ՅԱՐՈՒԹ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ
27 սեպտեմբեր 2020-ի կանուխ առաւօտուն ազերիական բանակը յարձակողականի անցաւ Արցախի սահմանի ամբողջ երկայնքին: Այս թուականը Հայ-թրքական պատերազմի 100-ամեակին զուգադիպելով՝ մտածել կու տայ անոր ժամանակի խորհրդանիշին մասին:
100 տարիներ անցած են եւ տակաւին թուրքն ու ազերին կը մնան նոյն բարբարոս ժողովուրդը: Աւելի՛ն, այսօր անոնք «քաղաքակրթուած են»՝ դառնալով աւելի վտանգաւոր թշնամիներ: Իսկ մենք՝ հայ ազգը, տակաւին կը մնանք նոյն ազգային արժէքներով առաջնորդուած ու առաջնորդուող ժողովուրդը: Ժողովուրդ մը, որ խաղաղութեան ժամանակին կը լքէ երկիրը, իսկ պատերազմի ժամանակ կը վերադառնայ հայրենիք: Ժողովուրդ մը, որ բաժնուած է զանազան կուսակցութիւններու՝ քաղաքական տարբեր մտածումներով, բայց երբ թշնամին կը սպառնայ, այդ միլիոնաւոր տեսակէտները կը դառնան մէ՛կ բռունցք՝ պայքարելու մէ՛կ նպատակի համար:
Այս պատերազմին տեսանք հայ ժողովուրդի միասնական ուժը: Հայաստանի եւ Արցախի մէջ ընդհանուր զօրակոչ յայտարարուեցաւ, բազմաթիւ կամաւորներ առաջին օրէն իսկ պատրաստակամութիւն ցուցաբերեցին պաշտպանելու իրենց սրբազան հայրենիքը: Երիտասարդներ, կիներ ու երեխաներ՝ փողոց նետուելով, օժանդակութեան հաւաքներ կազմակերպեցին: Իսկ սփիւռքը այս բոլորէն բացակայ չեղաւ: Ընկերային ցանցերը ցնցուեցան հակաթուրք պայքարով եւ հայուն պատմական իրաւունքները պահպանող քարոզչական-ցուցական ելոյթներով: Այս առիթով դրամահաւաքներ կազմակերպուեցան օժանդակելու հայրենիքի սահմանը պաշտպանող քաջարի բանակին, ցոյցեր կազմակերպուեցան զանազան մեծ քաղաքներու մէջ՝ պահանջելով հայութեան արդար դատի իրաւունքները եւ դատապարտելով թրքական զոյգ պետութիւններուն վարած նենգ քաղաքականութիւնը:
Այսօր պատերազմը պարտադրուած է մեզի, եւ մենք ունինք միայն մէկ ելք՝ այդ ալ յաղթանակն է: Ազրպէյճանը առանձին չէ: Անոր զօրավիգ կանգնած են զանազան պետութիւններ եւ կարեւորագոյնը՝ ցեղակից Թուրքիան: Էրտողան յայտարարեց, թէ պատերազմը կ՛աւարտի միայն, երբ ազերիական ուժերը «կ՛ազատագրեն» Արցախը, սակայն մենք շատ լաւ կը գիտակցինք անոր սուտ քաղաքականութեան: Անոր համար Արցախի գրաւումը սկիզբ է եւ ոչ թէ վերջ: Այսօր, նախագահ Էրտողանի ղեկավարութեամբ, կը կատարուին բազմաթիւ «բարեսիրութիւններ» Միջին Արեւելքի զանազան երկիրներու մէջ, ուր կան փոքրամասնութիւն կազմող թրքական ծագումով հաւաքականութիւններ: Թուրքիա՝ անոնց օժանդակելով, կը ջանայ այդ երկիրներուն մէջ քաղաքական անկայուն վիճակ ստեղծել, ինչպէս օրինակ՝ հիւսիսային Լիբանանի մէջ: «Բարեսիրական» գործունէութենէն անկախ, Թուրքիա ռազմական ներկայութիւն է զանազան երկիրներու մէջ՝ այդ մէկը ծառայելով իր հզօրացման եւ ընդարձակման գաղափարներուն: Վերջապէս, Թուրքիոյ այս բոլոր գործունէութիւնները կը հետապնդեն մէկ նպատակ՝ փանթուրանիզմը. երազ մը, զոր թրքական պետութիւնը հետապնդած է 100 տարիներէ ի վեր, եւ այս հետապնդումը, նախագահ Էրտողանի ղեկավարութեամբ, հասած է իր գագաթնակէտին: Ան կ՛ուզէ վերադարձնել Օսմանեան կայսրութեան «փառքի օրերը», ստեղծել Մեծն Թուրանիա մը՝ ներկայ Թուրքիոյ սահմաններէն մինչեւ հեռաւոր արեւելք ընդարձակուող, իսկ ինք բազմի անոր սուլթանական գահին վրայ՝ դառնալով պատմութեան հզօրագոյն դէմքերէն մէկը:
Այնուամենայնիւ, հայութիւնը կը պատերազմի ո՛չ միայն իր գոյութեան համար, իր լեզուին ու մշակոյթին պահպանման համար, այլ նաեւ կը պայքարի ամբողջ աշխարհի փրկութեան համար. Հայաստանը եւ Արցախը կը մնան միակ դարպասները, որոնք կ՛արգիլեն որճրագործ կայսրութեան մը ստեղծումը:
Այս պատճառով մենք նահանջելու իրաւունք չունինք: Մեր զինուորները եւ կամաւորները կանգնած են սահմանին վրայ՝ քաջ գիտակցելով իրենց տրուած պարտականութեան: Անոնք գիտեն, որ մեր միակ ճարը Սարդարապատի հերոսական օրերուն վերակենդանացումն է: Անոնք գիտեն, որ թուրքը եթէ ճեղքէ մեր սահմանը, կ՛ամբողջանայ 100 տարի առաջ սկսած Հայոց ցեղասպանութիւնը:
Մեծանուն պետական գործիչ Արամ Մանուկեան կ՛ըսէ. «Մենակ ենք եւ պէտք է ապաւինինք միայն մե՛ր ուժերին…»: Ուստի, մենք պէտք է այս անգամ հզօր պահենք մեր բանակը եւ պաշտպանենք մեր սահմանը: Թափ տանք նաեւ մեր արտաքին քաղաքականութեան եւ ստիպենք օտար պետութիւնները՝ ճնշելու Ազրպէյճանին եւ կասեցնելու թրքական յառաջխաղացքը:
Այժմ Հայաստանի Հանրապետութեան կը մնայ ճանչնալ Արցախի Հանրապետութիւնը եւ բռնել երկու պետութիւններու միացման ճանապարհը՝ իրականացնելով առաջին քայլը դէպի մեր գերագոյն նպատակը՝ ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանը: