Նոյն Ժամուն, Նոյն Վայրը
ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ 19 յունուար 2020-ին թեւակոխեցինք «Ակօս»ի հիմնադիր Հրանդ Տինքի մահուան 13-րդ ամեակը: «Հրանդի ընկերները» հարթակը այս տարուան համար որոշեց իմաստալից կարգախօս մը` «Ամչնալու համար ուշ չէ»: Ցանկացած երկրի համար ամօթալի է իր քաղաքացիի մտածումներուն պատճառաւ սպաննուիլը: Երկրի իւրաքանչիւր վարիչ պէտք է ամօթի զգացում ապրի իր ղեկավարած երկրի մէջ նման դէպք պատահած ըլլալուն համար: Այս գիտակցութիւնը կամ հասկացողութիւնն է, որ...


















