Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւն
ԳԷՈՐԳ ԱԲՂ. ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ
Աւետարանը Յունարէն εὐαγγέλιον (Էուանկէլիոն) բառի թարգմանութիւնն է, որ կը նշանակէ աւետիս, բարի լուր, ուրախ լուր՝ ծանուցումը Աստուծոյ սպասուած թագաւորութեան հասած ըլլալուն. «Յիսուս կը շրջէր բոլոր քաղաքներն ու գիւղերը, կ’ուսուցանէր ժողովարաններուն մէջ, Աստուծոյ արքայութեան աւետիսը կու տար եւ կը բժշկէր ժողովուրդին բոլոր ախտերն ու հիւանդութիւնները» (Մտ 9.35, տե՛ս նաեւ Մտ 4.23, 24.14 եւ այլն): Աւետարան նաեւ կը նշանակէ Յիսուսի կեանքին, գործերուն եւ ուսուցումներուն ամբողջութիւնը. «Կ’ուզեմ որ լաւ գիտնաք, եղբայրնե՛ր, թէ այն Աւետարանը որ ես ձեզի աւետարանեցի՝ մարդկային միտքի ծնունդ չէ, եւ ես ալ զայն ոեւէ մարդէ չառի կամ ոեւէ մէկէն չսորվեցայ: Յիսուս Քրիստոս ի՛նք յայտնեց ինծի» (Գղ 1.11-12, տե՛ս նաեւ Գրծ 20.24, Հռ 2.16, Ա.Կր 4.15): Աւետարանը Աստուծոյ եւ մարդուն միջեւ կնքուած հաշտութիւնն է, որով մարդ արարածը արժանի դարձաւ աստուածային շնորհքին՝ երկնքի արքայութեան ժառանգորդը դառնալու:
Աւետարանը գրի առնուելուն հիմնական երեք դրդապատճառներն են.-
1) Յիսուս Քրիստոսի միջոցով մարդկութիւնը հաղորդակից դարձնել աստուածային բարի լուրին:
2) Քրիստոսի երկրային կեանքի եկեղեցական բանաւոր աւանդութիւնը վերածել գրաւոր վկայութեան, որ առաջին դարու եկեղեցւոյ հրամայականն էր:
3) Բաւարարել առաջին դարու եկեղեցւոյ քարոզչական եւ ծիսական որոշ կարիքները:
Աւետարաններուն միջոցով մարդկութիւնը կը ծանօթանայ Քրիստոսի վարքագիծին, ուսուցումներուն եւ իր երկրաւոր առաքելութեան նպատակակէտին: Աւետարաններուն մէջ Քրիստոսի ամբողջական կենսագրութիւնը չենք տեսներ, այլ Քրիստոսով կը ներկայացնեն քրիստոնէական վարդապետութեան հիմնադրոյթները: Աւետարաններուն ընդմէջէն նաեւ կը տեսնենք, որ Քրիստոսով իրականացան մարդկութեան փրկութեան համար տրուած Աստուծոյ խոստումները:
Իւրաքանչիւր Աւետարան ունի իր ուրոյն տեսակէտը Քրիստոսի անձին, ուսուցումներուն եւ դէպքերուն նկատմամբ: Առաջին երեք Աւետարաններուն մէջ առաւելաբար շեշտուած կը տեսնենք Քրիստոսի մարդկային երեսը, եւ իրենց ոճին ու բովանդակութեան համար ստացած են «Համատեսական» անուանումը, իսկ Յովհաննու Աւետարանին մէջ շեշտուած կը տեսնենք առաւելաբար Քրիստոսի աստուածային երեսը: Այդ պատճառով Համատեսական Աւետարանները հին մեկնիչները անուանած են «մարմնական», իսկ վերջինը՝ «հոգեկան»:
Բ. դարուն ի յայտ եկան կեղծանուն Աւետարաններ, որոնք կը կոչուին պարականոն, որոնցմէ կարելի է յիշել Պետրոսի եւ Թովմասի վերագրուած աւետարաններ:
Հայ Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին չորս Աւետարանիչներուն՝ Ս. Մատթէոսին, Ս. Մարկոսին, Ս. Ղուկասին եւ Ս. Յովհաննէսին տօնը կը յիշատակէ Խաչի վեցերորդ (Խաչվերացի) Կիրակիին նախորդող շաբաթ օրը:
Սուրբ Մատթէոս Աւետարանիչ
Ս. Մատթէոս աւետարանիչ Քրիստոսի 12 Առաքեալներէն մէկն էր՝ Ղեւիի ցեղէն: Ինք իր մասին կը վկայէ, թէ նախապէս մաքսաւոր էր, այսինքն հարկահաւաք, վատանուն արհեստ մը, զոր կիրարկողը մեղաւոր կը համարուէր: Հեղինակն է առաջին Աւետարանին: Մատթէոս անունը կը թարգմանուի «Երգ Կենաց» կամ «Փրկութեան»:
Ս. Մատթէոսի Աւետարանը մեզի կը յայտնէ թէ Յիսուսն է խոստացուած Փրկիչը, որ Աստուած Հին Կտակարանի մարգարէութիւններուն մէջ խոստացած էր: Յիսուս միայն եբրայեցի ժողովուրդին Փրկիչը չէ, այլեւ՝ ամբողջ մարդկութեան:
Ս. Մատթէոս աւետարանիչ Յիսուսը կը ներկայացնէ իբրեւ այն Մեծ Ուսուցիչը, որ իշխանութիւն ունի մեկնելու (բացատրելու) Աստուծոյ Օրէնքը եւ քարոզելու Աստուծոյ արքայութեան մասին: Ան Աւետարանը գրած է ժամանակագրական դասաւորումով:
Սուրբ Մարկոս Աւետարանիչ
Ս. Մարկոս աւետարանիչ Բառնաբասի եղբօր տղան էր` բնիկ երուսաղէմացի: Ան նաեւ կը կոչուէր Յովհաննէս: Անոր մօր` Մարիամի տունը առաքեալներուն աղօթավայրն էր, Երուսաղէմի մէջ: Կը կարծուի, թէ այս «վերնատան» մէջն էր, ուր Յիսուս իր «վերջին ընթրիք»ը կատարեց աշակերտներուն հետ: Ըստ առաջին դարու եկեղեցւոյ վկայութեան մը, Մարկոս Աւետարանի հեղինակը Յովհաննէս Մարկոսն է, որ Քրիստոսի եօթանասուներկու աշակերտներէն էր եւ ձեռնասունը Ս. Պետրոսի: Աւանդութեան համաձայն, Մարկոս աւետարանիչ թարգմանն էր Ս. Պետրոսի եւ եբրայերէնէն յունարէնի կամ լատիներէնի կը թարգմանէր անոր խօսածները: Աւետարանը գրած է Սուրբ Հոգիին ներշնչումով եւ Պետրոս Առաքեալի թելադրութեամբ՝ Քրիսոտոսի համբարձումէն շուրջ 15 տարի ետք:
Ս. Մարկոսի Աւետարանին մէջ Յիսուսի պատմութիւնը ներկայացուած է առաւելաբար իր կատարած գործերուն (հրաշքներուն) ընդմէջէն, քան՝ իր խօսքերուն կամ ուսուցումներուն:
«Մարկոսի Աւետարանը կը սկսի հաստատումով, թէ Յիսուս Քրիստոս Աստուծոյ Որդին է: Այս Աւետարանը Յիսուսը կը ներկայացնէ հեղինակութեան տէր անձ մը, որուն իշխանութիւնը կը տեսնուի իր ուսուցումներուն մէջ, չար ոգիներուն վրայ եւ մարդոց մեղքերը ներելուն մէջ: Աստիճանաբար, Յիսուս ինքզինք կը յայտնէ իր աշակերտներուն, եւ որքան կը յայտնէ իր Մեսիայութիւնը՝ այնքան աւելի կը խօսի իր չարչարանքներուն, մահուան եւ յարութեան մասին, որոնք տեղի պիտի ունենան Երուսաղէմի մէջ: Յիսուս ինքզինք կը կոչէ Մարդու Որդի, որ աշխարհ եկած է իր կեանքը տալու, մարդկութիւնը ազատագրելու համար մեղքի կապանքներէն» (Նոր Կտակարան, Անթիլիաս, 2001, էջ 114 ): Աւետարանին ամենահին ձեռագիր օրինակը կը գտնուի վենետիկցիներուն մօտ՝ անընթեռնելի վիճակի մէջ:
Սուրբ Ղուկաս Աւետարանիչ
Ս. Ղուկաս աւետարանիչ անտիոքացի էր եւ արհեստով բժիշկ: Աշակերտած էր Պօղոս Առաքեալի եւ անոր հաւատարիմ գործակիցը դարձած էր: Տիրապետած էր ասորերէն, եբրայերէն եւ յունարէն լեզուներուն: Հեղինակն է Ղուկաս Աւետարանին եւ «Առաքեալներու Գործերը» գիրքին: Կը պատմուի նաեւ, թէ ճարտար պատկերահան կամ նկարիչ էր եւ առաջին անգամ ինքն էր, որ նկարած էր Սուրբ Աստուածամայրը՝ Յիսուս մանուկը գրկին մէջ: Այս պատկերն է, որ Պոլիսէն տարուած է Հռոմ, ուր մինչեւ հիմա կը մնայ:
Աւետարանին մէջ Քրիստոս ներկայացուած կը տեսնենք իբրեւ Փրկիչը Իսրայէլի եւ ամբողջ մարդկութեան, որուն հիմնական պատգամն է՝ ժողովուրդին փոխանցել Քրիստոսի աստուածային ծագման եւ փրկութեան համաշխարհային տարողութեան մասին:
Հեղինակին նպատակը եղած է Յիսուսի կեանքին դէպքերը պատմել կանոնաւոր դասաւորումով, ինչպէս կը տեսնենք Ղկ 1.1-4 համարներուն մէջ, ուր կ’ըսէ. «Ո՜վ պատուական Թէոփիլոս, շատեր ձեռնարկեցին պատմելու եւ դասաւորելու այն բոլոր դէպքերը, որոնք մեր մէջ տեղի ունեցան եւ որ մեզի աւանդեցին անոնք՝ որոնք սկիզբէն իսկ անոնց ականատես եւ Աստուծոյ խօսքին քարոզիչ եղան: Նոյնպէս ալ ես, սկիզբէն բծախնդրութեամբ հետազօտած ըլլալով այս դէպքերը՝ քեզի կը գրեմ դասաւորելով զանոնք, որպէսզի գիտնաս թէ ճշմարիտ է ինչ որ սորվեցար»:
Աւետարանին մէջ Յիսուսի կեանքէն կարգ մը դրուագներ եւ առակներ յիշուած կը տեսնենք միայն Ղուկասի Աւետարանին մէջ: Այսպէս, օրինակ, Յիսուսի ծնունդի ժամանակ հրեշտակներուն երգը, հովիւներուն այցը, անառակ որդիին առակը, խաչուած աւազակին դարձը եւ այլն:
Սուրբ Յովհաննէս Աւետարանիչ
Ս. Յովհաննէս առաքեալ զաւակն է Զեբեդէոսի ու Սողոմէի, եւ եղբայրը՝ Յակոբոս առաքեալին: Յիսուս զինք կանչեց, երբ ձկնորսութիւն կ’ընէր (Հմմտ. Մտ 4.21): Քրիստոսի սիրելի աշակերտը՝ Յովհաննէս աւետարանիչ, Պատմոս կղզիի բնակիչներուն բուռն փափաքին համաձայն գրեց իր աւետարանը: Ապա, տասը օր առանձնացաւ քարայրի մը մէջ, ուր անցուց աղօթքով եւ ծոմապահութեամբ, եւ հոն գրեց այն հրաշալի տեսիլը՝ որ յիշուած է Յայտնութեան գիրքին մէջ:
Ս. Յովհաննէսի Աւետարանը յատկանշական կերպով տարբեր է միւս աւետարաններէն: Անիկա Յիսուսը կը ներկայացնէ իբրեւ Աստուծոյ Խօսքը, որ մարմին եղաւ եւ մեր միջեւ բնակեցաւ (Հմմտ. Յհ 1.14): Ինչպէս հեղինակը կ’ըսէ, այս Աւետարանը գրուեցաւ, որպէսզի ընթերցողները հաւատան, թէ Յիսուսն է խոստացուած Փրկիչը՝ Աստուծոյ Որդին եւ Անով յաւիտենական կեանքը ժառանգեն (Յհ 20.31): Աւետարանին մէջ յատուկ կերպով շեշտուած կը տեսնենք Քրիստոսի միջոցով յաւիտենական կեանքի շնորհքը ստանալու գաղափարը եւ աստուածային հանգամանքը արտայայտող ու խորունկ ճշմարտութիւններ բացայայտող Քրիստոսի ուսուցումները:
Իւրաքանչիւր Աւետարանիչի մասին հակիրճ անդրադարձ մը կատարելէ ետք կը տեսնենք, որ տարբեր ոճով, բայց նոյն նպատակին եւ առաքելութեան ծառայող, Աստուծոյ Որդւոյն՝ Յիսուս Քրիստոսի միջոցով ճշմարիտ կեանքի ուսուցումներ են, որոնք փոխանցուած են մեզի: Մեզի կը մնայ լաւապէս սերտել եւ հասկնալ, թէ իւրաքանչիւր դրուագ կամ գաղափար ինչ պատգամ ունի փոխանցելիք: Այս պատգամները լաւապէս ըմբռնելու եւ հասկնալու համար անհրաժեշտ է, որ մեր հաւատքն ու բանականութիւնը զուգահեռ ընթանան, այլապէս, եթէ զանոնք անջատենք, պիտի չկարենանք հասկնալ քրիստոնէական կեանքի ճշմարտութիւնները: