Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այս Անգամ Տարբեր Էր Հոգեւոր Ծննդավայրիս Այցը…

October 21, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter
ՄԵՍՐՈՊ ԵՊՍ. ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ
Առաջնորդ’ Ա․Մ․Էմիրութեանց եւ Քաթարի Հայոց Թեմի

Եկեղեցական ասպարէզի ծառաութեան ընթացքին կը հանդիպինք շատ անհատներու, սակայն քիչերը կը տպաւորեն մեզ առաջին հանդիպումէն, անոնցմէ մին էր Հրայր Սողոմոնեանը:

Տարիներ առաջ, երբ թեմական ծառայութեան մեկնեցայ Անթիլիասի հոգեւոր արժէքներով լեցուն սրբավայրէն երբեք մտաբերած չէի, որ օր մը պիտի ըսէի. «երանի այս պայմաններով չայցելէի տունս»: Ճիշդ է, որ Անթիլիաս աճած, մեծցած ու յատկապէս դաստիարակուած էի ջերմ ու քաղցր միջավայրէ ներս: Ամէն անգամ, երբ առիթը ընծայուէր վերադառնալու շնչելու Մայրավանքի բուրումնաւէտ օդը նոր ուժ ու նոր թափ ստանալով վերաշխուժացած կը վերադառնայի առաքելութեանս:

Մայրավանքէն ներս էր, երբ առաջին անգամ հանդիպեցայ պրն. Հրայր Սողոմոնեանին: Գաւազանակրութեանս հաւանաբար 3-րդ տարին էր 2008-ին, երբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին հետ գտնուեցայ Տուպայ Ա.Մ.Է., ուր տեղի ունեցաւ հայ դատի դրամահաւաքը: Այդ օրերուն կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամներէն մին ըլլալով Հրայրը մնայուն վազվզուքի մէջ էր՝ լաւագոյնս կատարելու եւ յաջողցնելու իրեն վստահուած աշխատանքը. վաղուց հաւատացած իր պատկանող կազմակերպութեան այս յոյժ կարեւոր առաքելութեան: Այդ օրերուն, ուշադրութիւնս գրաւող այս անզուգական անձնաւորութիւնը չէի սպասեր, որ մի քանի տարիներ ետք պիտի դառնայ թեմակալ ծառայութեանս լաւագոյն գործընկերը, խրատող հայրը եւ հուսկ Եպիսկոպոսական օծմանս կնքահայրը:

Անցնող մօտաւորապէս ութ տարիներու ծառայութեանս ընթացքին, մեծ բաժին ունի առաքելութեանս ու ծառայութեանս յաջողութեան: Շատ յաճախ միասնաբար գտնուած ենք Անթիլիասի Մայրավանքէն ներս տարբեր-տարբեր առիթներով, բայց այս անգամ տարբեր պայմաններով, տարբեր բնոյթով ու տարբեր զգացումներով՝ յուզմունքի, ցաւի, վիշտի ու սուգի մթնոլորտի մէջ էր մեր վերջին այս հանդիպումը Անթիլիասի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարէն ներս, ուր մօտաւորապէս երեք տարիներ առաջ միասնաբար գտնուած էինք Եպիսկոպոսական օծմանս եւ պահ մը վերյիշեցի այն տպաւորիչ պատկերը, երբ Եպիսկոպոսական օծմանս կնքահայրը՝ Հրայր Սողոմոնեանը խոր զգացումներով եւ գոհունակութեամբ ճակատէս կը լուար օծման միւռոնը, սակայն այս անգամ կեանքի դաժանութեան եւ իր պայմաններու դժբախտ պատահարով ցաւօք սրտի կը կանգնիմ իր անշնչացած մարմնին դիմաց նո՛յն Տաճարէն ներս մասնակցելով իր յուղարկաւորութեան:

Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան սրբազան առաքելութեան հաւատացող, հաւատարիմ ու բարերար սիրելի՛ Հրայր, բնականաբար ապրեցանք ցաւի ու սուգի պահեր, որովհետեւ կորսնցուցինք վեհանձն, համեստ, բարեսէր, եկեղեցաշէն ու ազգային վառ ապրումներ ունեցող անձնաւորութիւն մը, որուն նմանը գտնելը հաւանաբար շատ դժուար պիտի ըլլայ, եթէ ոչ անհնարին այս օրերուն:

Տակաւին, շա՜տ ընելիքներ ունէինք միասին, տակաւին շատ մը տարբեր-տարբեր առիթներով պիտի գտնուէինք Անթիլիաս, միասնաբար տեսնելու Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան առաւել վերելքը, որուն առաքելութեան ու ծառայութեան հաւատարիմ ու քաջալերողը եղար միշտ: Ափսոս, անժամանակ մահը քեզ հեռացուց մեզմէ: Անթիլիասի համար անմոռանալի անձ մըն ես եւ տակաւին երկար ժամանակ պիտի յիշուիս Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ժամանակակից պատմութեան մէջ, որովհետեւ անջնջելի դրոշմդ ոչ թէ միայն պատերուն վրայ, այլ մասնաւորաբար մեր բոլորին սրտերուն մէջ արձանագրեցիր:

Հանգչէ՛ խաղաղութեամի սիրելի Հրայր, քու տարած աշխատանքդ անմոռանալի է:

Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի:

 

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (21 Հոկտեմբեր 2020)

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Ստացուած Գիրքեր.  «Հոգեբուժութեան Պատմութիւնը Լիբանանի Մէջ»  Հեղինակ` Փրոֆ. Սամի Ռիշա
Անդրադարձ

Ստացուած Գիրքեր. «Հոգեբուժութեան Պատմութիւնը Լիբանանի Մէջ» Հեղինակ` Փրոֆ. Սամի Ռիշա

January 10, 2026
Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» Գրքի Մասին
Անդրադարձ

Խաւարի Մէջ Լոյս. Սուրբծննդեան Տօնը Արցախի Հայաթափման Եւ Քրիստոնեայ Աշխարհի Անտարբերութեան Դիմաց

January 9, 2026
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Գոմին Մէջ Ծնած Մանուկը (Ծնունդ)

January 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.