Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Համազգայինի Նոր Հրատարակած Գիրքերը Ներկայացուեցան Երեւանի Պետական Համալսարանի Իջեւանի Մասնաճիւղին Մէջ
Վերջերս Երեւանի Պետական համալսարանի Իջեւանի մասնաճիւղի յարկին տակ տեղի ունեցաւ Համազգայինի նոր հրատարակած գիրքերուն շնորհահանդէսները եւ քննարկումները:
Երեւանի պետական համալսարանի Իջեւանի մասնաճիւղի պատմութեան բաժանմունքի նախագահ, դոցենտ Վարդան Ալեքսանեան դրուատիքով խօսեցաւ Համազգայինի եւ անոր առաքելութեան մասին:
«Համազգայինը իր ազգանուէր եւ ազգապահպան աշխատանքով կերտած է հայու ինքնութիւնը` դարձնելով զայն աւելի հաստատութենական կառոյց: Համազգայինը կազմակերպած է հայապահպանութեան գործը սփիւռքի մէջ, ուր Լ. Շանթի պատկերաւոր արտայայտութեամբ, արեւի տակ գտնուող ձիւնի պէս հայութիւնը անընդհատ հալչում էր», ըսաւ Ալեքսանեան` աւելցնելով, որ մարդկութեան պատմութիւնը ինքնութիւններու պայքար է, իսկ հայուն ինքնութիւնը կերտուած է կրթութեան միջոցով:
Համազգայինի երեւանեան գրասենեակի տնօրէն Ռուզան Առաքելեան յատկանշական նկատեց այս նախաձեռնութիւնը եւ դիտել տուաւ, որ հայ մշակոյթը շարունակական դարձնելու համար Հայաստանէն դուրս ապրողներուն համար կարիքը կար կռուաններու` դպրոց, եկեղեցի եւ մշակութային օճախներ: Այս իրողութիւնը նկատի ունենալով, ըստ բանախօսին, հայ նուիրեալները ձեռնամուխ եղան հիմնելու Համազգայինը: Ան ծանօթացուց գրասենեակին գործունէութիւնը, յատկապէս` այս տարուան հրատարակութիւնները: «Համազգայինի երեւանեան գրասենեակը այս ամբողջ ընթացքին ձեռնամուխ եղած է կրթական եւ մշակութային բազմաթիւ միջոցառումներու: Հրատարակուած են բազմաթիւ գիրքեր, որոնք ներկայացուած են մեր մշակոյթի ու գրականութեան մեծերուն, յատկապէս` այն մարդոց, որոնք Խորհրդային Միութեան 70-ամեայ շրջանին մոռցուած եղած են: Այդ անունները մենք նորէն կը փորձենք բերել Հայաստան եւ փոխանցել եկող սերունդներուն», նշեց Ռ. Առաքելեան` աւելցնելով, որ անոնցմէ մէկը, բնականաբար, Լեւոն Շանթն է, որ, ըստ բանախօսին, բախտաւորներէն մէկն է: Ըլլալով մերժուած` Խորհրդային Հայաստանի մէջ, այդ տարիներուն մարդիկ գիտէին անոր «Հին աստուածներ»-ուն մասին, սակայն անոր ստեղծագործութիւններուն ամբողջութիւնը տակաւին ծանօթ չէր:
Անդրադառնալով ներկայացուած գիրքերէն մէկուն` «Լեւոն Շանթ. մարդը եւ գործը» ժողովածուին, Ռ. Առաքելեան հաստատեց, որ այդ հրատարակութեամբ Շանթը կարելի է ճանչնալ ո՛չ միայն իբրեւ գրող, այլ նաեւ` իբրեւ հասարակական-քաղաքական գործիչ, մանաւանդ որ ան եղած է Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան կերտողներէն մէկը: Ան նաեւ ներկայացուց միւս երկու գիրքերը` ազգային մեծ գործիչ Աւետիս Ահարոնեանի որդիին` Վարդգէս Ահարոնեանի հեղինակած «Անդրանիկ. մարդը եւ ռազմիկը» եւ «Թումանեան. մարդը եւ բանաստեղծը» եւս:
