Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սրտի Խօսք Հանգուցեալ Հրայր Սողոմոնեանի*

Հոկտեմբեր 21, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի
Ազգային Երեսփոխանական ժողովի ատենապետ
ՍԵՊՈՒՀ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Բոլորիս համար մեծ ցաւ է եւ կորուստ Հրայր Սողոմոնեանի մահը, որ ցնցեց բոլորիս սրտերը. կեանքով լեցուն Հրայրը ոչ եւս է, ի՞նչ պատահեցաւ` Աստուծոյ կամքն է: Մահը տարիք, հանգամանք, չի ճանչնար, կը հնձէ երբեմն անակնկալ, երբեմն սպասուած: Քեսապցի ծնողքէ  ծնած եւ Լիբանան ապրած էր մանկութիւնն ու պատանեկութիւնը, բարձրագոյն կրթութիւնը շարունակած էր Պէյրութի ամերիկեան համալսարանը` ճարտարագիտութեան մէջ հմտանալով: 1974 թուականէն ի վեր փոխադրուած էր Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ: Նախ պաշտօնեայ, ապա տնօրէն եւ յետոյ` գործատէր: Հետզհետէ աշխատանքի իր բարօր ընթացքը ծաղկած էր, սակայն իր ունեցած հարստութիւնը իրեն չպահեց, ինչ որ Աստուած տուած էր, բաժնեկից դարձուց Աստուծոյ զաւակներուն` եկեղեցւոյ, ազգին, հայրենիքին, համայնքին, հայութեան, ծանօթին թէ անծանօթին:

Կեանքի ընկերոջ` համեստափայլ Մակիին հետ կը բաժնէր իր ուրախութիւնը, մտահոգութիւնը, խանդավառութիւնը: Այո՛, չունէր զաւակ, սակայն, իր իսկ վկայութեամբ, ազգին զաւակները ի՛րը կը համարէր: Կեանքին մեծ բաժինը ապրեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ, առաջին օրերէն եղաւ գործունեայ եւ հիմնադիր անդամներէն մէկը: Պէյրութի մէջ թրծուած միութենական կեանքի փորձառութեամբ` շարունակեց ծառայել Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց հայ համայնքին եւ կառոյցներուն մէջ:

Եղած էր տարբեր յանձնաժողովներուն անդամ, գեղարուեստական, թատրոնի, Ազգային վարչութեան, Ազգային երեսփոխանական  ժողովի ատենապետի պաշտօն վարած: Շինարարական մարզերուն մէջ մեծ ներդրում ունեցած էր թէ՛ իր փորձառութեամբ, մասնագիտութեամբ, եւ թէ իր օժանդակութեամբ: Յատկապէս` Ապու Տապիի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան շինութեան եւ կառուցման աշխատանքներուն մէջ: Եղած էր գործադիր անդամ եւ մօտէն հետեւած էր զոյգ եկեղեցաշինութեան աշխատանքներուն: 1998 թուականին Շարժայի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ կնքահայրերէն մին էր, որուն իբրեւ գնահատանք ստացած է «Ասպետ»-ի շքանշանը Արամ Ա. վեհափառ հայրապետէն: Ապու Տապիի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ կառուցման աշխատանքներուն մէջ մեծ ներդրում ունեցած էր` թէ՛ իբրեւ շինարարութեան յանձնախումբի անդամ, եւ թէ կնքահայր: Վերոյիշեալ բարերարութիւններուն գլուխը գործոցը եղաւ, երբ սիրայօժար կերպով ստանձնեց բարերարութիւնը Պիքֆայայի մէջ կառուցուելիք միաբանական շէնքին, որուն որպէս գնահատանք Արամ Ա. վեհափառ հայրապետէն ստացաւ Կիլիկեան բարձրագոյն «Իշխան»-ի շքանշանը:

Մէկ ելոյթով կամ սրտի խօսքով կարելի չէ բնորոշել Հրայր Սողոմոնեանի կատարած բազմակողմանի ծառայութիւնները: Թոյլ տուէք քանի մը բառով անդրադառնալ անոր նկարագրային որոշ գիծերուն: Ան պատրաստաբան էր, հեռատես, պերճախօս, գործունեայ, ժպտադէմ, հեզահամբոյր, երբեմն` հրաբորբոք, կայտառ, իմաստուն, մի՛շտ հայրենիքին, ազգին ու եկեղեցիին հասնող եւ անոնց դատն ու շահը վեր դասող: Ժողովական իր կեանքին մէջ` համոզելու, ատենապետելու, ղեկավարելու կարողութեամբ օժտուած, զուարթ եւ խոնարհ հոգիով անձնաւորութիւն: Երբեք հարստութիւնը, դիրքը, փառքը, հանգամանքը չխանգարեցին իր համեստ սիրտը եւ ազնիւ հոգին, միշտ մնաց պարզ եւ ընկերային անձնաւորութիւն` ազգային գիտակցութեամբ, մարդկային վերաբերումով, մեծին հետ մեծ, փոքրին հետ փոքր: Հրայրին ձայնը եւ դրական ազդեցութիւնը ամէն տեղ էր, ուր որ կարիքը կար ինք հո՛ն էր որպէս կամաւոր զինուոր եւ միեւնոյն ատեն` ղեկավար: Այս տխուր առիթով յանուն Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի Օրէնսդիր եւ Գործադիր մարմիններուն եւ յարակից յանձնախումբերուն մեր ցաւակցութիւնները կը յայտնենք Սողոմոնեան եւ Մըղտեսեան ընտանիքներուն, յատկապէս իր տիկնոջ` համեստափայլ տիկին Մակիին, որուն վիշտը ծանր է: Աստուած մխիթարէ եւ համբերութիւն շնորհէ: Մեր ցաւակցութիւնները իր ընտանիքի անդամներուն եւ հարազատներուն:

Այս առիթով որդիական պարտք կը զգամ մեր Թեմի Ազգային ղեկավարութեան, սրբազանին, հայր սուրբին եւ տէր հօր անունով ցաւակցելու վեհափառ հայրապետին, որ սուգի այս մթնոլորտին մէջ իր պատգամով, գործնական քայլերով ու մօտեցումով մեզ բոլորս կը մխիթարէ:

Հանգիստ իր մարմնին, Աստուած հոգին լուսաւորէ եւ Սուրբ հոգիով մխիթարէ մեզ բոլորս:

Հողը թեթեւ գայ վրան:

* Դամբանական` արտասանուած Հրայր Սողոմոնեանի թաղման:

 

Նախորդը

Ազգային Թաղում Կատարուեցաւ Հրայր Սողոմոնեանին

Յաջորդը

Եզակի Մարդը (Հրայր Սողոմոնեանի Յիշատակին)

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?