Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախը` Նոր-Օսմանականութեան Գերեզմանը

Հոկտեմբեր 23, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ

Վերջին ժամանակաշրջանին տեսանք Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի արկածախնդրութիւնները Միջերկրական տարածաշրջանին մէջ՝ կիպրական գերիշխանութեան տակ գտնուող ծովային տարածքներուն մէջ կազի փնտռտուքով, Յունաստանի գերիշխանութեան խախտմամբ, Լիպիոյ քաղաքացիական պատերազմին մէջ ուղակիօրէն միջամտութեամբ, Սուրիոյ մէջ ռազմական ներկայութեամբ, Իրաքի սահմաններուն մէջ օդանաւային հարուածներով:

Այս բոլորին վրայ աւելցաւ 27 սեպտեմբերին Արցախի վրայ Ազրպէյճանի սանձազերծած ռազմական յարձակման Թուրքիոյ ուղղակի միջամտութիւնը՝ վարձկաններու Լիպիայէն ու Սուրիայէն Ազրպէյճան փոխադրութեամբ եւ յարձակման ընթացքին թրքական օդային ուժին կողմէ օդային յարձակումներու ստանձնումով եւ այլ ձեւերով:

Ահաւասիկ, վեցերորդ ճակատ մըն ալ եւս աւելցաւ թրքական ռազմական գործողութիւններուն, սակայն ինչո՞ւ այս բոլորը եւ ինչո՞ւ այս ժամանակին:

Բոլոր անոնք, որոնք կը հետեւին լուրերուն, մանաւանդ Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի վերջին խմորումներուն, պիտի նկատեն, թէ երկու պետութիւններու վարչակազմերն ալ ներքին ճակատի վրայ կը դիմագրաւեն զանազան մարտահրաւէրներ:

Թուրքիոյ տնտեսութիւնը, երկրի ղեկավարութեան արտաքին ռազմապաշտ քաղաքականութիւններուն պատճառով, մեծապէս տուժած է՝ թրքական ոսկիի արժեզրկմամբ, 12 տոկոսի հասնող սղաճով, 13.49 տոկոսի անգործութեամբ, 58 առ տարիւր արտաքին պարտքով: Նաեւ, ըստ ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններուն կատարած ուսումնասիրութիւններուն, Թուրքիոյ մէջ յստակօրէն եւ մեծապէս նուազած է խօսքի եւ լրագրութեան ազատութիւններու չափանիշերը:

Այս բոլորը պատճառ դարձան, որ նախագահ Էրտողանի եւ անոր կուսակցութեան ժողովրդականութիւնը նուազի: Ըստ ապրիլ 2020-ի «Artibir» հետազօտական ընկերութեան կատարած հետազօտութեան, Էրտողանի ժողովրդականութիւնը հասած է 40.1 տոկոսի, իսկ անոր կուսակցութեանը, ըստ «AKAM»-ի օգոստոս 2020-ի կատարած հետազօտութեան՝ 36.9 տոկոսի:

Իսկ Ազրպէյճանի վարչակազմին վերաբերող ոչ-կառավարական կազմակերպութիւններու ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, թէ Ազրպէյճանի մէջ ընդդիմադիր գործիչներու, կուսակցութիւններու եւ լրագրողներու ձերբակալութիւնները աւելցած են, ու երկիրը կը գտնուի անազատ կարգավիճակի մէջ:

Ներքին բոլոր դժգոհութիւնները մեղմացնելու նպատակով, իր դաշնակից վարչակազմին ալ փրկութիւն ապահովելու նպատակով, Թուրքիան սատար կանգնեցաւ Ազրպէյճանի ռազմական գործողութեան՝ ընդդէմ Հայաստանի եւ Արցախի՝ բանալով նոր ճակատ իր արտաքին ռազմական գործողութիւններուն մէջ:

Բայր եւ այնպէս, Արցախը նոր-օսմանականութեան փորձադաշտի վերածելով բոլոր ջանքերը ապարդիւն են, քանի որ բոլորս ականատես եղանք 1988-ի փետրուարեան շարժումին եւ անոր յաջորդած ազատագրական պայքարին, 2016-ի քառօրեայ պատերազմին եւ այսօր ալ ականատես կ՛ըլլանք Արցախի ժողովրդային դիմադրութեան՝ ընդդէմ ազրպէյճանական յարձակումներուն:

Մեծամտութիւն չէ ըսելը, թէ երկու վարչակազմերու (թէ՛ Էրտողանի, եւ թէ Ալիեւի) շարունակականութիւնը կախեալ է Արցախի վրայ կատարուող յարձակումէն, անոր ձախողութիւնը կրնայ աւելի մեծցնել ժողովրդային դժգոհութիւն Ալիեւի վարչակազմին դէմ, իսկ միւս կողմէն ալ՝ կրնայ թրքական արտաքին ճակատի պարտութիւններուն ցանկին մէջ աւելնալ:

Հետեւաբար, Արցախը նոր-օսմանականութեան գերեզման է, ուր իր ժողովրդային դիմադրականութեան ոգիով, գոյատեւելու կամքը, հողին տէր կանգնելու վճռակամութիւնը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ համայն հայութեան նեցուկը պարտութեան ու ձախողութեան պիտի մատնեն սուլթաններու երբեմն ու նորոգուող երազը:

 

 

 

 

Նախորդը

Ո՞վ Էր Նախայարձակը

Յաջորդը

Ճակատը Պահող Զինուորի Թիկուքին՝ Արցախէն Մինչեւ Հայաստան Եւ Սփիւռք

RelatedPosts

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
Մեծապէս Կը Սխալին
Անդրադարձ

Մեծապէս Կը Սխալին

Հոկտեմբեր 21, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Տոմս. «Մեր Ժողովուրդը Ո՞ւր Է…»

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?