Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Յատուկ Խնամքի Կարօտ Հայորդիներու Տարի» Հռչակագիրը Կը Կարդացուի Կաթողիկոսութեանս Բոլոր Եկեղեցիներուն Մէջ

Յունուար 15, 2020
| Անդրադարձ, Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսը 2020 տարին հռչակեց «Յատուկ խնամքի կարօտ հայորդիներու տարի», իսկ հայրապետին պատգամը Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ կարդաց Մակար եպս. Աշգարեան, կիրակի, 12 յունուար 2020-ին, յընթացս պատարագին: Սրբատառ կոնդակը կարդացուեցաւ նաեւ կաթողիկոսութեանս թեմերու եկեղեցիներուն մէջ:

Կոնդակին մէջ նորին սրբութիւնը հիմնականօրէն կ՛անդրադառնայ յատուկ խնամքի կարօտ եզրի սահմանումին` ընդգծելով, որ ոմանք ի ծնէ կամ հետագային` արկածի պատճառով, կրնան ունենալ ֆիզիքական, մտային կամ հոգեկան որոշ տարբերութիւններ, որոնք մասնաւոր հոգածութեան կը կարօտին: Հայրապետը կը նշէ, որ ինչպէս որեւէ ժողովուրդի, մեր ժողովուրդի կեանքին ալ մաս կը կազմեն յատուկ խնամքի կարօտեալներ, որոնց թիւը հետզհետէ աճ կ՛արձանագրէ` ընկերատնտեսական, առողջապահական եւ այլ ազդակներու պատճառով, ու կ՛աւելցնէ, որ անոնք ընկերութեան անբաժանելի մասնիկն են:

Հռչակագիրին մէջ հայրապետը կը խօսի նաեւ հայ կեանքին մէջ յատուկ խնամքի կարօտ հայորդիներուն ներկայութեան մասին ու կը թելադրէ հրաժարիլ խտրութիւն կամ անտեսում ցուցաբերելէ անոնց հանդէպ, ինչպէս նաեւ կը յորդորէ միջոցներ եւ առիթներ ստեղծել անոնց համար, որպէսզի անոնք եւս մեր ընկերութեան մէջ ներառուին նոյնիսկ մեր կազմակերպութիւններուն, կառոյցներուն եւ զանազան յանձնախումբերու մէջ` ի հարկին պատասխանատուութիւն վերցնելով:

Եզրափակելով` վեհափառ հայրապետը կը խօսի եկեղեցւոյ, Հայաստանի պետութեան ու մեր կազմակերպութիւններուն դերակատարութեան մասին եւ կոչ կ՛ուղղէ ժողովուրդին, որ իր աղօթքներուն ու մտածումներուն մէջ յիշէ յատուկ խնամքի կարօտ հայորդիներն ու խորացնէ անոնց նկատմամբ սէրն ու գուրգուրանքը, հոգեւոր, պետական, ազգային.  կոչ կ՛ուղղէ բարեսիրական կազմակերպութիւններուն, որ առաւելագոյն չափով օգտակար հանդիսանան անոնց մասնագիտական, ընկերային կամ տնտեսական մակարդակներու վրայ, թեմերու առաջնորդներուն, որ գործնապէս օգտակար դառնան անոնց, եւ վերջապէս` ունեւոր ազգայիններուն, որ նիւթական կարելիութենէն բաժին մը յատկացնեն` յատուկ հիմնադրամներ հաստատելով անոնց համար:

Նախորդը

Ջուրի Կարեւորութիւնը Մարդու Առողջութեանը Համար

Յաջորդը

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Կը Մասնակցի Յորդանանի Մէջ Կայացած Երիտասարդական Ֆորումին

RelatedPosts

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Օգնութեան Միութիւն (ՀՕՄ) (115-րդ Տարեդարձին Առիթով)

Հոկտեմբեր 18, 2025
Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն
Անդրադարձ

Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ժեներալը…
Անդրադարձ

Ժեներալը…

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?