ՆԱՐԵԿ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
Ե՛կ մոռնանք այն իրողութիւնը, որ միշտ ազերին եղած է նախայարձակն ու զինադադարը խախտողը։
Ե՛կ մոռնանք թուրքի գործած բոլոր ոճիրները պատմութեան ընթացքին եւ մինչեւ այսօր՝ զանազան ազգերու հաշուոյն։
Ե՛կ փոքր բաղդատականով մը փորձենք խորագիրիս պատասխանել։ Բաղդատական մը երկու ազգերու միջեւ, որոնց չհանդարտած սահմաններուն վրայ անգամ մը եւս ծագած է ահեղ կռիւ։
Ինչպիսի՞ ազգ ենք մենք։
Համայն աշխարհ դարձէ՛ք ու ինծի ըսէ՛ք՝ կա՞յ արդեօք մեզի նման խենթ ազգ։
Տուն, տեղ, ընտանիք, նոյնիսկ երկիր լքող ազգ՝ սահման մեկնելու նպատակով։
Տասնութ գարուններ չբոլորած նահատակներ, հայրենասիրութեամբ հարբած հերոսներ տուած ու անոնց կորուստին համար լացած ազգ։
Աշխարհասփիւռ ազգ, որ բոլոր գաղափարական վէճերն անտեսելով՝ մէկ բռունցք դարձած, թիկունք կանգնած է իր բանակին՝ քարոզչութիւն տանելով, օժանդակութիւններ ուղարկելով եւ նոյնիսկ՝ կամաւորագրուելով։
Ազգ, որուն մէյ մէկ զինուորին հաւատքի ուժն ու վճռականութիւնը համազօր են տասնեակ մը թուրք-ազերիի կոյր, թոյլ ու անհիմն հաւատքին։
Ազատութիւնն ու ուսումը սիրող ազգ ենք նաեւ։ ԵՒ վերջապէս՝ հայրենիքի տեւական պաշտպան ու տէր ազգ ենք։
Ե՛կ նայինք ինչպիսին են մեր սահմանակիցները՝ թուրքն ու ազերին։
Ինքնիր ժողովուրդը բռնաճնշող ազգ։
Ազատամիտ մտաւորականներն ու լրագրողները հալածող ու բանտարկող ազգ։
Ազգ մը, որ օտար վարձկաններ կը վարձէ՝ անձամբ մարտնչելու փոխարէն։
Ինքնիր ժողովուրդն ու միջազգային հանրութիւնը խաբելու նպատակով՝ ապատեղեկատուութեան վրայ հիմնուած ազգ։
Բայց եւ այնպէս, իտէալական ազգ են նաեւ անոնք։ Իտէալներ՝ ժառանգած իրենց նախահայրերէն՝ օսմամցիներէն եւ երիտասարդ թուրքերէն։
Ազգ, որ պատմութեան ընթացքին կառուցուած է ուրիշ ազգերու հաշուոյն եւ անոնց ի վնաս։
Ազգ, որուն զոհը գացած են միլիոնաւոր անմեղներ՝ հայեր, յոյներ, լիբանանցիներ, քիւրտեր, ասորիներ եւ շարքը տակաւին շա՜տ երկար է։
Ազգ մը, որ հարբած է աւերելու սիրով եւ ոչ ազգասիրութեամբ։
Խորագիրիս պատասխանը արդեօք յստակացա՞ծ է։ Կը կարծեմ՝ այո՛ ու կարելի զայն ամփոփել հայ հանճար Շիրազի խօսքով.
«Մենք խաղաղ էինք մեր լեռների պէս,
Դուք հողմերի պէս խուժեցիք վայրագ:
Մենք ձեր դեմ ելանք մեր լեռների պէս,
Դուք հողմերի պէս ոռնացիք վայրագ:
Բայց մենք յաւերժ ենք մեր լեռների պէս,
Դուք հողմերի պէս կը կորչէք վայրագ» ։
Սակայն հայութեան դէմ յանդիման դրուած հիմնական մարտահրաւէրը, յաղթանակը չէ՛, քանի որ հաստատ յաղթելու ենք անգամ մը եւս, այլ Լեռնային Ղարաբաղի ճանաչումն է միջազգային հանրութեան կողմէ՝ իբրեւ ազատ եւ անկախ պետութիւն։ Մինչեւ ե՞րբ հայը անապահով եւ իրաւազրկուած պիտի ապրի իր սեփական հողերուն վրայ։ Արդեօք ե՞րբ պիտի յագենայ թուրքին արեան ծարաւը։ Թուրքը միշտ եղած է ու պիտի շարունակէ մնալ մեծագոյն վտանգը բոլոր Անդրկովկասեան ազգերուն ու թիւ մէկ թշնամին՝ խաղաղութեան։
Ե՝կ փակենք յօդուածս Արցախի նախագահ՝ Արայիկ Յարութիւնեանի հաստատումով.
«Կենաց մահու պատերազմ է. Կենաց մահու պատերազմ ենք տալու բոլորս։ Ազգովի պատերազմ ենք մղելու, եւ ազգովի յաղթանակ ենք տանելու…»
Այո՛, մենք լեռն ենք տակաւին, թող ետ գա՛յ թշնամին։