Յաջորդ բանախօսն էր համալսարանի դասախօս Խաչատուր Ստեփանեան, որ անդրադարձաւ «Անկախութեան գաղափարը Լեւոն Շանթի մեկնաբանութեամբ» նիւթին եւ հաստատեց, որ Լ. Շանթի «Մեր անկախութիւնը» աշխատութիւնը Հայկական հարցի գործնական լուծման տեսական հիմնաւորման փայլուն օրինակը կը հանդիսանայ: «Մեկնաբանելով անկախութեան հարցը` Լեւոն Շանթ կը յայտնէ, որ անկախութիւնը նախ եւ առաջ կամքերու ընդհարում է, շահերու բախում, եւ ըստ անոր, անկախութիւնը տարբեր ձեւով կը շօշափուի աշխարհի ազգերուն կողմէ: Որեւէ ազգի անկախութիւնը կրնայ բխիլ տուեալ ազգին կամ ազգերու շահերէն, սակայն, միաժամանակ, կրնայ նպատակայարմար չհամարուիլ այլ ազգերու համար: Հետեւաբար իւրաքանչիւր ժողովուրդ կրնայ խանգարել կամ նպաստել տուեալ ազգին անկախութեան ձեռքբերման», նշեց Խ. Ստեփանեան` մատնանշելով դարձեալ Լ. Շանթի տեսակէտը, ըստ որուն, սխալ է միջազգային ատեաններու վրայ յոյս դնելով` անկախութիւն ակնկալել, այնքան ատեն որ մե՛նք որեւէ ուժ չենք ներկայացներ, եւ մեր հարցը չի դառնար ուժեղ պետութեան եւ անոր հաշիւներուն մէկ մասը:
Վարդգէս Ահարոնեանի «Յովհաննէս Թումանեան. մարդը եւ բանաստեղծը» գիրքը ներկայացուց Ալիսա Հասանեան, որ տուաւ հեղինակին հակիրճ կենսագրականը, խօսեցաւ անոր հասարակական- քաղաքական եւ ստեղծագործական ուղիին մասին: Ըստ Ա. Հասանեանի, հեղինակը իրադարձութիւններու գունեղ նկարագրութիւններով բացայայտած է մեծ լոռեցիին խառնուածքը, յարաբերութիւնները ընտանիքին եւ միջավայրին հետ: Ան յատկապէս շեշտեց, որ մեծ դէմքերու հետ Թումանեանի կապը մեծ ազդեցութիւն եւ ներդրում ունեցած է իր եւ իր գրական ուղիին վրայ:
Երեւանի պետական համալսարանի Իջեւանի մասնաճիւղի գրադարանի վարիչ Վլատիմիր Պօղոսեան ներկայացուց Վ. Ահարոնեանի` շնորհահանդէսին ներկայացուած միւս գիրքը` Անդրանիկի նուիրուած. «Վարդգէս Ահարոնեան շարք մը գիծեր ներկայացուցած է. Անդրանիկ ռազմիկ էր ոտքէն մինչեւ գլուխ, անոր զինուորական տաղանդը միեւնոյն շաղախէն էր, ինչ որ պատմութեան մեծ հրամանատարներունը»:
Հանդիսութեան բանախօս, գրող, շարժապատկերի բեմադրիչ Արտաշէս Շահպազեան այն կարծիքին էր, որ Վ. Ահարոնեանի գիրքերուն` հայրենիքի մէջ վերահրատարակութեամբ երկու կարեւոր եւ շատ շնորհակալ գործ կատարած է Համազգայինը: Առաջինը` յոբելեանները նկատի ունենալով երկու մեծ գործիչներուն յիշատակը յաւերժացնել, երկրորդը` առիթ ստեղծել ճանչնալու Վարդգէս Ահարոնեան գործիչը:
«Վարդգէս Ահարոնեան այն սերունդի ներկայացուցիչներէն էր, որոնք աշխարհի առջեւ մեծ «մեղք» մը ունեցան եւ անոր համար հալածուեցան, սպաննուեցան` նաեւ իբրեւ յիշողութիւն դատապարտուելով կորուստի: Այդ «մեղքը» իրենց հայրենասիրութիւնն էր, հայոց պետականութիւն կերտելու տեսիլը: Այդ առաքելութեամբ իրենք աշխարհ եկան, ստեղծեցին այս Հայաստանը եւ դատապարտուեցան հալածանքի, գնդակահարման եւ մոռացութեան», նշեց Ա. Շահպազեան` աւելցնելով, որ, հակառակ ամէն ինչի, ան վերադարձաւ հայրենիք:
Ներկայացնելով Աւետիս եւ Վարդգէս Ահարոնեան գործիչներուն կենսագրական որոշ գիծերը, անոնց տեղն ու դերը թէ՛ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան եւ թէ՛ անոր նախորդող եւ յաջորդող կարեւորագոյն շրջաններուն` Ա. Շահպազեան հաստատեց, որ այս հրատարակութիւններուն եւ քննարկումներուն միջոցով քայլ առ քայլ հայ ժողովուրդին կը վերադարձուի անոր նուիրեալ զաւակներէն մէկուն` Վարդգէս Ահարոնեանի անունը:
ՀՕՄ-ի Ամանորեայ Անակնկալը Թալիշի Եւ Մատաղիսի Փոքրիկներուն
Հայ օգնութեան միութեան Արցախի միաւորի անդամները 25 դեկտեմբերին այցելեցին Արցախի սահմանամերձ Մատաղիս եւ Թալիշ համայնքները եւ ամանորեայ նուէրներ յանձնեցին տեղւոյն աշակերտներուն եւ մանկապարտէզներու սաներուն:
ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան, Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան եւ Արեւմտեան շրջաններու, ինչպէս նաեւ` անհատ բարերարներու հովանաւորութեամբ, գրենական պիտոյքներ, խաղալիքներ, անձնական մաքրութեան միջոցներ, քաղցրեղէն եւ հագուստի զանազան պարագաներ պարունակող տուփերը փոխանցուեցան յիշեալ երկու համայնքներու փոքրիկ բնակիչներուն:
ՀՕՄ-ի Արցախի միաւորի ատենապետ Արմինէ Յարութիւնեան նշեց, որ վերջին անգամ ՀՕՄ-ը Մատաղիս եւ Թալիշ այցելեց դեկտեմբեր 2015-ին, ապրիլեան պատերազմէն քանի մը ամիս առաջ, եւ ներկայիս մեծապէս ուրախ են` դարձեալ տեսնելով աշակերտներուն աշխուժութիւնը եւ եռուզեռը դպրոցներուն մէջ: «Դուք մեր հիւսիսային սահմանի պատուարն էք, մենք ձեր շնորհիւ ենք, որ հանգիստ կ՛ապրինք, որովհետեւ գիտենք, որ մեր հիւսիսային սահմանը անառիկ է: Ապրելով այս սահմանային գիւղին մէջ` դուք ուժ կու տաք բոլորիս», շեշտեց Արմինէ Յարութիւնեան:
Մատաղիսի միջնակարգ դպրոցը ներկայիս ունի 106 աշակերտ: Ըստ դպրոցի տնօրէն Գեղամ Աղաջանեանին, վերջին տարիներուն գիւղի դպրոցականներուն թիւը գրեթէ չէ փոխուած: Ըստ անոր, ՀՕՄ-ը մնայուն կերպով կապի մէջ է դպրոցին հետ եւ կ՛աջակցի անոր:
«Երեխաները շատ կ՛ոգեւորուին, երբ կը զգան, որ սահմանին վրայ մինակ չեն: Իսկ 2016-ի ապրիլէն ետք բոլորը շատ կարճ ժամանակի մէջ վերադարձան եւ լծուեցան իրենց առօրեայ կեանքի հոգերուն: 2007 թուականին շահագործման յանձնուած դպրոցը ապրիլեան պատերազմի ժամանակ բաւականին վնասուած էր: Քանատահայութեան միջոցներով շատ կարճ ժամանակի մէջ վերանորոգուեցաւ, եւ սեպտեմբերին ամբողջովին վերանորոգուած դպրոցի մէջ դասաւանդութիւնը սկսաւ: Աշակերտները դպրոցի «վէրքերը» չտեսան», յայտնեց Գեղամ Աղաջանեան` յատուկ շնորհակալութիւն յայտնելով քանատահայ Մկրտիչ Մկրտչեանին:
2019-ի 4 նոյեմբերին սկսաւ ուսումնական տարին Թալիշի նորակառոյց միջնակարգ դպրոցին, ուր ներկայիս կ՛ուսանին 26 աշակերտներ:
Աւելցնենք, որ ՀՕՄ-ի Արցախի միաւորի վարչութեան եւ ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան անդամները մասնակցեցան Մատաղիսի եւ Թալիշի դպրոցներու ամանորեայ գեղեցիկ հանդէսներուն, որոնց ընթացքին նուէրներ բաժնեցին բոլորին:
Նունէ Սարգսեանի Յանձնուեցաւ «Հայկական Փի. Ար.» Ընկերութեան «Տարուան Կին» Մրցանակը
Հայաստանի նախագահի տիկին Նունէ Սարգսեանին յանձնուեցաւ «Հայկական Փի. Ար.» ընկերութեան «Տարուան կին» մրցանակը:
Ընկերութեան նախագահ Աստղիկ Աւետիսեան շնորհաւորեց տիկին Սարգսեանը եւ անոր յանձնեց խորհրդանշական արձանը եւ պատուոյ գիրը:
Հանդիպման ընթացքին տեղեկութիւններ տրուեցան նշեալ կազմակերպութեան գործունէութեան, ինչպէս նաեւ մրցանակաբաշխութեան եւ մրցանակակիրներու ճշդման գործընթացին մասին: Աստղիկ Աւետիսեան յայտնեց, թէ կատարուած հետազօտութիւնը ցոյց տուած է, որ հասարակութիւնը կը գնահատէ հանրապետութեան նախագահի տիկնոջ գործունէութիւնը, յատկապէս` հաշմանդամութիւն եւ օթիզմ ունեցող երեխաներուն նկատմամբ անոր կողմէ ցուցաբերուող մնայուն ուշադրութիւնը:
Նունէ Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնեց մրցանակին համար: Ան կարեւոր նկատեց ընկերակցութեան գործունէութիւնը եւ յաջողութիւն մաղթեց տարուող մասնագիտական աշխատանքին:
Ամանորը` Հայրենիքի Պաշտպաններուն Հետ. ՀՕՄ Հայաստան
Հայ օգնութեան միութեան Հայաստանի Շրջանային վարչութիւնը, ՀՕՄ-ի բարերար Ռազմիկ Խաչատուրեանի աջակցութեամբ, «Հայրենիքի պաշտպանի վերականգնողական կեդրոն»-ին մէջ բուժում ստացող տղաներուն եւ անձնակազմին համար այս տարի եւս կազմակերպած է ամանորեան ձեռնարկ մը:
Այս մասին նշուած էր ՀՕՄ-ի Հայաստանի մասնաճիւղի Դիմատետրի պաշտօնական էջին վրայ:
«Կը շնորհաւորենք ձեր բոլորին գալիք Նոր տարին եւ Սուրբ Ծնունդը: Թող մեր հետագայ բոլոր սերունդները ապրին խաղաղ եւ երջանիկ հայրենիքի մէջ», գրուած էր էջին վրայ:
Հայկական Կարմիր Խաչը 163 Միլիոն Դրամի Ներդրում Պիտի Կատարէ Գիւմրիի Տուն-Պատսպարանի Ծրագիրին
Հայաստանի աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութիւնը յուշագիր մը ստորագրեց Հայկական Կարմիր խաչ ընկերութեան հետ:
Նախարար Զարուհի Բաթոյեան ուրախութիւն եւ գոհունակութիւն յայտնեց այս գործակցութեան համար` դիտել տալով, որ երկար տարիներու փորձառութիւնը ցոյց տուած է, որ Կարմիր խաչը ծառայութիւն կը մատուցէ ընկերային պաշտպանութեան ոլորտին մէջ մեծապէս անոր կարիքը ունեցողներուն: «Այսօր մենք կը սկսինք համագործակցութեան նոր փուլ` տարեցներու խնամքի ծառայութիւններու ոլորտին մէջ, բան մը, որ շատ կարեւոր է ո՛չ միայն այն իմաստով, որ մասնագիտական աջակցութիւն պիտի տրամադրուի ոլորտին մէջ տարիներու փորձառութիւն կուտակած ընկերութեան կողմէ, այլեւ այն պատճառով, որ այս մէկը կրնայ մրցակցային կարելիութիւն ստեղծել` բարձրացնելով ծառայութիւններուն որակը», նշեց նախարարը:
Յուշագիրով Հայկական կարմիր խաչ ընկերութիւնը Գիւմրիի տուն-պատսպարանի բնակիչներուն խնամքը պիտի ստանձնէ` պարտաւորուելով 163 միլիոն դրամի ներդրում կատարել ծառայութիւններու որակի եւ կացութեան պայմաններու բարելաւման համար, ինչպէս նաեւ վերակնքել աշխատանքային պայմանագիրները` տուն-պատսպարանի աշխատակիցներէն առնուազն 70 տոկոսին հետ:
160 խնամեալներու համար ներդրումները պիտի կազմեն մօտաւորապէս 8,5 միլիոն դրամ: «Ի թիւս 192 պետութիւններու, ուր Կարմիր խաչը գործունէութիւն կը ծաւալէ, պիտի փորձենք կատարել կարելի ամէն բան` աջակցելու համար այն մարդոց, որոնք օգնութեան եւ ուշադրութեան կարիքը ունին: Շնորհակալ եմ այս վստահութեան համար: Կրնամ հաւաստիացնել, որ մեր կուտակած տարիներու փորձառութիւնը պիտի ներդնենք` Գիւմրիի տուն-գիշերօթիկին մէջ բնակող մեր հայրերուն եւ մայրերուն արժանապատիւ ծառայութիւններ մատուցելու համար», ըսաւ ընկերութեան նախագահ Մխիթար Մնացականեան:
2020-ին Հայկական կարմիր խաչ ընկերութիւնը առնուազն 87 միլիոն դրամ պիտի ներդնէ` տուն-պատսպարանի 6 բնակելի հատուածներէն 4-ին վերանորոգութեան եւ կահաւորման համար: 2021-ին եւս 43 միլիոն դրամ պիտի ներդրուի միւս երկու բնակելի հատուածներուն վերանորոգման եւ կահաւորման համար: 2022-ին ընկերութիւնը կը նախատեսէ յատկացնել շուրջ 16,5 միլիոն դրամ եւս:
Հայաստանի աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութիւնը 2020-ին հաստատութեան պիտի յատկացնէ մօտաւորապէս 202 միլիոն դրամ:
Հանրապետութեան Հրապարակին Տակը Գտնուող Պատմական Շերտը Պիտի Բացուի Եւ Դառնայ Թանգարանային Հատուած
Այս տարի պիտի սկսին հին Երեւանի` Հանրապետութեան հրապարակին տակը գտնուող պատմական շերտի բացման եւ զայն թանգարանային հատուածի վերածելու աշխատանքները:
Այս մասին Դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան: «Հանրապետութեան հրապարակը արդիւնքում կը դառնայ շատ աւելի տեսարժան վայր», նշած է վարչապետը:
Ամանորի Լաւագոյն Նուէրը` 20 Տարի Վակոն-Տնակի Մէջ Ապրած Ընտանիքին
Կոտայքի մարզի Սարալանջ համայնքին մէջ բնակող Խաչատրեաններուն համար ամանորեայ հրաշքը արդէն իրականութիւն դարձաւ, 20 տարի քայքայուած եւ ժանգոտած վակոնէտնակի մէջ ապրելէ ետք, ընտանիքը վերջապէս տեղափոխուեցաւ քարաշէն տուն:
Արմէն Խաչատրեան իր երիտասարդութեան զգալի մասը անցուցած է այս հարցը լուծելու պատասխանատու բեռին տակ: Նորաստեղծ ընտանիքին հետ նախ ապրած է հայրական տան մէջ: 22 հոգիով փոքրիկ տան մէջ ապրելու անյարմարութիւնը եւ այլընտրանքի բացակայութիւնը ստիպած են քայլերու ձեռնարկելու. ուստի ան ընտանիքին հետ տեղափոխուած է մետաղական տնակ ու միաժամանակ սկսած է տուն կառուցել: Բայց եւ այնպէս ընկերային եւ տնտեսական ծանր պայմաններու պատճառով, նաեւ` առողջական հարցերու բերումով, բնակարանը մնացած է հիմերուն վրայ:
«Վիվասել-Էմ.Թի.Էս.»-ի եւ «Ֆուլեր տնաշինական կեդրոն»-ի կողմէ իրականացուող բնակարանաշինութեան ծրագիրի ծիրին մէջ Խաչատրեանները արդէն այսօր բնակարան ունին` ամէն տեսակ յարմարութիւններով օժտուած:
2019-ին այս ծրագիրէն օգտուած են 46 ընտանիքներ: Ընդհանուր առմամբ, տարիներու համագործակցութեան, իբրեւ արդիւնք կատարուած է մօտ 502 միլիոն դրամի ներդրում: 2007-էն ի վեր լուծուած է 208 ընտանիքերու տան հարցերը: