Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բանաստեղծութեան Մը Պատմութիւնը

Յունուար 14, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մօտաւորապէս քառորդ դար անցած է, երբ Նոր տարուան սեմին հետեւեալ բանաստեղծութիւնը գրեցի, եւ որովհետեւ գրութիւնը Ամանորի նախօրեակին էր, այդ պատճառով ալ, «Ամանոր» բառը եկաւ «աղօթք»-ին միանալու: Տարիներ անցած են, եւ բանաստեղծութիւնը տպուեցաւ ու արտատպուեցաւ բազմիցս:

Հիմա, երբ կը կարդամ այս բանաստեղծութիւնը, կը նկատեմ, որ հոն արտայայտուած աղերսը մասնաւոր օրուան մը կամ դէպքի մը հետ չ՛առնչուիր: Ամէնօրեայ աղօթք է, ընդհանրական, համամարդկային եւ այժմէական:

Այդպէս մեկնաբանեց փորֆ. Ճէյմս Ռասսըլը` ստորեւ իր ակնարկին մէջ:

Նոյնը նկատած էր վարդապետ, այժմ Մեղրիկ եպս. Բարիքեանը, որ ինքնաբուխ, երաժշտութիւն յօրինած էր սոյն բանաստեղծութեան հրատարակութենէն երկու տարի ետք:

Քառորդ դար ետք նոյն աղերսը դեռ կը վերթեւուի մէջս:

Աղօթք Ամանորի

Կ՛աղօթեմ, Տէ՜ր, որ ծառերը չմահանան…
Կ՛աղօթեմ, Տէ՜ր, որ սէրերը չմահանան…

Կաթիլներու ջուրին նման
վեր բարձրանան եւ ամպանան
ծածկեն գունդն այս ապականած
ու վար ցողեն դանդաղօրէն
եւ համօրէն
իջնեն գլխուն մէն մի մարդու
եւ սրտերո՛ւն,
մաքրեն մաղձը ու նախանձը
մաքրեն կիրքը եսին հիւանդ:
Կ՛աղօթեմ, Տէ՜ր, որ ծառերը չմահանան…
Կ՛աղօթեմ, Տէ՜ր…
սերմերու պէս դաշտին նետուած
ԽՈՀը ցնցուղ ցանես մտքին մէն մի մարդու
եւ տաս անոր գիտակցութիւն`
վեհին անեղծ
եւ վսեմին սրբամաքուր:

Կ՛աղօթեմ, Տէ՜ր…
Որ մարդուն մէջ
– կաւովն ափիդ մարդկայնացած-
Որ մարդուն մէջ
– Քու պատկերով ճիշդ քանդակուած-
Որ մարդուն մէջ,
ՄԱ՛ՐԴԸ… ՄԱ՜ՐԴԸ չմահանայ…

Կ՛աղօթեմ, Տէ՜ր…

ՀՐԱՆԴ  Մ. ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ

9 դեկտեմբեր 1996
Քանկըրս, Նիւ Եորք

Ծանօթ.- Սոյն բանաստեղծութեան երաժշտութիւնը յoրինեց Մեղրիկ վրդ. Բարիքեանը, այժմ` եպիսկոպոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ միաբանութեան, Անթիլիաս, դեկտեմբեր 1998-ին եւ որ վերանայած է 1 օգոստոս 2018-ին յԱնթիլիաս:

 

Ակնարկ`

Հրանդ Մարգարեանի` «Աղօթք Ամանորի»
Բանաստեղծութեան Մասին

Փրոֆեսէօր Ճէյմս Ռ. Ռասսըլ*

Լաւ բանաստեղծութիւնները կը ձեւաւորուին խոր մակարդակներու վրայ, որոնք անծանօթ են զիրենք ստեղծող գրողներու գիտակցական աշխարհին: Բանաստեղծութիւններ կան, որոնք պատկերներ կը բովանդակեն, յարաբերութիւններ կը մշակեն եւ հնչիւնային համակարգեր կը ստեղծեն: Ասոնք դժուար կը հասկցուին առաջին ընթերցումով կամ խտացած հիւսուածքով ուղղագիծ տրամաբանութեամբ:

Մարգարեանի բանաստեղծութիւնը կը սկսի աղօթքով, որ… ծառերը չմահանան:

«Ծառերը» բառը երեք բաղաձայն կը բովանդակէ: Առաջինը պայթուցիկ «ծա»-ն է, երկրորդը զօրաւոր թրթիռով «ռա» տառն է, որ կը խարսխէ «ծառերը» բառին պատկերը:

Երկրորդ տողը կրկնութիւնն է առաջինին, սակայն բանաստեղծը այս անգամ կ՛աղօթէ, որ սէրերը չմահանան: «Ծառեր» բառին համանման այս բառը, «սէ» եւ «րէ» տառերով  կը մեղմացնէ նախկինին մէջ նշուած բաղաձայնային կարծրութիւնները` զանոնք վերածելով մեղմ հնչոյթներու` ե՛ւ էութեամբ, ե՛ւ ստորադասութեամբ:

Ծառերը ջուրով կը սնանին, եւ սէրը բանաստեղծութեան առաջին տան մէջ կը դառնայ ջուր, կը դառնայ ամպ եւ երկրագունդին վրայ ցօղելով` կը մաքրէ եւ կը սնուցանէ մարդուն ոգեկան էութիւնը:

Առաջին մասի երաժշտական աւարտին բանաստեղծը կը հրամցնէ իր երկրորդ պատկերը, որ նոյնպէ՛ս, անձրեւի դէպի վար հոսքին նման, կրկին կը կամրջուի «ծառ» բներգին, այս անգամ ցանուած սերմին հետ` իմաստութիւն եւ լուսաւորուած խղճմտութիւն մատուցելով մարդ արարածին:

Մենք բանականօրէն մտային հունտ կը ցանենք, որ կ՛աճի եւ դէպի վե՛ր կը սլանայ մեր գիտակցութեան մէջ:  Եւ այսպէս, Մարգարեան իր գրութեան երկրորդ տունով  անձրեւի դէպի վար հոսքի ուղղութիւնը կը փոխէ դէպի վե՛ր` վեհ եւ վսեմ… բառերով: Վերջին երկու բառերը քրիստոնէական սրբութեան խորհրդանշաններ կը մատնանշեն.. անեղծ, սրբամաքուր…

Դէպի վեր սլացքը մեզ դէպի Աստուած կը տանի, կերտողը մարդ արարածին, այն արարածին, որ ծառերու նման կաւով կամ կաւին մէջ կազմուած է: Բանաստեղծութիւնը կ՛աւարտի աղօթքով, որ մարդ արարածը չմահանայ. բառացիօրէ՛ն:

«Մարդուն մէջի մարդուն մահացում» արտայայտութիւնը տրամաբանական մեղմ հակադրութիւն մը կը ստեղծէ: Ինչպէ՞ս կարելի է իքս-ի մէջի իքս-ը մահանայ` առանց ամբողջական իքս-ը մահանալու: Հետագայ տողերը սակայն եւ բանաստեղծութեան հոլովոյթը կը լուսաբանեն այս հարցադրումը եւ կը լուծեն հակադրութիւնը:

Մարդը  նուաստացած էակ է` առանց կարեկցութեան ջուրին եւ լուսաւորութեան հունտին: Առանց անոնց` ան չի կրնար հասնիլ մարդկային կարողականութեան իսկութեան: Կարեկցութիւնն եւ լուսաւորութիւնը վերուստ տրուած պարգեւներ են, եւ որոնց կարելի է հասնիլ միմիայն աստուածային շնորհքով, որ կը տրուի ի պատասխան աղօթքի աղերսին:

Հոմերոսեան իսկութեան տեսութիւնը մարդը կը ներկայացնէ որպէս ծառ: Ծառին փոփոխուող տերեւները իր սերունդներն են, իսկ ճիւղերը` իր զաւակները. իսկ պատերազմը սուր կացին է, որ սարերուն վրայի կաղնիները կը հատէ:

Երբ մարդը կը ձախողի մարդ ըլլալու, պատերազմելու կը դիմէ:

Մարգարեան իր բանաստեղծութեան մէջ ներմուծած է հին հնդեւրոպական մարդ-արարած- ծառ յարակցութիւնը (որ կը բացայայտնուի նաեւ հայկական աւանդութեան ծառն կենաց բառակցութեամբ): Մարգարեան ներմուծած է նաեւ քրիստոնէական խորհուրդը` զայն  դրսեւորելով մտային, կառուցուածքային եւ լեզուական հնչեղականութիւններով:

Այս փոքրիկ գլուխ գործոցը իր արժանի տեղը կը գրաւէ հայ բանաստեղծութեան անդաստանին մէջ:

Քսաներորդ դարու շարական մըն է այս բանաստեղծութիւնը եւ աղօթք` յաջորդ հազարամեակին համար:

ՓՐՈՖԵՍԷՕՐ ՃԷՅՄՍ Ռ. ՌԱՍՍԸԼ
Հարվըրտ Համալսարան, Միացեալ Նահանգներ

հոկտեմբեր 1997

 

* Փրոֆեսէօր Ճէյմս Ռասսըլ շրջանաւարտ է ՆԵ-ի Քոլոմպիա համալսարանէն: Տոքթորայի թեզը պաշտպանած է Լոնտոնի համալսարանի արեւելեան եւ ափրիկեան բաժանմունքին մէջ: Դասաւանդած է Քոլոմպիա համալսարան, ապա ստանձնած է փրոֆեսէօրի պաշտօն` Երուսաղէմի Հիպրու համալսարնին մէջ:

1993 – 2016 պաշտօնավարած է Հարվըրտ համալսարանին մէջ` որպէս Մեսրոպ Մաշտոցի անուան փրոֆեսէօր, Մերձաւոր Արեւելքի լեզուներու եւ քաղաքակրթութեան բաժանմունքին մէջ: Վարչական անդամ է Տէյվիս կեդրոն»-ի ռուս եւ եւրոասիական բաժանմունքին մէջ: Փրոֆեսէօր է նաեւ Հին Մերձաւոր Արեւելքի, իրանական եւ հայկական կրթական բաժանմունքին մէջ:

Համաշխարհային համբաւ վայելող գիտնականը` բազմաթիւ գիտական ուսումնասիրութիւններու տէր է եւ  հեղինակ` վեց համաշխարհայնօրէն ընդունուած անկիւնադարձային գիրքերու:

Ներկայիս կ՛ապրի Ֆրեզնօ, Միացեալ Նահանգներ, ուր կը շարունակէ իր ուսումնասիրութիւնները:

 

Նախորդը

Ստացուած Գիրքեր. Ժիրայր (Հեղինակ` Եղիկ Ճէրէճեան)

Յաջորդը

Բրիտանիոյ Աշխատաւորական Կուսակցութեան Վերականգնումը Կ՛անցնի Ընկերվարութեան Վերանորոգման Ճամբէն

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?