ունին 16 գլխաւոր հանգային ձևաչափեր (ծովեր, պըհուր (արաբերէն)): Անձնապէս հանդիպած եմ շարք մը հայերէն երգերու վերլուծումներուն, բայց կարելի չէ աներկբայօրէն հաստատել այն դրոյթը, որ լեզուաերաժշտական շեշտերու համընկնումը ձեւաչափ էր բոլոր ժամանակներու բոլոր գեղջկական երգերուն համար: Կոմիտաս 1914-ին Փարիզի մէջ ներկայացուցած էր այս իմաստով հայկական երաժշտութեան իւրայատուկ ըլլալու դրոյթը (9):

Կոմիտաս որդեգրած է միջնադարեան հոգեւոր երգեցողութեան «դիմող-հանգչող» ձայներու կիրարկումը: Տուեալ մեղեդիի մը մէջ «դիմողը» հնչիւն (նոթ) մըն է, որ յաճախ կը կրկնուի, իսկ «հանգչողը»` այն, ուր մեղեդին պահ մը դադար կ՛առնէ (10): Այս ձեւաչափը մշակութային աւանդի պահպանում է: Մեղեդիի զարգացման գլխաւոր եղանակը հիմնական բներգի տարբերակներու կրկնութիւնն է:

Կոմիտասի, ինչպէս Կարա Մուրզայի եւ Մ. Եկմալեանի, բազմաձայն յօրինումները  արեւմտեան աւանդներուն կը հետեւին: Երկրորդ կշռոյթը ընդհանրապէս պարզ է, ինչպէս գծապատկերի «Բ» նմուշին մէջ: Հետաքրքրական օրինակներէն մէկն է (Գիւղի ժամը), ուր առաջին չափը գեղջկուհի աղջկան արգիլուած խոհերն են, իսկ երկրորդը` եկեղեցւոյ արգիլող զանգերը  (տինկ-տոնկ), որ արական խումբը կ՛երգէ «Տան-տօ, տան-տօ» վանկարկումով (11): Հայկական երաժշտութեան մէջ հարուստ է կշռոյթը եւ` սահմանափակ, գրեթէ բացակայ է  «զարդահնչիւն»-ը: Այդ մասին ակնարկ կար ներկայ ելոյթին մէջ տիրացուներու առնչութեամբ: Բարի՛:

Կան նաեւ այլ գործադրութիւններ, որոնք սակայն չեն վերաբերիր գեղջկական երգերուն: Կոմիտաս, բազմաթիւ այլ տաղանդաւոր երաժիշտներու նման, յօրինած է պատարագ, դասական գործեր եւ սկզբնական շրջանին նաեւ ռոմանսներ: Կոմիտասին Անտունի»-ն, օրինակ, որ էականօրէն հայկական երաժշտական սեռ է, գրուած է oratorio-ի (մաղթերգ, օրհներգ) ոճով եւ նոյնիսկ կը յիշեցնէ Հենտելի «Ամբողջական խաւարում»-ը (12): Կոմիտաս որեւէ յօրինում կամ նոյնիսկ դաշնաւորում չէ կատարած ժողովրդական նուագարաններու համար:

Այստեղ հարկ է նշել վարկած մը` Պերլինի աւարտաճառին շուրջ: Պոլսոյ Պէզճեան վարժարանի ուսուցիչ Թորոս Ազատեան 1931-ին հրատարակած է «Կոմիտաս վարդապետ» վերնագրով կենսագրական մը, ուր հիմնուած  եզիտի Ուսուպ պէյի վկայութեան վրայ` կ՛ըսէ, թէ աւարտաճառը քրտական երաժշտութեան շուրջ է: Այս վարկածը լսած եմ բազմիցս: Ուսուպ պէյ եղած է հայերու բարեկամ, մասնակցած է 1918-ի մայիսեան ազատամարտերուն, ունեցած է մեծ հեղինակութիւն: Հետագային աքսորուած է Սիպերիա, ուր հիւանդացած եւ մահացած է 1931-ին: Ոմանք այս վարկածը կը հերքեն` առարկելով, որ Ուսուպ պէյի հետ Կոմիտասի լուսանկարը կեղծուած է: Թէ Կոմիտաս նման թեզ չէ ներկայացուցած: Բայց այդ հաստատելու համար ոչ մէկ տեղեկութիւն կու տան, թէ աւարտաճառը իսկապէս ի՞նչ նիւթի շուրջ էր: Անձնապէս չյաջողեցայ գտնել խնդրայարոյց լուսանկարը: Միակ հաւաստի տեղեկութիւնը այն է, որ հայկական երգերու կողքին, Կոմիտաս հաւաքած եւ ուսումնասիրած է նաեւ քրտական եւ թրքական երգեր: Անձնական փորձառութենէ դատած, անհաւանական կը գտնեմ, որ լուրջ ակադեմական մը յօժարի ղեկավարը դառնալ թեզի մը, որու նիւթին շուրջ բաւարար տեղեկութիւն չունի: Իսկ հայկական երաժշտութիւնը անծանօթ մըն էր արեւմտեան Եւրոպայի երաժշտագէտներուն համար:

Ցաւոտ հարց է Կոմիտասի ժխտական վերաբերմունքը` կարգ մը նիւթերու հանդէպ:

Ելոյթին մէջ տեղ գտած էր Կոմիտասի ատելութիւնը զուռնային: Միեւնոյն ժամանակ Կոմիտաս բազմիցս հաստատած է, որ հայկական մնայուն երաժշտութիւնն են` եկեղեցականը, գեղջկականը եւ ծիսականը: Ծիսական են, օրինակ, յուղարկաւորութեան, հարսանեկան, վանքերու շուրջ կատարուած տօնակատարութիւններու նուագներն ու երգերը, որոնք ընդհանրապէս, չըսելու համար` միշտ,  կ՛ընկերակցուին զուռնայով եւ նոյնիսկ պարկապզուկով, որ թերեւս աւելի՛ տհաճ կը հնչէր Կոմիտասի ականջին: Արևմտեան Հայաստանի մէջ, մանաւանդ, ամենաշատ գործածուած նուագարանը զուռնան էր (13): Ինչպէս կարելի է անտեսել մշակոյթի մը այսքան կարեւոր եւ հոգեհարազատ երեսը: Պատճառը թերեւս այն է, որ զուռնան (ինչպէս եւ տհոլը) կը հնչէր նաեւ թրքական, քրտական, եւ այլ ժողովուրդներու տօնական երաժշտութեան մէջ: Հայեր առ նուազն հազարամեակ մը ապրած են այդ ժողովուրդներու հետ միատեղ: Պատմական Հայաստանը (իր արեւելեան եւ արեւմտեան բաժիններով) վերածուած էր ազգագրական խառնարանի մը: Պարզ է, որ տեղի պիտի ունենար փոխառութիւն: Կարելի չէ անտեսել այդ: Կան երգեր, որոնք հարազատ են հայերուն եւ… դրացի ժողովուրդներուն: Ելոյթի բնագրին մէջ Անահիտ կ՛երգէ «Աման Թելլօ», որ կ՛երգեն նաեւ… ազերիները (տես օրինակ www.youtube.com/watch?v=IBNneh97lYI): Համացանցի վրայ կայ բանավէճ System of a Down խումբի այդ երգը կատարելու կապակցութեամբ: «Թէաթրոն»-ի ելոյթին մէջ այդ երգը փոխարինուած էր «Հո՛վ արէք, սարեր ջան»-ով, ըստ երեւոյթին, խուսափելու համար հայկական պարերէ: Այլ բեմադրութիւններ նոյնպէս խուսափած են հայկական պարերէ:

Աւելի լուրջ հարց է Կոմիտասի կեցուածքը ժողովրդական կամ քաղաքային երաժշտութեան հանդէպ: «Քաղաքացիք ոչ մէկ ժողովրդական երգ չեն ստեղծած»,  ըսած է Կոմիտաս: Գեղջկականը համարած է մեր միակ երաժշտական ժառանգը (14): Երգաստեղծութիւնը համարած է գեղջուկներու բնածին շնորհ (8): Թէ գեղջուկ իգակա՛ն սեռն է, որ անաղարտ պահած է երաժշտութիւնը: Այո՛, Կոմիտաս, ցաւօք, ունէ՛ր 19-րդ դարու յատուկ «համարձակ» գիտականութեան հակում: Ելոյթի առաջին տեսարանին մէջ Կոմիտաս կը հիանայ գեղջկուհի Անահիտի յանկարծաստեղծ (improvisé) յօրինումով: Այստեղ կայ նաեւ այլ հարց: Կոմիտաս վստահաբար գիտէր, որ իւրաքանչիւր կատարումի ընթացքին երգը կրնայ այս կամ այն տարողութեամբ «վերախմբագրուիլ»: Իսկ երկար դարերու ընթացքին, բազմաթիւ կատարողներու կողմէ՞: Կոմիտասի աշակերտները հաւաքած են բազմահազար երգեր, որոնց մեծամասնութիւնը միևնոյն երգի տարբերակներն էին: Կոմիտաս զանոնք «զտած», համադրած եւ վերախմբագրած է: Այստեղ կ՛ենթադրէ տեսական մեծ միջամտութիւն: Կարելի չէ խօսիլ երգերու անփոփոխ փրկութեան մասին:

Հարցը այն է, որ հայերու բացարձակ մեծամասնութիւնը եղած է քաղաքաբնակ (urban): Հայեր եղած են արհեստաւորներ եւ ազատ ասպարէզի մարդիկ: Հայերու ուսումնական մակարդակը բարձր եղած է` բաղդատած շրջապատին: Քաղաքներէ դուրս գիւղերն ու հողերը աստիճանաբար գրաւած են թուրք եւ քիւրտ գիւղացիները: Հայկական երաժշտական ժառանգի հիմնական մասը կազմած է քաղաքայի՛ն երաժշտութիւնը: 19-րդ դարու երկրորդ կէսին քաղաքային երգերուն աւելցան մեծ թիւով «քաղաքական» հայրենասիրական երգեր, ինչպէս` «Հիմի էլ լռենք» եւ «Արաքսի արտասուքը»: Ճիշդ է, որ Կոմիտաս մշակած եւ կատարած է այդ երգերէն ոմանք, ինչպէս` «Սիփանայ քաջեր», բայց զանոնք չէ ենթարկած լուրջ ուսումնասիրութեան: Թերեւս` նաեւ այն պատճառով, որ այդ երգերէն ոմանք ուղղակի փոխառութիւններ էին եւրոպական ազգայնական երգերէ: Կոմիտաս հայ քաղաքային մշակոյթը կը համարէր աղաւաղուած, անկումային եւ անցողիկ: Համոզուած էր, որ ժողովրդական, իմա` քաղաքային երաժշտութիւնը կարճակեաց է (15): Այդ ենթադրութիւնը հիմնաւորուած չէր:

ՇԱՐՈՒՆԱԿԵԼԻ

1.- Ինչպէս.- «Ձայն մը հնչեց», «Լռեց …», «Ով հայոց աշխարհ», «Հով արեք, սարեր ջան», «Լուսնակ գիշեր», եւն
2.- Արազ Գոճայեան, «Կոմիտասի ուղեղին մէջ», «Ազդակ», 6 դեկտ 2019
3.- Dr. Regina Randhofer,«Կոմիտաս եւ Պերլինի երաժշտագիտութիւնը»,«Կոմիտաս թանգարանի տարեգիրք», 2015
4.- Կոմիտաս, «Մեր Ազգային Երաժշտութիւնը», «Մուրճ» թիւ 5, 1905
5.- Որոնք պարզացուած ձեւով կ՛ըսեն.- Ա. Ուժը (energy) կը պահպանուի, Բ. Ջերմութիւնը կը հոսի տաքէն դէպի պաղ, Գ. Կարելի չէ հասնիլ տաքութեան բացարձակ զերօ աստիճանին:
6.- 21-րդ դարու գիտութիւնը համալրուած է «բարդութեան և քաոսի» տեսութիւններով, որոնք թէեւ տեսականօրէն ծանօթ էին նախապէս, բայց կարելի դարձան միայն, երբ հզօր համակարգիչներ մատչելի եղան:
7.- Կոմիտաս «Երգեցողութիւն ս. պատարագի» Արարատ, 1898
8.- Ա. Փահլեւանեան, «Կոմիտասը եւ հայ երաժշտական ֆոլկլորագիտութեան հիմնախնդիրները», 2015
9.- Ռաֆայէլ Համբարձումեան, «Կոմիտասի դերը հայ երաժշտութեան պատմութեան մէջ», Էջմիածին, 1994
10.- Գ. Ամիրաղեան, «Ձայնեղանակի վերլուծութեան կոմիտասեան մեթոտաբանութիւնը», Տարեգիրք, 2015
11.- Տ. Շախկուլեան, «Կոմիտասի ստեղծագործութիւնը XX դարի երաժշտութեան համատեքստում», Տարեգիրք, 2015
12.- Hendel, «Total Eclipse» in «Samson»   youtube.com/watch?v=8bWE1vZ9Okw 
13.- Ա. Պատմագրեան, «Հայ երգը դարերի միջից»,  1937
14.- Ռոբերտ Աթայեան, «Հայ քաղաքային ժողովրդական երգը Կոմիտասի ստեղծագործութեան մէջ». Լրաբեր հասարակական գիտութիւնների, թիւ11, 1969
15.- Նանէ Միսակեան, «Ութձայն համակարգի դիտարկումներ»,  Տարեգիրք, 2015

 

Նախորդը

Ուտելիքները Որքա՞ն Ժամանակ Կ՛առնեն Մարսուելու Համար

Յաջորդը

«Կը Ներխուժէին Մարդոց Տուները, Տանջամահ Կ՛ընէին, Կը Սպաննէին». Gazeta.Ru

RelatedPosts

Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

Նախնիներու Անմոռաց Ստուերներ #

Հոկտեմբեր 3, 2025
Արտոյի Երկրի Փշոտ Արահետներով
Արուեստ - Մշակոյթ

Արտոյի Երկրի Փշոտ Արահետներով

Սեպտեմբեր 9, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Արուեստ - Մշակոյթ

«Ոսկէ Ծիրան»-ի 22-րդ Բերքափակը Բ.

Օգոստոս 26, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?