Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Պահանջներու Ճիշդ Արծարծման Հրամայականը

Յունուար 14, 2020
| Newsletter, Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կառավարութեան կազմութեան վերջին ճշդումներու մասին շրջանառութեան մէջ դրուած տեղեկատուութիւնը երէկ կատարեց շրջադարձ, եւ լիբանանեան լրատուադաշտը ողողուեցաւ դէպի զերօ կէտ արագ անցումի նիւթերով:

Կառավարութիւն կազմելու մագոգային հանդիպումները առկախուած են, մինչ կը հնչեն վերապահութիւններ, անհամաձայնութիւններ գլխաւոր հոսանքներու, ուժերու եւ դէմքերու կողմէ: Նախկին առկախումներու ձեւը կը թուի, որ փոխուած է: Նախապէս վեթոյի ենթարկելու վճռակամ յայտարարութիւններ կը կատարուէին, եւ գլխաւոր կողմ մը նոյնիսկ իր վրայ վերցնելով առկախման պատասխանատուութիւնը կ՛արգելակէր գործընթացը: Հիմա երբ կ՛ըսուի` «չենք մասնակցիր կառավարութեան, բայց եթէ կազմուի` վստահութեան քուէ կը շնորհենք», «համաձայն չենք, բայց չենք արգելակեր», «համաձայն ենք որեւէ ձեւաչափի», որոշ վարքագիծ մը կը մատնանշուի:

Երկրին իրավիճակը վաղուց հատած է ահազանգային գիծերը, եւ ոչ ոք կ՛ուզէ իրավիճակի պատասխանատուութիւնը բեռցնել  այս պարագային արգելակելով կառավարութեան կազմութիւնը:

Զուգահեռ, բողոքի պարագայական գործողութիւնները կը շարունակուին: Մայրուղի փակելու յանկարծակի որոշում մը եւ այդ ընթացքին արծարծուող պահանջներու երեւոյթը քաղաքացիական հասարակութեան ապակողմնորոշուած ըլլալու տպաւորութիւն կը փոխանցեն: Չի հրապարակուիր հանգուցալուծման քաղաքական եւ տնտեսական փլաթֆորմ, եւ չեն ձեւաւորուիր փլաթֆորմը ներկայացնող լիազօրուած կազմերը:

Ընկերային ցանցերու եւ լրատուամիջոցներու նախաձեռնած հաղորդումներու ընթացքին պարզ կը դառնայ, որ հասարակաց պահանջը բողոքողներու ներկայացուցիչներուն` անկախ կառավարութեան կազմութիւնն է: Թեքնոքրաթի վրայ հաւաքուած բազմակողմ շեշտադրումը իր ուղղութիւնը կեդրոնացուցած է այժմ անկախ բնոյթին վրայ:

Մասնագիտական ներուժը նման ճգնաժամերու պարագային որոշ համոզիչ ընկալումով հիմնական նախապայման է իրավիճակի յաղթահարման համար արդիւնաւէտ կառավարում  ապահովելու եւ արագ լուծումներ ձեռք ձգելու առումով: Եթէ պահանջուածը զուտ ճգնաժամի յաղթահարումն է, ապա մասնագէտին քաղաքական հակումներն ու պատկանելիութիւնը սկզբունքով երկրորդական պիտի ըլլայ:

Անկախներէ բաղկացած կառավարութեան պահանջը արծարծողները այնքան արմատական կը թուին ըլլալ, որ կարծէք անկախ  ըլլալու սկզբունքը գերակայ է մասնագէտ ըլլալէն: Նման գերակայութիւն ո՛չ միայն պետական դաշտի ապահամայնքայնացում կ՛առաջադրէ, այլ նաեւ ապակուսակցականացում:

Ժողովրդավարութեան հետամուտ շարժումը վստահաբար կը գիտակցի, որ ժողովրդավար կարգերով կառավարուող երկիրներու մէջ ընտրակարգերը ընդհանրապէս համամասնական բնոյթ ունին` յստակ առաւելութիւն տալով միջկուսակցական մրցակցութիւններու: Քաղաքական դաշտի կայացման համար կազմակերպութիւններ պիտի համախմբուին տարբեր գաղափարներու, տարբեր ծրագիրներու, տարբեր նպատակներու շուրջ եւ իրարու հետ մրցին ընտրութիւններու ընթացքին` կազմելու համար խորհրդարան, կառավարութիւն եւ պետական համապատասխան հաստատութիւններ: Այս գործընթացները ժողովրդավար կարգերու մէջ այբուբենի կարգավիճակ ունին:

Հիմա հակաճգնաժամային  գործողութիւններ գործադրելու պահն է: Առաջնայինը մասնագիտական խումբի կազմութիւնն է: Այդ մասնագէտներու կուսակցական հակում ունենալը որեւէ ձեւով չի խոչընդոտեր գործի արդիւնաւէտութեան ընթացքը: Անոնց առաջադրուիլը քաղաքական ուժերուն կողմէ, կը նպաստէ համալիբանանեան համաձայնութեան գոյացման: Պետական կառավարումը մասնագիտական գործ ըլլալով հանդերձ հասարակութեան եւ քաղաքական գործընթացներու հետ սերտօրէն առնչուած ընթացք է: Այլապէս, յաւելեալ նախապայմաններու արծարծումը բողոքողներուն կողմէ կրնայ  արգելակիչ գործօնի վերածուիլ տագնապի յաղթահարման համար մասնագէտներէ բաղկանալիք կառավարութեան կազմութեան գործընթացին:

«Ա.»

Նախորդը

Նախագահ Սարգսեան Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Մէջ Մասնակցած Է «Ապու Տապիի Կայունութեան Շաբաթ» Միջազգային Հեղինակաւոր Ֆորումի Բացումին

Յաջորդը

Քրեմլինի Մէջ Փութին-Մերքել Բանակցութիւններ

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?