ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ
Մեր հաւաքականութեան մէջ հազուագիւտ են այն անհատները, որոնք իրենց կեանքի երթին մէջ կրնան պարփակել մարդկային, ազգային, կրօնական եւ հասարակական համապարփակ առաքինութիւններ: Այդ բոլոր առաքինութիւնները անհատը կը դարձնեն ներքնապէս հարուստ, եւ իր այդ առաքինութիւններէն կ՛օգտուի հաւաքականութիւնը ու անոր օրինակը կը դրոշմուի մարդոց ենթագիտակցութեան մէջ` փոխանցուելով իրերայաջորդ սերունդներու: Այդ եզակի անհատները յաճախ կը դառնան մարդկային կեանքի արժանիքներու հոմանիշ եւ ամենակարեւորը` ներշնչման աղբիւր ու վաւերական օրինակ: Այս բոլորը անշուշտ կը կերտուին անհատին կողմէ կեանքը ապրելու, արարելու եւ արժեւորելու իւրայատուկ ոճով ու սեփական փիլիսոփայութեամբ:
Դժուար է սիւնակի մը նեղ սահմաններուն մէջ ամփոփել արժէքը այսպիսի աստուածատուր շնորհներով օժտուած անհատի մը: Դժուար է անդրադառնալ ու արժեւորել անոր կեանքի իմաստալից երթը բառերով, խօսքով ու նաեւ` յարգանքով: Այո՛, այդ եզակի անձնաւորութիւններէն մէկն է Հրայր Սողոմոնեանը, որուն բացակայութիւնը երկար ժամանակ պիտի մնայ զգալի, ու այդ ճամբով իսկ անոր օրինակը պիտի շարունակէ թեւածել մեր հաւաքական իրականութեան մէջ:
Հրայր Սողոմոնեանի կենսագրութիւնը եղաւ իր իսկ անձին ունեցած սեփական համեստ կարելիութիւններով` ինքնակերտումի եւ ծառայութեան ամբողջական ընթացք մը: Կազմաւորուած Հայաշէնի հայաշատ համեստ, բայց հայատրոփ թաղամասին մէջ, մեծ դժուարութիւններով իր համալսարանական բարձրագոյն կրթութիւնը ստացած ու Արաբական Ծոցի անապատներուն մէջ երկար տարիներ վրանաբնակ կեանքին ընտելացած մեր թանկագին ընկերը միշտ մնաց իր արմատներուն եւ ակունքներուն հաւատարիմ: Պայքարեցաւ հայու կամքով ու մանաւա՛նդ մարդկային ազնիւ ժպիտով դարձաւ ազգային գաղափարական համոզումներու անշեղ ժառանգորդ ու մեր հաւաքական կեանքին մէջ միշտ պատրաստակամ ծառայող:
Ամէն առիթի յիշեց իր ապրած կեանքի բոլոր փուլերը ու իր կազմաւորման մէջ դերակատար դարձած բոլոր կառոյցներն ու հաստատութիւնները եւ իր երախտապարտութիւնը յայտնեց տիրական կերպով ու գործնական վառ ապացոյցով, սակայն ամօթխած ժպիտը միշտ իր դէմքին վրայ ուրուագծուած:
Անոր մօտ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը եւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը մնացին պաշտամունքի համազօր ու իր հայկականութեան հպարտութիւն առթող կենսալից ներկայութիւններ: Սփիւռքի ու անոր յաւելեալ ուժեղացման հանդէպ անոր թափած ճիգն ու ցուցաբերած զօրակցութիւնը ակներեւ են բոլորին:
Իր երիտասարդութեան Հրայր Սողոմոնեան օրինակելի ներկայութիւն էր ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան, Հայաշէնի ՀՅԴ «Ռոստոմ» ակումբին եւ շրջանի Համազգայինի «Նաւասարդ» մասնաճիւղին մէջ: Հետագային ան դարձաւ Արաբական Ծոցի երկիրներուն մէջ մեր համայնքային կեանքը կազմակերպող առաքեալներէն մէկը: Իր ծննդավայրը` Լիբանանը, մնաց իր հարազատ միջավայրը եւ միշտ ալ անաղմուկ ձեւով սատարեց անոր բոլոր կառոյցներու գործունէութեան եւ կարիքներուն: Սիրեց Լիբանանը, հաւատաց անոր համահայկական դերակատարութեան եւ միշտ մնաց անոր կողքին` տագնապելով անոր դժուարութիւններով եւ հպարտանալով անոր նուաճումներով: Տակաւին հարկ է արձանագրել, որ սփիւռքեան շատ մը համայնքային կառոյցներ վայելեցին Հրայր Սողոմոնեանի աջակցութիւնն ու զօրակցութիւնը իրենց տարբեր ծրագիրներու իրականացման համար: Չմոռցաւ Քեսապը` իր պապերուն օրրանը, ու անոր հանդէպ իր ունեցած հոգեհարազատութիւնը փաստեց մի՛շտ: Այս նուիրական ծառայութեանց մէջ միշտ իր կողքին գտաւ իր կողակիցը` տիկին Մակին, որ միշտ քաջալեր հանդիսացաւ իր առաքելութեան ու դարձաւ իր անբաժան խորհրդատուն:
Արցախի գոյապայքարը եւ Հայաստանի վերանկախացումը նոր լիցք եւ խանդավառութիւն տուին ընկեր Հրայրին, հայրենիքի հետ իր կապը եղաւ ամրակուռ, անոր հանդէպ իր նուիրաբերուածութիւնը զինք մնայուն կերպով լեցուց հպարտութեամբ ու հոգեկան հարստութեամբ:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան կամաւոր գործիչը ու անոր անշրջանցելի դերակատարութեան մեծապէս հաւատացողը դարձաւ աշխարհական ծառայող մը ազգային ու հոգեւոր կեդրոնական այս կառոյցին մէջ` միշտ հեռու մնալով իր անունն ու մականունը տեղ մը արձանագրուած տեսնելու մարմաջէն: Բոլորը պիտի վկայեն, որ յաճախ իր անձին մասին կատարուած արժանի գնահատանքները ու երախտանքի արտայայտութիւնները դիմաւորեց մանուկի անմեղութեամբ եւ անկեղծութեամբ` ամչկոտ նայուածքը յառելով վար:
Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան մեծ ընտանիքին մէջ անուրանալի է ընկեր Հրայր Սողոմոնեանի վաստակը, յատկապէս Հայ դատի ու համահայկական աշխատանքներու համար նիւթական ապահովող տնտեսական ծրագիրներու ու հասութաբեր ձեռնարկներու կազմակերպման մէջ: Հանգանակութեան աշխատանքներուն կը սկսէր իր ներդրումով, գործը կը կատարէր մեծ խանդավառութեամբ ու իր օրինակով կը համակէր բոլորը, որովհետեւ միշտ ալ կը հաւատար նպատակին ու գործին կարեւորութեան: Բաւարար էր, որ ան համոզուէր գործի մը անհրաժեշտութեան եւ արդէն մնացեալը կը նկատէր իր պարտականութիւնը, իբրեւ համալրող օղակ, միշտ շեշտելով, թէ հաւաքական ու միասնական ճիգն է, որ կը յաջողցնէ ամէն նպատակ ու ծրագիր:
Սիրելի՛ ընկեր, մահուանդ լուրը անսպասելի էր: Տակաւին մտքիս մէջ կ՛արձագանգեն մեր վերջին հեռախօսային զրոյցին ընթացքին արծարծած միտքերդ: Մտահոգ էիր լիբանանահայութեան դիմագրաւած ներկայ ճգնաժամով: Գիտէի, որ Էշրեֆիէի բնակարանդ վնասներու ենթարկուած էր, եւ երբ հարցուցի նոյնիսկ հարեւանցի կերպով պատասխանեցիր, թէ հարց չկայ, բոլորը կարելի է դարմանել, որովհետեւ միշտ ալ մնացիր մտահոգ համայնական մեծ բնակարանով` բովանդակ հայութեամբ: Այո՛, հայութիւնը քեզի համար դարձուցիր մեծ ընտանիք ու հայրական սէրդ ու բարիքներդ տարածեցիր ամէնուրեք:
Նոյն հեռաձայնային խօսակցութեան ընթացքին, երբ պատրաստակամութիւն յայտնեցիր սատարելու 2020-2021 տարեշրջանին Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու ուսումնական գործընթացին, արդարօրէն նշեցիր, որ լիբանանահայութիւնը եւ անոր մաս կազմող բարեկեցիկ խաւը ի վիճակի են շրջանցելու լիբանանահայութեան ապրած ճգնաժամը, եւ այս իմաստով բոլորը պարտաւոր են ըլլալու զգաստ ու արթուն, որովհետեւ նոյն այդ խաւին համար ուժեղ համայնքը կենսական է ու անփոխարինելի ուժ: Հետեւաբար, իւրաքանչիւր լիբանանահայ բարեկեցիկ հայորդի պէտք է գուրգուրայ համայնքի կենսունակութեան:
Սիրելի եւ անգին ընկե՛ր, վաստակդ մեծ է, կորուստդ մեր հաւաքական կեանքի սրտին մէջ բացած է իր վէրքը: Զայն սպիացնելու համար քու տիպարիդ ստեղծած մթնոլորտը պէտք է դառնայ գերակշռող ու այդ վէրքը կարելի է դարմանել միայն նոր ծառայողներու եւ նոր նուիրեալներու խումբով: Հայութեան ապրած բախտորոշ այս փուլին, երբ քու դրսեւորած ապագայատեսիլ ժպիտիդ, կամքիդ, հաւատքիդ, հայասիրութեան ու ազգասիրութեանդ կարիքը ունինք, ահաւասիկ անժամանակ կը մեկնիս` առանձին ձգելով մեզ: Վստահաբար, շատ ըսելիք ու ընելիք ունէիր մեր ներկայ գոյապայքարին մէջ, որովհետեւ դուն անկեղծ զինուոր մըն էիր բովանդակ հայութեան եւ միշտ կանգնած առաջնագիծի վրայ:
Կը խոնարհինք վաստակիդ դիմաց ու կ՛ըսենք` վարձքդ կատա՛ր ու համակող ժպիտդ անպակաս մեր կեանքին մէջ, անգին ու հաւատաւոր ընկեր: