Յօդուածներ

Ուրախացնող Ուստան

Ուրախացնող Ուստան

ԹՈՐԳՈՄ - Քիչ ետք պատրաստ եղի՛ր, Ուստան դիտելու պիտի երթանք,- ըսաւ քեռիս: Ես ուրախութենէս սկսայ ցատկռտել, որովհետեւ շատ կը սիրէի ծիծաղաշարժ շարժապատկերներ: Հայրս նոր մահացած էր, եւ քեռիս ատենը մէյ մը զիս սինեմա կը տանէր: Տակաւին 10 տարեկան չկայի: Անպայման «Ուստա»-ն  շարժապատկերի հերոսին («ֆիլմին պաթալին») անունն էր, ինչպէս` Չարլի Չափլին, Նորման Ուիզտըմ եւ այլն: Այդ դերասանները գիտէի, բայց Ուստան` ոչ:...

Անդրադարձ.  Քիչ Մը Գիտութիւն՝ «Անհրաժեշտ Բայց Ոչ Բաւարար»-ի եւ «Ներազդող»-ի Մասին, Որ Հաւանաբար Կը Լուսաբանէ Հայաստանի Ներկայ Իրավիճակը

Անդրադարձ. Արցախը Զոհ Միացեալ Նահանգներու Ռազմավարութեան

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ 2019-ին ամերիկեան պետական-զինուորական հետազօտութեան 1850 պաշտօնեայ ունեցող Ռէնտ (1) կեդրոնը 354 էջ ուսումնասիրութիւն մը հրապարակեց, Միացեալ Նահանգներ-Ռուսիա մրցակցութեան մասին. «Տարածելով, քաշկռտելով Ռուսիան՝ մրցակցիլ նպաստաւոր դիրքէ» (Extending Russia: Competing from advantageous ground) խորագիրով (2): 1. Ուսումնասիրութեան նկարը: Նախաբանին մէջ կ՛ըսուի. «Այս տեղեկագիրը կ՛արձանագրէ հետազօտութիւններ եւ վերլուծումներ, հովանաւորութեամբ ամերիկեան բանակի հրամանատարութեան այս բաժանմունքին՝ Army Quadrennial Defense Review Office, Office of...

Ակնարկ.  Որպէսզի Զերծ Մնանք Փանջունիականութեան Մրցանակէ

Ճակատը Պահող Զինուորի Թիկուքին՝ Արցախէն Մինչեւ Հայաստան Եւ Սփիւռք

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Կասկած չկայ, որ թուրք-ազերիական վոհմակներուն եւ անոնց վարձկաններուն դէմ ահեղ մարտեր մղող հայ զինուորը ամուր կը զգայ իր թիկունքը: Բազում նահատակներու կեանքին գնով ճակատող, Սարդարապատները վերաապրեցնող հայկական բանակը կը տեսնէ, որ ամբողջ ազգը դարձած է ժողովրդային բանակ, տարբեր հնարքներով կաթիլ-կաթիլ աջակցութիւն կը հասցնէ ճակատողին, գործնապէս կ'ըսէ թէ պիտի յաղթե՛նք: Աշխարհատարած հայութեան զօրակցական արարքները օր աւուր հասանելի են բոլորիս:...

Աշխատաւորի Կազմակերպման Անհրաժեշտութիւնը

Արցախը` Նոր-Օսմանականութեան Գերեզմանը

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ Վերջին ժամանակաշրջանին տեսանք Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի արկածախնդրութիւնները Միջերկրական տարածաշրջանին մէջ՝ կիպրական գերիշխանութեան տակ գտնուող ծովային տարածքներուն մէջ կազի փնտռտուքով, Յունաստանի գերիշխանութեան խախտմամբ, Լիպիոյ քաղաքացիական պատերազմին մէջ ուղակիօրէն միջամտութեամբ, Սուրիոյ մէջ ռազմական ներկայութեամբ, Իրաքի սահմաններուն մէջ օդանաւային հարուածներով: Այս բոլորին վրայ աւելցաւ 27 սեպտեմբերին Արցախի վրայ Ազրպէյճանի սանձազերծած ռազմական յարձակման Թուրքիոյ ուղղակի միջամտութիւնը՝ վարձկաններու Լիպիայէն ու Սուրիայէն Ազրպէյճան փոխադրութեամբ...

Ո՞վ Էր Նախայարձակը

Ո՞վ Էր Նախայարձակը

ՆԱՐԵԿ ՔԷՇԻՇԵԱՆ Ե՛կ  մոռնանք այն իրողութիւնը, որ միշտ ազերին եղած է նախայարձակն ու զինադադարը խախտողը։ Ե՛կ մոռնանք թուրքի գործած բոլոր ոճիրները պատմութեան ընթացքին եւ մինչեւ այսօր՝ զանազան ազգերու հաշուոյն։ Ե՛կ փոքր բաղդատականով մը փորձենք խորագիրիս պատասխանել։ Բաղդատական մը երկու ազգերու միջեւ, որոնց չհանդարտած սահմաններուն վրայ անգամ մը եւս ծագած է ահեղ կռիւ։ Ինչպիսի՞ ազգ ենք մենք։ Համայն աշխարհ դարձէ՛ք ու...

Հայկական Դարպասը

Հայկական Դարպասը

ՅԱՐՈՒԹ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ 27 սեպտեմբեր 2020-ի կանուխ առաւօտուն ազերիական բանակը յարձակողականի անցաւ Արցախի սահմանի ամբողջ երկայնքին: Այս թուականը Հայ-թրքական պատերազմի 100-ամեակին զուգադիպելով՝ մտածել կու տայ անոր ժամանակի խորհրդանիշին մասին: 100 տարիներ անցած են եւ տակաւին թուրքն ու ազերին կը մնան նոյն բարբարոս ժողովուրդը: Աւելի՛ն, այսօր անոնք «քաղաքակրթուած են»՝ դառնալով աւելի վտանգաւոր թշնամիներ: Իսկ մենք՝ հայ ազգը, տակաւին կը մնանք նոյն ազգային...

Արցախ Կ՛ուղեւորուի Կեանքեր Փրկող Առաջին Շարժական Վիրահատարանը

Արցախ Կ՛ուղեւորուի Կեանքեր Փրկող Առաջին Շարժական Վիրահատարանը

Առաջին հայացեքով դժուար է կռահել, որ ամերիկեան ոճի այս բեռնատարը շարժական վիրահատարան է՝ յագեցած անհրաժեշտ բոլոր պարագաներով: Ամերիկաբնակ յայտնի հայ գործարար եւ բարերար Վահէ Կարապետեանի կողմէ Հայաստանի մէջ արտադրված ու Պաշտպանութեան նախարարութեան նուիրաբերուած այս մեքենան հմուտ մասնագէտներու շնորհիւ ընդամէնը 10 օրուան մէջ վերածուած է շարժական վիրահատարանի, որ պիտի ուղեւորուի Արցախ՝ հրատապ բուժօգնութիւն հասցնելու կեանքի ու մահուան կռիւ տուող վիրաւոր զինծառայողներուն:...

Թուրքիոյ Ներքաղաքական Երկընտրանքը

Դիմագրաւելով Երկրորդ Առաջնագիծը

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ Պատերազմի թէժ օրերն են եւ թշնամին իր ռազմական կարողականութիւններու ողջ հեղեղով կը բախի մեր սահմաններուն իր դէմ գտնելով մեր բանակն ու մեր հզօր զինուորը, մեր հերոսական ժողովուրդն ու մեր հրամանատարութեան տոկուն ռազմավարութիւնը։ Մինչ հայը կը կռուի իր հայրենիքի պաշտպանութեան եւ իր գոյութեան համար, թշնամին կը կռուի ջարդելու, քանդելու, քաղաքակրթութիւն բնաջնջելու եւ մեր երկիրը իւրացնելու անասնական ախորժակներով։ Հայաստանն ու...

Ակնարկ.  Որպէսզի Զերծ Մնանք Փանջունիականութեան Մրցանակէ

Ակնարկ. Հայ-Թուրքեւազերի Տագնապի Լուծման Անսակարկելի Սկզբունքներ

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Պաշտօնական աղբիւրներ անուղղակիօրէն հաստատեցին մամլոյ այն լուրերը, թէ 23 հոկտեմբերին, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները Ուաշինկթըն հրաւիրուած են հանդիպումներ ունենալու համար ամերիկացի իրենց պաշտօնակիցին հետ` Արցախի տագնապին խաղաղ լուծման ուղին վերականգնելու նպատակով: Զուգահեռաբար, Հայաստանի վարչապետն ու Ազրպէյճանի նախագահը Մոսկուա հրաւիրուած են, նոյն նպատակով հանդիպում ունենալու համար Ռուսիոյ նախագահին հետ: Մինչ այդ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը «արագ» այցելութիւն...

Այս Անգամ Տարբեր Էր Հոգեւոր Ծննդավայրիս Այցը…

Այս Անգամ Տարբեր Էր Հոգեւոր Ծննդավայրիս Այցը…

ՄԵՍՐՈՊ ԵՊՍ. ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ Առաջնորդ' Ա․Մ․Էմիրութեանց եւ Քաթարի Հայոց Թեմի Եկեղեցական ասպարէզի ծառաութեան ընթացքին կը հանդիպինք շատ անհատներու, սակայն քիչերը կը տպաւորեն մեզ առաջին հանդիպումէն, անոնցմէ մին էր Հրայր Սողոմոնեանը: Տարիներ առաջ, երբ թեմական ծառայութեան մեկնեցայ Անթիլիասի հոգեւոր արժէքներով լեցուն սրբավայրէն երբեք մտաբերած չէի, որ օր մը պիտի ըսէի. «երանի այս պայմաններով չայցելէի տունս»: Ճիշդ է, որ Անթիլիաս աճած, մեծցած ու...

Հրայր Սողոմոնեան` Հայրենիքին Նուիրեալը

Հրայր Սողոմոնեան` Հայրենիքին Նուիրեալը

ՀՅԴ ԲԻՒՐՕ Ստորեւ` յանուն ՀՅԴ Բիւրոյին, Յակոբ Խաչերեանի արտասանած դամբանականը` Հրայր Սողոմոնեանի մասին: Հրայր Սողոմոնեանի մահով Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը կը կորսնցնէ նուիրեալ գործիչ մը, որ, թրծուելով Դաշնակցութեան շարքերուն  մէջ, երիտասարդ տարիքէն տասնամեակներ շարունակ գործեց, նուիրաբերեց եւ անմնացորդ ծառայեց կուսակցութեան ճամբով հայրենիքին, ժողովուրդին ու պետութեան: Հոն, ուր որ հայրենանուէր առաջադրանք կար, Հրայր Սողոմոնեան առաջին դիրքերուն վրայ կանգնած էր` շինարարական, տնտեսական եւ...

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Վկայութիւնը` Հանգուցեալ Հրայր Սողոմոնեանին Մասին

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Վկայութիւնը` Հանգուցեալ Հրայր Սողոմոնեանին Մասին

Ազնուական մարդու տիպար էր Հրայր Սողոմոնեան` իր համեստ նկարագիրով, իր անկեղծ մօտեցումով, իր յարգալից վերաբերումով: «Բարի Սամարացի»-ի տիպար էր Հրայրը` լուսարձակներէ հեռու բոլորին, անխտիր բոլորի՛ն օգնելու իր ազնուական ոգիով: Իր կեանքի բառարանին մէջ «ոչ» բառը գոյութիւն չունէր: Ամբողջական ու անմնացորդ նուիրումով ազգին ծառայող տիպար մըն էր Հրայրը` իր ստանձնած պաշտօնները բարձրագոյն աստիճանի պատասխանատուութեամբ ու հետեւողականութեամբ, բծախնդրութեամբ ու նախանձախնդրութեամբ կատարող: Հայաստանի...

Եզակի Մարդը  (Հրայր Սողոմոնեանի Յիշատակին)

Եզակի Մարդը (Հրայր Սողոմոնեանի Յիշատակին)

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ Մեր հաւաքականութեան մէջ հազուագիւտ են այն անհատները, որոնք իրենց կեանքի երթին մէջ կրնան պարփակել մարդկային, ազգային, կրօնական եւ  հասարակական համապարփակ առաքինութիւններ: Այդ բոլոր առաքինութիւնները անհատը կը դարձնեն ներքնապէս հարուստ, եւ իր այդ առաքինութիւններէն կ՛օգտուի հաւաքականութիւնը ու անոր օրինակը կը դրոշմուի մարդոց ենթագիտակցութեան մէջ` փոխանցուելով իրերայաջորդ սերունդներու: Այդ եզակի անհատները յաճախ կը դառնան մարդկային կեանքի արժանիքներու հոմանիշ եւ ամենակարեւորը`...

Սրտի Խօսք Հանգուցեալ Հրայր Սողոմոնեանի*

Սրտի Խօսք Հանգուցեալ Հրայր Սողոմոնեանի*

Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի Ազգային Երեսփոխանական ժողովի ատենապետ ՍԵՊՈՒՀ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Բոլորիս համար մեծ ցաւ է եւ կորուստ Հրայր Սողոմոնեանի մահը, որ ցնցեց բոլորիս սրտերը. կեանքով լեցուն Հրայրը ոչ եւս է, ի՞նչ պատահեցաւ` Աստուծոյ կամքն է: Մահը տարիք, հանգամանք, չի ճանչնար, կը հնձէ երբեմն անակնկալ, երբեմն սպասուած: Քեսապցի ծնողքէ  ծնած եւ Լիբանան ապրած էր մանկութիւնն ու պատանեկութիւնը, բարձրագոյն կրթութիւնը շարունակած...

Ակնարկ.  Որպէսզի Զերծ Մնանք Փանջունիականութեան Մրցանակէ

Պատկեր «…Խենթերն Են Գտնում Հնար»

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Քաղաքիս մէջ Կիրակի, 18 Հոկտեմբերի գիշերը մօտ է կիսուելու: Նստած եմ պատկերասփիւռիս դիմաց, անձկութեամբ կը նաւարկեմ հայկական ալիքներու վրայ: Հայաստանի մէջ արդէն ողջունած են Երկուշաբթին, կէսօրը կը մօտենայ: Հաղորդուած լուրերուն մէկ մասը Կիրակիի իրադարձութիւններն են: «Ազրպէյճան կը շարունակէ ռմբակոծումները, ոտնակոխած է 18 Հոկտեմբերի կէս գիշերին զինադուլ հաստատելու իր խոստումը եւս, ինչպէս ըրած էր 10 Հոկտեմբերի զինադուլին... Ռուսիայէն ետք,...

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Հիմա՛ Տուր, Վաղը Մի՛ Տար

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Հիմա՛ Տուր, Վաղը Մի՛ Տար

ԿԻՐԱԿՈՍ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ Սիրելի հայ բարեկամս, Այսօ՛ր, հիմա հայրենիքը մեզի պէտք ունի, այսօր հայ զինուորը եւ հայ կամաւորը իրենց կեանքի գնով կը պաշտպանեն մեր հայրենի հողը, անոնք կը նահատակուին, որպէսզի մենք ապրինք, ապրինք ազատ, անկախ մեր երկրին մէջ, ապրինք արժանապատուութեամբ հո՛ն, ուր կը գտնուինք՝ Հայաստան, Արցախ թէ՛ Սփիւռք: Հայ զինուորը զէնքի պէտք ունի, հագուստի, սնունդի, յարաբերաբար  ժամանակակից զինամթերքի... Հայ զինուորին, հայ...

Արցախեան Յաղթանակի՜ն Տեսիլքով…  Աղօթքն Ու Պատերազմը

Արցախեան Յաղթանակի՜ն Տեսիլքով… Աղօթքն Ու Պատերազմը

ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ Սիրելի՛ ընթերցող, սիւնակիս վերնագիրն է. «Աղօթքն ու պատերազմը»: Վերտառութենէն թելադրուելով` Աւետարանէն ընտրեցի Մտթ. 4,1-11 հատուածը: Ինչո՞ւ համար ընտրութիւնն այս կտորին, որ տարուան մէջ մէկ անգամ կը կարդացուի, եւ այն` Մեծ պահքին առաջին օրը...: Ինչպէս գիտես, անոր մէջ կը պատմուի, թէ Յիսուս «քառասուն օր եւ քառասուն գիշեր» քաշուեցաւ անապատ` պատրաստուելու համար իր առաքելութեան: Մեծ պահքին առաջին օրը կը տրուի...

Թաւրիզում «Արքութեան » Կոնդակի Ընթերցման Առիթով  «Ինձ Ընծայուած Այս Պատիւը Ձօնում Եմ Իմ Ժողովրդին` Պատնէշի Վրայ Կանգնած Ատրպատականի Մեր Հայութեան» Գրիգոր  Արքեպիսկոպոս  Չիֆթճեան

Թաւրիզում «Արքութեան » Կոնդակի Ընթերցման Առիթով «Ինձ Ընծայուած Այս Պատիւը Ձօնում Եմ Իմ Ժողովրդին` Պատնէշի Վրայ Կանգնած Ատրպատականի Մեր Հայութեան» Գրիգոր Արքեպիսկոպոս Չիֆթճեան

Ատրպատական, ազգային առաջնորդարան, Թաւրիզ - Չորեքշաբթի 14 Հոկտեմբեր 2020-ին, Թաւրիզի Լիլաւա հայաշատ թաղամասի Սբ. Սարգիս եկեղեցում, Երեկոյ­եան ժամերգութեան աւարտին, «Ուրախ լեր» շարականի երգեցողութեամբ, հանդի­սաւոր թափօրով վերաբերուեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի սրբատառ Կոնդակը, որով Նորին Սրբութիւնը «Արքութեան պատիւ եւ տիտղոս» էր շնորհում Ատրպա­տա­կանի Հայոց Թեմի առաջնորդ` Գերշ. Տ. Գրիգոր Ս. Եպս. Չիֆթճեանին: Եկեղեցական արարողութեան աւարտին խօսք առաւ Պատգամաւորական ժո­ղովի ատենապետուհի Արմինէ...

Աստուածային Բարի Լուրը՝ Քրիստոնէական Կեանքի Հիմքը

Աստուածային Բարի Լուրը՝ Քրիստոնէական Կեանքի Հիմքը

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւն ԳԷՈՐԳ ԱԲՂ. ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ Աւետարանը Յունարէն εὐαγγέλιον (Էուանկէլիոն) բառի թարգմանութիւնն է, որ կը նշանակէ աւետիս, բարի լուր, ուրախ լուր՝ ծանուցումը Աստուծոյ սպասուած թագաւորութեան հասած ըլլալուն. «Յիսուս կը շրջէր բոլոր քաղաքներն ու գիւղերը, կ’ուսուցանէր ժողովարաններուն մէջ, Աստուծոյ արքայութեան աւետիսը կու տար եւ կը բժշկէր ժողովուրդին բոլոր ախտերն ու հիւանդութիւնները» (Մտ 9.35, տե՛ս նաեւ Մտ 4.23, 24.14 եւ այլն):...

Ակնարկ.  Որպէսզի Զերծ Մնանք Փանջունիականութեան Մրցանակէ

Նշմար. Ո՞ւր Փնտռել Ֆրանսացի Ուսուցիչը Գլխատողին Ոճրածին Արմատները

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Ուրբաթ, 16 Հոկտեմբերի յետմիջօրէին, Փարիզի հիւիսային շրջանի մէկ արուարձանին մէջ, ոճրագործ ահաբեկիչ մը անցորդներու աչքին առջեւ դաշոյնով մը մորթոտեց ու գլխատեց ֆրանսացի պատմութեան ուսուցիչ մը: Յայտարարուած պատճառը այն է, որ ուսուցիչը վերջերս իր դասարանին մէջ աշակերտներուն ցուցադրած է Մոհամմէտ մարգարէին մէկ ծաղրանկարը եւ խօսած՝ խօսքի ազատութեան եւ հաւատքի ու անհաւատութեան մասին: Ոստիկաններ հետապնդած են եւ 10 կրակոց արձակելով՝...

Page 476 of 1112 1 … 475 476 477 … 1,112

Արխիւներ