Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ստացուած Գիրքեր. Ժիրայր (Հեղինակ` Եղիկ Ճէրէճեան)

January 14, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Պէյրութի մէջ 2019-ին լոյս տեսաւ Եղիկ Ճէրէճեանի «Ժիրայր» (Մարտիրոս Պոյաճեան)», հատորը, որ «Հրասիրտները» մատենաշարին թիւ 4-ն է, բաղկացած` 223 էջերէ:

Նախաբանին մէջ փրոֆ. Էդիկ Մինասեան կ՛ըսէ, որ Եղիկ Ճէրէճեան Ժիրայրի կեանքի եւ գործունէութեան ներկայացմամբ ցոյց կու տայ հայոց ազգային ազատագրական պայքարի մէջ ընդգրկուած կարեւոր տարածաշրջանի եւ ժամանակահատուածի իրադարձութիւնները, տալով նաեւ այդ պայքարին մասնակից մարդոց, տեղի ունեցած դէպքերու եւ յարակից հարցերու մասին հակիրճ ծանօթութիւններ, որոնք ընթերցողին առջեւ կը բանան տեղեկութիւններու հարուստ շտեմարան մը:

Ժիրայր, բուն անունով` Մարտիրոս Պոյաճեան, ծնած է 1856-ին, Հաճըն: Կրտսեր եղբայրն էր Համբարձում, պատմութեան մէջ Մեծն Մուրատ անունով ծանօթ, որ դարձաւ հայ ազատագրական պայքարի եւ քաղաքական կեանքի փայլուն դէմքերէն:

Ժիրայր, Հաճընէն դուրս գալէն ետք, թափառականի ցուպը ձեռքին, անանձնական նուիրումով փարած է հայ ժողովուրդի ազատագրութեան գաղափարին:

Երզնկայի մէջ Ժիրայր կազմած է ֆետայական երկու խումբեր, որոնք անոր կազմած խումբերու շարքին առաջիններն էին:

Ճէրէճեան կ՛ըսէ, որ Ժիրայրի Երզնկա գտնուած միջոցին կը ծագի 1877-1878-ի ռուս-թրքական պատերազմը, որ կը դառնայ հայ ազգային քաղաքական միտքին կիզակէտը:

Կիլիկիոյ վրայով Ժիրայր երկրորդ անգամ կը մեկնի Երզնկա: Ուսուցչութիւն կ՛ընէ Միացեալ ընկերութեան վարժարանին մէջ:

Երզնկայէն ետք, մուրացկանի ցնցոտիի տակ թափուած, ճամբորդներու խումբի մը խառնուելով, Ժիրայր կը մեկնի Սեբաստիոյ Բինկեան գիւղը: Բինկեանի մէջ ան ուսուցչութիւն կ՛ընէ, դասաւանդելով թուահաշիւ, տոմարակալութիւն, աշխարհագրութիւն եւ մարմնամարզ:

Ժիրայրի դաստիարակած սերունդէն դուրս կու գան հայ ազգային ազատագրական պայքարի եւ հասարակական կեանքի ակնառու դէմքեր:

Բինկեանէն Ժիրայր մեկնած է Տիւրիկ, ուր իբրեւ ուսուցիչ գործած է մէկ տարի: Կազմած է աշակերտական խումբեր, որոնցմէ ապագային դուրս կու գան ազգային ազատագրական պայքարի շատ մը անձնազոհ գործիչներ:

Տիւրիկէն մեկնած է Պոլիս եւ յետոյ անցած է Կիլիկիա, կեդրոնանալով Չորք Մարզպանի մէջ:

Ժիրայր 1890-ին վերադարձած է Հաճըն եւ եղած Կեդրոնական վարժարանին տնօրէնը: Աշակերտները զէնքի կը վարժեցնէ եւ անոնցմէ խումբեր կը կազմէ:

Հաճընէն փախստական դուրս գալով Ժիրայր մեկնած է Փոքր Հայք, իբրեւ գործունէութեան կեդրոն ընտրելով Էվէրէկը, այնուհետեւ` Կէմէրէկը: Շարունակած է կազմակերպչական թափառումները Եոզկատի եւ շրջակայ գիւղերուն մէջ:

Ժիրայր ձերբակալուեցաւ 8 մարտ 1894-ին եւ արագ դատավարութենէ մը ետք, 24-25 մարտ 1894-ի գիշերը կախաղան բարձրացաւ Եոզկատի մէջ:

 

Նախորդը

Հրապարակուեցաւ Պոլսահայ Երգչուհի Սիպիլի Եւ Աւստրալահայ Դաշնակահար Արայի Միացեալ Տեսահոլովակը

Յաջորդը

Բանաստեղծութեան Մը Պատմութիւնը

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն

January 31, 2026
Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի
Անդրադարձ

Տօն Սուրբ Սարգիս Զօրավարի

January 31, 2026
1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը
Անդրադարձ

1920 Թուականի Գաղտնի Փաստաթուղթը Կը Բացայայտէ Թուրքիոյ Ծրագիրները, Ինչպէս Այսօր, Այնպէս Ալ Այն Ժամանակ` Վերացնել Հայաստանը

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.