Առաջնորդ Սրբազան Հօր Ձեռամբ Հալէպահայ Քուէթաբնակ Բարերար Կիրակոս Գույումճեանի «Ներսէս Շնորհալի» Ուսումնական Մրցանակը Յանձնուեցաւ Պաքալորիայի Պետական Լրացուցիչ Քննութիւններուն Հալէպի Հայկական Վարժարաններուն Մէջ Բարձրագոյն Երեք Նիշերը Ապահովող Շրջանաւարտներուն
2019-2020 տարեշրջանին, երրորդ տարին ըլլալով Հալէպահայ քուէթաբնակ բարերար մտաւորական Տիար Կիրակոս Գույումճեան «Ներսէս Շնորհալի» մրցանակով կը շարունակէ քաջալեր հանդիսանալ հայկական վարժարաններուն 12-րդ կարգի առաջնակարգ այն ուսանողները, որոնք պետական լրացուցիչ քննութիւններուն առաջին երեք բարձրագոյն նիշերը կ'ապահովեն: Սրբոց Թարգմանչաց նուիրուած հոգեպարար շաբթուան մէջ, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի ձեռամբ յանձնուեցաւ Կիրակոս Գույումճեանին «Ներսէս Շնորհալի» ուսումնական մրցանակը:...



















