Արդէն համացանցի վրայ էր պոլսահայ երգչուհի Սիպիլի եւ աւստրալահայ դաշնակահար Արայի առաջին համատեղ տեսահոլովակը` հանրայայտ «Անաստասիա» գծանկարի ամենասիրուած ստեղծագործութեան` «Once upon a December»-ի cover տարբերակը: Անիկա առաջին պահէն սիրուեցաւ դիտողներուն կողմէ` արժանանալով «յուզիչ», «հեքիաթային», «կախարդական» եւ այլ կարծիքներու: Թէեւ համագործակցութեան որոշումը կայացած էր երկու տարի առաջ, սակայն միայն այս դեկտեմբերին յաջողեցան Սիպիլ եւ Արա միաժամանակ հայրենիքի մէջ ըլլալ: Սիպիլը կը պատմէ. «Նախ ստացայ տեսաուղերձ, ուր Արան կը նուագէր «Once upon a December»-ը, ապա եկաւ երկտող` «Սիպի՛լ, այս դեկտեմբերին կ՛երգե՞ս ինծի հետ»: Ունէինք միայն 10 օր` թէ՛ ձայնագրութեան, թէ՛ նկարահանման համար»: Այնուհետեւ, համագործակցութեան միացաւ նաեւ «The Beautified project»-ի թաւջութակահար Ալեքս Միրզոյեանը, որ արդէն իր մասնակցութիւնը ունեցած է Սիպիլի շարք մը ստեղծագործութիւններուն մէջ:
Երգարուեստի մէջ Սիպիլի ունեցած ձեռքբերումները բազմաթիւ են` «Կախարդական ձայն» (2012), «Հայ երգի դեսպան» (2012), «Սփիւռքի լաւագոյն երգչուհի» (2014), «Ծիծեռնակ»` սփիւռքի պահպանութեան եւ հայ երգը լաւագոյնս տարածելու համար (2017), արժանացած է նաեւ շարք մը շքանշաններու եւ պատուոգրերու: Սիպիլ համերգներով շրջագայած է Հիւսիսային եւ Հարաւային Ամերիկաներու մէջ, Եւրոպայի շարք մը երկիրներ, Ռուսիա, Իրան, Լիբանան եւ այլն: 2019 դեկտեմբերէն կը ներկայացնէ «Sibil la Reine» հայկական զարդերու եւ հագուստի պարագաներու ապրանքանիշը:
Աւստրալահայ դաշնակահար եւ երգահան Արան ունի բնատուր տաղանդ: Չունենալով երաժշտական կրթութիւն եւ նոթաներ չկարդալով` ան կը ստեղծագործէ բացառապէս լսողութեամբ եւ կրկնակի դափնեկիրն է Մելպուռնի համերգասրահի «Լաւագոյն խմբավար» մրցանակի: Մարզական պարերու ոլորտին մէջ տասնամեակ ձգուող աշխատանքի ընթացքին DanceSport միջազգային միութեան կողմէ Արան երկու անգամ արժանացած է մարզական պարերու Աւստրալիոյ ազգային ախոյանութեան կրկնակի եւ նահանգային եռակի ախոյանութեան կոչումներուն: Արայի` պարողի աստղային ասպարէզը մեկնարկած է ABC-ի «Սթրիքթլի տենսինկ» հեղինակաւոր հաղորդաշարին մասնակցութեամբ: Արան չեխական «Փեթրոֆ» դաշնամուրներու ապրանքանիշի դեսպանն է եւ «Թաթէոսեան Լոնտոն» յայտնի ապրանքանիշի դէմքը: