Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Պաշտօնական աղբիւրներ անուղղակիօրէն հաստատեցին մամլոյ այն լուրերը, թէ 23 հոկտեմբերին, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները Ուաշինկթըն հրաւիրուած են հանդիպումներ ունենալու համար ամերիկացի իրենց պաշտօնակիցին հետ` Արցախի տագնապին խաղաղ լուծման ուղին վերականգնելու նպատակով: Զուգահեռաբար, Հայաստանի վարչապետն ու Ազրպէյճանի նախագահը Մոսկուա հրաւիրուած են, նոյն նպատակով հանդիպում ունենալու համար Ռուսիոյ նախագահին հետ: Մինչ այդ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը «արագ» այցելութիւն մը տուած է Մոսկուա: Ռուսիա եւ Միացեալ Նահանգներ Արցախի հարցին խաղաղ լուծումը հետապնդող` Մինսքի խմբակին համանախագահներէն են:
Այս տեղեկութեանց զուգահեռ ու անոնցմէ առաջ իսկ, վերջին օրերուն «արագաշարժ» հաղորդակցութիւններ տեղի ունեցան Մինսքի խմբակի երրորդ համանախագահին` Ֆրանսայի նախագահին եւ Հայաստանի ու Ազրպէյճանի իշխանութեանց վարիչներուն միջեւ: Նոյն ստեղնաշարին վրայ նուագներ հնչեցին ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդէն, եւրոպական եւ միջին արեւելեան շարք մը երկիրներէ: Ռազմական գործողութիւնները անյապաղ վերջ տալու եւ լուծումը խաղաղ բանակցութիւններու ճամբով հետապնդելու կոչերը բոլորին հասարակ յայտարարը հանդիսացան:
Դիւանագիտական այս վազքին դիմաց, Հայաստանի նախագահն ու վարչապետը բազմաթիւ մամլոյ ասուլիսներ տուին ընդարձակ լսարաններ ունեցող լրատու աղբիւրներու ներկայացուցիչներու հետ, բացատրելու իրականութիւնները, ի շարս որոնց, ցոյց տալու, թէ 8 օրուան մէջ երկու անգամ հրադադար յայտարարուեցաւ, եւ սակայն թուրք-ազերիական կողմը ոտնակոխեց իր իսկ տուած խոստումը, յետոյ նաեւ ստապատիր տեղեկութիւններով աշխարհին ներկայացաւ իբր թէ զոհի ցնցոտիներով, անյոյս կերպով աշխարհը համոզելու` թէ հայկական կողմն է հրադադարը խախտողը: Սուտին պոչը կարճ կ՛ըլլայ, եթէ անշուշտ այդ պոչը բռնելու տրամադիր արդարադատներ ըլլան:
… Հայկական բանակը արդարութիւնը կը կենսագործէ իր սեփական ձեռքերով, ի գին թանկագին կեանքերու. սուղ կը վճարենք նաեւ քաղաքներու ու գիւղերու աւերման հետեւանքով:
***
Այս խորապատկերով է, որ կը պատրաստուին Ուաշինկթընի ու Մոսկուայի բանակցութեանց սեղանները: Խաղաղարար գլխաւոր կողմերը, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ն ու ամբողջ աշխարհը իրազեկ են ճշմարտութիւններուն, որոնք առանց տերեւի մը ծածկոյթին` ամենայն մերկութեամբ տարածուած են ռազմաճակատներէն մինչեւ ռմբակոծուած հայկական աւաններ, մինչեւ քաղաքական-դիւանագիտական քուլիսներ, ցուցափեղկեր: Հայութեան, ո՛ղջ հայութեան արդար պահանջն ու ակնկալութիւնն է, որ մեր իշխանութեան ներկայացուցիչները, Հայաստանի, Արցախի եւ աշխարհասփիւռ հայութեան միակամ զօրակցութիւնը վայելող իշխանութիւնները այս բանակցութեանց ներկայանան ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆ իրականացնելու եւ հին ու ժամանակակից սխալներ սրբագրուած տեսնելու կամքով, վճռակամութեամբ:
Հայութեան կամքն ու իրաւունքները կը հիմնուին շարք մը անվիճելի սկզբունքներու վրայ, որոնք պէտք է ուղեցոյց-մեկնակէտ ծառայեն այս բանակցութիւններուն: Թուենք քանի մը հիմնական կէտեր.
Ա.- Արցախը Ո՛Չ ՄԷԿ ԱՏԵՆ պատկանած է Ազրպէյճանին, հետեւաբար հայկական այս հողամասը «Ազրպէյճանի կազմին վերադարձնելու» հարց չի կրնար ըլլալ. նման մեկնակէտ` կը նշանակէ ի սկզբանէ ապահովել… բանակցութեանց ձախողութիւնը:
Բ.- Եթէ խօսք պիտի ըլլայ «փոխադարձ զիջում»-ի մասին, հայկական կողմին համար ՀՈՂԱՅԻՆ ԶԻՋՈՒՄԻ հարց չի կրնար ըլլալ: Ընդհակառակն, պէտք է ամենայն վճռակամութեամբ սեղանի վրայ դնել Շահումեան-Գետաշէն շրջանի վերադարձը` Արցախին, առանց մոռնալու Նախիջեւանին` Հայաստանի վերադարձի պահանջը: Պէտք է կարելի ուժգնութեամբ եւ հիմնաւորումով յիշեցնել, թէ Արցախն ու Նախիջեւանը հայութենէն խլուած են հակառակ մեր կամքին, ստալինեան ձախլիկ հաշիւներով: Արցախցիք բազմիցս արտայայտած են Ազրպէյճանէն խզուած ըլլալու եւ ստալինեան «լուծում»-ը վերջնականապէս մերժելու իրենց կամքը, իսկ Նախիջեւանի հայաթափումը տեղի չէ ունեցած անոր հայ բնակիչներուն կամքով, այլ բռնութեամբ, հալածանքով եւ շրջանին դիմագիծը նենգափոխելու փորձերով: Ճիշդ այնպէս` ինչպէս որ Թուրքիոյ ցեղասպան պետութիւնը աւելի քան 100 տարի առաջ ըրաւ Արեւմտեան Հայաստանի ու անոր հայ բնակչութեան նկատմամբ: (Եւ ինչո՞ւ անջատել Արեւմտեան Հայաստանին մեր պահանջը` այսօրուան մեր իրաւունքներէն…):
Գ.- 27 սեպտեմբերին պայթած նորագոյն պատերազմը ձեռակերտն է Թուրքիոյ, որ, Ազրպէյճանի հետ ձեռք-ձեռքի տուած, վերստին «տաք կրակի վրայ» դրած է Հայաստանն ու հայութիւնը բնաջնջելու իր վաղեմի ծրագիրը: Ցեղասպանութեան կրկնութիւնը կանխարգիլելու կողքին, խաղաղարարները պարտաւոր են ընթացք տալ հայութեան արդար պահանջներուն: Չի բաւեր ըսել, թէ Ցեղասպանութիւնը «երբեք պիտի չկրկնուի», այլ գործով ցոյց տալ այս կամեցողութիւնը:
Դ.- Թուրքիա եւ Ազրպէյճան առանց վարագոյրի կը կիրարկեն պետական ահաբեկչութիւն, պետական ոճիրներ: Անոնց բանակները յարձակումներ կը գործեն խաղաղ բնակիչներու եւ ոչ-զինուորական շրջաններու վրայ: Եկեղեցի, դպրոց, հիւանդանոց ռմբակոծելը պատերազմական ոճիր է: Անոնք ճակատներուն վրայ արձակած են նաեւ ահաբեկիչ եւ ոճրագործ վոհմակներ, որոնք կը զինուին եւ կը հովանաւորուին ուղղակի Թուրքիոյ կողմէ: Այս արարքները կը գործուին այն տրամաբանութեամբ եւ զսպանակումով, ինչ որ տեղի կ՛ունենայ եւրոպական քաղաքներու մէջ, «իսլամ ծայրայեղականներ»-ու կողմէ իրականացող ոճիրներով:
Ե.- Թուրքիա, իբրեւ ոճրային պատերազմին ուղղակի մասնակցող կողմ, ո՛չ մէկ իրաւունք ունի խաղաղարարի-միջնորդի դեր խաղալու: Աւելի՛ն. ՕԹԱՆ-ի անոր զինակիցները պարտաւոր են սանձ դնելու անոր ծաւալապաշտ եւ ցեղասպանական ծրագիրներուն, որոնք Արցախէն առաջ կիրարկման դրուեցան այլ դրացիներու եւ հեռաւոր երկիրներու մէջ: Չի բաւեր ցանկութիւն յայտնել, որ հայերը յաջողին դիմադրել յարձակումին, կամ` մերժել «երրորդ կողմի» միջամտութիւնը այս պատերազմին: Խաղաղարար միջնորդները` արդարութեան եւ մարդկային տարրական իրաւունքներու պաշտպանը ըլլալ յաւակնողները պարտաւոր են ո՛չ միայն գազանազուսպի դեր խաղալ, այլ նաեւ պոկել գազանին ատամները: Համանախագահները այլեւս իրաւունք չունին միաձայնութենէ խուսափելու (Ֆրանսայի նախագահը իրականութիւնները ըստ բաւականին կը կոչէ իրենց անուններով): Անցեալ աւելի քան 25 օրերու ճակատումները բաւարար փաստ կուտակեցին, թէ հայկական կողմը, հակառակ զինուժի եւ նիւթականի իր սահմանափակ կարողութիւններուն, կրնայ դիմադրել եւ ետ մղել բոլոր ոճրագործները, սակայն նաեւ իրաւունք ունի պահանջելու, որ մօտակայ թէ հեռակայ «վաճառականները» դադրեցնեն Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի զինումը: Պատերազմը վար առած է բոլորին դիմակները, իսկ մէկ քանին խօսքէ անցած են գործի…
Զ.- Անցեալ տարիներուն Թուրքիոյ սանձարձակութիւնները թողուեցան անհակակշիռ, հետեւանքներուն ցանկը երկար է: Արցախի պատերազմին դադրեցումը պէտք է բարեշրջական անկիւնադարձ մը նշէ բազմաթիւ գիծերու վրայ արիւնալի տագնապներ ստեղծելու, մարդկային աղէտները բազմացնելու Անգարայի վարիչներուն եւ անոնց լծակիցներուն ընթացքին մէջ: Գաղթականներու տագնապներէն մինչեւ եւրոպական քաղաքներ հարուածող ԱՀԱԲԵԿՉՈՒԹԻՒՆը բաւարար ահազանգ հնչեցուցած է: Վաղը ալիքը նոր ափեր կրնայ հասնիլ…
Է.- Մնալով Արցախի պատերազմին շրջագիծին մէջ, հայութիւնը կը պահանջէ, որ վերջակէտը դրուի միակողմանի կամ, այսպէս կոչուած` «հաւասարակշռուած» մօտեցումին: Ընդունելի չէ, որ նախայարձակ ոճրագործներն ու զոհը դիտուին «համաչափ» մօտեցումով, պատերազմի դադրեցման, խաղաղութեան կոչերը արձակուին այնպիսի տրամաբանութեամբ մը, որ հայկական կողմը եւս իբր թէ յանցանքի կամ պատասխանատուութեան բաժին ունի պատերազմին շղթայազերծման մէջ: Ինչպէս որ ոճրագործը պէտք է կոչել իր իսկական անունով, նոյնպէս ալ նախայարձակը պէտք է դնել ամբաստանեալի աթոռին վրայ: Պէտք չէ մոռնալ, որ 1994-ի զինադուլէն ասդին, մանր ու ծաւալուն բախումները, Ապրիլեան ու այժմու պատերազմները մի՛շտ ալ շղթայազերծուած են թրքական կողմէն, իսկ «միջանկեալ» տարիներուն, Արցախի սահմանին վրայ հայկական կողմը թանկագին կեանքեր զոհ տուած է ընդհատ ռմբակոծումներու եւ արձակազէններու: «Հաւասար աչքով դիտել»-ը ո՛չ արդարութիւն է, ո՛չ ալ խաղաղ լուծումի ճամբան կը բանայ, այլ կը վկայէ շիլ հաշիւներով շարժելու ընթացքը:
Ը.- 10 եւ 18 հոկտեմբերին, նոյնինքն Մինսքի խմբակին ճիգերուն շնորհիւ գոյացած զոյգ հրադադարները ականահարուեցան թրքական կողմէն, նոյնինքն Ազրպէյճանը պատերազմի մէջ նետող Թուրքիոյ իրողական արգելակումներուն իբրեւ հետեւանք: Բանակցութեանց սեղանին վրայ պէտք է դրուին 27 սեպտեմբերը կանխող` պատերազմի պատրաստութեան ամբողջ թղթածրարը: Մենք չենք մոռցած, խաղաղարարներն ալ իրաւունք չունին յուշակորուստէ վարակուելու. փաստօրէն, Ազրպէյճան ո՛չ միայն ամիսներ շարունակ պատերազմի ընտրանքը թմբկահարեց, երկար ատենէ ի վեր հակահայ ատելութեամբ լիցքաւորած է իր ժողովուրդը, այլ նաեւ Նախիջեւանի մէջ աղաղակող կերպով միացեալ ռազմափորձ կատարեց թրքական բանակին հետ: Եւ այսօր գաղտնիք չէ, թէ նոյնինքն Թուրքիան, ՕԹԱՆ-ի դաշնակի՛ց Թուրքիան, Ռուսիոյ հետ կամուրջներ բանալու խաղը խաղացող Թուրքիա՛ն է Արցախի դէմ Ազրպէյճանի պատերազմը ղեկավարողը: (Չենք անտեսեր արեւելեան Միջերկրականի եւ Ափրիկէի մէջ յելուզակային քայլերը, արաբական աշխարհը վերանուաճելու ձգտումները…):
Թ.- Թուրքիա եւ Ազրպէյճան մէկէ աւելի առիթներով փորձեցին պատերազմական գործողութիւններու դաշտը տարածել Հայաստանի վրայ. սահմանային աւաններու ռմբակոծումը, անօդաչու սաւառնակներու թափանցումները` Հայաստանի սահմաններէն ներս, ու տակաւին` Հայաստանի դէմ ստապատիր քարոզչական արշաւները բարիք նախատեսել չեն տար: Ի դէպ, Հայաստանն ու Արցախը միայն իրաւական կարգ մը նկատառումներով կը դասուին առանձին միաւորներ: Այլապէս, անոնք լիարժէքօրէն միացած են իրարու, ինչպէս որ աշխարհատարած հայութիւնը միացած է Հայաստանի ու Արցախի հայութեան: Ո՛չ հայկական կողմը, ո՛չ ալ խաղաղարարները իրաւունք ունին սպասելու այն օրուան, որ թրքական ծրագրեալ արկածախնդրութիւնը աւելի՛ ուժեղ կիրարկում գտնէ Հայաստանի մէջ: Մէկ կրամ կանխարգիլում աւելի՛ նախընտրելի է, քան հազար թոն խաղաղեցման ճիգ ու դարմանումի փորձ, երբ պայթումը տեղի ունեցած է:
Ժ.- Յանցաւորն ու նախայարձակը իր անունով կոչելէ եւ դատապարտելէ ետք հայութեան արդար իրաւունքն է պահանջել, որ Ազրպէյճան եւ հովանաւորը` Թուրքիա, անյապաղ եւ ամբողջական նիւթական հատուցում կատարեն` Արցախի մայրաքաղաքին, Շուշիին եւ բոլոր միւս քաղաքներուն ու գիւղերուն կրած վնասներուն դիմաց: Սա երեւակայածին պահանջ չէ. ցեղասպանական այլ արարքներու զոհերուն կատարուած հատուցումները արդար նախընթացներ ստեղծած են, կը հիմնաւորեն հայութեան այս պահանջքը:
ԺԱ.- Անկարելի է անտեսել մեր զինուժին կրած վնասները, մասնաւորաբար երիտասարդ կեանքերու կորուստը, որ խորքին մէջ կը թագադրէ ոճրային ծրագիրը: Թող ո՛չ ոք ինքնիրեն իրաւունք վերապահէ հայկական կողմէն ակնկալելու, որ հարիւրաւոր նահատակներու կեանքերով պահպանուած սահմանները վերատեսութեան ենթարկուին «փոխ-զիջում»-ի այս կամ այն տարազին պատրուակով:
***
Կարելի է երկարել հայկական կողմին ներկայացնելիք արդար ու անվիճելի պահանջներուն, իրաւունքներուն ցանկը: Յանուն Հայաստանի, յանուն Արցախի եւ յանուն աշխարհատարած հայութեան, միացեա՛լ հայութեան անունով բանակցող մեր ներկայացուցիչները պէտք է այս պահանջները ուժեղ կերպով հնչեցնեն բոլոր սեղաններուն շուրջ` միաժամանակ դնելով այն արդար պահանջը, որ շահակցական կամ զինակցական կապերը չեն կրնար, պէտք չէ խափանեն ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ եւ ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ՏԱՐՐԱԿԱՆ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐՈՒ, ԻՆՔՆՈՐՈՇՄԱՆ եւ այդ ճամբով ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ուղին, մանաւանդ, որ թէ՛ Մինսքի խմբակին համանախագահները, եւ թէ մեծ ու փոքր երկիրներու, ժողովուրդներու վարիչները մի՛շտ ալ խօսած են այս արժէքներուն անունով, իրենք զիրենք հռչակած են անոնց դրօշակակիրը (բացի Թուրքիոյ ու Ազրպէյճանի նման պետութիւններէ): Պահը հասած է, որ այդ դրօշը կտրէ խօսքի սահմանը, մարմին առնէ գործնական քայլերով, եւ սա` ո՛չ միայն Արցախի ու Հայաստանի ճակատներուն վրայ:
Մեր ներկայացուցիչները լիազօրուած պէտք է զգան խաղաղարար կողմերուն հասկցնելու, որ առանց նման տարրական եւ նուազագոյն պահանջներու իրականացման, ողջ հայութիւնը ներողամիտ աչքով պիտի չդիտէ զիրենք ու խաղաղարարները, պիտի չհանդուրժէ, որ արեան, բազում կեանքերու եւ ահաւոր վնասներու գնով պաշտպանուած ճակատները, պահպանուած հողերը կորստեան մատնուին ձախլիկ դիւանագիտութեան սեղաններուն վրայ: Արցախեան ազատամարտի բոլոր փուլերը կը վկայեն, որ ընկրկողն ու ընկրկումի մատնել փորձողը երկար չեն վայելած արեւը…
20 հոկտեմբեր 2020