Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախեան Յաղթանակի՜ն Տեսիլքով… Աղօթքն Ու Պատերազմը

Հոկտեմբեր 20, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ

Սիրելի՛ ընթերցող, սիւնակիս վերնագիրն է. «Աղօթքն ու պատերազմը»: Վերտառութենէն թելադրուելով` Աւետարանէն ընտրեցի Մտթ. 4,1-11 հատուածը:

Ինչո՞ւ համար ընտրութիւնն այս կտորին, որ տարուան մէջ մէկ անգամ կը կարդացուի, եւ այն` Մեծ պահքին առաջին օրը…: Ինչպէս գիտես, անոր մէջ կը պատմուի, թէ Յիսուս «քառասուն օր եւ քառասուն գիշեր» քաշուեցաւ անապատ` պատրաստուելու համար իր առաքելութեան:

Մեծ պահքին առաջին օրը կը տրուի մեզի այս ընթերցումը, որպէսզի, ինչպէս Յիսուս ապրեցաւ աղօթքով, պահքով եւ ծոմով, մենք ալ նոյնը ապրինք «աղուհացից» քառասնօրեան` իբրեւ մեր պատրաստութիւնը Ս. Յարութեան զատկական յաղթութեան տօնին:

Թէպէտ այսօր մեծ պահքը չի սկսիր, բայց եւ այնպէս քեզի համար ընտրեցի Տիրոջ խօսքէն այս հատուածը, որպէսզի քեզի ներկայացնեմ աղօթո՛ղ ու պայքարո՛ղ Յիսուսը:

Այո՛, Յիսուս աղօթեց եւ պայքարեցաւ սատանային դէմ: Հոգեմտաւոր պատերազմն էր, որուն ընթացքին երեք ճակատամարտ մղելով դեւին դէմ` յաջողութեամբ տարաւ ու յաղթութեամբ պսակեց` իր հետեւորդներուն սորվեցնելով եւ հասկցնելով, թէ հարկ է մարտնչիլ դժոխային յարձակումներուն դէմ:

Այսօր, երբ հայերս կ՛ենթարկուինք դժոխային յարձակումներուն եւ մեր հայրենիքին դէմ բացուած անարդար պատերազմով կը պարտադրուինք սրբազան ինքնապաշտպանութեան, այսօր առաւել եւս պարտաւոր ենք հետեւիլ աղօթո՛ղ ու պայքարո՛ղ մեր Աստուածային Վարդապետին, ինչպէս Անոր հետեւեցան մեր նախահայրերն ու նախամայրերը` պաշտպանելով իրենց երկիրը եւ նոյնիսկ զոհելով իրենց կեանքը:

Հայոց պատմութիւնը լեցուն են դէմքերով եւ դէպքերով, որոնց մէջ աղօթքն ու պատերազմը անբաժանելի են իրարմէ, եւ, ուստի, յաղթանակը ի վերուստ կը տրուի ջերմ աղօթողներուն ու արդար պատերազմը մղողներուն:- Ահա՛ քեզի միայն հինգ դրուագներ:

Առաջին դրուագը: Մեր քրիստոնէացումէն արդէն 10 տարի ետք, 311-ին` Մաքսիմոս Դաժա կեսարին հանած սարսափելի հալածանքներէն յաղթական ելանք հոգեմտաւոր պատերազմով` շնորհիւ մեր հաւատքին հօր` Ս. Գրիգոր Լուսաւորչին (257-331) աղօթքին եւ օրհնութեան:

Երկրորդ դրուագը:Պարսիկներուն դէմ 371-ին տեղի ունեցած Ձիրաւի ճակատամարտը շահեցանք պատերազմող Մուշեղ Մամիկոնեանի հրամանատարութեամբ, բայց մանաւանդ Մեծն Ս. Ներսէս Ա. (329-373) կաթողիկոսին բազկատարած աղօթքին շնորհիւ` Նպատ լերան վրայ:

Երրորդ դրուագը: «Աստուած-հայրենիք, Կրօն-ինքնութիւն, հաւատք-հող, համոզում-ապրում, գիտակցութիւն-դաւանում, ազգասիրութիւն-ինքնապաշտպանութիւն, արժանապատուութիւն-ինքնազոհաբերում» իտէալով օժտուած, ինչպէս նաեւ Ս. հաղորդութեամբ, հսկում-աղօթքով ու Ս. Գիրքով զինուած` Վարդանանք 451-ին եւ Ղեւոնդեանք 454-ին փրկեցին մեր հայ քրիստոսականութիւնը, կամ` մեր քրիստոնեայ հայկականութիւնը:

Չորրորդ դրուագը: Ինչպէս Վահան Մամիկոնեանի ռազմավարութեամբ ու Ս. Յովհաննէս Ա. Մանդակունի (410-490) հայրապետին աղօթքով եւ հսկումով` 484-ի «Նուարսակի դաշինքը» պարտադրեցինք, նոյնպէս այսօր, 2020-ին` մե՛ր աղօթելով ու հսկելով կը պարտադրենք մեր յաղթանակը:

Հինգերորդ դրուագը: Գիրս աւելի չերկարելու համար, հոս, պատմագրական ոստում ընելով` քեզի կը յիշեցնեմ Զաքարէ եւ Իւանէ Զաքարեան եղբայրներուն` հայ-վրացական բանակին աղօթող ու պատերազմող զօրավարներուն վերահաստատած սովորութիւնը, զոր այսօր ալ գործադրելու են մեր պետական եւ զինուորական պատասխանատուները, անպայմա՛ն ու անյապա՛ղ:

Իրենց հոգեւոր վարիչին` հռչակաւոր կանոնագէտ Մխիթար Գոշ (1130-1213) վարդապետին հաւանութեամբ` Զաքարէ Սպասալարը, որուն մասին պատմագիրը կը վկայէ, թէ «մեծափառ եւ բոլոր առաքինութիւններով լի մարդ էր, յաղթող, քաջ եւ զօրեղ մարտիկ եւ հաւատով հայ» անձնաւորութիւնն էր, իրենց հետ կը տանէր շարժական խորան մը, որպէսզի ռազմաճակատէն առաջ Ս. պատարագը մատուցանել տար եւ Ամենասուրբ Հաղորդութեամբ արիացած ու աղօթքով զրահուած` սկսէր ճակատամարտի:

Այսպէս, յաղթական քսանամեայ պատերազմներով, 1190-1212 տարիներուն, Զաքարէ եւ Իւանէ Զաքարեան սելճուկեան ամիրութիւններէն կրցան ազատագրել Հայաստանի կենդրոնական ու հարաւային տարածաշրջանները, որոնց մէջ էին մեր պատմական հայրենիքին Գանձակ, Արցախ եւ Սիւնիք նահանգները:

Դուն, ան եւ ես` մենք դառնանք կիրակնօրեայ ընթերցումին Աստուածամարդ Հերոսին` Անկէ սորվելու համար թէ՛ աղօթել, եւ թէ պայքարիլ, որպէսզի, ինչպէս Յիսուս հիմը դրաւ իր Խաչամահին յաջորդած Յարութեան զատկական յաղթանակին, նոյնպէս հայերս աղօթքին ու պայքարին շնորհիւ` մեր արդար ինքնապաշտպանութեան խորանին վրայ զոհաբերած նահատակութեան յաջորդէ հայերուս փառապանծ յաղթութիւնը:

Այո՛, պիտի յաղթանակենք: Գիտե՞ս պատճառը…: Քանի հայերս Մարիամի` աղօթո՛ղ ու պայքարո՛ղ Քրիստոսի Մօր աղօթո՛ղ ու պայքարո՛ղ զաւակներն ենք:

Գիտե՞ս պատճառը…:

Երէկ, ոչ միայն շատ զարմացայ, այլ նաեւ արտասուախառն յուզուեցայ, երբ լսեցի լրատու հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ հայրենի թղթակիցը համոզուած շեշտով կը պատճառաբանէ, թէ յաղթութիւնը մե՛րն է: Իր ըսածին համար կու տայ պատճառները: Անոնց վերջինը, որով կ՛աւարտէ իր տեղեկագրութիւնը, այս յստակ ու պարզ դաւանումն է. «Յաղթելու ենք, որովհետեւ մենք զաւակներն ենք Աստուածամօր»:

Ստուգիւ, «յաղթելու ենք, որովհետեւ մենք զաւակներն ենք Աստուածամօր»:

Հիմա, անծանօթ թղթակիցին եւ ինծի օգնութեան կը հասնի աղօթո՛ղ ու պայքարո՛ղ հայերուս ոգին թէ՛ խորհրդանշող, եւ թէ կերտող Սեբաստացի Մխիթար Աբբահայրը (1676-1749), մեծագոյն ազգասէրներէն գլխատառ Մին, երբ կը հաստատէ, որ Մարիամ` հայրենի Սեւանակղզիին Տիրամայրը պաշտպանն է այն ազգին, մե՛ր ազգին, որուն զաւակները կը մեծարեն Զինքը Ս. վարդարանով:

Արդ, միշտ եւ մանաւանդ այսօր յիշե՛նք, թէ մարեմասէր հայերս եղած ենք առաջին վարդարանասացներն արեւելքին մէջ: Ուրեմն, եկէ՛ք, ամէնօրեայ վարդարանով աղօթե՛նք եւ պայքարի՛նք, հսկե՛նք ու պատերազմի՛նք մեր հայրենիքին` Հայաստանի եւ Արցախի յաղթութեան ու խաղաղութեան համար:

Եթէ մենք այսօր մեր հայրենի հողերուն եւ առաջին գիծերուն վրայ չենք` պաշտպանելու համար մեր հողը, մեր տունը, մեր ընտանիքը, ապա, հոս աղօթքով, հսկումով, զոհաբերումով, Ս. պատարագով եւ Ս. վարդարանով կրնանք օգնութեան հասնիլ մեր հերոս երիտասարդներուն եւ երիտասարդուհիներուն` այդ ինքնամոռաց

կտրիճներուն, որոնք գաղափարապաշտ պաշտպաններն են մեր հայրենիքին:

Տեսա՞ր զանոնք` արի կեցուածքով, ժպտուն դիմագիծով, գրաւիչ գեղեցկութեամբ, համոզուած աչքերով ու հրավառ երեսներով, ինչպէս նաեւ երգով, խայտանքով ու պարով…: Անոնց օգնութեան հասնի՛նք, այո՛, Մարիամի` Քրիստոսի Մօր առաջնորդութեամբ, բայց նաեւ մե՛ր աղօթելով, մե՛ր հսկելով, մե՛ր զոհաբերելով, մե՛ր մասնակցելով Ս. պատարագին եւ մե՛ր ըսելով Ս. Վարդարանը:

Այնճար, 18 հոկտեմբեր 2020

 

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Հիմա՛ Տուր, Վաղը Մի՛ Տար

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Տօնին Առիթով

Հոկտեմբեր 15, 2025
Արցախեան Պայքարի 30՞, Թէ 100-ամեակ
Անդրադարձ

Մեր Ոտքերի Տակի Հողն Է Երերում, Իսկ Մենք Դեռ Պարում Ենք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Կառավարութիւնը Աւելի Արցախամէտ Է, Քան` Հայաստանի Վարչապետը

Հոկտեմբեր 14, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?